ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Այս օրերուս իրադարձութիւնները անակնկալներ կը մատուցեն ո՛չ միայն Սուրիա ապրող մահկանացուներուս, այլեւ… Ու մարդիկ, որ մեր տառապանքները որպէս ժապաւէն կը դիտէին, յանկարծ կ՛անդրադառնան, թէ ան, որ կը ծնի, նաեւ մահկանացու է, ամէնո՛ւր, ընդ որում` յաճախ ալ ո՛չ բնական մահով, այլ` նոյնինքն Սուրիոյ մէջ մանուկներ մորթողներու ձեռքերով:
Որքան ալ որ ոսկեզօծ աթոռներու բազմողները մոռնան, որ իրենք ալ այդ կարգէն են, բայց օղակը քիչ- քիչ կը սեղմուի նաեւ իրենց վիզին շուրջ, ու այն ատեն է միայն, որ կը յիշեն, թէ աշխարհի մէջ ոչինչ անպատիժ կ՛անցնի, թէեւ իրենց ոճիրներուն համար յաճախ անմեղ մարդիկ կը վճարեն:
Բախտ չեմ ունեցած Եւրոպա ըլլալու, բայց կ՛ըսուի, թէ Նիսը Ֆրանսայի ամէնէն գեղեցիկ ու շքեղ քաղաքներէն է: Բայց եկուր տե՛ս, որ հոն ալ մարդիկ կրնան խոցելի ըլլալ: Մենք սիրտ չենք պաղեցներ, մանաւանդ որ եղածը հրէշային էր ու զոհերը` անմեղ մարդիկ, իսկ մենք շա՜տ լաւ գիտենք` ինչ կը նշանակէ անմեղ զոհ, բա՛յց…
Օ՜, ինչե՜ր կան այդ «բայց»-ին տակ: Հոն կան հինգ տարիներու ամէնօրեայ մահուան երկիւղ, սոսկալի խոշտանգումներու պատկերներ, մանուկներու մորթոտում կամ գազանացում, մանկահասակ աղջիկներու բռնաբարում, ծերերու խողխողում տեսած մարդոց հիասթափութիւնը լուսաւոր կարծուած Արեւմուտքէն: Հոն կայ երբեմնի բարգաւաճ ու հարուստ երկիր մը, ուր այսօր աւելի է աւերակը, քան շէնութիւնը, աւերակը` ո՛չ միայն քաղաքներու եւ գիւղերու, բայց մա՛նաւանդ աւերակը մարդկային հոգիներու` Եւրոպայի ու Ամերիկայի փառապանծ, գովերգուող «մարդասիրութեան» պատճառով: Մինչ մենք հոս վայրագաբար կը յօշոտուէինք, հոն կը խրախճանէին: Բայց այսօր, նայելով անոնց անմեղ զոհերուն, մենք կը ցաւի՛նք, քանի որ ցաւը ճանչցողը գիտէ անոր ինչ ըլլալը եւ ոչ` անմերձենալի մարդամեքենաները:
Անո՛նք, որոնք կարճատեսօրէն չանդրադարձան, թէ քոլերայի համաճարակը, որ բռնկեցուցին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, իրենց ալ պիտի հասնի, չխորհեցան առածի մասին, որ կը զգուշացնէ, թէ օձը զինք ծոցին մէջ տաքցնողը կը խայթէ: Հիմա միայն հասկցան, թէ այդ «ձեռնասուն» օձերը արդէն կը դառնան իրենց:
* * *
Իրա՛ւ որ իրադարձութիւնները կը հրմշտեն զիրար, ու չես գիտեր, թէ որո՛ւ հետեւիս: Որ Հալէպի ազատագրումի «մեծ գործողութիւնը» սկսած է, մեր մորթին վրայ կը զգանք, սակայն անոր աւարտին գէթ մօտաւոր թուականը միայն աստղագուշակներէն կրնանք իմանալ, անոնք ալ կը պատճառաբանեն, թէ երկինքը ամպամած է ու յստակ չեն տեսներ…
Լսեցինք նաեւ, որ յայտնի զօրավար մը ժամանած է հոս ու վճռականօրէն` յայտնած, որ տուն չի վերադառնար, մինչեւ գործը աւարտին չհասցնէ: Արդ, յուսանք, որ մարդը իր կինն ու զաւակները կը կարօտնայ ու գործը կ՛արագացնէ… նաեւ` մեր ռուս եղբայրները:
Բայց այս բոլորին մէջ զիս աւելի յուսադրողը եղաւ… չզարմանա՛ք ու փորձեցէ՛ք հաւատալ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոցը` Քերի կամ այլ խօսքով` ահաբեկիչներու քեռին: Ան, որ խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակ ստացած իր նախագահին հետ արաբական երկիրները զարգացնելու մարմաջէն քունը փախցուցած` մեր շէն քաղաքները հիմնովին կործանելու «մեծ» գործին լծուած էր տարիներ, յանկարծ որոշեց, որ Սուրիոյ նախագահը բնաւ ալ մարդասպան չէ, որ` ի զուր կը փորձեն իրենց շապիկը անոր հագուեցնել, որ` Սուրիան անապատի վերածող իրենց հովանաւորեալները երկրի փրկիչները չե՜ն (եղեր), այլ` նոյնպէս ահաբեկիչ, կործանիչ-դահիճներ եւ այլն: Մոսկուայի մէջ խօսած պահուն, իր ըրած գիւտէն փայլելով, մետասաներորդ ժամու խստութեամբ կը յայտնէր, որ` աչք պիտի չգոցեն անոնց չարիքներուն, որ պէտք է պատժել եւ այլն: Մինչ ինք կը խօսէր, ես կը նայէի ու կը հիանայի տղուն ճկունութեան. ուզած ատեն ուզած գոյնը կրնայ առնել` առանց սակայն երեսին գոյնը փոխուելու… արհեստին նրբութիւնը…
Ի՞նչ պատահեցաւ, որ մեզի բարի քեռի ըլլալ որոշեցին: Գահէն իջնելէն առաջ պրն. Օպաման ուզեց աշխարհին հաւատացնե՞լ, թէ արիւն թափելու համար չէր ստացած Նոպէլեան մրցանակը (զոր իրմէ ետք ազնիւ մարդիկ պէտք է որ մերժեն առնել). անդրադարձա՞ն, որ հիւսիսի արջին հետ գլուխ չեն ելլեր ու վերջին վայրկեանին, յաղթանակին մասնակցելով, անոր որսէն բաժին մը փրցնելը եւս շահ նկատեցին: Եկո՛ւր ու գիտցիր այս գետնառիւծի պահուածքները: Աստուած թող ներէ զիրենք, եթէ ներում կայ. մեզի համար կարեւորը արիւնահեղութեան դադրիլն է այս հինաւուրց երկրին մէջ:
* * *
Մինչ աշխարհը դժոխքի կաթսայի պէս կ՛եռայ (վստահաբար` անկէ աւելի ուժգին, թէեւ տեսած չեմ…), Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջումի թատրոնը կը ներկայացուի, մինչ Հայաստանի մէջ նման փորձն ալ կը ցնցէ մեզ, մինչ մենք ալ կը գտնուինք թոհ ու բոհին կեդրոնը, Հալէպի հայերը (ափ մը մնացած) առիթ չեն փախցներ տօնախմբուելու: Մշակութային այլազան ձեռնարկներով կը շարունակեն հերթական անգամ սրահ լեցնել` կարծես ըսել ուզէին խելացնոր աշխարհին, թէ դուք ձեր գործը ըրէք, իսկ մենք նպատակ չունինք շեղիլ մեր ճամբայէն, որ լոյսին կը տանի: Կարծես ըսել ուզէին` որքան ալ որ ծանր պայմաններ ստեղծէք, միեւնոյնն է, դուք կարող չէք խեղել հայու էութիւնը, որ ստեղծագործելու մէջ կը լիանայ ու կ՛ինքնահաստատուի, քանի որ այդ ոգին ջրդեղուած է դարերու արհաւիրքներու դէմ անվերջ մաքառելով` լոյսը ունենալով ուղենիշ: Մինչ դուք կ՛աւերէք, ան անկիւն մը պիտի գտնէ ու հոն հողին պիտի տայ նոր ծիլ մը:
Այդ քաջ գիտակցելով է, որ դուք կը ցրուէք զայն աշխարհի ծագերը, բայց նայեցէ՛ք անոնց, երբ որեւէ տեղ, հազիւ հաց գտած, արդէն ոգին կը փնտռեն:
Իսկ դուն մի՛ պարպուիր, հայկակա՛ն Հալէպ, քանի որ, թէեւ կ՛արիւնի բաց երակդ, բայց տակաւին քու արգանդիդ մէջ ներուժ նոր ծիլեր ունիս ի լոյս հանելու, քանի դեռ մեր երէկուան մանուկները (ե՞րբ մեծցան ու այսպէս յանձնառու դարձան…), հարազատ` ցեղի բնոյթին, անտեսելով դժնի պայմանները, աննկուն, ստեղծագործ` կը ջանան աշխարհի յառաջդիմութեան հետ քայլ պահել:
Որքան մութը սեւ, այդքան` ես յամառ…
….Երէկ Հալէպը տօնեց «Ռատիօ Երազ»-ի ծննդեան հնգամեակը (պատերազմը եւս հինգ տարեկան է…) ու նոր, առաւել արդիական միջոցներով նոր կայանին բացումը:
Եթէ երիտասարդութիւնը չխիզախէ, ուրեմն որմէ՞ յուսալ վաղը: Այս էր միտքիս մէջ, երբ կը նայէի հինգ տարիներ առաջ այս քայլը ձեռնարկող ու իրագործող երիտասարդներու փայլող դէմքերուն: Իսկ ինծի առաւել հրճուանք պատճառողը գիտէ՞ք` ինչ էր. ա՛յն, որ այս ցամքեցնող, վհատեցնող գաղթին հակառակ` այս գաղութը տակաւին ունակ է տալ հայերէնը գրեթէ անթերի ու քաղցրակարկաչ արտասանող այսքան երիտասարդներ:
Ապրէ՛, հայկակա՛ն Հալէպ, քանզի տակաւին առաքելութիւն ունիս քու ձայնդ առաքելու մոլորակի բոլոր անկիւնները ծուարած մեր կարօտեալ բեկորներուն ու անոնց հոգիներուն մէջ ծննդավայրի յիշատակներուն հետ նաեւ վառ պահելու հայօրէ՛ն ապրելու, մտածելո՛ւ ու խօսելո՛ւ վսեմ գիտակցութիւնը:
Ապրէ՛, քանզի քու չգոյութիւնդ պիտի չըլլայ սոսկ վերացական ցաւ մը, այլ նաեւ` մայրենիի կարկաչին ընդհատումը…
Տոկա՛, Հալէ՛պ: