Խանասորի արշաւաքին մասին «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ գրուած են յատկապէս արշաւանքի տարեդարձներուն առիթով` յուլիս 25-ի թիւերուն մէջ: Այդ խմբագրականներուն ու յօդուածներուն մէջ յայտնուած են միտքեր, կարծիքներ ու տեսակէտներ: Յեղափոխական փառահեղ խիզախումը արժանացած է լուրջ քննարկումներու: Խանասորը միշտ ալ ներշնչման աղբիւր եղած է հայութեան համար: Համադրելով` կը ներկայացնենք փունջ մը` «Ազդակ»-ի երախտաւորներու գրիչներէն ծնած:
***
Խանասորի արշաւանքը կը խորհրդանշէ հայութեան պատժող բազուկը: Այս հերոսական գործողութիւնը խանդավառած է հայ ժողովուրդը, երիտասարդութիւնը եւ պատանիները եւ սարսափ տարածած` հայութեան թշնամիներուն մօտ:
Հայկական յեղափոխութիւնը հազուադէպօրէն դիմած է հաւաքական պատժամիջոցի եւ երբ դիմած է` եղած է կտրուկ եւ խիստ, բայց նաեւ` ազնիւ եւ վեհանձն:
Խանասորի արշաւանքին ընդմէջէն արտայայտուած է դաշնակցական ֆետայիին բարձր նկարագիրը եւ բարոյական խստապահանջութիւնը: Տաք կռուի մէջ, կիներուն եւ երեխաներուն ձեռք չտուող ֆետայիին գովքը հիւսած են նախ եւ առաջ իրենք` քիւրտերը եւ այսպէս, հաստատած` հայ ազատագրական պայքարին արդարամիտ դիմագիծը:
Խանասորը եղած է նաեւ Սարդարապատ կերտող կամաւորներու եւ զինուորներու օրրանը: Վեց դարերու ստրկութենէ, անասելի տանջանքներէ եւ շահագործումէ ետք, առաջին անգամ ըլլալով հայկական բազմամարդ զօրագունդ մը կը բարձրացնէր «Մա՛հ կամ ազատութիւն» դրօշակը, «Վրէ՜ժ, վրէ՜ժ» կը կանչէր եւ կը նախաձեռնէր զինուորական լայն գործողութեան` ի խնդիր հայ յեղափոխականին պատիւին պաշտպանութեան եւ ոճրագործին սանձումին:
Տակաւին, Խանասորը կը խորհրդանշէր շատ աւելին, որովհետեւ «ջան ֆետայիներուն» գնդակները կը տեղային ոչ միայն դաշնակցական Պետոյին, այլ նաեւ` արմէնական Աւետիսեանին եւ հնչակեան Մարտիկին եւ անոնց սքանչելի ընկերներուն տմարդի սպանութեան վրէժը լուծելու համար: Խանասորի գործողութեամբ` կը նուիրագործուէր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համաժողովրդային դիմագիծը եւ յեղափոխական լայնամտութիւնը:
Բայց մանաւա՛նդ, Խանասորի արշաւանքը կը ներկայանայ իբրեւ արտայայտիչը ռազմաքաղաքական արդի մտածողութեան, որ միջազգային սահմաններուն վրայ կը գծէր կարելիութիւնը հայկական քաղաքական ուրոյն դերակատարութեան:
Այսպէս է, որ Խանասորի արշաւանքը եւ անոր քաջարի հերոսները դարձան օրինակ եւ առաջնորդ` թէ՛ հայ ժողովուրդին եւ թէ հայ նոր սերունդներուն համար, որոնք դաշնակցական ֆետայիներու խստութեան եւ ազնուութեան մէջ տեսան այն կեցուածքը, որ կ՛ամրապնդէ հայութեան պայքարի կամքը եւ ազգային արժանապատուութիւնը:
***
25 յուլիս 1997-ի թիւին մէջ կը կարդանք. «Խումբ մը հայ հերոսներ` ֆետայիներ, «Պարսկաստանի խորքից եկած նամակ»-ի մը թելադրանքով, անակնկալ եւ յանդուգն արշաւանք մը կատարեցին քրտական Մազրիկ ցեղախումբի բնակավայրին վրայ, պատժելու համար թուրքին ընձեռած սանձարձակութեան զոհ գացած հայուն պատուհասը դարձած ցեղախումբը:
Քանի մը ժամուան կռիւը վերջ գտաւ ճշդուած նպատակին իրագործումով` Մազրիկ ցեղին բնաջնջումով եւ ֆետայիներուն ամբողջական յաղթանակով: Աւելի՛ն, Մազրիկ ցեղին վրայ, Խանասորի դաշտին մէջ տեղի ունեցած յարձակումը ուժգին ցնցում ստեղծեց թէ՛ հայկական, թէ՛ քրտական եւ թէ թրքական շրջանակներուն մէջ. հայուն համար, անիկա եղաւ նախընթաց երկու տարիներու ահաւոր կոտորածներէն ետք, խիզախութեան, ստրկութիւնը մերժելու եւ բռնադատութեանց դէմ ծառանալու հայուն ու հայ ֆետայիին կամքին արտայայտութիւնը, իսկ թուրքին ու քիւրտին համար` պատգամ մը, թէ հայուն համար, այլեւս վերջ գտած է ստրկութեան եւ ստրկամտութեան շրջանը, թէ` ապրելու եւ իր պատիւը պաշտպանելու համար, հայը այնուհետեւ տրամադիր չէ անպատասխան կրելու անոնց կամայական բռնադատութիւնները:
***
Յուլիս 25-ը միայն տարեդարձ մը չի՛ խորհրդանշեր, որքան ալ հպարտառիթ, աւանդական եւ ասպետական թելադրականութիւն ունենայ ան:
Խանասորի արշաւանքին այս տարեթիւը էապէս անկիւնադարձ կը խորհրդանշէ, թերեւս ոչ պատմական բախտորոշ իրադարձութիւններու առումով, բայց անպայման հայ մարդու պատմական տիպարը վերականգնելու իմաստով:
Անկասկած որ Խանասորի արշաւանքը միաժամանակ ծառայեց քանի մը հիմնական նպատակներու: Անմիջականօրէն, անիկա զօրաւոր ազդարարութիւն մը եղաւ սահմանաբնակ այն քիւրտ ցեղախումբերուն, որոնք մեր յեղափոխականներուն «դէպի երկիր» գործունէութիւնը կը դժուարացնէին: Երկրորդ մակարդակի վրայ, հայկական ներքին ճակատէն ներս, նորաստեղծ յեղափոխութեան շուրջ թանձրացող պահպանողական ամբաստանութիւններու եւ վերապահութիւններու պատը քանդեց, նուիրագործելով Դաշնակցութեան ռազմական ուժականութիւնը: Երրորդ կարգի վրայ, թրքական իշխանութիւններէն սկսեալ մինչեւ մեծ պետութիւնները եւ միջազգային հանրային կարծիքը դէմ յանդիման դրաւ ա՛յն իրողութեան, որ հայկական յեղափոխութիւնը ժողովրդային ամուր կռուաններ եւ ազգային վարակիչ նկարագիր ունեցող հունաւոր շարժում է:
Այս բոլորին հետ եւ անոնցմէ վեր, Խանասորի դաշտին վրայ եւ 25 յուլիս 1897-ին, հայ յեղափոխականներու արշաւախումբը հրդեհի տուաւ հայ գիւղացիին պարտադրուած անարգանքի զգեստը` ստրկամտութիւնը, սեփական մորթը ամէն գնով փրկելու պարտուողականութիւնը:
***
Դաշնակցութիւնը, իր վճռական եւ հատու հարուածով կը փաստէր, որ ինք ի վիճակի է շարունակելու եւ ընդլայնելու կռիւը: Արմէնական Աւետիսեանի վրէժը լուծելով, ան կը փաստէր նաեւ, որ ինք կը հաւատայ Մէ՛կ Ազգի եւ Մէ՛կ Պայքարի գաղափարին:
Այսպէս, 1897-1898 տարիներուն Դաշնակցութիւնը կը դառնար Պարսկաստանի, Վասպուրականի եւ Տարօնի մէջ կռիւը շարունակող եւ ծաւալող միակ կուսակցութիւնը: Շրջանի գրեթէ բոլոր յեղափոխականները կը միանային Դաշնակցութեան շարքերուն եւ պայքարը կը յարատեւէր:
Միւս կողմէ, ժողովուրդին մօտ կ՛առաջանար հիացում եը հաւատք, անձնազոհ ֆետայիին եւ շարունակուող յեղափոխութեան հանդէպ: Իսկ քիւրտ ցեղախումբերը կը դառնային շատ զգուշաւոր եւ շրջահայեաց: Այնուհետեւ, կը դիւրանար զէնք եւ գործիչ Երկիր հասցնելու գործը:
Թուրք-պարսկական սահմանին վրայ կատարուած այս իւրայատուկ զինուորական գործողութիւնը, որ ունէր պատերազմական մակարդակ, կը գրաւէր ուշադրութիւնը եւրոպական մամուլին ու քաղաքական դէմքերուն եւ, միւս կողմէ` հիմը կը դնէր ապագայի կամաւորական գունդերուն:
***
Արշաւանքին դիւցազնական ընթացքն ու պատուաւոր վախճանը զարմացուցին ո՛չ միայն օտար հանդիսատես աշխարհը, այլեւ հիացումով լեցուցին մազրիկ ցեղի մնացորդները, որոնք զուրկ չէին ասպետական ոգիէ: Այդ քիւրտերը, որուն մեծ մասը կուրծքին կամ ճակատին վրայ սպի մը կը պահէր իբրեւ յիշատակ Դաշնակցական մօսիններէն, իրենց մեռելներուն հետ նոյն դամբանին մէջ թաղեցին նահատակ ֆետայիները եւ հասարակաց տապանաքարին վրայ գրեցին. ՀՈՍ ԿԸ ՀԱՆԳՉԻՆ ԵՐԿՈՒ ՑԵՂԵՐՈՒ ԿՏՐԻՃՆԵՐԸ: