Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

21 Յուլիս 1922. Դահճապետ Ճեմալ Փաշայի Ահաբեկումը Թիֆլիսի Մէջ

$
0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

jemal-pasha-21-7-2016

Յուլիս 21-ը հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութիւնը կարեւորութեամբ լուսարձակի տակ կ’առնէ ահաբեկումը հայասպան իթթիհատական եռապետութեան գլխաւոր դէմքերէն` դահճապետ հռչակուած Ճեմալ փաշայի:

94 տարի առաջ, 21 յուլիս 1922-ին, խորհրդայնացման իր սկզբնական փուլին գտնուող Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ, օր ցերեկով ահաբեկուեցաւ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն Ճեմալ փաշան:

Ահաբեկումը թէեւ մաս կը կազմէր ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովին կողմէ 1919-ին հաստատուած թուրք ջարդարարներու պատժումի «Նեմեսիս» գործողութեան, բայց իր գործադրութեան վայրով եւ քաղաքական-կազմակերպական հանգամանքներով կ՛առանձնանայ ու կը զատորոշուի միւս գործողութիւններէն:

Մինչ Թալէաթ ու Սայիտ Հալիմ, Պեհաէտտին Շաքիր ու Ճեմալ Ազմի ահաբեկուեցան եւրոպական մեծ մայրաքաղաքներու փողոցներուն վրայ եւ «Նեմեսիս»-ի իրականացման ՀՅԴ պատասխանատու յատուկ մարմնի անմիջական հսկողութեամբ ու կարգադրութիւններով, անդին` Ճեմալ փաշայի ահաբեկումը տեղի ունեցաւ պոլշեւիկեան յեղկոմներու ամէնէն մոլեգին տիրապետութեան օրերուն եւ ազգամիջեան հակասութիւններու հրահրման կարեւորագոյն կեդրոն Թիֆլիսի մէջ, ուր 1922 թուականին տակաւին կը գործէր, ընդյատակ անցած ըլլալով հանդերձ, ՀՅԴ Վրաստանի Կեդրոնական կոմիտէն:

Ամբողջ տասնամեակներ խորհրդահայ պատմաբաններն ու քարոզչամիջոցները երկաթեայ լռութիւն պահեցին Ճեմալ փաշայի ահաբեկման գործողութեան շուրջ: Իսկ վերջին քառորդ դարուն, Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին, նկատելի է հետեւողական ճիգ մը` Ճեմալ փաշայի ահաբեկման պատմութիւնը մասնակիօրէն վերականգնելու եւ նորօրեայ կողմնակալ ոգիով վերարժեւորելու… փորձելով Դաշնակցութենէն իբր թէ «հեռացած» գործիչներու վերագրելու Ճեմալի ահաբեկման գործողութեան իրականացումը:

Հիմա որ ազատ ու անկախ է Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ազգային արխիւը այլեւս ենթակայ չէ, պէտք չէ՛ ըլլայ գաղափարախօսական գրաքննութեան, մեր ժողովուրդը արդարօրէն կը սպասէ հայ պատմաբաններէն, որ լծուին ամբողջական ճշմարտութեան վերականգնումին ու անցեալի հանգուցային պահերուն անաչառ վերարժեւորումին: Սպասուածը լրացումն ու պատմագիտական առարկայականութեամբ վերարժեւորումն է 1918-ի անկախութեան սերունդին թողած յուշագրական եւ պատմագրական ժառանգութեան, այլ մանաւանդ` նամակներու արխիւին:

Ճեմալ փաշայի ահաբեկման վերաբերեալ հայ քաղաքական միտքը ունի վկայութիւնը Սիմոն Վրացեանի, որ «Մրրկածին Դրոն» անունով իր յուշագրութեան մէջ պատմութեան յանձնած է հետեւեալ վկայութիւնը.

«ՀՅ Դաշնակցութեան Վրաստանի Կեդր. կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, 1922 թ. յուլիս 21-ին, Թիֆլիսում, օրը ցերեկով, ահաբեկուեց իթթիհատական եռապետութեան վերջին ողջ մնացած անդամ, պոլշեւիկների բարեկամ ու գործակից Ճեմալ փաշան: Չեկան անհաշիւ բանտարկութիւններ արաւ, բայց չէր համարձակւում սուր միջոցների դիմել` վախենալով փոխադարձութիւնից:

«Դրօ իրաւունք ստացաւ Մոսկուայից (ուր կ՛ապրէր աքսորեալի կարգավիճակով – Ն.) եւ շտապով մեկնեց Թիֆլիս, ուր բոլոր յայտնի դաշնակցականները ձերբակալուած էին: Դրոյի հեղինակութիւնը թէ՛ դաշնակցական ընկերների եւ թէ՛ պոլշեւիկների աչքին այնքան բարձր էր, որ նրան յաջողուեց երկու կողմի համար ընդունելի պայմաններով բանտից ազատ արձակել Կեդր. կոմիտէի անդամներին եւ ձերբակալուածների մեծ մասին: Այդ առթիւ Վրաստանի Կեդր. կոմիտէի անդամները եւ Դրօ հրապարակեցին մի «դեկլարացիա», որով ճանաչում էին խորհրդային իշխանութիւնը եւ կոչ էին անում բոլոր դաշնակցականներին` հետեւելու իրենց օրինակին:

«Արտասահմանում մեզ, որ անհաշտ պայքարի մէջ էինք խորհրդային բռնատիրութեան դէմ, որոշ էին այդ «դեկլարացիա»-ի դրդապատճառները եւ իմաստը, բայց եւ այնպէս անթոյլատրելի էինք համարում Դրոյի եւ ընկերների ընթացքը: Ես նոյնիսկ ստիպուած եղայ հրապարակով, մամուլի միջոցով, դատապարտել «դեկլարացիա»-ն եւ զգուշացնել ընկերներին, որ չընկնեն պոլշեւիկեան ծուղակը: Հետագային մենք իմացանք, որ «դեկլարացիա»-ն մնացել է սոսկ թուղթի վրայ եւ ոչ մի հետեւանք չէր ունեցել, բացի այն, որ Չեկան փաստ էր ձեռք բերել արդարացնելու համար իր մեղմ վարմունքը դաշնակցականների նկատմամբ»:

Եզակի չէ, ոչ ալ իր տեսակին մէջ միակն է Վրացեանի վկայութիւնը: 1920-ականներէն սկսեալ մշակուած ամբողջ գրականութիւն մը կայ` յուշագրական թէ պատմագրական, ուր հայոց նորագոյն պատմութեան կարեւորագոյն պահերը լուսարձակի տակ առնուած են: Այդ վկայութիւնները ամբողջացնելու եւ առարկայական արժեւորման ենթարկելու սպասումը ունինք, այսօր, վերանկախացեալ մեր երկրի պատմաբաններէն, ազգային մեր յիշողութիւնը վերականգնելու նուիրական գործին պաշտօնակոչուած հեղինակութիւններէն:

Տակաւին ամբողջացման կը սպասէ նաեւ ու նոյնինքն Ճեմալի ահաբեկման գործողութեան մանրամասն պատմութիւնը: Վկայութիւնները կը յիշատակեն անունները` Ստեփան Ծաղիկեանի, Արտաշէս Գէորգեանի, Պետրոս Տէր  Պօղոսեանի եւ Զարեհ Մելիք Շահնազարեանի: Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս նախապատրաստեց, սակայն, գործողութիւնը, եւ արխիւները ի՞նչ լրացուցիչ տեղեկութիւններ կը պարունակեն ահաբեկիչներու քայլերուն մասին: Յուլիս 21-ի տարեդարձը առիթ մըն է` շեշտելու այդ սպասումն ու պահանջը միանգամայն:

Թէեւ Ստեփան Ծաղիկեանի անձին եւ գործին մասին կան ժամանակակիցներու վկայութիւններ, բայց անոր գործակիցներուն վերաբերեալ ընդհանրապէս ժլատ են տեղեկութիւնները եւ ազգային մեր պարտքն է շօշափելի դարձնել կերպարն ու կենսագրութիւնը այն հերոսներուն, որոնք օրհնաբեր օր մը, Թիֆլիսի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն վրայ, պոլշեւիկեան բռնատիրութեան ամէնէն բուռն պայմաններուն տակ, արդարագոյն դատ-դատաստանի ենթարկեցին թուրք ջարդարարներու առաջնային դէմքերէն Ահմէտ Ճեմալը, «արիւնարբու», «մսագործ» եւ «դահճապետ» մակդիրներուն… արժանացած Ճեմալ փաշան:

Աւազանի անունով Ահմետ Ճեմալ` Ճեմալ փաշա ծնած է 1872-ի մայիս 6-ին: Թուրք ականաւոր պետական ու ռազմական գործիչը եղած է Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան պարագլուխներէն եւ երիտթուրքերու ղեկավար «եռեակի» (Թալէաթ եւ Էնվեր փաշաներու հետ) անդամ:

1914-ին նշանակուած է ծովային նախարար: Հանդիսացած է օսմանականութեան, համիսլամութեան եւ համաթրքութեան ջատագով` այդ գաղափարներուն իրագործումը կապելով կայսերական Գերմանիոյ հետ Թուրքիոյ զինակցութեան հետ:

Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին Ճեմալ փաշա եղաւ Սուրիոյ մէջ գործող թրքական 4-րդ բանակի հրամանատարը: Գործուն մասնակցութիւն ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանէն եւ Կիլիկեան Հայաստանէն հայերու զանգուածային տեղահանման ու կոտորածին: Արեան մէջ խեղդեց Ուրֆայի հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը: Դաժանօրէն ճնշեց արաբներու ազգային-ազատագրական շարժումները Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ: Թուրքիոյ պարտութենէն (1918) ետք փախուստ տուած է դէպի Գերմանիա` Իթթիհատի ղեկավարութեան շարքին:

1919-ին Կոստանդնուպոլսոյ Ռազմական ատեանը հեռակայ կարգով մահուան դատապարտեց Ճեմալ փաշան: Մահապատիժի դատավճիռը գործադրուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան կեանքի կոչած «Նեմեսիս»-ի կողմէ:

Իր յուշերուն մէջ Ճեմալ փաշա փորձած է արդարացնել հայ ժողովուրդին դէմ իր եւ ընկերներուն պետականօրէն գործադրած ցեղասպանական յանցագործութիւնը` հայ-թրքական յարաբերութիւններու «վատթարացում»-ը վերագրելով Ռուսիոյ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>