Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Նշմար. Լրջութեան Ու Գիտակցութեան Պահը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Vaho-(1)_71816

Յուլիս 17-ի առաւօտեան խումբ մը զինեալ անձեր գրաւեցին Երեւանի Էրեբունի շրջանին մէջ գտնուող պարեկապահակային ծառայութեան գունդի կեդրոնատեղին: Բախումներուն պատճառով սպաննուեցաւ ոստիկան մը, ուրիշներ վիրաւորուեցան եւ քանի մը ոստիկաններ կը շարունակեն մնալ պատանդի կարգավիճակին մէջ:

Դէպքը ինքնին ընդվզեցուցիչ է, որովհետեւ «խրամատին» երկու կողմերուն վրայ ալ հայեր են, իսկ «խրամատ»¬ն ալ` Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքին մէջ: Այս ցաւալի հարցը պէտք չէ ուղղուի դէպի ողբերգութիւն, այլ դրական ընթացքով ունենայ շուտափոյթ աւարտ` Հայաստանը դուրս բերելով այն ժխտական քարոզչութեան ոլորտէն, որուն մէջ այժմ յայտնուած է ան` Ֆրանչիսկոս պապին Հայաստան այցելութեան ստեղծած քարոզչական դրական մթնոլորտէն հազիւ քանի մը շաբաթ ետք:

Կացութիւնը լարուած է: Այժմ մեղաւորներ, յանցաւորներ ու թերացողներ փնտռելու պահը չէ: Մեզմէ իւրաքանչիւրս կոչուած է խնդիրի խաղաղ լուծման համար բերելու իր աղքատի լուման: Մեր ներդրումը, թէեւ անուղղակի ու փոքր, սակայն կրնայ նպաստել խաղաղ լուծման հասնելու ճիգերուն կամ առնուազն չխանգարել զանոնք:

Մեզմէ իւրաքանչիւրս պէտք է ո՛չ միայն ըլլայ զուսպ, այլ նաեւ չնպաստէ ընկերային ցանցերուն վրայ հարցը խաղաղութեամբ լուծելու չնպաստող գրգռիչ գրութիւններու տարածման: Ի վերջոյ համացանցը բաց է ու հասանելի բոլորին` իմաստունին ու իմաստակին, գիտունին ու գիտունիկին, պատասխանատուութեան գիտակից անձին ու անպատասխանատուին, առողջ մտքի տէրին ու բարդոյթներէ տառապող անհատին, բարին ցանկացողին ու չարիքին ձգտողին:

Այժմու պահը լրջութիւն ու գիտակցութիւն կը պահանջէ, ուստի զերծ մնանք այնպիսի մեկնաբանութիւններէ եւ գնահատականներէ, որոնք կրնան կամայ թէ ակամայ յանգեցնել մթնոլորտի շիկացման ու պատճառ դառնալ անբաղձալի զարգացումներու` մեզ դարձնելով ժխտական ելքին մեղսակիցները:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>