ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Երբ Գարեգին Կաթողիկոս Անթիլիաս Կը Հրաւիրէր Սիմոնեանը…
Խօսքը կը վերաբերի Յովսէփեանց Գարեգին Ա. կաթողիկոսին (1943-1952):
Գիտնական հայրապետ մըն էր ան, հմուտ ձեռագրագէտ ու արուեստաբան, բնիկ ղարաբաղցի, որ Բ. Աշխարհամարտի վաղորդայնին հազիւ գահ բարձրացած` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի նստավայրը պիտի վերածէր մշակոյթի կեդրոնի մը:
Գարեգին կաթողիկոսին առաջին գործերէն մին եղաւ Հալէպէն Անթիլիաս հրաւիրել դպրեվանքի նախկին շրջանաւարտ Սիմոն Սիմոնեանը (այն օրերուն` 32 տարեկան) ու պատասխանատու պաշտօններու կոչել զինք մայրավանքին մէջ: Պատուաբեր ու սրտախօսիկ հրաւէր մըն էր այս, որուն կ՛ընդառաջէր Սիմոնեան անվարան: Ուրեմն, ան Հալէպը կը թողուր վերջնականապէս ու Պէյրութ կը հաստատուէր 1946-ին:
Անթիլիասի մէջ Սիմոնեան մնայուն դասախօս կը նշանակուէր դպրեվանքին` այնտեղ աւանդելով գրաբար, հին հայ մատենագրութիւն եւ արդի հայերէն:
Յաջորդ տարի, 1947-ին, Գարեգին կաթողիկոս զինք խմբագրապետ կը նշանակէր Ս. Աթոռի պաշտօնաթերթին` «Հասկ» ամսագրին:
Այս զոյգ պաշտօններուն վրայ կը մնար ան շուրջ տասը տարի, մինչեւ 1955:
Դպրեվանքի այդ շրջանի բոլո՛ր սաներն ալ բախտը կ՛ունենային աշակերտելու իրեն` ապագայ Գարեգին Բ. կաթողիկոսէն (Սարգիսեան) մինչեւ Արտաւազդ Թրթռեան, Արտակ Մանուկեան, Շահէ Աճեմեան, Հրանդ Խաչատուրեան Սրբազանները, մեծաթիւ վարդապետներ, քահանաներ եւ աշխարհական շրջանաւարտներ:
Գարեգին Բ. կաթողիկոս, առիթով մը, վերյիշելու առթիւ Սիմոնեանի մատենագրութեան դասապահերը, կը գրէր.
– Այնպէս ջերմօրէն կը խօսէր անոնց (իմա` մատենագիրներուն) մասին, որ կարծես անոնցմէ ղրկուած պատգամաւոր մը ըլլար, զանոնք պատմութեան սահմանափակիչ ցանկապատերէն դուրս բերող եւ անոնց նոր լեզու, այժմէական ներկայութիւն ընծայող պերճախօս փաստաբան մը» («Սփիւռք» պարբերագիրք, թիւ 2, 1986):
Դպրեվանքին զուգահեռ, Սիմոնեան գրաբարի եւ մատենագրութեան դասատուութիւն կը ստանձնէր նաեւ ՀԲԸՄ-ի Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան եւ Դարուհի Յակոբեան քոյր վարժարաններուն մէջ (մինչեւ 1960):
Բայց Յովսէփեանց կաթողիկոս ուրիշ կարեւոր պաշտօն մըն ալ կը վստահէր Սիմոնեանին: Զայն կը նշանակէր իբրեւ իր «գիտական աշխատակից»-ը` խմբագրելու իր անտիպ ու անաւարտ գործերը, յատկապէս` «Յիշատակարանք ձեռագրաց»-ը, որ բաղկացած պիտի ըլլար 5-6 հաստափոր հատորներէ (լոյս ընծայուած է այս գործին Ա. հատորը միայն, 1951-ին):
Ձեռագրաց աշխատանքներու ծիրին մէջ Սիմոնեան 1947-ի ամրան 40 օր տեւողութեամբ կ՛ընկերակցէր կաթողիկոսին` դէպի Երուսաղէմ անոր աշխատանքային այցելութեան, որ կը միտէր Ս. Յակոբեանց վանքին ձեռագիրները ուսումնասիրել: Ու տարիներ յետոյ, երբ կը մտաբերէր սաղիմական այդ անմոռանալի այցը, Սիմոնեան կը գրէր. «Գարեգին կաթողիկոսին սէ՜րը հայ ձեռագիրներու եւ արուեստի մնացորդներուն հանդէպ… Պատանիի մը սէրը իր առաջին սիրականին հանդէպ, հօր մը սէրը իր զաւկին հանդէպ, մեծ հօր մը սէրը իր միակ թոռնիկին հանդէպ նուազ էին, քան սէրը Գարեգին կաթողիկոսի` հայ ձեռագիրներուն հանդէպ («Սփիւռք» շաբաթաթերթ, 16-6-1965):
Տակաւին, Սիմոն Սիմոնեանի կը յանձնուէր խմբագրական ա՛յլ պարտականութիւն մըն ալ: Հայրապետին թելադրանքով կը ձեռնարկուէր «Հասկ Հայագիտական Տարեգիրք»-ի հրատարակութեան: Յաջորդաբար կը տպուէին տարեգիրքի երեք բովանդակալից հատորներ` 1948-ին, 1951-ին եւ 1957-ին: Այս աշխատանքին մէջ Սիմոնեանին աջակից կ՛ըլլային Դերենիկ եպս. Փօլատեան ու Բիւզանդ Եղիայեան (Ա. հատորի պարագային) եւ Գնէլ վրդ. Ճէրէճեան (Բ. հատոր):
Անթիլիասի մէջ Սիմոնեան լայն պատեհութիւն կ՛ունենար ԻՆՔՆԱԶԱՐԳԱՑՈՒՄԻ, կը խորացնէր իր գիտելիքները: Կ. Փօլատեանին հետ կատարուած իր «Զրոյց»-ին մէջ ան կ՛ըսէ. «Կարդացած եմ բոլոր հին մատենագիրները, բոլոր հին պատմիչները, անոնց նուիրուած բոլոր ուսումնասիրութիւններով: ԱՐԱՐԱՏ, Էջմիածնի պաշտօնաթերթը` 1868-1918, կարդացեր եմ ծայրէ ծայր: Նաեւ` ԲԱԶՄԱՎԷՊ, ՀԱՆԴԷՍ ԱՄՍՕՐԵԱՅ եւ այլն, եւ այլն»:
Ծերունազարդ Յովսէփեանց կաթողիկոսին վախճանումէն ետք, ինչպէս ծանօթ է, Կիլիկիոյ Աթոռին շուրջը կը սկսէր անօրինակ պայքար մը, որ հետզհետէ ծաւալելով ու սաստկանալով` պիտի յանգէր ազգային-եկեղեցական երկփեղկումին…
Առկայ վատառողջ մթնոլորտին մէջ Սիմոն Սիմոնեանի համար դժուար էր շարունակել իր վանական պաշտօնները: Մանաւանդ որ ան նորանոր ծրագիրներ կ՛որոճար. սեփական հրատարակչատուն ու սեփական մամուլ:
«Սեւան Հրատարակչական Տուն»-ը Եւ 500 Հայերէն Գիրք
Սիմոն Սիմոնեան, 1954-ի գարնան, իբրեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնական պատուիրակութեան մէկ անդամը (Խադ արք.ի, Դերենիկ եպս.ի, Շահէ ու Գնէլ վարդապետներուն, ինչպէս նաեւ բանաստեղծ Վահէ-Վահեանի, Գէորգ Չաթալպաշեանի ու Պօղոս Անթոյեանի հետ), Խորհրդային Հայաստան մեկնեցաւ մասնակցելու համար Չէօրէքճեան Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին յուղարկաւորութեան արարողութեան:
Հայաստան փակ երկիր մըն էր դեռ այդ շրջանին. բռնակալ Ստալին նոր մահացեր էր, ու տակաւին ամբողջ Խորհ. Միութիւնը «երկաթէ վարագոյր» մը կը մնար արտասահմանի համար:
Սիմոնեան, ի հարկէ, առաջին անգամ ըլլալով ոտք կը դնէր հայրենի հողին վրայ` առանց երբեք կանխագուշակելու, թէ մինչեւ իր վերջին շունչը ա՛լ բնաւ պիտի չկարենար կրկին այցելել այնտեղ (իմա` պիտի չարտօնէին…): Հայաստանէն ստացած իր տպաւորութիւնները խառն էին, կը խոցոտէին իր սիրտը:
Պէյրութ վերադարձին Սիմոնեան ձեռնամուխ կ՛ըլլար հիմնելու իր սեփական ասպարէզը, որ առեւտրական իր հանգամանքին զուգահեռ, պիտի ունենար նաեւ մշակութային վիթխարի առաքելութիւն մը: Գոյութեան կը կոչուէր «Սեւան հրատարակչական տուն»-ը, որ տասնամեակներու երկայնքին պիտի դառնար ո՛չ միայն լիբանանահայ գիրքի գլխաւոր ծննդատուներէն մին, այլեւ` ժամադրավայրը հայ գիրի ու միտքի մշակներուն: Անոր հասցէն` «Ղալղուլ փողոց, թիւ 36, ֆրանսական «Սաքրէ Քէօր» հիւանդանոցին անկիւնադարձին», անմոռանալի պիտի մնայ լիբանանահայ գիրքի պատմութեան մէջ:
50-ական թուականներու կէսերուն, երբ կը հիմնուէր «Սեւան» տպարանը, Պէյրութի մէջ քիչ չէր թիւը հայկական տպարաններուն: Հայերէն օրաթերթերու («Ազդակ», «Զարթօնք», «Արարատ») տպարաններուն կողքին, կը գործէին Անթիլիասի, Համազգայինի եւ հայ կաթողիկէ տպարանները, նաեւ` «Ատլաս», «Մշակ», «Արազ», «Յոյս», «Տօնիկեան», «Ռոթոս», «Օնիպար», «Էտվան» եւ այլ հրատարակչատուներ:
Սիմոնեանի «Սեւան»-ը պիտի մրցէր ասոնց հետ:
Առաջին ամիսներուն իսկ Սիմոնեան կեանքի պիտի կոչէր «Սեւան մատենաշար»-ը, որուն երախայրիքներէն պիտի ըլլային Եղիշէ Չարենցի եւ Ակսել Բակունցի ծաւալուն հատընտիրները (1955):
Ու շուտով թռիչք պիտի առնէին աւելի՛ մեծ ծրագիրներ:
Սիմոնեան յանդգնութիւնը պիտի ունենար վերատպելու կոթողային երկեր, ինչպէս` Մանուկ Աբեղեանի երկհատոր «Հայոց հին գրականութեան պատմութիւն»-ը (1955-59, ասիկա «Սեւան մատենաշար»-ի թիւ 1-ն է), Մալխասեան բացատրական բառարանի քառահատոր շարքը (1955-56), Օրմանեան պատրիարքի եռահատոր «Ազգապատում»-ը (1959-61), Հրաչեայ Աճառեանի «Հայոց անձնանունների բառարան»-ը (հինգ հատոր, 1972) եւ այլն, եւ այլն: «Սեւան»-ի մամուլէն լոյսին պիտի գային Կարօ Սասունիի «Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի»-ն (1956), Արշակ Ալպոյաճեանի «Պատմութիւն Մալաթիոյ հայոց»-ը (1961), Յովհաննէս Թորոսեանի «Պատմութիւն հայ Տոմարծայի»-ի եռաշարքը (1959-69), տոքթ. Գրիգոր Ասթարճեանի «Պատմութիւն արաբական գրականութեան եւ մշակոյթին»-ը (1970), Լեւոն Կ. Լիւլէճեանի «Կաքաւները ալ տուն պիտի չվերադառնան»-ը (1972), Լեւոն Չորմիսեանի «Համապատկեր արեւմտահայոց մէկ դարու պատմութեան» քառահատոր շարքին Բ. եւ Գ. հատորները (1974-75) եւ նմանօրինակ հաստափոր բազմաթիւ գիրքեր:
Ոչ միայն երեւելի գրողներու մեծաթիւ գործեր պիտի տպուէին հոս, այլեւ` սկսնակ ու նորածիլ բանաստեղծներու կամ արձակագիրներու երախայրիքները (Վեհանուշ Թէքեան, Խոսրով Ասոյեան, Գէորգ Աբէլեան, Յակոբ Չոլաքեան, Պօղոս Գուբելեան, Լեւոն Վարդան, Միքայէլ Թաւրիզեան, Գէորգ Թեմիզեան…):
Ի մի բան, Սիմոն Սիմոնեանը կրնանք նկատել լիբանանահայոց պատմութեան մեծագոյն գրահրատարակիչներէն մէկը, անցեալ դարերու պոլսահայ երեւելի տպարանատէրեր Արապեաններու, Ճանիկ Արամեաններու եւ Միւհենտիսեաններու հէնքէն: Որովհետեւ 27-28 տարուան ընթացքին «Սեւան հրատարակչական տուն»-էն լոյս ընծայուեցան աւելի քան 475 անուն հայերէն գիրք` 190 հեղինակէ: Եւ ասիկա անգերազանցելի մրցանիշ մըն էր:
Նոյնիսկ լիբանանեան պատերազմի բռնկումէն ետք «Սեւան» հրատարակչատան մամուլը պիտի չդադրեցնէր իր ճռինչը եւ պիտի շարունակէր տպել չորս տասնեակէ աւելի գիրքեր, որոնցմէ ոմանք` հաստափոր հատորներ, ինչպէս` Վազգէն Անդրէասեանի «Վահան Չերազ` ըստ իր նամակներուն»-ը (1977, 544 էջ), Յովհաննէս Շէօհմէլեանի կողմէ թարգմանուած Ուիլիըմ Սարոյեանի պատմուածքները, Սիմոն Սիմոնեանի «Անժամանդրոս» վէպը (1978, աւելի քան 500 էջ), Գուրգէն Եազըճեանի «Ապտիւլ Համիտ Բ.` կարմիր սուլթանը» (1980, շուրջ 900 էջ), «Սեւան բառարան»-ը, Սիսակ Յ. Վարժապետեանի «Հայերը Լիբանանի մէջ» աշխատասիրութեան Բ. եւ Գ. հատորները (1981, աւելի քան 1100 էջ) եւ այլն:
Սիմոնեան անյագ գրամոլ մըն էր: Անհուն էր ու անպարագրելի` իր սէրը հայ գիրքին նկատմամբ: Ան հայութեան գոյատեւման գլխաւոր յենարաններէն մին կը նկատէր գիրքը: Եւ ճիշդ այդ համոզումէն մեկնելով` 1960-ին առաջադրած էր հետեւեալ գաղափարը. «Ապրիլ 24-ը հռչակել հայ գիրքի օր` կարգախօս ունենալով իւրաքանչիւր հայ նահատակի դէմ գիրք մը սպառել, եւ ասիկա` ամէն տարի անընդհատ: Արտասահմանի մէկ միլիոն հաշուող հայերէն իւրաքանչիւրը եթէ տարին գիրք մը միայն գնէր` ապրիլեան միլիոն մը հայ նահատակներու հոգիներուն իբրեւ մատաղ, նախ` Մեսրոպներու եւ Խորենացիներու ժառանգութիւնը յանձնած պիտի ըլլար յաւիտենութեան, երկրորդ` լուծած պիտի ըլլար արդարագոյն վրէժը հայ նահատակներուն» (ընդգծումները իրն են, տե՛ս «Սփիւռք», 23-4-1960):
«Սեւան հրատարակչական տան» աշխատանքը խափանուեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով: Տպարանն ու յարակից բաժինները գնդակոծուեցան կուրօրէն ու կրեցին լուրջ վնասներ: Մայրաքաղաքի այդ շրջանը դարձաւ ամայի, անապահով ու լքեալ վայր մը: Այս յուսահատեցուցիչ պայմաններուն մէջ հրատարակչատան վերջին իրագործումը պիտի ըլլար Մալխասեան քառահատոր բառարանին Բ. վերատպութիւնը, 1983-ին, ու ասոր կողքին` «Պատմական եւ յաւերժական Հայաստան» անունով լայնածաւալ ու մարդահասակ եզակի քարտէս մը, որ կը տպուէր Լոզանի դաշնագրի 60-ամեակին առթիւ… «իբրեւ բողոք», եւ ուր մանրամասն նշուած էին Արեւմտեան ու Արեւելեան Հայաստաններու բոլո՜ր քաղաքներն ու աւանները: Սիմոն Սիմոնեանի երազած Հայաստանը ա՛յդ էր…
Բաղդատութիւն մը ընենք: Հայկական տպագրութեան առաջին ԵՐԵՔ ԴԱՐԵՐՈՒՆ (այսինքն` 1512-ին Յակոբ Մեղապարտի վենետիկեան անդրանիկ տպագրութիւններէն մինչեւ 1800 թուականը) տարբեր վայրերու մէջ հրատարակուած հայերէն գիրքերուն թիւը հազարը չ՛անցնիր: Մինչ Սիմոնեան ԱՌԱՆՁԻՆՆ տպած ու հրատարակած էր շուրջ 500 գիրք:
Մատենագէտներ հաշուած են, որ քառորդ դարու ընթացքին Սիմոնեանի տպարանէն լոյս ընծայուած հայերէն գիրքերու այս թիւը 16 առ հարիւրն է այդ նո՛յն ժամանակաշրջանին Լիբանանի մէջ հրատարակուած բոլոր հայերէն գիրքերու ընդհանուր քանակին:
* * *
«Սեւան հրատարակչական տան» բազմադիմի հրատարակութիւններուն մէջ շատ կարեւոր տեղ գրաւեցին ՀԱՅԵՐԷՆ ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐԸ:
Դպրոցական դասագիրքերու նկատմամբ այս մասնայատուկ շահագրգռութիւնը կու գար անշուշտ Սիմոն Սիմոնեանի ուսուցիչի մտահոգութիւններէն, տագնապներէն:
Տեսանք արդէն, որ Սիմոնեան 11 տարի Հալէպի, այնուհետեւ ալ 14 տարի Լիբանանի հայկական կրթօճախներուն մէջ վարեց ուսուցչական պաշտօններ:
Բայց անհրաժեշտ է այստեղ շեշտել, որ ան սոսկական կամ ընթացիկ «պաշտօնեայ» ուսուցիչ մը չեղաւ: Իր ամսական ռոճիկը գանձող ու պարտականութիւնը գէշ-աղէկ կատարող սովորական դասատուէ մը շա՜տ աւելին էր ան. գաղափարապա՛շտ ուսուցիչ մը, որովհետեւ կրթական մարզը ո՛չ միայն կը խանդավառէր զինք, այլեւ վսեմ առաքելութիւն մը կը բեռցնէր իր ուսերուն:
Հայ աշակերտը կարի՞քն ունէր հայոց պատմութեան դասագիրքերու Սիմոնեա՛նն է, որ գոհացուց այդ կարեւոր պահանջը, պատրաստեց ու հրապարակեց պատմութեան վեց հատորանի իր թանկագին շարքը (1939-էն սկսեալ, նախ Հալէպ, ապա` Լիբանան):
Հայ աշակերտը կարի՞քն ունէր ընթերցանութեան ու լեզուի դասագիրքերու, Սիմոնեա՛նն է, որ գործի ձեռնարկեց դարձեալ, իրերայաջորդ կերպով (1941-էն սկսեալ) հայ տղոց գրասեղանին հասցնելով «Արագած» պատկերազարդ դասագիրքերու շարքը` նախակրթարանի Ա.- Զ. կարգերուն համար: Այս աշխատանքին մէջ Սիմոնեան իրեն գործակից ու համահեղինակ ունեցաւ իր սերունդէն պաշտօնակից մը` իրեն նման սասունցի Օննիկ Սարգիսեանը (1914-1992):
Հայկական վարժարանները պահա՞նջն ունէին հայերէն աշխարհագրութեան դասագիրքերու, միշտ Սիմոնեա՛նն է, որ գործի կը լծուէր փութով` իրեն օժանդակ ունենալով կրթական մշակներ Երուանդ Պապայեանն ու Օննիկ Սարգիսեանը: Եւ այսպէս, հրապարակ կը հանուէին «Աշխարհագրութիւն» խորագրեալ չորս դասագիրքեր (1956-էն սկսեալ):
Դեռ աւելի՛ն. հայ աշակերտը կարի՞քն ունէր հայերէնի քերականութեան ուղեցոյցի, Սիմոնեա՛նն է, որ ձեռնամուխ եղաւ ատոր` այս անգամ ալ գործակից ունենալով Սարգիս Պալեանը: Ու լոյս տեսան «Նոր քերականութիւն»-ի Ա. եւ Բ. գիրքերը (1967):
Այս բոլոր դասագիրքերը, տասնամեակներու երկայնքին, 40-ական թուականներէն մինչեւ 80-ականներ, վերատպուեցան 8-10 անգամ, երբեմն վերամշակուելով կամ բարեփոխուելով հանդերձ («Հայոց պատմութիւն» շարքին տարրական Ա. եւ Բ. հատորները վերատպուած են նաեւ 1990-ականներուն եւ աւելի յետոյ, գունազարդ ձեւափոխուած տարազով, իբրեւ միացեալ ձեռնարկը Համազգայինի եւ Լիբանանի թեմի Ուսումնական խորհուրդին):
Ի մի բան, հայալեզու դասագիրքերու պատրաստութեան կամ հրատարակութեան կալուածին մէջ (քանի որ «Սեւան» տպարանէն լոյս ընծայուած են նաեւ ա՛յլ հեղինակներու` կրօնի, գիտութեան, թուաբանութեան, ընդհանուր պատմութեան, գծագրութեան, գեղագրութեան եւ երգի դասագիրքեր) Սիմոնեան ունեցաւ անգերազանցելի ներդրում մը: Դարձաւ այս մարզի ամէնէն հեղինակաւոր ու երախտարժան մասնագէտը: Ու երբ Երեւանի մէջ պատրաստուած արեւմտահայերէն դասագիրքերու առաջին տրցակները հասան գաղութահայ դպրոցներուն, Սիմոնեան, քա՛ջաբար, հրապարակային քննութեան ենթարկեց զանոնք իր «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ` մատնանշելով անոնց «մահացու» սխալներն ու «աններելի» թերութիւնները (տե՛ս թերթին 21 յուլիս 1965-էն մինչեւ 29 սեպտեմբեր երկարող տասը յաջորդական թիւերը):
Ահա այսպէս, Սիմոնեան իր միտքն ու հոգին կը բանար հայ աշակերտին ու հայ դպրոցին:
Իր ուշադրութեան առանցքէն հեռու չէին նաեւ չափահաս ուսանողները, նոյնիսկ` ուսուցիչները: «Արեւելահայ գրականութիւն» ստուար հատորը (1965) ի՞նչ էր արդէն, եթէ ոչ` մասնագիտական տարողունակ դասագիրք մը, որ կրնար մեծապէս օգտակար դառնալ թէ՛ ուսանողին, թէ՛ հայերէնաւանդ ուսուցիչին հաւասարապէս:
Ասոնցմէ զատ, Սիմոնեան ձեռնարկեց ուրիշ ծաւալուն գործի մըն ալ: Քանի մը մտաւորականներու աջակցութեամբ ան սկսաւ պատրաստել հայերէնէ-հայերէն արդի բառարան մը, զոր կոչեց «Սեւան ընդարձակ բառարան»: Այս աշխատանքին վրայ ան աչքի լոյս թափեց տասը տարի: Անոր Ա. հատորը, շուրջ 740 էջ, լոյս տեսաւ 1980-ին, լիբանանեան պատերազմի թէժ օրերուն: Իսկ նախատեսուած Բ. հատորը, մասամբ պատրաստ, դժբախտաբար մնաց լուսազուրկ…
(Շար. 3)