ՇԱՆԹ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
IV.- Հայ Միջնադարեան Մշակոյթ
9-րդ դարու արաբական արշաւանքներուն դէմ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի դարաշրջանը կը ծնի մեր դիւցազներգութեան հերոսներէն` Սասունցի Դաւիթը: Միաժամանակ, հակառակ այդ արշաւանքներուն գործուած աւերին, հայ մշակոյթի գործիչները կը կերտեն իմացական դպրութեան հայկական կեդրոններ` Աղթամարի, Տաթեւի, Սեւանի, Հոռոմոսի, Նարեկի վանքերը:
10-րդ դարուն, Բագրատունեաց թագաւորութեան շրջանին գեղարուեստական եւ մտաւոր կեանքի վերակենդանութեան նոր էջ մը կը բացուի` պատմագրական, բանաստեղծական, իմաստասիրական, յատկապէս ճարտարապետական նուաճումներու:
Հայ միջնադարեան մշակոյթի տիտաններէն անհրաժեշտ է անպայման յիշատակել 24 ապրիլ 2015-ին Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ իբրեւ Տիեզերական վարդապետ սրբացուած մեր սուրբը` Գրիգոր Նարեկացին (951-1003): Անոր «Մատեան ողբերգութեան»-ը ոչ միայն հայկական աղօթագիրք ՆԱՐԵԿն է, այլ նաեւ` քրիստոնէական գրականութեան մէջ բանաստեղծական-աստուածաբանական երկ: Դէմքիս աչքին հետ` մտքիս տեսանելիքն ալ բաց, Աստուծմէ պահանջելու պէս խնդրած է հայր սուրբը` իր միայնակեաց խուցէն (Նարեկ, էջ 389, Ս. Գրիգոր Նարեկացի, կթղկ. Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, Լիբանան):
Մինաս Թէօլէօլեան Ս. Գրիգոր Նարեկացիին մասին իրաւացիօրէն գրած է. «Ոչ ոք, մարդկային պատմութեան քսանէ աւելի դարերու ընթացքին, կրցեր է այդքան ցայտուն հակադրութիւն մը ստեղծել Աստուծոյ մեծութեան եւ մարդոց ոչնչութեան միջեւ, Անոր վեհութեան ու մեր ցածութեան միջեւ, Անոր բարութեան ու մեր չարութեան միջեւ. ու մանաւանդ ոչ ոք կրցեր է ողբալ այդ ահաւոր հակադրութիւնը, որ աւա՜ղ, դարերուն հետ կը շեշտուի, քան կը չքանայ: Չենք կրնար տարազել Նարեկացիի հանճարը: Աստուածներէն նետուած կրակ մըն է. աստուածօրէն անմերձենալի («Դար մը գրականութիւն», Ա. հատոր, Մինաս Թէօլէօլեան, էջ 12-13, տպարան «Յուսաբեր», Գահիրէ, 1955):
Կիլիկեան թագաւորութեան շրջանին կը վերածաղկի հայ մշակութային կեանքը, որ հայ գրականութիւնը ժողովրդականանալու ձգտում կ՛ունենայ: Նարեկացիէն ետք, կիլիկեան թագաւորութեան ատեն, հայ մշակոյթի նուիրեալներէն մէկը Ներսէս Շնորհալին է (1102-1173): Անոր առակներու գրականութիւնը ժողովրդական ըլլալու կը ձգտի, ուր կրօնականէն աւելի` հետամուտ կ՛ըլլայ գիտականին: Շնորհալիի «Ողբ Եդեսիոյ»-ն մեր մատենագրական վաստակին փառքը կը հանդիսանայ: Նաեւ կաթողիկոս Գրիգոր Տղայի, Լամբրոնացիի եւ Գոշի ճառերը, մեկնութիւնները եւ կրօնաշունչ քերթուածները կ՛արտայայտեն իմաստասիրական ու գիտական մտածողութիւն (Նոյն, էջ 13):
Այս անուններուն կը հետեւին Յովհաննէս Սարկաւագ, անշուշտ Գոշ` իր «Դատաստանագիրք»-ով, Մխիթար Հերացի, Վարդան Այգեկցի, Մատթէոս Ուռհայեցի կը կրեն ժամանակի գիտական եւ իմաստասիրական ակներեւ բնութագրում: Պետականութեան չգոյութեան պատճառով Հայ եկեղեցին կը ստանձնէ հայ մշակոյթի պահպանումն ու սերունդներուն փոխանցումը:
Կը շարունակուին ու կը զարգանան հայկական խաչքարագործութիւնը, մանրանկարչութիւնն ու որմնանկարչութիւնը: Մանրանկարչութեան մէջ նշանաւոր կ՛ըլլան` Թորոս Ռոսլին, Մոմիկ, Ղուկաս Աւետարանի («Հայոց հին եւ միջնադարեան արձակի քրեստոմատիա», խմբագրութիւն Վ. Ներսիսեան եւ Ա. Մատոյեան, էջ 128 եւ 160, Երեւանի համալսարանի հրատարակչութիւն, 1981):
ԹՈՐՈՍ ՌՈՍԼԻՆ (1210-1270) միջնադարեան հայկական ձեռագրութեան ամէնէն ուշագրաւ դէմքերէն: Հիմնուելով արեւմտաեւրոպական արուեստի իր իմացումին վրայ` Ռոսլին մատուցած է լայն տարողութեամբ զրուցական պատմագրութիւն` շարունակելով հանդերձ նախորդներուն աւանդութիւնները. հարստացուցած է ձեռագրութիւն-մանրանկարչութիւնը` ներմուծելով արուեստի նոր բնաբաններ, ինչպէս` «Թոմասի անհաւատութիւնը» եւ «Անցումը Կարմիր ծովէն»: Նաեւ, Ռոսլին մատուցած է արքաներուն ձեռագրական դիմանկարները: Իր ոճը կը յատկանշուի գոյնի նրբութեամբ, պատկերներու համար դասական մեթոտի կիրարկումով եւ գիծի պերճութեամբ (https//.en.m.wikipedia.org/wiki/Toros-Roslin):
ՄՈՄԻԿ (ծննդեան թուականը անորոշ – մահացած է 1333 թուականին) մանրանկարչութեան նշանաւոր ներկայացուցիչներէն եղած է, ինչպէս վերը յիշած ենք: Մոմիկ ճարտարապետ, քանդակագործ ու ձեռագրութեան մասնագէտ է: Իբրեւ քանդակագործ` անոր նրբօրէն քանդակած խաչքարերը մեծ մասամբ կը գտնուին Նորավանքի համալիրին մէջ: Մոմիկ Սիւնիքի մէջ հիմնած է մանրանկարչութեան-ձեռագրութեան Գլաձորի վարժարանը` պատմաբան Ստեփանոս Օրբէլեանի հովանաւորութեամբ: 1302-ին Գլաձորի մէջ ստեղծած է Աստուածաշունչի մանրանկարչական գեղեցիկ օրինակ մը: Անոր մանրանկարներէն քանի մը հատ մնացած է միայն, որոնցմէ մէկը կը գտնուի Մխիթարեաններու թանգարանին մէջ` Վիեննա, իսկ երեքը` Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկին մէջ, Երեւան: Իրեն կը պատկանի նաեւ Արենի գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ գերեզմանատան խաչքարերու քանդակումը (https//.en.m.wikipedia.org/Momik):
V.- Հայ Մշակոյթը Օսմանեան Կայսրութեան Շրջանին
Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ ճարտարապետութեան մէջ ուշագրաւ դեր ունեցած են հայ ճարտարապետները` պալատներու, մզկիթներու եւ պետական հաստատութիւններու շինարարութեանց մէջ: Անոնցմէ նշանաւոր եղած է ճարտարապետ Սինանը (Հոճա Միմար Սինան Աղա, 1489-1588), միմար` հայերէնը ճարտարապետ:
ՍԻՆԱՆ. (1490-1588) Օսմանեան կայսրութեան ճարտարապետներու գլխաւորը, իբրեւ քաղաքային ճարտարագէտ ծառայած է` Մեծն Սուլէյման, Սելիմ Բ. եւ Մուրատ Գ. սուլթաններուն: Պատասխանատուն եղած է աւելի քան 300 մեծ կառոյցներու, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ իսլամական նախակրթական վարժարաններու: Պատերազմի տարիներուն Սինան կը մասնագիտանայ զինուորական ամէն տեսակ ամրութիւններ կառուցելու մէջ, յատկապէս` ճամբաներու եւ կամուրջներու:
Ճարտարապետ Սինանի գլուխ գործոցը Էտիրնէի Սելիմիէ մզկիթն է, իսկ ամէնէն հռչակաւորը` Պոլսոյ Սուլէյման մզկիթը: Սինան կը նկատուի օսմանեան դասական ճարտարապետութեան գլխաւոր ներկայացուցիչը: Իր անունին կապուած է նաեւ նշանաւոր Թաժ Մահալի ծրագրաւորումին (design) մաս կազմելու իրողութիւնը. զինք համեմատած են Միքէլանճէլոյին հետ: Այժմ Պոլսոյ մէջ կը գործէ «Միմար Սինան համալսարանը» (https//.en.m.wikipedia.org/wiki/Mimar-Sinan):
Հոս փակագիծ բանալով արձանագրենք, որ միջնադարուն ծաղկած արաբական մշակոյթը խամրած է թուրքերուն յետամնաց եւ անգրագէտ բռնապետութեան պատճառով, հակառակ անոր որ արաբ եւ թուրք ժողովուրդները կը դաւանին նոյն կրօնը` իսլամութիւնը:
Հետագային նոյնպէս հայ ճարտարապետները ամէն տեսակ շինարարութիւն կատարած են` մզկիթներ, վարժարաններ, հիւանդանոցներ, նամակատուներ, առեւտրական հաստատութիւններ: Ըստ ճարտարապետութեան պատմագէտ Հասան Քուրույեազըճի համացանցին մէջ տեղադրած յօդուածին, ՀԱՅ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՆԵՐԸ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԱՐԵՒՄՏԱԿԱՆԱՑՈՒՄԻ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԻՆ, եւ գլխաւորաբար Պալեանները, մեծ դեր ունեցած են Պոլսոյ ֆիզիքական տեսքը կերպարանափոխելուն մէջ:
Արդարեւ, 1700-ական թուականներու սկիզբը վաճառական Ուստա Պալի իր ծննդավայր Կեսարիայէն Պոլիս կու գայ: Պալի կը նկատուի Պալեան գերդաստանին հիմնադիրը` իր անունը շնորհելով անոր: Այնուհետեւ, Ուստա Պալի կը նշանակուի կայսերական ճարտարապետ: Անոր կը յաջորդէ իր զաւակը` Գրիգոր ամիրա, որ կը շինէ տակաւին մինչեւ այսօր գոյութիւն ունեցող Պալեաններու ամենականուխ կառուցած գործերը. անոնց մէջ կ՛իյնան` պալատներ, մզկիթներ եւ բանակատեղիներ:
Պալեաններ` Ուստա Պալի, եւ յաջորդաբար ամիրաներ` Գրիգոր, Սէնէքերիմ, Կարապետ, եւ պէյեր` Նիկողոս, Յակոբ, Սարգիս, Սիմոն ու Լեւոն, գերդաստանին կառուցած հաստատութիւնները կ՛արտայայտեն արեւելեան եւ արեւմտեան արուեստներու ներդաշնակ համադրում մը: Անոնք ծառայած են իբրեւ կայսերական ճարտարապետներ` 1700-ական թուականներէն մինչեւ 19-րդ դարու վերջերը` Սելիմ Գ., Մահմուտ Բ., Ապտիւլմեճիտ, Ապտիւլազիզ, Մուրատ Ե. եւ Ապտիւլ Համիտ Բ. սուլթաններու գահակալութեանց շրջաններուն: Ուստա Պալիէն ետք Գրիգոր, Սէնէքերիմ եւ Կարապետ ամիրաները կառուցած են բազմաթիւ հոյակապ մզկիթներ, որոնք մինչեւ այսօր կը գործեն: Այս յօդուածը մզկիթներուն անունները թուելուն նեղ կու գայ:
VI.- Հայ Ազգային Նախազարթօնք Եւ Զարթօնք
Նախազարթօնքը զարթօնք պատրաստելու շարժառիթներու ամբողջութիւնն է: 18-րդ դարը կանխող լման դար մը, եթէ նկատի չառնենք Դաւիթ Բեկի, Մխիթար Սպարապետի եւ Արցախի մելիքութիւններու ազատագրական խիզախումները, հայ ժողովուրդի կեանքը տժգոյն պատկեր կը ներկայացնէ` Հայաստանի աւերածութեան դիմաց. բնականաբար հայ մշակոյթը տեղքայլ կ՛ընէ: Հակառակ այս մշակութային տեղքայլին` հայ ժողովուրդը կը ծնի իր աննման աշուղները` Սայաթ Նովան, գուսաններ Շիրինն ու Թուրինջը, Ազպար-ադամը, Մինաս Թոխտացին: Թուրքերը, վրացիները, պարսիկները եւ արաբները փորձած են գուսաններ Շիրինն ու Թուրինջը, նոյնիսկ Սայաթ Նովան սեփականացնել` մշակութային անբարոյութեա՛ն գնով: Եթէ մեր աշուղները յաճախ թրքերէն, վրացերէն, արաբերէն կամ պարսկերէն բառեր գործածած են, կամ նոյնիսկ` այդ լեզուներով երգեր յօրինած, այդ չի՛ նշանակեր, որ անոնք թուրք են, վրացի, պարսիկ կամ արաբ. անոնք ողն ու ծուծով հայ են եւ երգած` հայ հոգիին թախիծը, ուրախութիւնն ու սէրը:
Հայ աշուղական երգերը թերեւս արեւելեան կնիք ունին, բայց երբեք շարքի չեն: Անոնք հարստացուցած են մեր ազգային երգարուեստը. յաճախ հայ երգ եզրը ներկայացուած է աշուղական երգով: Սայաթ Նովան մեր աշուղներուն յառաջատարն է. երբ աշուղներու մասին խօսինք, առաջին հերթին մեր միտքը կու գայ Սայաթ Նովան: Անիկա հայ երաժշտական գործիքներուն մէջ ներմուծած է քամանչան: Սայաթի ամբողջ քնարերգութիւնը քամանչայով կը ներկայացուի:
19-րդ դարու հայ ազգային մշակութային զարթօնքը հիմնուած է միջնադարեան եւ նախազարթօնքեան ժամանակաշրջաններու քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային զարգացումներուն վրայ: Միջնադարու մասին արդէն որոշ չափով գրած ենք: Այժմ կեդրոնանանք նախազարթօնքի առթած պատմամշակութային շարժառիթներուն վրայ:
1512-ին Վենետիկի մէջ կը հրատարակուի հայ առաջին տպագիր գիրքը` «Ուրբաթագիրք»-ը, ապա հայ առաջին Աստուածաշունչը կը տպագրէ Օսկան Ըրվանճի` 1566-ին, Ամսթերտամ. իսկ Նոր Ջուղայէն Հնդկաստան գաղթած Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեան Մատրասի մէջ 1794-ին կը հրատարակէ հայ առաջին թերթը` «Ազդարար»-ը: Ասոնք սկիզբ կ՛ըլլան տպագրական հրատարակութիւններու արդիւնաւոր աշխատանքի` Պոլսոյ, Վենետիկի, Նոր Ջուղայի եւ Հռոմի մէջ:
Մինաս Թէօլէօլեանի համաձայն («Դար մը գրականութիւն», Ա. հատոր, Մինաս Թէօլէօլեան, տպ. «Յուսաբեր», Գահիրէ, 1955), հայ գրականութեան վերածնութեան շրջանները, 18-րդ դարու կէսէն մինչեւ 19-րդ դարու քառասունական թուականներ, կը հանդիսանան`
1.- Մխիթարեան միաբանութիւնները
2.- Պոլիս-Զմիւռնիան
3.- Թիֆլիս-Մոսկուան
1.- Մխիթարեան Միաբանութիւններ
1ա.- ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ. Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւնը համազգային տարողութեամբ կը յատկանշուի մատենագրական, լեզուաբանական, պատմագիտական, բանասիրական եւ թարգմանական աշխատանքներով: Մխիթարեան հայրերուն իրագործումը հետեւեալ գլխաւոր արդիւնքները կու տայ.
ա.- Հայ մատենագրական վաստակի հրատարակութիւն. բ. Հայոց պատմութեան ծանօթացում եւ տարածում. գ. Լեզուական վերանորոգում, եւ մասնաւորաբար` հայ լեզուի քերականութեան հիմնարար եւ համապարփակ աշխատանք. դ. Թարգմանական ծաւալուն գործունէութիւն, մասնաւորաբար` հելլէն եւ լատին գործերու հայացում. ե. Հոգեւորականը կրօնականին կողքին կը ծառայէ նաեւ հայ մտքին (նոյն, էջ 27):
Մխիթարեան հայրերուն կը պարտինք մեր մատենագիրներուն պատմական, ազգային-կրօնական, իմաստասիրական բովանդակութեամբ գործերուն սերունդներուն փոխանցման եւ ծանօթացման երախտիքը:
Նաեւ` Մխիթարեան միաբանները կատարած են գրական առաջին վերլուծումները մեր մատենագիրներուն` Խորենացիի, Եզնիկի, Եղիշէի, Նարեկացիի, Շնորհալիի գրական ստեղծագործութեանց:
Անհրաժեշտ է անպայման յիշատակել Մխիթարեաններու կատարած երկու կոթողային գործերը. նախ` նոյնինքն հայր Մխիթարին կողմէ արարուած «Հայկազեան բառարան»-ը, եւ իր յետնորդներու հ. Գաբրիէլ Աւետիքեանի, հ. Խաչատուր Սիւրմէլեանի եւ Հ. Մ. Աւգերեանի կողմէ հրատարակուած «Նոր բառգիրք հայկազեան լեզուի»-ն, որոնք մինչեւ այսօր տակաւին կը մնան անգերազանցելի:
Վենետիկի միաբանութենէն պէտք է յիշել նաեւ հայր Միքայէլ Չամչեանը, որ հինգ տարուան ընթացքին, 1781-1786, լոյս կ՛ընծայէ հայոց պատմութեան եռահատոր աշխատութիւնը, հայր Ղուկաս Ինճիճեանը, հեղինակ` տարեգիրքերու, հայր Ղեւոնդ Ալիշանը` մեծանուն բանաստեղծ եւ Հայաստանը ուսումնասիրող բանասէր ու պատմագէտ, հայր Արսէն Բագրատունին` գրաբարագէտ, որ գրած է «Հայերէն քերականութիւն ի պէտս զարգացելոց» (Վենետիկ, 1852) եւ այլն: («Արդի հայ գրականութիւն», Ա. հատոր, Մուշեղ Իշխան, էջ 21, Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան, Պէյրութ):
1բ.- ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ. Վենետիկեան միաբանութենէն անջատուած խումբ մը Մխիթարեան հայրեր 1811-ին Վիեննա կը հաստատուին եւ քաղաքին անունով յետ այդու կը ճանչցուին իբրեւ Վիեննական Մխիթարեան միաբանութիւն: Վիեննականներու հրատարակած «Ազգային մատենադարան»-ի աւելի քան 160 հատորներու շարքը, կ՛ընդգրկէ մեր բանասիրական գրեթէ բոլոր ճիւղերը` հայ թէ օտար հեղինակութիւններու քննական պրպտումներուն, ուսումնասիրական խորացումներուն համապարփակ զանազանութեամբ:
Վիեննական միաբանութենէն պէտք է յիշել` հայր Մատաթիա Գարագաշեանը եւ հայր Յովսէփ Գաթրճեանը, որոնք նշանաւոր լեզուաբան եւ պատմագէտ են եղած, հայր Արսէն Այտընեանը` հեղինակ աշխարհաբարի գիտական քերականութեան (1866), հայր Յակոբոս Տաշեան, հայր Գաբրիէլ Մենեվիշեան, հայր Ներսէս Ակինեան եւ ուրիշներ (նոյն, էջ 21):
2.- ՊՈԼԻՍ ԵՒ ԶՄԻՒՌՆԻԱ. Պոլսոյ մէջ դպրոցն ու լրագրութիւնը պատճառ կը դառնան, որ առօրեայ խօսակցական բարբառը հետզհետէ բարձրանայ գրական եւ մշակուած լեզուի (աշխարհաբարի): 18-րդ դարու սկիզբէն արդէն Պոլսոյ մէջ սկսած են գործել նախակրթարաններ (Սամաթիա, Սկիւտար, Օրթաքէօյ): 1838-ին կը հիմնադրուի Սկիւտարի ճեմարանը, ուրկէ կը վկայուին որոշ թիւ մը մեր մտաւորականներէն:
19-րդ դարու աշխարհաբարի մեր թարգմանիչները կը կատարեն նոյնքան կարեւոր եւ բախտորոշ գործ, որքան ըրած են առաջին ոսկեդարու մեր թարգմանիչները. 1. Մատթէոս Մամուրեան կը թարգմանէ Կէօթէի «Վերթեր»-ը, Ժիւլ Վեռնի «Խորհրդաւոր կղզին» եւ այլ գործեր, կը հրատարակէ եւ կը խմբագրէ «Արեւելեան մամուլը». 2. Գրիգոր Չիլինկիրեան կը թարգմանէ Վիքթոր Հիւկոյի «Թշուառները», Լամարթինի «Ռաֆայէլ»-ը եւ այլն: 3. Մեսրոպ Նուպարեան` Վիքթոր Հիւկոյի «Փարիզի Նոթըր Տամը», Կէօթէի «Ֆաուստը», եւ այլն. 4. Կարապետ Իւթիւճեան կը հայացնէ մօտ յիսուն հատոր, որոնցմէ գլխաւորներն են Մարիիւս Թոփենի «Երկաթէ դիմակով մարդը», Տիւ Փեթէայի «Գաղտնիք հաւատաքննութեան»-ը (նոյն, էջ 32-34):
3.- ԹԻՖԼԻՍ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱ. Արեւելահայութեան ազգային զարթօնքը արեւմտահայութեան հետ համընթաց չէ քալած: Թիւրքմենչայի (1827) եւ Ադրիանապոլսոյ (1830) դաշնագիրներէն ետք միայն արեւելահայութիւնը արագ սթափում կ՛ունենայ եւ կը կազմակերպուի:
Զարթօնքը կ՛ենթադրէ արթնութիւն ու վերադարձ դէպի ներքին եւ արտաքին գործօններու կենսունակութեան: Շնորհիւ Մխիթարեան միաբանութեանց եւ անհատ մտաւորականներու ճիգերուն, 18-19 դարերուն, հայ ժողովրդական լեզուն եւ կիլիկեան հայերէնը կը բարձրանան արեւմտահայերէնի գրական մակարդակին. բան մը, որ նաեւ դեր կ՛ունենայ արեւմտահայութեան ազգային զարթօնքին մէջ:
(Շար. 2)