Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Տեսակէտ. Սպասելով Անախորժ Կացութեան Խաղաղ Կարգաւորման

$
0
0

vaho_72716

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին գրաւումով ստեղծուած ճգնաժամը մուտք գործեց իր 10-րդ օրը: Գունդի տարածքը գրաւած զինեալ խմբաւորումն ու անոր աջակիցները կը պահանջեն իրենց ղեկավարին` Ժիրայր Սեֆիլեանի ազատ արձակումն ու նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը:

Այդ երկու պահանջները ոչ միայն անիրատեսական են ու անհեռանկարային, այլեւ անոնց բաւարարումը խիստ վնասակար է ու մերժելի, որովհետեւ միայն առերեւոյթ կը վերաբերին իշխանութիւններուն, իսկ խորքին մէջ` պետութեան: Իշխանութիւններուն կողմէ այդ պահանջները բաւարարելու սխալ քայլ մը պիտի ստեղծէ վտանգաւոր նախադէպ մը, որ անդառնալի վնաս կը հասցնէ պետութեան հեղինակութեան: «Քաղաքական բանտարկեալ» Սեֆիլեանի ազատ արձակումէն ետք, ոչինչ կ՛արգիլէ, «քաղաքական բանտարկեալ» պիտակի օգտագործումով կամ ոչ, պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքի գրաւումի դիպաշարի իրերայաջորդ կրկնութիւնը, ինչ որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պիտի ստեղծէ 19-րդ դարուն արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ կովարածներու սանձարձակութեան մթնոլորտը` անկէ բխող բոլոր հետեւանքներով:

Ինչ կը վերաբերի 2-րդ պահանջին` բռնի ուժով իշխանափոխութեան փորձը, ինքնին մերժելի եւ յոռեգոյն ընտրանքը ըլլալուն կողքին նաեւ այս պարագային անյուսալի է, որովհետեւ տեղի ունեցածը յեղաշրջումի փորձ մը չէր եւ նոյնիսկ պատանդ վերցուած քանի մը ոստիկանները արդէն ողջունելի եւ ճգնաժամի դրական աւարտին նկատմամբ յոյս ներշնչող քայլով մը ազատ արձակուած են: Ստեղծուած է այլապէս զաւեշտալի, սպասողական վիճակ մը` ո՛չ պատանդներէ մերկացած զինեալները կը յանձնուին, ո՛չ ալ ոստիկանութիւնը կը ձեռնարկէ զանոնք վնասազերծելու գործողութեան (բարեբախտաբար):

Այս բոլորէն կարելի է եզրակացնել, որ այս անախորժ խնդիրի դրական լուծման համար պէտք է օգտագործել այլ օրակարգ մը: Ստեղծուած անել կացութենէն դուրս գալու այդ ելքը կայ: Նկատի ունենալով գրաւող խումբին ու անոր ձերբակալուած ղեկավարին կենսագրութիւնը` լուծումը պէտք է ըլլայ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման հարցով աշխուժ բանակցութիւններուն լոյսին տակ ստեղծուած մտահոգութիւններուն փարատման տարազով: Արդէն գոյութիւն ունին այդ ուղղութեամբ ընթանալու որոշ դրական նշաններ: Լուծումը պէտք չէ ուշացնել:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>