Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը Ճամբար Կազմակերպած Է Նոր Նորքի Մէջ
Արդէն 15 տարի է, որ Երեւանի, հանրապետութեան տարբեր մարզերու եւ Արցախի մէջ ՀՅԴ երիտասարդական կառոյցներու ներկայացուցիչները բակային ճամբարներ կը կազմակերպեն եւ մասնակիցներուն կը սորվեցնեն ազգային պարեր ու երգեր, կու տան հայոց պատմութեան դասեր:
Այս տարի եւս ՀՅԴ Աւստրալիոյ երիտասարդական միութեան անդամները կազմակերպած են ճամբար` Նոր Նորք վարչական շրջանի փոքրիկներուն համար:
Ժաքլին Պիսէ. «Կը Փորձեմ Հայաստանը Բացայայտել»
13 յուլիսի երեկոյեան «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ Ֆրանսուա Թրիւֆոյի «Ամերիկեան գիշեր» ժապաւէնի ցուցադրութեամբ սկսած է համաշխարհային շարժապատկերի յայտնի աստղերէն մէկուն` Ժաքլին Պիսէի ժապաւէններու յետադարձ ցուցադրութիւնը` դերասանուհիին մասնակցութեամբ:
«Կոլտըն կլոպ»-ի եւ այլ հեղինակաւոր մրցանակներու արժանացած, տասնեակ ժապաւէններու մէջ դերեր ստանձնած, այսօր արդէն 72-ամեայ դերասանուհին «Ոսկէ ծիրան» միջազգային 13-րդ շարժապատկերի փառատօնի պատուաւոր հիւրերու կարգին էր, եւ այս տարի «Ոսկէ ծիրան»-ի փակման հանդիսաւոր արարողութեան ատեն անոր յանձնուած է փառատօնի բարձրագոյն պարգեւը` «Փարաջանովեան թալերը»:
Վերջին տարիներուն Լոս Անճելըս բնակող եւ հոն բազմաթիւ հայ ընկերներ ունեցող ժաքլին Պիսէն լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած էր, որ փառատօնի օրերուն նաեւ կը փորձէ Հայաստանը բացայայտել:
Լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին ան եղած է անկեղծ ու անկաշկանդ: Պատմած է, որ ծնած է 1944-ին, Անգլիոյ մէջ, ուր Համաշխարհային Բ. պատերազմին ատեն իր կիսով չափ անգլիացի եւ կիսով չափ ֆրանսացի մայրը Փարիզէն մինչեւ Մանշի նեղուցը նահանջող զօրքին հետ հեծանիւով հասած է:
Պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան տարիներուն փորձած է յաղթահարել բնածին ամաչկոտութիւնը. «Արուեստներու համար կը խենթենայի, սակայն երբեք չէի պատկերացներ, որ կրնամ դերասանուհի դառնալ, որովհետեւ երբեք ծանօթ չէի շարժապատկերին»:
Հաւանաբար պատահական չէ, որ լատիներէնի ծեր, իմաստուն ուսուցիչը առիթով մը 15-ամեայ Ժաքլինին ըսած է, որ ան լաւ դերասանուհի կրնայ ըլլալ: Երեք տարի ետք նոյն բանը իրեն ըսած է Ռոման Փոլանսքին: «Այն ժամանակ արդէն սկսած էի ժապաւէններ դիտել եւ շատ կը սիրէի կապ հաստատել մարդոց հետ: Զիս մեծապէս կը հետաքրքրէր մարդկային հոգեբանութիւնը եւ արդէն կը մտածէի, որ կրնամ դերասանուհի դառնալ», ըսած է Պիսէ` աւելցնելով, որ այն ժամանակ դեռ չէր գիտեր, թէ դերասանուհի դառնալու համար որքան պիտի սորվէր, զարգանար, բան մը, որով զբաղած է մինչեւ այսօր, երբ արդէն աւելի քան 40 տարուան դերասանուհի է:
Ժաքլին Պիսէ նշած է, որ հրաշալի խաղընկերներ ունեցած է: Շեշտած է, որ կարելի է երջանիկ ըլլալ նաեւ առանց ամուսնանալու. «Ո՞վ ըսաւ, որ ամուսնութիւնն ու երջանկութիւնը հոմանիշներ են»:
Թէեւ իրեն մասին ըսուած է, որ աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ դերասանուհին է, սակայն ինք այդպէս չի նկատեր ինքզինք: Պատմած է, որ 20 տարեկանին առիթով մը իր սկովտիացի հայրը իրեն ըսած է` կը բաւէ հայելիին մէջ դուն քեզի նայիս, քիչ մըն ալ ուրիշներուն նայէ անկէ դուրս: «Այդպէս ալ կ՛ընեմ մինչեւ հիմա», յայտնած է Ժաքլին Պիսէ:
Արցախի Մէջ Սկսած Են Դաշնակցութեան Ճամբարները
Արցախի մէջ արդէն սկսած են Դաշնակցութեան աւանդական դարձած պատանեկան ճամբարները: Արդէն 6-րդ տարին է, որ տարբեր երկիրներէ Արցախ ուղղուած սփիւռքահայ երիտասարդները ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան հետ միատեղ ճամբարներ կը կազմակերպեն Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ:
Այս տարի ճամբարներուն մեկնարկը տրուեցաւ Ասկերան քաղաքէն, ուր մօտ 140 երեխաներ կ՛անցընեն իրենց ամառնային արձակուրդը` ո՛չ միայն ուրախ ժամանց ապրելով, այլ նաեւ` ճամբարին ընթացքին սորվելով շատ կարեւոր բաներ:
14 յուլիսին Ասկերանի մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ-ի կողմէ իրականացուող պատանեկան ճամբարի հանդիսաւոր բացումը` ներկայութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներու` Ալեոշա Գաբրիէլեանի, Լեռնիկ Յովհաննիսեանի, Ասկերանի շրջանային վարչակազմի ղեկավարութեան եւ ուսուցիչներու:
Պատանեկան ճամբարը կազմակերպուած է ՀՅԴ Ամերիկայի Արեւմտեան ափի երիտասարդական միութեան կողմէ` ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան հետ գործակցաբար:
Ներկաներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Ալեոշա Գաբրիէլեան, իսկ Լեռնիկ Յովհաննիսեան կարեւոր նկատելով պատանեկան ճամբարներու կազմակերպման նպատակները` նշած է. «Պատանեկան ճամբարներու նպատակն է` պատանիներուն ազգային դաստիարակութիւնը, կազմակերպուածութիւնն ու կարգապահութիւն սորվիլը, ինչպէս նաեւ` սփիւռքի եւ Արցախի միջեւ ամուր կապի ստեղծումը, որոնք հզօր հայրենիք կերտելու գրաւականներ են», շեշտած է ան:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս»-ը 705,9 Միլիոն Դրամ Տրամադրած Է Մօտաւորապէս 750 Ուսանողի` Իբրեւ Կրթաթոշակ
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս»-ը արդէն եօթներորդ տարին ըլլալով անընդմէջ համալսարանականներու կրթաթոշակներուն կ՛օժանդակէ` գումար տրամադրելով յատուկ կարիքներ ունեցող, որբ կամ ընկերային ծանր պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքներու երիտասարդներուն, պայմանաւ որ անոնք յաջողութեամբ աւարտեն ակադեմական տարին եւ անցնին յաջորդ ուսումնական փուլ:
Իրականացուած ներդրման շնորհիւ` բարձրագոյն կրթութիւնը հասանելի դարձած է ծրագրին մէջ ներառուած մօտաւորապէս 750 ուսանողին: Եօթը տարուան ընթացքին այս նպատակով «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս»-ը արդէն յատկացուցած է 705,9 միլիոն դրամ:
Ծրագիրը ապացուցած է իր արդիւնաւէտութիւնը` մասնագիտական կրթութիւն ապահովելու, ինչպէս նաեւ հոգեբանական եւ ընկերային աջակցութիւն ցուցաբերելու տեսանկիւնէ:
Յայտնենք, որ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս»-ի կեդրոնին մէջ կայացած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ամփոփուած են այս ծրագրին եօթնամեայ արդիւնքները եւ այս տարուան շրջանաւարտներուն յանձնուած են ծրագրէն օգտուելու աւարտական վկայականներ:
«Սորվելու ձգտում ունենալը եւ այդ կարելիութենէն զրկուած ըլլալը կեանքի ամէնէն մեծ անարդարութիւններէն մէկն է: Չի կրնար ուժեղ ըլլալ այն հասարակութիւնը, որուն անդամներուն մէկ մասը զրկուած է բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու կարելիութենէն: Համալսարանական կրթութիւն ստանալու փափաք ունեցող բոլոր երիտասարդներուն պէտք է կարելիութիւն ընձեռուի ուսանելու եւ հասնելու մրցակցային առաւելութեան` թէ՛ աշխատաշուկային մէջ եւ թէ՛ հասարակական կեանքի մէջ: Ուսման վարձավճարներու հատուցման աջակցութեան ծրագրի նպատակը ընկերային անարդարութեան յաղթահարումն է` մասնագիտական կրթութիւն ստանալու ճանապարհով: Կրթութիւնը պէտք է հաւասարապէս հասանելի ըլլայ բոլորին», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը:
Բարերար Կարէն Խաչատրեան Պարգեւատրուած Է «Վաչագան Բարեպաշտ» Մետալով
Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 12 յուլիսին ընդունած է բարերար Կարէն Խաչատրեանը, որուն հետ քննարկած է Արցախի մէջ շարք մը ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը Կարէն Խաչատրեանին յանձնած է «Վաչագան Բարեպաշտ» մետալ` բարձր գնահատելով անոր հայրենանուէր գործունէութիւնը:
Երեւանի Մէջ Իրականացուեցաւ «Հայաստան, Ստեղծենք Միասին» Երիտասարդական Առաջին Հաւաքը
Յուլիս 11-14, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, «Լոյս» եւ «Այբ» հիմնադրամներուն համագործակցութեամբ, Երեւանի մէջ իրականացուող «Հայաստան. ստեղծենք միասին» երիտասարդական առաջին հաւաքին «Հայկական շահերու պաշտպանութիւն եւ մետիա» աշխատանքային խումբի յուլիս 13-ի նիստին ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան` Պելճիքա, Պրիւքսէլ) հանդէս եկաւ «Եւրոպայի մէջ հայկական հարցերու վերաբերող արդիւնաւէտ քաղաքականութիւն եւ որոշումներու ընդունում» նիւթով զեկուցումով, ՀԲԸՄ Եւրոպայի մասնաճիւղի ղեկավար Նիքոլա Դաւիթեան (Պելճիքա, Պրիւքսէլ) ներկայացուց «Արդիւնքներու քաղաքականութիւն: Ի՞նչ կրնայ Եւրոպան ընել հայերուն եւ Հայաստանին համար» զեկուցումը:
Նոյն օրը Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Պետօ Տեմիրճեանը եւ Նիքոլա Դաւիթեանը: Ողջունելով հիւրերը` Հ. Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Հայկական շահերու պաշտպանութիւն եւ մետիա» ժողովին հետաքրքրական եւ ուշագրաւ զեկուցումներով հանդէս գալուն համար եւ հետաքրքրուեցաւ երիտասարդական հաւաքին մասին անոնց տպաւորութիւններով, կարծիքներով եւ առաջարկներով:
Պետօ Տեմիրճեան գոհունակութեամբ նշեց, որ ընդհանուր առմամբ լաւ տպաւորութիւն ստացած է, լաւ նախաձեռնութիւն է, բայց կը ցանկար, որ յաջորդ տարիներուն աւելնան ե՛ւ մասնակիցներու թիւը, ե՛ւ տարբեր երկիրներու երիտասարդներու ընդգրկուածութիւնը:
Նիքոլա Դաւիթեան նոյնպէս գոհ էր հաւաքի կազմակերպուածութենէն: Ան կարեւոր համարեց կրթուած, խելացի երիտասարդներու մասնակցութիւնը, որոնց պէտք է ճիշդ ուղղորդել եւ միաւորել` գոնէ Եւրոպայի մէջ երիտասարդական ցանց ստեղծելու նպատակով: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Լաւ կ’ըլլար, որ զրոյցի ձեւով ալ ծանօթանայինք, հասկնալի ըլլար անոնց կրթուածութեան, գիտելիքներու մակարդակը: Այդպէս աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ կ’ըլլար»:
Նախարարը հիւրերը լսելէ ետք նշեց. «Կը կարծեմ, որ յաջորդ տարի երիտասարդներուն խումբերն ալ, աշխարհագրութիւնն ալ կ’ընդլայնենք: Թող գան, ծանօթանան հայրենիքին, հաղորդակցին իրարու հետ: Այս մէկը պիտի նպաստէ, որ կապուին Հայաստանին եւ աւելի հայանան»:
Տեղեկացնենք, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան համայնքային, լեզուի ու ինքնութեան պահպանման եւ այլ հարցեր:
«Ոսկէ Ծիրան»-ի Եղիցի Լոյս Մրցանակը` Ռոման Բալայեանին
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ սահմանուած «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային տարեկան փառատօնին համար նախատեսուած «Եղիցի լոյս» մրցանակին այս տարի արժանացած է անուանի բեմադրիչ Ռոման Բալայեանը: Մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 13 յուլիսին, Մայր Աթոռի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ:
«Ինծի համար մեծագոյն պատիւ է այս սուրբ վայրին մէջ արժանանալ մրցանակի: Մինչեւ այստեղ գալս ես այդքան խոր չէի զգացած այս բոլորը», մրցանակը ստանալէ ետք ըսած է նշանաւոր գործիչը: