Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Խանասորայ Արշաւանքին Պատգամը` Դասագիրքերու «Ծերպ»-երէն Անդին (25 Յուլիս 1897)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

khanasor-fedayi_72516

Յայտնապէս ըսել ուզուածը այն է, որ հայոց պատմութեան դասագիրքերու մէջ արձանագրուած պատմական այս դիպաշարը` Խանասորայ արշաւանքը, թէեւ իր տարողութեամբ, թելադրականութեամբ եւ ժողովրդական ընկալումներով ապրած է տասնամեակներ շարունակ ու տակաւին կ՛ապրի, այդուհանդերձ յեղափոխական այս սխրանքը իր արժանի տեղը չէ ունեցած հայ իրականութեան (ազգի մակարդակի) հոգեմտաւոր անդաստանէն ներս:

Իսկ ի՛նչն է, որ մեզ ամէն պատեհ առիթի այս անկրկնելի արարքին էութիւնն ու անժամանցելի պատգամը լոյսին բերելու հարկադրանքին տակ կը դնէ` այն առումով, որ նմանատիպ ֆետայական քաջագործութիւն, զոհողութիւն եւ յանդուգն որոշումի մը ամէնէն վաւերական արտայայտութիւնը դեռեւս կը պահէ իր թարմութիւնը, ազգային ու մարդկային իմաստն ու դաստիարակիչ խորքը:

Բաւարար է, որ զուգահեռներ գծուին երէկի (1897) եւ այսօրուան (2016) հայ իրականութեան մէջ առկայ հիմնախնդիրներու միջեւ, եւ արդէն յստակ կը դառնայ ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ անցեալի հայութիւնը իր ֆետայական արարքներով դէմ դրաւ բարբարոսութիւններու եւ կեղեքումներու, իսկ ներկայի հայութիւնը, իր անկախ պետականութեամբ եւ Արցախի ազատագրական պայքարով, գրեթէ նոյն ազգային տրամաբանութեամբ եւ քաղաքական կեցուածքներով կը շարունակէ դէմ դնել թուրք-ազերի հորդաներու վայրագութիւններուն եւ հայաջինջ ծրագիրներուն:

Սա կը նշանակէ, որ հայութեան մէկութեան գաղափարին, ազատ ու անկախ ապրելու երազի իրականացման մէջ, Խանասորայ արշաւանքը ունի իր իւրայատուկ դերն ու տեղը, ոգեկան բարձրութիւնն ու սնուցիչ իմաստը:

Արդ, Վանի ինքնապաշտպանական կռիւներէն (1895-96) ետք, զազիր թուրքին ճնշումներուն տակ երբ 800 յեղափոխականներ կը հեռանային շրջանէն եւ կ՛ուզէին ապաստան գտնել պարսկական սահման, անոնք կը թակարդուէին քիւրտ Մազրիկ ցեղախումբին կողմէ Գարահիսարի լեռներու լանջին եւ մինչեւ մահ մարտեր մղելով` իրենց կեանքը կը նուիրաբերէին հայոց ազատութեան բագինին:

Փաստօրէն, հայ յեղափոխականներու հոյլ մը, որ կը ղեկավարուէր յանձինս արմենական Աւետիսի, հնչակեանի Մարտիկի եւ դաշնակցական Պետոյի, զոհ կը դառնար դարանակալ քիւրտերու յարձակումին:

Ճիշդ է, որ հայ քաջարի տղոց դէմ հասցուած ծանր հարուածին ուժգնութիւնը օրին ցնցեց ամբողջ հայութեան սիրտերը եւ պատճառ դարձաւ բարոյահոգեբանական ահաւոր կացութեան մը ստեղծումին, այդուհանդերձ ՀՅ Դաշնակցութեան համար նման քստմնելի ոճիր մը անպատիժ պիտի չմնար, հակառակ տիրող ժամանակի բազում մարտահրաւէրներուն եւ առկայ դժուարութիւններուն:

Եւ նման իրադրութեան մը պաստառի խորքին երեւան կու գար աննման հայդուկապետի, գերազանց ռազմագէտի եւ խիզախ դաշնակցականի մտայղացումը` պատժական արշաւանք կազմակերպելու եւ հարուածելու այն ցեղախումբը, որ համարձակած էր բնաջինջ ընել հայ յեղափոխութեան նուիրեալները:

Անկրկնելի յեղափոխական տիպար, երկաթեայ կամքի ու կեցուածքի տէր, յանդուգն եւ պայծառամիտ Նիկոլ Դումանի կը յանձնուէր նման լայնածիր եւ պատասխանատու արշաւանքի մը կազմակերպումը:

Իր կարգին, Ղարաբաղի լեռներու ծնունդ ռազմիկը շուտով կը լծուի իր լրումին հասցնել իրեն վստահուած պարտականութիւնը (զէնքի մատակարարում, մարդուժի պատրաստութիւն եւ փոխադրութիւն, կազմակերպչական աշխատանք եւ այլն):

Թէեւ ՀՅ Դաշնակցութեան Ռայոնական ժողովը (1895-6) կ՛որոշէ արշաւանքի կայացումը, Նիկոլ Դուման կը դիմագրաւէ բազում խոչընդոտներ. ներքին` կարգ մը ընկերներու կողմէ վերապահութիւն (արշաւանքի կայացման, նպատակի եւ աշխատանքներու առաջնահերթութեան առումով), արտաքին` թուրքի ու քիւրտի սանձարձակ հալածանք, սակայն եզակի հայդուկապետը շնորհիւ իր յամառ խառնուածքին, պայծառ մտքին ու կազմակերպական տաղանդին, կը յաջողի աւելի քան 250 հոգինոց ֆետայական արշաւախումբ մը մէջտեղ բերել եւ ուժգին հարուած մը տալ Մազրիկ ցեղախումբին: Փաստօրէն հայ հերոսներու նպատակաուղղուած եւ ճնշող հրացանաձգութեան տակ, քիւրտեր փախուստ տուին ռազմադաշտէն` իրենց ետին թողնելով անհամար կորուստներ:

Նոյնիսկ ցեղախումբին պետը` Շարաֆ բէկ, կնկայ հագուստով ծպտուած կը փախչի մարտի դաշտէն սարսափած, պարտուած եւ խայտառակուած:

Այո՛, այդ օր 25 յուլիսի առաւօտը Խանասորայ դաշտին երկինքը ծաւի գոյնով կը շողար յետմարտական գործողութիւններուն պատճառած վառօդի ամպերուն առկայութեամբ: Այդ օր նուիրականացաւ հայ ազատամարտիկի վրիժառու բազուկին մեծութիւնը,  տոկուն կամքին ուժգնութիւնը, բայց մանաւանդ` ազգային արժանապատուութեան տէր կանգնելու հայու դարաւոր գիտակցութիւնը:

Թէեւ սովորական ճակատամարտ մըն էր, որ մղուեցաւ յանուն հայ ֆետայի կերպարի պաշտպանութեան, սակայն անոր ունեցած ոգեւորիչ ազդեցութիւնը անփոխարինելի էր տուեալ ժամանակին եւ ցարդ կը մնայ իբրեւ այդիսին, այն առումով որ բարոյալքուած հայութիւնը վերագտաւ իր կորովն ու խանդավառութիւնը, եւ կրցաւ հարուածէն դուրս գալ աւելի ամրապինդ եւ ինքնավստահ, հակառակ արշաւանքէն ետք թուրքի ու քիւրտի ձեռամբ կատարուած ջարդերու եւ անասելի  խժդժութիւններու` հայ գիւղացի ու անզէն հայորդիներու դէմ:

Արդարեւ, հայոց պատմութեան մէջ արձանագրուած սքանչելի այս դիպաշարը, ինչպէս ատենին եւ հետագայ բոլոր տասնամեակներուն շարունակեց համակել հայութիւնը եւ ի մասնաւորի երիտասարդութիւնը, որ Խանասորայ արշաւանքին մէջ գտաւ հայ մարտունակ բազուկի հարուածելու ներուժն ու թշնամիին հակահարուած տալու վճռակամութիւնը, այսօր ալ, վստահաբար անոր ոգեկան իմաստը անպայման որ կը շարունակէ ջրդեղել հայ բազուկի անդաստանը:

Միւս կողմէ, ինչպէ՛ս կարելի է մոռացութեան տալ այս սրբազան արշաւանքին անժամանցելի պատգամին մեծութիւնը, մարդկայնութիւնն ու ազգային արժէքը, երբ Նիկոլ Դումանի պէս հզօր ռազմիկի իսկ հրահանգով կը փոխանցուէր, որ արշաւանքի ընթացքին երբե՛ք, չդպչիլ մանուկի, կնկայ եւ ծերուկի պատերազմի դաշտին վրայ` բարձր պահելու ֆետայիի արժանապատիւ դիմագիծն ու բարոյական արժանիքը:

Հարց տանք մենք մեզի, արդեօք նիկոլդումանեան ուսմունքին հաւատարիմ մնալու հարկադրանքին տակ չե՞նք ազգովին, երբ ապրիլեան քառօրեայ մարտերու ընթացքին (2016), թուրք-ազերի գազաններ անակնկալ յարձակում գործեցին հայոց բանակի դիրքերուն վրայ եւ ուզեցին խուճապի մատնել ամբողջ հայութիւնը, դառն հարուած հասցնել հայոց բանակի կորովին ու արժանապատուութեան, գրաւել քաղաքներ եւ գիւղեր, սպանդներ գործել եւ իրենց սադայէլի կամքը պարտադրել հայոց պետական աւագանիի շրջանակներուն:

Հայութիւնը արագ սթափեցաւ եւ շնորհիւ իր բարձր գիտակցութեան հասաւ իր դիրքապահ տղաներու օգնութեան եւ յաջողեցաւ հայոց բանակի ուժեղ հարուածներուն շնորհիւ ետ մղել դարանակալ յարձակումը` հայոց ազատութեան եւ անկախութեան բագինին մատուցելով ֆետայիներու սրբազան փաղանգ մը:

Մերօրեայ հայ ֆետայիին` հայոց բանակի ծառայողին արժանապատուութիւնը կրկին պաշտպանուեցաւ, հայոց բազուկի մարտունակութիւնը ինքզինք փաստեց, հայ ժողովուրդին յաղթելու կորովը բարձր մնաց, ազգովին չհիասթափեցանք` հակառակ պետական մակարդակի բազում բացթողումներու, աններելի անճարակութիւններու, պատեհապաշտ վարքագիծերու, փտածութեան եւ կեղծ խոստումներուն:

Այսօր ո՛չ ոք կրնայ ինքզինք խաբել ըսելով, որ պատմական դիպաշարերու վրայ ժամանակ է անցեր եւ նման հրաշալի սխրանքներ պարփակող գիրքերու էջերը  կը մնան փոշեթաթախ եւ լոյսի կարօտ:

Փաստօրէն, ասկէ 119 տարիներ առաջ Խանասորայ դաշտին մէջ թշնամիին գլխուն թափած «կարկուտ»-ը, եթէ երբեք մէկ կողմէ ցուցանիշ է հայ մարտունակ բազուկի կարողութեան, ապա այսօր հայոց բանակի հրետանի զօրախումբերու տեղացուցած կատարելագործուած «կարկուտ»-ի հեղեղը կասեցուց թշնամի հորդաներու դարանակալ յարձակումը` ապացուցելով հայոց բանակի մարտունակ մտքի ու բազուկի վեհութիւնն ու ճշգրիտ հարուած տալու յանձնառութիւնը:

Համոզուած ենք, որ պիտի իրագործուի նաեւ Խանասորայ պատգամին այն հիմնարար սկզբունքը, որ թշնամին սանձելու համար հայոց բանակը պարտաւոր է պատժական ուժգին հակահարուածներու դիմելու` յարմար ժամանակին ու պատեհ առիթին, վերազատագրելու քառօրեայ պատերազմի ընթացքին խլուած դիրքերն ու հողերը:

Իրօք, ուժեղ, մարտունակ եւ հեռատես է այն բանակը, որ պարտադրուած պատերազմի ընթացքին կացութիւններ կը ստեղծէ` ցոյց տալով կազմակերպական եւ արհեստագիտական ունակութիւններ, ոգեկան բարձրութիւն եւ յաղթելու կամք:

Հայոց բանակը ունի այս ներուժը: Կը մնայ ականջալուր մնալ Նիկոլ Դումանի ռազմագէտի դաւանանքին:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>