Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Անսակարկ Զոհաբերում` Ազգի Յաւերժացման Բագինին Առջեւ

$
0
0

lisbon_JH

ԺԱԳ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Ամէն տարի, 27 յուլիսին, հայ յանձնառու երիտասարդութիւնը աշխարհի բոլոր ծագերուն կու գայ նշելու Լիզպոնի գերագոյն զոհաբերութեան աքթին յիշատակը. յիշատակը` այն բացառիկ իրադարձութեան, որ տակաւին կ՛ալեկոծէ սրտերը, որ` հայ երիտասարդութիւնը կը մղէ շարունակել հաւատալու Հայ դատի վախճանական նպատակներուն` Թուրքիայէն բռնագրաւուած հայկական հողերու ազատագրութեան եւ միացեալ Հայաստանի ստեղծման տեսլականին. այն Հայաստանը, որ իր մէջ պիտի համախմբէ աշխարհացրիւ հայ ազգին բեկորները:

Իրականութեան մէջ 33 տարի առաջ Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցած գործողութիւնը պէտք է նկատել բարձրակէտը այն օրերու հայ երիտասարդութիւնը վարակած յեղափոխականացման եւ քաղաքականացման մթնոլորտին: Հայութեան ազգային իրաւունքներուն ձեռքբերման դիմաց միջազգային հանրութեան կողմէ բարձրացուած էր լռութեան հաստ պատ մը, որ անհրաժեշտ էր ճեղքել: Լիզպոնի տղաքը, անոնցմէ առաջ եւ ետք ուժական պայքարի մարտավարութեան միջոցով թրքական շահերը հարուածած տղաքը, իրենց անսահման գաղափարապաշտութեամբ լռութեան այդ պատը քանդելու առաքելութիւնը եկան վերցնելու իրենց ուսերուն: Լիզպոնի գործողութիւնը փաստօրէն եղաւ ամբողջ ժամանակաշրջանի մը խորհրդանիշը: Եղաւ խորհրդանիշը այն ժամանակուան եւ բոլոր ժամանակներու հայ յանձնառու երիտասարդութեան անտեղիտալի գաղափարապաշտութեան, քաղաքական աննահանջ կեցուածքին, ոչ միայն ընդդէմ թուրք բռնագրաւող պետութեան, այլ նաեւ հաւասարապէս` ընդդէմ լուռ, մեղսակից, միայն իր շահերը հետապնդող աշխարհին: Եւ հիմա, ժամանակի հեռաւորութենէն կրնանք ըսել, որ այդ սերունդի տղաքը, հակառակ այդ ժամանակաշրջանը յատկանշած դժուարութիւններուն, կրցան պատուով կատարել իրենց առաքելութիւնը` իրենց գաղափարապաշտութեամբ համակելով հայ ազգին զաւակները:

Ազգային էութիւնը կոփող, անոր նոր լիցք հաղորդող իրադարձութիւնն էր Լիզպոնի գործողութիւնը: Եթէ գնահատականը պիտի տանք այս գործողութեան, անիկա պէտք է կատարենք անպայմանօրէն մեկնելով այդ ժամանակաշրջանի չափանիշներէն, որովհետեւ եթէ ներկայ չափանիշներով խօսինք անոր մասին, կրնանք սխալ տեղեր առաջնորդուիլ, ինչպէս որ տեղի ունեցաւ վերջին քանի մը օրերուն` հայաստանեան վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ: Ամբողջութեամբ անհեթեթ էր ոմանց կողմէ կատարուած համեմատականը վերջին իրադարձութիւններուն եւ Լիզպոնի գործողութեան միջեւ: Մէկը ինչ-ինչ դժգոհութիւններէ մեկնելով, զինեալ ըմբոստացում է հայրենի իշխանութիւններուն դէմ` զինեալ խմբաւորումի մը կողմէ, իսկ միւսը` թշնամի եւ բռնագրաւող պետութեան մը խորհրդանիշը եղող դեսպանատան մը մէջ հինգ հայ սրտերու զոհաբերումը ազգի ազատութեան բագինին: Այսքան հսկայ է տարբերութիւնը երկու պարագաներուն միջեւ, եւ այսքան ակներեւ` Լիզպոնի գործողութեան յեղափոխական էութիւնը, հակառակ ներկայիս ներհայաստանեան դժգոհութիւններու որոշ մէկ մասին արդարացի ըլլալուն:

Եւ հարցումը բնականաբար ինքզինք կը պարտադրէ. ո՞ւր ենք մենք ներկայիս Լիզպոնի գործողութենէն 33 տարի ետք: Այնքան ատեն որ հայ ազգին մէջ ազգային եւ պատմական արդարութիւնը վերահաստատելու տենչը կայ, աւելի՛ն, այնքան ատեն որ կայ ազգային պահանջատիրութիւն եւ Թուրքիայէն արդար հատուցում ստանալու համար պայքար, Լիզպոնի գործողութեան աւանդը միշտ վառ կը մնայ այդ պահանջատիրութեան ջահը իրենց հոգիներուն մէջ վառ պահողներուն մօտ: Այս գործողութիւնը իր ամբողջ աւանդով շարունակութիւնն է հայ յեղափոխական շարժումի աւանդներու շղթային եւ իբրեւ այդպիսին` կարեւորագոյն դերակատարութիւն ունի հայ քաղաքական մտքի հոլովոյթին մէջ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>