Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Խորհրդային Ուժերու Հեռացումը Եւ Հայ-Ազերի Բախումները

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

18-6-1-3_72016

Խորհրդային Միութեան լուծարքով (25 դեկտեմբեր 1991-ին), ինչպէս նաեւ Անկախ հանրապետութեանց հասարակապետութեան ստեղծումով ծայր առած իրադարձութիւնները իրենց շեշտակի անդրադարձը ունեցան նաեւ Արցախի վիճակին վրայ:

Արցախէն եւ շրջակայքէն խորհրդային ուժերու հեռացումը ընթացք առաւ 1991-ի վերջին օրերուն, հայերն ու ազերիները ձգելով դէմ դիմաց:

Խորհրդային ուժերու հեռացման պայմաններուն տակ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պաշարեցին Աղտամի եւ Գանձակի այն կեդրոնները, ուր կը գտնուէին խորհրդային ուժերու զէնքերն ու զինական կազմածները եւ արգիլեցին անոնց փոխադրումը:

Արցախի մէջ, հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերը, իրենց կարգին, գրաւեցին խորհրդային ուժերու զինամթերքէն մաս մը: Ստեփանակերտի շրջանին մէջ, հայկական ուժերը 965 միաւոր զէնք եւ այլ սարքեր ձեռք բերին:

Նոյն օրերուն հայ ազատամարտիկներ ազատագրեցին Ասկերանի շրջանի Լեռնայա եւ Մարտակերտի շրջանի Ումուդլու գիւղերը: Սաստիկ բախումներ տեղի կ՛ունենային Դլդրան գիւղին եւ Շահումեանի շրջանի Ղարաչինար գիւղին շուրջ:

* * *

«Ազդակ»-ի 28 դեկտեմբեր 1991-ի թիւով տոքթոր Մելգոն Էպլիղաթեան, «Միշտ կենդանի արմատներ» խորագիրով ակնարկով կը գրէր, որ Խորհրդային Միութիւնը, գոնէ արտաքին աշխարհին համար, կը թուէր ըլլալ անխորտակելի ամրոց մը:

Էպլիղաթեան կը շարունակէ ըսելով, որ 21 դեկտեմբեր 1991-ին, Ղազախստանի մայրաքաղաք Ալմա Աթայի մէջ խորհրդային 11 հանրապետութիւններու նախագահները պաշտօնապէս թաղեցին Խորհրդային Միութիւնը: Սակայն անջատումի նախաձեռնութիւնը առնուած էր արդէն Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Պիելոռուսիոյ կողմէ, որոնք Մինսքի համաձայնութեամբ, կազմած էին Սլաւ հասարակապետութիւնը (8 դեկտեմբեր 1991):

Էպլիղաթեան կը նշէր ըսելով, որ Խորհրդային Միութեան մահացու հարուածը տրուեցաւ սլաւներու կողմէ (մօտ երկու հարիւր միլիոն հաշուող մարդկային հսկայ զանգուած մը) եւ, անոնց կարգին` նախ եւ առաջ ռուսերու կողմէ (147 միլիոն):

woman-fighter_72016Էպլիղաթեան կը շեշտէր ըսելով, որ իրադարձութիւնները յաւելեալ կերպով եւ վերջնականապէս փաստեցին, որ Խորհրդային Միութեան այլազան ժողովուրդները, առանց բացառութեան` ամուր կառչած էին իրենց ազգային ինքնութիւններուն: Հակառակ եօթանասուն տարիներու վրայ տարածուած հետեւողական յամառ քաղաքականութեան` չէր արմատացած խորհրդային միակ ազգի մը պատկանելու ամուր համոզումը: Հպատակութիւնը, անձնաթուղթը եւ անցագիրը խորհրդային քաղաքացիին պետական եւ վարչական ինքնութիւնը կը բնորոշէին միայն: Խորքին մէջ, անոնք – եւ իրենց ղեկավարները – ընդհանարապէս կը մտածէին, կը ծրագրէին, կը գործէին իբրեւ ռուս, հրեայ, վրացի, չեչեն, թաթար, Լիթուանացի, տաճիկ, ղազախ, ազերի, հայ ….

Որով, 1991-ի աղէտալի կացութեան մէջ, իւրաքանչիւր ազգութիւն բնականաբար աղէտին պատասխանատուութիւնը բեռցուց կեդրոնական իշխանութեան ուսերուն եւ «իր գլխուն ճարը նայեցաւ»:

Էպլիղաթեան կ՛եզրափակէր ըսելով, որ նկատի առնելով մարդկային գերակշիռ թիւը եւ հողային հսկայ տարածութիւնը, միայն Ռուսիան կրնար ձեռք դնել հոգեվարքի մէջ տուայտող Խորհրդային Միութեան ժառանգին վրայ: Ա՛յդ է, որ կատարեց Պորիս Ելցին, դուրս հրելով Միխայիլ Գորբաչովը, որ կը յամենար պաշտպանել ժամանակավրէպ վարչակարգ մը եւ թերեւս կը կառչէր նախագահական աթոռին:

* * *

«Ազդակ», 1992-ի նոր տարուան բացառիկի խմբագրականով կը գրէր, որ պատմութեան անիւը սկսած է շատ աւելի արագ թափով թաւալիլ, քան նախընթաց քանի մը տասնամեակներու անոր կշռոյթը: Անկիւնադարձային ու պատմական հանգրուանները սկսած են այնքան արագօրէն յաջորդել իրարու, որ այլեւս անոնք չեն չափուիր տասնամեակներով կամ մինչեւ իսկ տարիներով, այլ ընդհակառակն, սկսած են իրե՛նք կտրատել տարիները:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ տասնամեակ մը առաջ, աներեւակայելի եւ ցնորական պիտի նկատուէին այն փոփոխութիւնները, որոնք տեղի ունեցան Եւրոպայի արեւելեան գօտիին համայնավար երկիրներուն մէջ եւ գագաթնակէտի մը հասան 1989-ի վերջերուն, Պերլինի պատին քանդումով ու նախկին Վարշաւայի ուխտի անդամներուն մօտ համայնավար կարգերու ջնջումով: Այդ հանգրուանէն ետք, Եւրոպան ա՛լ չէ այն, ինչ որ էր Բ. Աշխարհամարտէն ետք ու մասնաւորաբար «պաղ պատերազմ»-ի տարիներուն: Իսկ 1991 տարին, իր բազմաթիւ փոթորիկներով, ստեղծեց այնպիսի վիճակ մը, որ մոռացութեան մատնեց 1989-ի պատմական դէպքերը:

«Ազդակ» կը նշէր ըսելով, որ երբ աչքի առջեւ ունենաք միայն Մերձաւոր Արեւելքն ու Խորհրդային Միութիւնը ցնցող դէպքերը, արդէն բաւարար տուեալ կ՛ունենանք հաստատելու, թէ պատմութեան անիւին թաւալումը ինչպիսի՛ թափ ստացած է եւ թէ` այս շրջանները այլեւս ոչ միայն պիտի չըլլան նոյնը, այլ իրենց ապրած զարգացումներով, պիտի այլափոխեն ամբողջ աշխարհի ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական դիմագիծը:

«Ազդակ» կ՛ընդգծէր ըսելով, որ 1991-ը պատմական անկիւնադարձներ բերաւ հայ քաղաքական կեանքին, աննախընթաց եւ ամբողջական ազատութեամբ արտայայտեցինք անկախ եւ գերիշխան հայրենիք մը ունենալու մեր կամքը, որ տասնամեակներ շարունակ մնացած էր բանադրանքի տակ: Նաեւ` Հայաստան ունեցաւ իր պատմութեան առաջին ընտրեալ նախագահը. հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութեան քաղաքական աքթը եղաւ գերիշխան Հայաստանի քաղաքական առաջին նուաճումներէն մէկը: Այս իրագործումները, սակայն, եղան միայն փոքրաթիւ փայլատակումներ` հայրենի մեր երկնակամարին վրայ, որ այլապէս գունաւորուեցաւ սեւ ու կարմիր երանգներով, կքեցաւ ծանրացած մթնոլորտին տակ:

«Ազդակ» կը հաստատէր ըսելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի, Շահումեանի ու Գետաշէնի արիւնաքամութիւնը մնաց հայրենիքի ու արտերկրի հայութիւնը  խռովքի մատնող ծանրագոյն զարգացումը: Արցախը Նախիջեւանի վիճակին մատնելու եւ զայն նա՛եւ իրապէս իրեն կցելու Ազրպէյճանի դաւադիր քաղաքականութիւնը շարունակեց ընթանալ այն հունով, որ սկիզբ առած էր Սումկայիթէն, Պաքուէն եւ Գանձակէն շատ առաջ: Զուգահեռաբար Հայաստանի սահմանային գօտին, Իջեւանէն մինչեւ Գորիս եւ Մեղրի, մնացին Պաքուի նոյն այդ քաղաքականութեան ստեղծած ճնշումներուն մէկ այլ թիրախը: Ու եթէ Խորհրդային Միութեան հետ` ամբողջ Եւրոպան ու աշխարհը ցնցող 1991 օգոստոսի դէպքերը պատճառ դարձան, որ պատմութեան անիւը բարեշրջումի ուղի մը բանայ պալթեան երկիրներուն համար, զանոնք առաջնորդելով իսկական անկախութեան ու միջազգային ճանաչումի, Արցախն ու Հայաստանը անգամ մը եւս կրեցին աշխարհաքաղաքական մեր դիրքին ծանր հետեւանքները, որոնց նախընթացը ճաշակած ենք քսաներորդ դարու առաջին տասնամեակներուն:

«Ազդակ» կ՛աւելցնէր ըսելով, որ 1991-ը հայ ժողովուրդին «նուիրեց» Գէտաշէնի ու Շահումեանի ողբերգութիւնները: Արցախն ու անոր բաբախուն սիրտը` Ստեփանակերտը, բազկերակները` Հատրութը, Ասկերանն ու հայկական այլ շրջաններ մնացին Ազրպէյճանի հետեւողական ճնշումներուն տակ: Ազգովին ապրեցանք Լեռնային Ղարաբաղի, Գէտաշէնի ու Շահումեանի հայկական գիւղերուն պարպումի ողբերգութիւնը, Իջեւանի սահմանային շրջանին մէջ տեղի ունեցած մերօրեայ ֆետայիներուն ինքնապաշտպանութեան կռիւները, գօտեպնդուեցանք հայ ազատամարտիկի հակահարուածներով, որոնք ազատագրական մեր պայքարին մէջ արձանագրեցին նոր էջեր, բռնագրաւուած հայկական գիւղեր վերադարձուցին իրենց սեփականատէրերուն: Իջեւանը, Շահմուեանն ու Լեռնային Ղարաբաղը վերակենդանացուցին Սասունը, Զէյթունն ու Վանը, մեր քաջարի ազատամարտիկներուն հետ դարձան մարտագոռ երգ եւ համակեցին ողջ հայ ժողովուրդը: Պայքարի այդ ուղիին համար, ներշնչման աղբիւր եւ ուղեցոյց եղան մեր ժողովուրդի պատմութեան վերջին հարիւրամեակին կանգնած փարոսները: Այդ փարոսներէն ճառագայթող լոյսն էր որ հայ ժողովուրդին թելադրեց ոչ ըսել ժելեզնովոտսքեան վարքագիծին, որովհետեւ անիկա ըստ ամենայնի համազօր էր ինքնալքումի, արդար ու անվիճելի իրաւունքներու հրաժարումի, ինչպէս նաեւ` հայ ժողովուրդէն ու հայապատկան հողերու ճակատագիրները կը ձգէր նոր ուրուագծուող փոթորիկներէն ծնունդ առնող հովերու քմայքին:

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ պատմութեան անիւը մեզի համար ալ սկսած է թաւալիլ շատ արագ կշռոյթով: Ինչպէս անցեալին, եւ նման` մեզի ճակատագրակից բոլոր ժողովուրդներուն, անիկա պատրաստ է թաւալելու այնպիսի ուղղութիւններով, որոնք կը թելադրուին շրջանային եւ միջազգային հզօր հոսանքներէն: Հսկայական ճիգ, միացեալ ու միատարր պայքար եւ մանաւանդ հերքիւլեան ուժի կը կարօտի մեր պայքարը: Ճիշդ է, որ աշխարհամարտերու ստեղծած բացարձակ խառնաշփոթութեան եւ խաղաքարտերու անկանոն ու մինչեւ իսկ բախտի ձգուած վերադասաւորումներու խաղերը չեն կրկնուիր բիրտ կերպով, սակայն ստեղծուած հոսանքներն ու վերիվայրումները նուազ վտանգալից չեն, իսկ անոնց դիմագրաւումն ու յաղթահարումը կարելի է, անսալով միայն մէկ հրամայականի. հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին շահերը գերադաս համարել մասնակի կամ արտաքին հաշիւներէ:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ հայ ժողովուրդի ու հայրենիքի շահերը  կը թելադրեն ժողովուրդին ու հողին անվտանգութիւնը, մեր անժամանցելի իրաւունքներուն կենսագործման հետապնդումը` քաղաքական, տնտեսական, դիւանագիտական եւ կարելի բոլոր միջոցներով:

* * *

Խորհրդային ուժերու  հեռացումէն ետք, 1991-ի դեկտեմբերի վերջին օրերուն, Արցախի մէջ ազերիական բռնադատութիւններուն ու զինուորական ճնշումին թափը բարձրացում արձանագրեցին, սակայն արցախցիք, առանց տարիքի եւ որեւէ այլ տեսակի խտրութեան, անբեկանելի կամքով դէմ կը դնէին այդ ճնշումներուն եւ արեան նոր գին վճարելով` կը պաշտպանէին հայրենի հողը: Արցախցիք նահանջի տեղ չունէին. անոնց կը մնար հայրենի հողը պաշտպանել ամէն գնով:

image-(1)_72016

Ազերիական սաստիկ յարձակումներ կատարուեցան Ստեփանակերտի եւ հայկական այլ աւաններու վրայ: Ազերիական ուժերը, հրասայլային յարձակումներով, վերագրաւեցին Ստեփանակերտի կից Կրկջանը, որ նախապէս գրաւուած էր հայ ազատամարտիկներու կողմէ: Հայ զինեալները գրաւած էին Կրկջանի մօտակայ բարձունքները, ուրկէ ազերիները հրթիռներով եւ այլ ծանր զէնքերով կը ռմբակոծէին Ստեփանակերտն ու մօտակայ այլ շրջաններ: Կրկջան արդէն անբնակելի դարձած էր:

Ազերիները յարձակում գործեցին նաեւ Ղարաչինարի վրայ, սակայն հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերը ետ շպրտեցին յարձակումը:

Ազերիներու յարձակումներուն թիրախ էին նաեւ Ասկերանը, Շուշիի մօտակայ Քարինտակ գիւղը, Նորագիւղը եւ Մարտունին:

Ազերիական բռնադատութեանց դիմաց, Արցախի խորհրդարանը ստիպողական կոչ մը ուղղեց ՄԱԿ-ին, Եւրոպայի հասարակաց շուկային, Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան եւ անոր միացեալ ուժերու հրամանատար զօրավար Եւգենի Շափոշնիքովի, որպէսզի միջամտութիւն մը կատարեն ու զսպեն ազերիական սանձարձակութիւնները:

* * *

Տոքթոր Մելգոն Էպլիղաթեան «Ազդակ»-ի 11 յունուար 1992-ի թիւով եւ «Անհետացող կայսրութիւններ» խորագիրով ակնարկ մը կը գրէր, որ քսաներորդ դարը արձանագրեց բազմաթիւ կայսրութիւններու քայքայումն ու անհետացումը: Այսօր, պատմութեան անցած են արդէն Աւստրիա-հունգարական, օսմանեան, բրիտանական, ցարական, ֆրանսական, ճափոնական եւ քանի մը այլ գաղութատիրական հսկաներ: Ծանօթ է որ անոնց տարանջատումը ծնունդ տուաւ նոր պետութիւններու, ամբողջովին փոխելով աշխարհի քաղաքական քարտէսը:

Էպլիղաթեան կը շարունակէ ըսելով որ 21 դեկտեմբեր 1991-ին Ղազախստանի մայրաքաղաք Ալմա Աթայի մէջ իր մահկանացուն կնքեց Խորհրդային Միութիւնը: Իբրեւ մեծ թիւով երկիրներ, ժողովուրդներ եւ ազգեր կեդրոնական տիրապետութեան մը ներքեւ մէկտեղող պետութիւն` ան ալ անկասկած կայսրութիւն մըն էր, աւանդական վերջին կայսրութիւնը: Աւանդական` որովհետեւ տասնամեակներէ ի վեր կազմուելու վրայ են, կազմուած են արդէն առաւելագոյն տնտեսական եւ մշակութային նոր տիրակալութիւններ, տեսակ մը միջազգային եւ արդիական նոր «կայսրութիւններ»:

Էպլիղաթեան կը նշէր, որ Խորհրդային Միութիւնը վերոյիշեալ աւանդական կայսրութիւններէն մօտ կէս դար աւելի ապրեցաւ եւ, այդ ժամանակամիջոցին ոչ միայն չտկարացաւ, այլ` հասաւ իր հզօրութեան գագաթնակէտին, թափացնելով մինչեւ Եւրոպայի սիրտը, մինչեւ Պալթեան երկիրները եւ վերածուեցաւ աշխարհի երկրորդ գեր-պետութեան:

Էպլիղաթեան կ՛ընդգծէր ըսելով, որ երկարակեացութեան «գաղտնիքը» բազմաթիւ բացատրութիւններ ունի: Այսպէս, իրմէ առաջ անհետացող բոլոր կայսրութիւններուն մէջ, իշխող ազգը փոքրամասնութիւն էր. մինչդեռ Խորհրդային Միութեան մէջ իշխող ազգը կը կազմէր կայսրութեան ամբողջ բնակչութեան առնուազն երեք-քառորդը (ռուսեր եւ իրենց ազգակից սլաւներ, այսինքն, մօտաւորապէս երկու հարիւր միլիոն հոգի):

Էպլիղաթեան կ՛աւելցնէր ըսելով, որ բնականաբար` նոյն համեմատութիւնը եւ աւելին կը տիրէր բանակին, ապահովութեան հաստատութեան, պաշտօնէութեան, պետական սպասարկութիւններուն, կառավարութեան, սահմանադրական մարմիններուն եւ համայնավար տիրապետող կուսակցութեան թէ կեդրոնի ղեկավար դասին եւ թէ բազմամիլիոն շարքային կուսակցականներուն մէջ: Եւ ճիշդ այդ թուական հսկայ գերակշռութիւնն է որ ինքնաբերաբար, այսինքն, նոյնիսկ ծրագրուած քաղաքականութենէ մը անկախ` ռուսերը պիտի վերածէր իշխող ազգի: Այդպէս էր կացութիւնը ցարական կայսրութեան մէջ եւ անխուսափելիօրէն, դարձեալ միեւնոյն կացութիւնը պիտի ստեղծուի Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան պարագային:

Էպլիղաթեան կը շեշտէր ըսելով, որ այս բոլորին լաւատեղեակ են ոչ-ռուս հանրապետութիւններուն ժողովուրդներն ու ղեկավարները, որոնք իսկական անկախութեան հասնելու համար, ուժգնօրէն կ՛ընդդիմանան «կեդրոնին» տալու որեւէ «գեր-ազգային» իշխանութիւն, քանի կեդրոնը (ուշ կամ կանուխ) Ռուսիան է, կեդրոնը ռուսերն են, կեդրոնը կարմիր բանակն է (նոյնիսկ եթէ հիմա գոյն եւ անուն փոխած է):

Էպլիղաթեան կ՛եզրափակէր ըսելով որ շատ աւելի դժուար պիտի ըլլայ իրագործել ինքնիշխանութեան միւս գրաւականը, այսինքն` տնտեսական անկախութիւնը: Իւրաքանչիւր հանրապետութեան տնտեսական եւ ճարտարարուեստական կառոյցը այնքան կնճռոտ հանգոյցներով կապուած է միւսներուն հետ, որ վերապրելու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ կնքել փոխադարձ արմատական համաձայնութիւններ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>