Արդէն քառասուն օրեր անցած են այն տխուր օրէն, երբ մեզմէ անվերադարձ բաժնուեցաւ տոքթ. Զարեհ Մալճեանը: Մենք սիրելի բժիշկին ծանօթացանք Հայ համալսարանաւարտներու համախմումի (ՀՀՀ) վարչական նիստերու ընթացքին, երբ ան լռիկ մնջիկ նստած, մեղմ ժպիտով կը հետեւէր վարչական քննարկումներուն` հարկ եղած պարագային իր կարծիքը յայտնելով ու կարծէք վերջնական որոշումը ի՛նք էր, որ կը վճռէր իր յստակ, տրամաբանական ու համոզիչ հիմնաւորումով: Աւելի՛ն. հարցի մը գծով եթէ շուարէինք կամ անել կացութեան մատնուէինք, կողմնացոյցի նման մեր հայեացքները կը թեքէին տոքթ. Մալճեանին ուղղութեամբ` լռելեան իրմէ սպասելով փրկարար «լուծումը»: Անոր կարծիքները կ՛ընկալէինք ու կ՛որդեգրէինք իբրեւ սկզբունք: Համեմատաբար կարճ ժամանակով կրցանք վայելել իր ժողովական ընկերակցութիւնը, բայց արդէն այդքանը բաւարար էր` սերտացնելու մեր կապերը եւ իբրեւ հարազատ, երէց անդամ վարուելու իրեն հետ: Արտայայտուելու, դիմացինը համոզելու իւրայատուկ կարողութիւն, քաշողականութիւն, չըսելու համար քարիզմա ունէր, եւ ինքնաբերաբար կը համակերպէինք իր յայտնած տեսակէտներուն, գաղափարներուն, պատճառաբանութիւններուն: Մեր կապերը հազիւ սերտացած էին, երբ իմացանք անոր եղբօր կորուստը եւ այցելեցինք իրեն իր տան մէջ` ցաւակցութիւն յայտնելու: Սակայն կարճ ատեն ետք ուղղակիօրէն շշմած էինք իր անհանգստութեան լուրէն եւ չէինք ուզեր հաւատալ, թէ մօտ ատենէն պիտի կորսնցնենք նաեւ զինք: Չէ՞ որ գիտութիւնը, բժշկակա՛ն գիտութիւնը յառաջդիմած է եւ կարելի է յաղթահարել նոյնիսկ ա՛յս հիւանդութիւնը: Սակայն ճակատագիրը անողոք էր եւ «գոյժ»-ը` անխուսափելի: Տոթք. Մալճեան, բազմաթիւ սուրիահայ ազգակիցներու նման, ապահովական ծանօթ դէպքերուն պատճառով հարկադրուած էր հեռանալու իր այնքա՜ն սիրած ու «գործած» միջավայրէն: Սակայն ան իր ազգային, հասարակական գործունէութեան, ժողովուրդին ծառայելու անաւարտ խանդը շարունակեց ներդրել նաեւ Լիբանանի մէջ, ուր թէեւ անոր գործունէութիւնը համեմատաբար կարճատեւ եղաւ, սակայն բաւարար էր բացայայտելու անոր ազգանուէր իսկական նկարագիրը, զինք ծնած ժողովուրդին ծառայելու պատրաստակամութիւնը եւ չյուսահատող աննկուն կամքը: Ան իր աշխուժ ու ազգային բազմաճիւղ «պարտականութիւններով» խոստմնալից գործունէութիւն կը ներշնչէր, ինչ որ սակայն մնաց կիսաւարտ:
Քաջ գիտնալով, որ տոքթ. Մալճեանի կորուստը մեծ է, սակայն ազգային ճակատի վրայ գործը պէտք է շարունակուի, դադար չկայ եւ մենք, ինչպէս նաեւ` զինք ճանչցող բոլոր ընկերները համոզուած ենք, որ տոքթ. Զարեհ Մալճեանին գործը շարունակողներ ու անոր ուղիով առաջնորդուողներ անպայման պիտի գտնուին ու պիտի շարունակեն իրագործումներ արձանագրել: Այն ատեն միայն մխիթարանք գտած կ՛ըլլանք: Ու այն ատեն միայն կը հանգչի նաեւ ի՛նք, սիրելի տոքթ. Մալճեանը, գոհունակութեամբ հետեւելով մեզի իր երկնային բարձունքէն:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ տոքթոր:
ՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ