Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Նամակ Երկրէն- Ճգնաժամային Վիճակի Մէջ Գործելու Տրամադրութեամբ

$
0
0

raffidoudaklian1ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Երեւանի մէջ վերջին ցաւալի դէպքերը այսօր մէկ դաս ունին բոլորիս ու նախ եւ առաջ՝ իշխանութիւններուն. պէտք է գործել ճգնաժամային դրութեան մէջ ըլլալու տրամադրութեամբ։ Առաջին հերթին, իշխանութիւնները եւ անոնց չորս դին կանգնած ուժերը, քաղաքական եւ այլ, պարտաւոր են անդրադառնալու, որ գեղագիտական բարեփոխումները կամ դանդաղ քայլերով առաջ երթալու մօտեցումը ընդունելի չե՛ն այլեւս։

Վճռական եւ արմատական բարեկարգումները անյետաձգելի են, քանի որ երկիրը կ՛ապրի ճգնաժամային պայմաններու տակ։ Վերջին ութ տարիներուն, Հայաստանէն արտագաղթած են 300,000 քաղաքացիներ, Հայաստանի պետական պարտքը 1.9 միլիառ տոլարէն հասած է 5.1 միլիառ տոլարի, հակառակ անապահով խաւի արտագաղթին՝ աղքատութիւնը աճած է աւելի քան 10 տոկոսով, տնտեսութիւնը տագնապահար է եւ բանակին զինումը՝ անբաւարար։

Այս բոլորը չեն բաւեր կարծէք, ամայացած է նաեւ քաղաքական դաշտը։ Չկան ժողովուրդը ընդգրկող քաղաքական գործընթացներ։ Հանրութիւնը քաղաքական ուժերուն հանդէպ կորսնցուցած է հաւատքը եւ յոգնած է անոնց ապարդիւն գզվռտոցէն, յոգնած է ընտրակեղծիքներէն, շինծու քուէարկութիւններէն ու հանրաքուէներէն, օլիգարխներու սանձարձակութիւններէն, ամենաներկայ փտախտէն։ Խոստացուած բարեփոխումները չեն երեւիր, անդրադարձ չունին մարդոց առօրեայ կեանքին մէջ, ու դեռ՝ Արցախի ապրիլեան պատերազմէն ետք, հողային զիջումներու «համաձայնագիր» մը կը դրուի ընկերատնտեսական լուրջ ճգնաժամ ապրող Հայաստանի առջեւ։

Անցնող 15 օրերու իրադարձութիւններէն ետք, թէ՛ իշխանական, եւ թէ ընդդիմադիր ուժերը վերահաստատեցին «խնդիրներու» գոյութիւնը եւ խորքային, արմատական բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը։

Եթէ իսկապէս կան այս գիտակցութիւնն ու քաղաքական կամքը, ապա ի՞նչն է դանդաղկոտութեան պատճառը, ինչո՞ւ միայն գեղագիտական միջամտութիւններ։ Յաճախ այն տպաւորութեան տակ ենք, որ կապուած են բարեփոխողներուն ձեռքերը, եթէ կան այդպիսիներ։

Քաղաքական անբարենպաստ քամիներ կը փչեն հիւսիսէն եւ արեւմուտքէն: Ատրպէյճանի բռնատէրը, իր իշխանութիւնը պահելու համար, պատրաստ է ամէն տեսակի արկածախանդրութիւններու, ընդհուպ մինչեւ պատերազմի։ æլատուած, տնտեսապէս խոցելի, բարոյալքուած ժողովուրդով եւ ժողովրդականութենէ զուրկ ղեկավարութեամբ Հայաստան մը այսօր կը գտնուի արտաքին մեծ ճնշումներու տակ, մօտիկ ու հեռաւոր երկիրներու կողմէ։

Այս պայմաններուն տակ, որքա՛ն որ մերժելի են երկրին մէջ զէնքով հարցեր լուծելու փորձերը, նոյնքան ալ անընդունելի են ձեւական բարեփոխումները, քաղաքական դաշտի ամայացմամբ իշխանութիւնը պահելու մոլուցքը, մարդկային իրաւանց խախտումները, մամուլի վրայ ճնշումները, կեղծուած քուէարկութիւնները, իշխանութեան ու դիրքի չարաշահութիւնները։ Պէտք է հասկնալ, որ ծայրայեղական քայլերը հետեւանք են, իսկ երկրի ապիկար եւ ձախաւեր ղեկավարումը՝ պատճառ։

Այո՛, բոլորս դաս ունինք քաղելու անցեալ երկու շաբաթներու դէպքերէն, բայց նախ՝ իշխանաւորները ։ Արմատապէս փոխուելու, բարեփոխուելու պարտաւորութեան տակ կը գտնուին անոնք եւ ցարդ չեն ուզեր կամ չեն կրցած ըմբռնել ինքնամաքրման քաւարան մտնելու հրամայականը։ Ճգնաժամ է, եւ «ստից» քայլերով, բարեփոխումներու կապկումով (իմիտացիա), միայն աւելի խորացուցած կ՛ըլլան ճգնաժամը եւ կը յորդեցնեն ժողովուրդի արդէն իսկ լեցուած համբերութեան բաժակը։

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>