Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հալէպի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Սուրիոյ Առաջին Հայկական Ռատիոյին

$
0
0

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»

haleb-(1)_72316

Կիրակի, 17 յունիսին, հալէպահայութիւնը մեծ ցնծութիւն մը ապրեցաւ` ներկայ գտնուելով Սուրիոյ հայկական առաջին ձայնասփիւռի կայանին` «Ռատիօ Երազ»-ի կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Երկար տարիներու երազը իրականութիւն դարձաւ` հակառակ պատերազմական ծանր պայմաններուն, խումբ մը երիտասարդներու տքնաջան ու նուիրեալ աշխատանքով սուրիահայութիւնը ունեցաւ իր ձայնասփիւռը` ողջ աշխարհին հասցնելու իր ձայնը:

«Ռատիօ Երազ»-ի կեդրոնի բացման հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան կցորդ Միսաք Բալայեան, պատկան մարմինի, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, Ազգային իշխանութեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Աննա Տէր Յակոբեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան, հոգեւոր հայրեր, կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ:

haleb-(2)_72316

Կեդրոնի պաշտօնական բացումը կատարեցին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանն ու ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեանը: Ապա սրբազանը կատարեց ջրօրհնէքի եւ կեդրոնի օրհնութեան աղօթք ու այս առիթով ողջունեց մեր ժողովուրդի զաւակները ամբողջ աշխարհի տարածքին` նշելով, որ այս ճամբով համայն աշխարհին պիտի սփռենք մեր ապրումները, մեր յոյսը, մեր նուաճումներն ու դժուարութիւնները: Առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեց «Ռատիօ Երազ»-ի կեդրոնի բացումն ու յաջողութիւն մաղթեց այս աշխատանքը իրականացնող բոլոր նուիրեալներուն:

Ապա խօսք առաւ Կարօ Իւզպաշեան: Ան ըսաւ. «Եթէ «Ռատիօ Երազ»-ը անցեալին երազ էր, ապա այսօր իրականութիւն է: Ճիշդ է, որ հինգ տարիէ ի վեր կը գործէ, սակայն այսօր ունենալով իր կեդրոնը` աւելի կազմակերպուած պիտի աշխատի` հալէպահայութեան ձայնը, յուզումները փոխանցելով համայն հայութեան»:

Բացման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք ներկաները ուղղուեցան «Լ. Շանթ» սրահ, ուր ներկայացուեցաւ յատուկ յայտագիր:

Այնուհետեւ խօսք առաւ «Ռատիօ Երազ»-ի պատասխանատու տոքթ. Ռուբէն Գէորգեան, որ ըսաւ. «Ռատիոյի գաղափարը Հալէպի համար նորութիւն չէր, մենք ճիշդ է, որ չունէինք մեր սեփական ռատիոն, բայց 80-ականներուն մեծ հաճոյքով կ՛ունկնդրէինք «Երեւանի Ձայն»-ը, ապա նաեւ` Կիպրոսի հայկական ձայնասփռումը, ինչպէս նաեւ` ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ դիւրաւ ունկնդրելի լիբանանեան հայկական ռատիոներու հաղորդումները: Այնուամենայնիւ, զանազան առիթներով մենք աշխատանք տարած ենք ունենալու ռատիօ, սակայն դժուարութիւններ յառաջացած են, եւ չենք յաջողած. վերջերս համացանցի ընձեռած առիթներէն օգտուելով` 2011-ին սկսանք «Ռատիօ Երազ»-ի սփռումը, որուն աշխատանքները հետզհետէ կազմակերպուեցան, եւ մենք ունեցանք նաեւ յատուկ ռատիոկայան-կեդրոն մը»:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր կը ներկայացուին «Ռատիօ Երազ»-ի հիմնադրութեան տարիները, իրականցուող աշխատանքները, անձնակազմը, ծրագիրներն ու կեդրոնի կառուցման հանգրուանները:

Հուսկ, տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատումը:

Շնորհաւորանքներու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ներկաները շրջեցան նոր կեդրոնին մէջ եւ ծանօթացան «Ռատիօ Երազ»-ի նորակառոյց կեդրոնին:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>