Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Պիտի Շարունակե՛նք Խոնարհիլ Հոգիներ Կամրջող Հինգ Լուսաւոր Դէմքերուն Առջեւ (27 Յուլիս 1983)

$
0
0

L5-2_72716

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Տարիները կը հրմշտկեն իրարու: Ժամանակը կ՛ուզէ հուժկու թեւերով իր մոռացութեան պարեգօտը տարածել հասարակական ամէն մէկ երեւոյթի, արարքի թէ ստեղծագործ աշխատանքի վրայ:

Կ՛ըսեն նաեւ, որ ժամանակը դաժան է եւ կը խնայէ ոչ ոքի, այնքան ատեն որ սովորական մահկանացուներ չեն դիմադրեր եւ կամ չեն պարտադրեր իրենք զիրենք յանուն գոյութենական պայքարի, մարդկայնական արժէքներու պահպանման, վեհ գաղափարներու սնուցման եւ տիեզերահունչ մտածումներու ամրապնդման:

Ստուգապէս ապազգայնացումի գլանը աւելի վախազդու եւ քանդիչ է, երբ հարցը կը վերաբերի ազգային արժէքներու պաշտպանութեան, ինքնուրոյն դիմագիծ ու կեցուածք ունենալու հրամայական պահանջին եւ հաւաքական իղձերու առաւել պայծառացման:

Այլ խօսքով, անհատի թէ հաւաքական կեանքի մէջ արձանագրուած որեւէ ճակատագրական սխալ, թերացում, ապիկար մօտեցում թէ գահավէժ ընթացք կրնայ իր անկանխատեսելի անդրադարձը ունենալ եւ սուղ արժել տուեալ միջավայրին մէջ ապրողներուն եւ նոյնինքն երկրին համար:

Թէ ինչո՞ւ նման մտածումներ ողողեցին մեր մտքի պաստառը, պարզապէս որովհետեւ առօրեայ ճնշիչ կեանքին զուգահեռ, ա՛լ առանձնաշնորհում պէտք է նկատել ազգային կեանքի առնչուող ամէն խնդիրի մասին հանգամանօրէն խօսիլը, զրուցելը, քննադատելը, ի հարկին գնահատելն ու համապատասխան լուծումներ առաջադրելը:

Արդ, ինչպիսի՞ կապ գոյութիւն կրնայ ունենալ Լիզպոնի տղոց սրբազան արարքին եւ վերեւ յիշուած մտածումներուն միջեւ, երբ մեր շուրջ բոլոր ընկղմած են նիւթականացած ու համայնակուլ կեանքի մը քաոսին մէջ:

Քաոս, որ ունի հրէշային կերպարանք եւ փորձութիւններով յագեցած վիճակ:

Փաստօրէն, երբ կը մատնանշենք ուղղակի եւ անմասնատելի կապի մը գոյութիւնը տուեալ արարքին եւ տիրող կացութեան միջեւ, ըսել կ՛ուզենք, որ հաւաքական ինքնաճանաչումի եւ հոգեկան կամրջումի արտայայտութիւնն է մեզ առաւելաբար հետաքրքրողը, որովհետեւ ատոնցմով ազգ մը պիտի կարենայ փրկուիլ եւ հայրենիք մը անվտանգ ու բարօր կեանք ապրիլ:

Այլ խօսքով, հայութիւնը իր բազմաբեւեռ գաղափարական հոսանքներով, քաղաքական տարբեր կողմնորոշումներով եւ հասարակական հայեացքներով անգամ, եթէ երբեք ուզէ կամ որոշէ վերապրիլ (ընդմիշտ) եւ դէմ դնել բոլոր ժամանակներու աշխարհաքաղաքական երանգաւոր ճնշումներու եւ ճահճահուտ վարքագիծերու, ապա պարտաւոր է տիրութիւն ընել ազգային արժէքներու եւ խրոխտ կեցուածքներու:

Լիզպոնի տղոց աքթը գերազանցապէս ազգային արժէք պարփակող հրաշալի արարք մըն է, որով պէտք է հպարտանայ իւրաքանչիւր հայորդի ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի: Էականը, սակայն, այս արարքին մասին ճշգրիտ ու վաւերական տեղեկութիւններու հայթայթումն է:

Կրկնելու գնով հաստատենք ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ Լիզպոնի տղոց գործողութիւնը իր բազմաբովանդակ արժէքային համակարգով կ՛ընդգրկէ իմացական եւ հոգեբանական այնպիսի տարածք, որով ազգ մը ամբողջ կրնայ ապրիլ հազարամեակներ շարունակ:

Ահա լիզպոնեան խոյանքին ամէնէն յուզիչ, կենարար եւ դաստիարակիչ պատգամը միանգամայն:

Արդարեւ, 33 տարի առաջ էր այն օրը, երբ ամբողջ հայութիւնը դէմ յանդիման գտնուեցաւ  հոգեկան ուժգին ցնցումի մը, որուն ազդուութիւնը կարելի չէ տրամաբանական կշիռով եւ չափով գնահատել. ոչ թէ անոր համար, որ անչափելի եւ կամ գերմարդկային վիճակ մըն էր պատահածը, այլեւ` գործուած արարքին վեհութիւնն ու սրբազան տղոց գաղափարական մեծութիւնը գերազանցապէս անըմբռնելի էր:

Անըմբռնելի այն առումով, որ անոնք կը նետուէին հզօր մարտի դաշտ, ո՛չ միայն ֆիզիքական զոհողութիւն մը մատուցելով, այլ նաեւ` նպաստելով գաղափարական աշխարհի մը ձեւաւորման, քաղաքական յստակ ուղղուածութեան ընդգրկումին, բարոյական վերադաս արժանիքներու առաւել յայտնաբերման, բայց մանաւանդ` ապագայ սերունդներուն միջեւ հոգեկան կամրջումի հաստատման:

Իրօք արժանապատիւ իւրայատուկ ներդրում մը` ազգային հոգեմտաւոր շտեմարանի հարստացման նպաստող:

Այդուամենայնիւ, հայ իրականութեան երկնակամարին վրայ լիզպոնեան խոյանքի պատմակշիռ խորհուրդը մնաց որոշակի ճանաչողական սահմաններու մէջ, եւ ան երիտասարդական խանդավառութիւններու ծիրէն դուրս չեկաւ, ինչ որ պատճառ դարձաւ բազմաբնոյթ եւ արտասովոր մեկնաբանութիւններու:

Չմոռնանք, որ այդ մեկնաբանութիւններուն ճնշիչ բաժինը լսուեցաւ հայրենի երկնակամարէն, նոյնիսկ պատմաբաններու բերնով արտայայտուած, երբ անոնք իրենք իրենց իրաւունք տուին Լիզպոնի արարքը միանշանակ կոչել որպէս «տեռորիստական աննպատակ գործողութիւն» (իմա` ինքնասպանութիւն), որ ունէր ոչ մէկ հեռանկար եւ այլն:

Հակառակ այն իրողութեան որ Յովհաննէս Շիրազի իսկ գրիչով օրին լոյսին եկած էր, ի սրտէ փայլատակած բանաստեղծութիւն մը, նուիրուած` Լիզպոնի խոյանքին, այդուհանդերձ հայրենիքը շարունակեց ցոյց տալ ժլատ մօտեցում, յարգանքի, խոնարհութեան եւ երախտագէտ նախաձեռնութիւններու յամեցում:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ տարուէ-տարի այս մօտեցումը փոփոխութիւն կրեց շնորհիւ արարատապաշտ հայորդիներու տարած նուիրական աշխատանքին, լայնածիր  քարոզչութեան եւ տեղեկութիւններու փոխանցման, սակայն փափաքելին պետական մակարդակի ինքնաճանաչումն ու համապատասխան արժեւորումն է:

Ի դէպ, Լիզպոնի տղոց արարքին ու անոնց մեծութեան մասին այնքան մելան հոսած է, որ, եթէ երբեք անոնք մէկտեղուին, ապա պատկառելի թանգարան մը լեցնելու չափ արխիւ կ՛ունենայ հայութիւնը` ապագայ սերունդներու փոխանցելիք:

Չմոռնալ նաեւ, որ գերագոյն զոհաբերութեան վկաները` Լիզպոնի «խենթ»-երը իրենց սրբազան ու անկրկնելի արարքով նուաճեցին հայ երիտասարդութեան սրտերն ու հոգիները եւ հոն աշտարակեցին Արարատին նուիրուելու կայմերը:

Պիտի գայ այն օրը, որ ազգը ամբողջ երկիւղածաբար պիտի խոնարհի անոնց լուսաւոր դէմքերուն եւ սխրանքի մեծութեան առջեւ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>