ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Սուրիացի տեղահանուած մը երէկ Գերմանիոյ Շթութկարթ քաղաքին մէջ կացինով յարձակում գործելով սպաննեց կին մը եւ վիրաւորեց երկու ուրիշներ: Ուրբաթ օր, 18 տարեկան իրանցի մը Միւնիխի մէջ զինեալ յարձակում մը գործելով` սպաննեց պատահական 9 անցորդներ: 19 յուլիսին 17 տարեկան աֆղան մը կացինով յարձակում գործեց Պաւարիոյ Վուրցպուրկ շրջանին մէջ գնացքի մը ճամբորդներուն դէմ` վիրաւորելով 20 անձեր: 14 յուլիսին ալճերիացի մը բեռնակառքով խուժեց Նիսի մէջ Ֆրանսայի ազգային տօնին առիթով հրավառութիւնը դիտողներուն վրայ` սպաննելով 84 անձեր: Այս շարքը սկսաւ 2015¬ին, երբ Փարիզի մէջ արձանագրուեցան շարք մը յարձակումներ` «Շարլի Էպտօ»-ի դէմ, նոյեմբեր 2015-ին` մահասփիւռ ահաբեկչական յարձակումները եւ այլն:
Վերոնշեալ յարձակումները գործողները կը հաւատան, թէ պատահական անցորդներ սպաննելով մուտք պիտի գործեն դրախտ, որովհետեւ այդ անցորդները անհաւատներ են: Յստակ է, որ անոնք անմիտներ են, թերեւս նաեւ անոնց անմիջական ղեկավարները, սակայն ոչ այդ շարժումին ետին գտնուող իսկական ու ծածուկ ղեկավարը, որ հաստատ անհատ մը չէ, այլ գաղտնի սպասարկութիւն մը, որովհետեւ կրօնական դրդապատճառներով կատարուած այս յարձակումներուն ետին կարելի է տեսնել աշխարհիկ նպատակ մը:
Պահ մը նկատի ունենանք վերոնշեալ յարձակումներուն թատերաբեմը. պատահական չէ, որ այդ յարձակումները տեղի կ’ունենան Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ: Այս երկու երկիրները Եւրոպական Միութեան սիրտն ու ոգին են:
Յարձակումները առ երեւոյթ պատահական անցորդներու դէմ են, սակայն կը հետապնդեն քաղաքական յստակ նպատակ մը: Անոնց թիրախը այն արժեչափերն են, որոնց վրայ հիմնուած են այդ յարձակումներու թատերաբեմ եղող երկիրները: Գլխաւոր թիրախը հանդուրժողականութիւնն է. նմանօրինակ յարձակումներու ճամբով փորձ կը կատարուի Եւրոպական Միութեան գլխաւոր հիմնադիր այդ երկիրներուն մէջ խթանելու այլամերժութիւնը, այլատեացութիւնը եւ ազգայնամոլութիւն, որոնց աճը կը սասանէ անդրազգային այդ միութեան հիմերը:
Յարձակումները սկիզբ առին Ֆրանսայի մէջ եւ այժմ տարածուած են նաեւ Գերմանիոյ մէջ: Բացառուած չէ, որ յառաջիկային նոյնպիսի յարձակումներ սկսին նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ այլ երկիրներու մէջ, սակայն միայն երբ պահը հասունցած նկատելով անոնց ազդանշանը տայ վերոնշեալ յարձակումներուն իսկական հայրը: