Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Դեռ Շատ Ընելիք Ունէր». Արմէն Ռուստամեան` Վարուժան Գունտաքճեանի Մասին

Koundakjian_72116

21 յուլիսին Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ  հոգեհանգստի կարգ` ազգային, հասարակական գործիչ, բարերար Վարուժան Գունտաքճեանի հոգիի խաղաղութեան համար: Ներկայ էին քաղաքական, հասարակական եւ մշակոյթի բազմաթիւ գործիչներ, արուեստագէտներ:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան  խօսելով  Վարուժան Գունտաքճեանի մասին` նշած է, որ ան մեծ կորուստ է զինք ճանչցողներուն համար, քանի որ ան կեանքով լեցուն, խանդավառ, կենսուրախ ու հայրենասէր մարդ էր: Անոր հետ յարաբերութիւն հաստատող ոեւէ անձ չէր կրնար շինծու եւ կեղծ ըլլալ, որովհետեւ ան կը պարտադրէր, որ բոլորը ըլլան անկեղծ: Արմէն Ռուստամեանի համաձայն, անոնք, որոնք ճանչցած են այդ մեծ մարդը, իսկապէս կը սգան անոր կորուստը:

«Դեռ շատ ընելիք ունէր, ան  մեզ այնքան խրախուսած է, պատուիրաններ ու խորհուրդներ  տուած, որ դեռ քանի մը կեանք պէտք է, որ կարենանք զանոնք իրականացնել», հաստատած է Արմէն Ռուստամեան:

Արցախի Մէջ Աւարտեցաւ ՀՅԴ Պատանեկան Առաջին Ճամբարը

 

ARF-Jampar_72116

11-21 յուլիսին Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերան քաղաքին մէջ 7-16 տարեկան 140 պատանիներ իրենց ամառնային արձակուրդը անցուցած են ՀՅԴ Ամերիկայի Արեւմտեան ափի երիտասարդական միութեան կազմակերպած ճամբարին միանալով: Արդէն վեցերորդ տարին է, որ Ամերիկայի Արեւմտեան ափի երիտասարդական միութեան կողմէ ճամբարներ կը կազմակերպուին Արցախի տարբեր քաղաքներու մէջ:

21 յուլիսին տեղի ունեցած է ճամբարի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Երեխաները ներկայացուցած են ճամբարի 10 օրերուն ընթացքին իրենց սորվածները` ազգային յեղափոխական երգեր, ազգային, ժողովրդական պար, ասմունք եւ այլն:

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Ալեոշա Գաբրիէլեան, ճամբարի փակման հանդիսութեան ընթացքին խօսք առնելով, շնորհակալութիւն յայտնած է երիտասարդներուն` ճամբարը բարձր մակարդակով կազմակերպած ըլլալնուն համար եւ կարեւոր նկատած է նման նախաձեռնութիւններու կայացումը Արցախի մէջ:

Ճամբարի փակման արարողութենէն ետք 19 պատանիներ խոստում տուած եւ միացած են ՀՅԴ պատանեկան շարքերուն:

Արցախի Գիւղատնտեսութեան Նախարարութեան Պատասխանատուն Գոհացուցիչ Կը Նկատէ Բերքի Ցուցանիշը

0720artsakhcrop

Արցախի Հանրապետութեան մէջ բերքահաւաքի ենթակայ 57 հազար 686,6 հեկտար ցանքատարածութենէն ներկայ դրութեամբ իրականացուած է 52 հազար 624,6 հեկտար հունձք` նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի 41 հազար 260,7 հեկտարի փոխարէն:

Միջին բերքատուութիւնը 1 հեկտարէն կազմած է 24,6 քենթալ` նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի 27,1 քենթալի փոխարէն:

Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան բուսաբուծութեան եւ բոյսերու պաշտպանութեան բաժինի նախագահ Վիլեն Աւետիսեան: Ան նշած է, որ այս տարուան համախառն բերքը գերազանցած է նախորդ տարուան ցուցանիշը, ինչ որ գոհացուցիչ է:

«Փաստօրէն հաւաքուած է 129 հազար 781,1 թոն բերք` նախորդ տարուան 111 հազար 756,9 թոնի փոխարէն», յայտնած է Վ. Աւետիսեան եւ` աւելցուցած, որ ընդհանուր առմամբ, 90 տոկոսով աւարտած են հունձքի աշխատանքները. բերքահաւաքի ենթակայ 5000 հեկտար տարածք մնացած է: Ըստ անոր, բերքահաւաքի աշխատանքները կ՛ընթանան առանց որեւէ արտակարգ իրավիճակներու:

«Քոքա-Քոլա»-ն Եւ Միացեալ Նահանգներու ՄԶԳ-ն Իրենց Ուժերը Կը Միացնեն` Արարատեան Դաշտին Մէջ Ջրային Պաշարներու Պահպանութեան Համար

cola_72016

«Քոքա-քոլա հելլէնիկ Արմէնիա» ընկերութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը կը համատեղեն իրենց ուժերը Արարատեան դաշտին մէջ ջրային պաշարներու պահպանման համար:

20 յուլիսին Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը, «Քոքա-քոլա Հելլէնիկ պոթըլինկ քամփնի Արմէնիա» ընկերութիւնը եւ Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութիւնը ստորագրած են փոխըմբռնման յուշագիր, որուն նպատակն է բարելաւել ջրային պաշարներու կառավարումը Հայաստանի ամբողջ տարածքին` մասնաւորապէս նպաստելով Արարատեան դաշտին մէջ այդ պաշարներու պահպանման, արդիւնաւէտ օգտագործման եւ կառավարման: Ծրագրին նպատակն է սահմանափակել Արարատեան դաշտին մէջ ստորգետնեայ ջուրերու օգտագործման տարողութիւնը` զայն կայուն մակարդակի հասցնելով եւ աջակցելով համայնքի ընկերային-տնտեսական զարգացման:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ ըսած է, որ այսպիսի մեծ հարցերու լուծման համար շատ կարեւոր են համագործակցութիւնն ու գործընկերութիւնը,  նշելով, որ տարիներ շարունակ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը սերտօրէն գործակցած է Հայաստանի կառավարութեան ու միւս գործընկերներուն հետ` Արարատեան դաշտի ջրային պաշարներու օգտագործման եւ երաշխաւորման համակարգուած մօտեցումներուն շուրջ:

Ստորգետնեայ ջրային պաշարներու նուազող մակարդակը եւ ձկնաբուծարաններուն կողմէ անոնց անվերահսկելի օգտագործումը առանց ըմպելի եւ ոռոգման ջուրի կայուն մատակարարման ձգած են Արարատի եւ Արմաւիրի մարզերու մօտ 30 շրջան:

2016-ին Միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ «Քոքա-քոլա հելլէնիկ Արմէնիա» ընկերութեան միացեալ ուժերով պիտի վերակառուցուի Հայանիստ համայնքի ոռոգման համակարգը` վերականգնելով աւելի քան 40 հեկտար գիւղատնտեսական նշանակութեան հողերու ջրամատակարարումը: Յաջորդ հանգրուանով 20 ձկնաբուծարաններու մէջ վերահսկման եւ տուեալներու ձեռքբերման (SCADA) համակարգեր պիտի տեղադրուին, ծրագրի ծիրին մէջ պիտի ներառուի ստորգետնեայ ջրային պաշարներու պակաս ունեցող աւելի մեծ տարածք:

«Քոքա-քոլա հելլէնիկ Արմէնիա» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Սայէորա Այուպովա ընդգծած է յուշագիրին կարեւորութիւնն ու երկրի ընկերային-տնտեսական զարգացման նպաստող դրական ազդեցութիւնը: «Ջրային պաշարներու կառավարումն ու համայնքային զարգացումը մեր ընկերութեան համագործակցական-ընկերային պատասխանատուութեան գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններէն են», ըսած է ան:

Բարձր գնահատելով Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ցուցաբերած աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ողջունելով «Քոքա-քոլա հելլէնիկ Արմէնիա»-ի որդեգրած համագործակցական-ընկերային պատասխանատուութեան քաղաքականութիւնը` Հայաստանի ջրային պաշարներու արդիւնաւէտ կառավարման մեքանիզմներու ներդրման հարցին մէջ` Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Սիմոն Պապեան ըսած է. «Իրականացուող ծրագիրը համահունչ է Հայաստանի որդեգրած քաղաքականութեանը: Գիտական առաջադէմ արհեստագիտութիւններու կիրառումը պաշարների համալիր պահպանութեան նպատակով էապէս պիտի նպաստէ Արարատեան դաշտի ստորգետնեայ ջրային պաշարներու պահպանութեան, արդիւնաւէտ ու խնայողաբար կառավարման եւ զայն կայուն մակարդակի հասցնելու մեր ջանքերուն»:

«Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնը Հիւրընկալած Է 25 Երկիրներէ Եկած Խումբեր

Im-Hayasdan_72716

Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ պարարուեստի օրերուն մեկնարկը արդէն իսկ տեղի ունեցած է Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած «Իմ Հայաստան» փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութեամբ, որ իրականացուած է Հայաստանի նախագահին բարձր հովանաւորութեան տակ:

Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը հնչելէ ետք, Նաւասարդ արք. Կճոյեանը «Տէրունական աղօթք»-ով օրհնեց փառատօնի մասնակիցներն ու հիւրերը: Հայաստանի նախագահի ողջոյնի ուղերձը կարդաց սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը: Պարուսոյց Սուրէն Խաչատրեան կարդացած է հայոց բանակին մէջ ներկայիս ծառայող իր սանին նամակը, որուն մէջ ան կ՛ողջունէր «Իմ Հայաստան» փառատօնի մասնակիցները եւ յոյս կը յայտնէր, որ երկու տարի ետք անպայման պիտի մասնակցի փառատօնին:

Ցուցադրուած է «Իմ Հայաստան-2014» փառատօնին տեսերիզը: Ելոյթ ունեցած են  փառատօնին մասնակցած աշխարհի 25 երկիրներէ եկած 48 պարախումբերը` Պոսթընի «Սայաթ Նովա», Պուէնոս Այրեսի «Մասիս», Մոսկուայի «Կիլիկիա», «Վարդավառ», «Հայասա», Ս. Փեթերսպուրկի «Նայիրի», Ապշերոնսկի «Ուրարտու», Քրասնոտարի «Արմաւիր», «Նարեկ», Թիֆլիսի «Անի», «Վանք», «Տարօն»,  Սթաւրոփոլի «Նայիրի», Տոնի Ռոստովի «Արփի», «Հայաստանի փայլեր», «Զուարթնոց», Թեհրանի «Զարթօնք», Սոչիի «ԼՈՈ», Քալուկայի «Տաշիր», Ջաւախքի «Վաչիան», «Պարալեթ», Արմաւիրի «Արարատ», Մայքոփի «Նայիրի» եւ «Վարդանանք», Կելենճիկի «Նուռ եւ Անի», Խարքովի «Արաքս», Աթէնքի «Աւետիս», Սպահանի «Կռունկ», «Էրեբունի», Պէյրութի Համազգայինի «Քնար», Ֆիլատելֆիոյ Համազգայինի «Մեղրի», Նիու Ճըրզիի Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբերը, Արցախի պարի պետական համոյթը:

«Մշակոյթը մեր դէմքը, հայու անձնագիրն է աշխարհի մէջ, եւ չափազանց մեծ է խորհուրդը այն բանին, որ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը կը հիւրընկալէ 25 երկիրներէ եկած մեր հայրենակիցները, քանզի մենք զայն նուիրած ենք Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեայ յոբելեաններուն», ըսած է սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը:

Ըստ սփիւռքի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան, փառատօնին մասնակցութեան 110 դիմումնագիր ներկայացուած է աշխարհի 25 երկիրներէ 1429 մասնակից:

Պարարուեստի փառատօնը պիտի տեւէ 10 օր: Երգչախմբային արուեստի օրերը պիտի սկսին օգոստոս 5-ին եւ պիտի աւարտին օգոստոս 10-ին: Տուտուկի եւ հայկական այլ նուագարաններու օրերը նախատեսուած են սեպտեմբեր 21-25: Սեպտեմբեր 26-ին Կոմիտասի ծննդեան օրը կատարողները աւանդաբար հանդէս պիտի գան հայկական ստեղծագործութիւններու կատարումներով:  Փառատօնի  շրջանակներուն մէջ սեպտեմբեր 28-ին տեղի պիտի ունենայ նաեւ 100+1 համերգային ծրագիր` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին: Խումբերը ելոյթ պիտի ունենան Շիրակի, Լոռիի, Արագածոտնի,  Արարատի,  Գեղարքունիքի, Արմաւիրի, Կոտայքի, Վայոց Ձորի, Տաւուշի մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ:  Փառատօնի շրջանակներուն մէջ պիտի կատարուին նաեւ վարպետութեան դասեր` սփիւռքէն եկած պարուսոյցներու համար:

Հանրային Ձայնասփիւռին Դիմաց Բացուած Է Աստղերու Ճեմուղին

jemoughi_72716

Այս տարուան սեպտեմբերին պիտի նշուի Հայաստանի առաջին ձայնասփիւռի կայանին` 1926 թուականին 25 վայրկեան տեւողութեամբ հեռարձակուած կայանին ծննդեան 90-ամեակը: Նշենք, որ թէեւ հայաստանեան լրատուամիջոցները այս կայանը կը նկատեն առաջինը, սակայն իսկութեան մէջ առաջին կայանը սկսած է գործել առաջին հանրապետութեան տարիներուն, 1919-ին:

Այս ծիրին մէջ վերջերս Հանրային ձայնասփիւռի աշխատակիցներուն համար հանգիստի յարմարաւէտ պայմաններով օժտուած շէնքի ու բակի  բացումը կատարուած է, իսկ 18 յուլիսին նոյն շէնքին առջեւ հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուած է Հայաստանի հանրային ռադիօհեռուստատեսութեան երախտաւորներու աստղային ճեմուղիին:

«Մարդիկ իրենց կեանքով եւ աշխատանքով ապացուցած են այն նուիրուածութիւնը, որ այսօր կը կոչուի Հայաստանի պատկերասփիւռի 60-ամեայ եւ ձայնասփիւռի 90-ամեայ պատմութիւն: Իսկ անոնց համար, որոնք դեռ կը շարունակեն  ապրիլ եւ ստեղծագործել, այդ թիւին մաս կը կազմեմ նաեւ ես, շատ մեծ պատասխանատուութեան տակ կը գտնուին: Խոր համոզումով, ներկայիս ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի թռիչքի զարգացման այս պայմաններուն մէջ, նորը պէտք է կառուցել հինին, աւանդականին վրայ: Իսկ այս յուշաքարերը հէնց այն սեպագիր արձանագրութիւններն են, հէնց այն ամուր հիմքերն է, որոնց հիման վրայ պէտք է կառուցել ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի ապագան», նշած է «Հանրային հեռուստառատիօընկերութեան» խորհուրդի անդամ, Հանրային ձայնասփիւռի երկարամեայ տնօրէն Արմէն Ամիրեան:

Հայաստանի պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայացման ու բազմատեսակ, բազմաբովանդակալից հաղորդումներուն  առաւելապէս տեղ տալու եւ անոնց բարգաւաճման նպաստած ակնառու վաստակաշատ մասնակիցներն են` Օհան Դուրեան, Օֆելիա Համբարձումեան, Վերա Յակոբեան, Տիգրան  Նաղդալեան, Ռոպերթ Մաւիսաքալեան, Ճոն Կիրակոսեան, Վաչէ Յովսէփեան,  Յովհաննէս Պատալեան, Գրիգոր Չալիկեան, Ժիրայր Աւետիսեան, Արմէն Ամիրեան, Քլարա Թերզեան եւ այլ անձնաւորութիւններ, որոնց անունները ամրագրուած են աստղային ճեմուղիին վրայ:

«Հայաստանի Հանրային հեռուստառատիօընկերութեան» խորհուրդի նախագահ Ռուբէն Ջաղինեան, որ նաեւ այս գեղեցիկ միջոցառման նախաձեռնողներէն է, վստահեցուցած է, որ անիկա պիտի ունենայ  շարունակական  բնոյթ եւ ոլորտին մէջ մեծ վաստակ ունեցողներուն անունները եւս իրենց տեղը պիտի գտնեն աստղային ճեմուղիին վրայ:  «Այդ մարդոց շնորհիւ զարգացած են հայկական ձայնասփիւռը եւ պատկերասփիւռը: Անոնք այսօր ալ իրենց գործով օրինակ կը ծառայեն երիտասարդներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք մինչեւ օրս  կ՛աշխատին հայկական  ռադիօհեռուստաընկերութեան մէջ: Կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք որեւէ առնչութիւն ունեցան այսօրուան տօնակատարութեան: Յուսամ, որ այսօրուան միջոցառումը աւանդական կը դառնայ եւ կը գտնէ իր արժանի տեղը», ըսած է Ռուբէն Ջաղինեան:

Այսուհետեւ այս ճեմուղիին անցորդները կարելիութիւն պիտի ունենան ծանօթանալու հանրապետութեան զանգուածային գլխաւոր լրատուամիջոցներու կարկառուն անուններուն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>