ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Ամէն Գնով Պէտք Է Պահպանել Մեր Բոլոր
Վարժարանները` Մեր Գաղութին Ներուժը
Լիբանանահայ վարժարաններու ամավերջի հանդէսներուն առիթով կ՛արժէ մասնաւորել Լիբանանի տարածքին հաստատուած տարագիր հայ ժողովուրդին ուսումնատենչ յատկանիշը` նորահաս սերունդներուն մէջ ազգային ու հայկական լեզուամշակութային կրթութիւն դրոշմելու` սփիւռքեան այս օտար ափերուն:
Սկզբնական օրերէն, 1920-էն սկսեալ, գերմարդկային ճիգերով, տարբեր ժամանակներու, հաւանաբար հարիւրէ աւելի դպրոցներ հիմնուած են Լիբանանի 32 քաղաքներու, գիւղերու եւ արուարձաններու մէջ: Այսպէս, Պէյրութի, Թրիփոլիի, Անթիլիասի, Ժունիէի, Մաամըլթէյնի, Ղազիրի, Նահր Իպրահիմի, Ժիպէյլի, Պաթրունի, Պուրճ Համուտի, Ֆանարի, Սին էլ Ֆիլի, Տըպպայէյի, Նաքքաշի, Պիքֆայայի, Հատեթի, Քրէյայի (Քլէյա՞), Հազմիէյի, Պաապտայի, Շեմլանի, Ալէյի, Ճիւտէտայի (Ըժտիթա՞ թէ Ժըտէյտէ՞) Զահլէի, Համմանայի, Շթորայի, Այնճարի, Ռայաքի, Պաալպեքի, Սայտայի, Նապաթիէի, Սուրի եւ Մերժայունի մէջ, երբեմն` յարանուանական ու մշակութային-բարեսիրական բաժանումով, նոյն շրջանին մէջ մէկէ աւելի վարժարաններով, որոնք որոշ ժամանակ գոյատեւած են տեղւոյն համայնքի թիւին համեմատութեամբ եւ այժմ գոյութիւն չունին (1):

Սկաուտ-աշակերտներ Մայիս 28-ի դրօշակի արարողութեան պահուն
Վարձքը կատա՛ր բոլոր ուսուցիչներուն, խնամակալներուն, թաղական խորհուրդներուն, պատկան մարմիններուն, դպրոցասէր ու դպրոցաշէն անհատներուն եւ մոռացութեան մատնուած, փոխադարձ ակնկալութիւն չունեցող, անշահախնդիր ու համեստ բարերարներուն, որոնց ներդրումով ու անունով կոչուած շատ մը վարժարաններ այսօր գոյութիւն չունին, թէեւ քանի մը հատին կալուածը կը մնայ տակաւին…
«Ազդակ» 22 յունուար 1965-ի թիւով կը գրէր. «1964-1965 ուսումնական տարեշրջանին լիբանանահայ 64 կրթական հաստատութիւններուն մէջ կ՛ուսանէին 16.910 երկսեռ աշակերտներ, որոնց միայն 132-ը` օտար, իսկ կը պաշտօնավարէին 1129 երկսեռ տնօրէն եւ ուսուցիչներ` պիւտճէ ունենալով շուրջ 4.500.000 լ. ոսկի: 64 կրթական հաստատութիւններէն 12-ը լրիւ երկրորդական վարժարաններ էին, մէկ մասը` Բ. պաքալորէայի ծրագրով, 8 դպրոցներ (երեքը նորաբաց) թերի երկրորդական վարժարաններ էին, 5 վարժարաններ բարձրագոյն նախակրթարաններ էին` պըրըւէի ծրագրով, 31 դպրոցներ նախակրթարաններ էին` սերթիֆիքայի ծրագրով, 8 դպրոցներ` թերի նախակրթարաններ:
Կրթական 62 հաստատութիւններ համայնքային դպրոցներ էին` պատկանելով մշակութային, կրօնական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու: Միայն երկու դպրոցներ անհատական էին. 35-ը կը պատկանէին հայ առաքելական համայնքին, 18-ը` հայ աւետարանական համայնքին, 11-ը` հայ կաթողիկէ համայնքին» (2): 1970-ական տարիներուն աշակերտութեան թիւը հասած է 21 հազարի: Այժմ Լիբանանի տարածքին կը գործեն միայն 27 հայկական վարժարաններ 170 աշակերտներով:
Յիշողութիւնս տարաւ 1960-ական տարիներու կարգ մը վարժարանները, որոնք այժմ գոյութիւն չունին եւ մոռացութեան մատնուած են. անոնց մէջ փոքր փորձառութիւններ ունեցած եմ: Պիտի արձանագրեմ քանի մը յուշ` պատմականօրէն թերի, եւ` յարակից «անկապ տեղեկութիւններ»:

Մսէյթպէյի այժմու խճաղուած ճամբաներէն

Մսէյթպէյի այժմու հին թաղամասերէն
Ա.- Հաւանաբար 1961 թուականին էր ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ Բ. (Էշրեֆիէ) սկաուտական մեր խումբը, «խանդավառելու առաքելութեամբ», միօրեայ արշաւով պիտի մեկնէր մեզի համար անծանօթ Քոռնիշ Մազրաայի Մար Իլիաս շրջանի Մուսայթպէյի Ազգային Հայկազեան նախակրթարանը, հիմնուած` 1927-ին (1), ուր յաճախած անձեր վստահօրէն կը գտնուին այսօր` իրենց մանկութեան յուշերով: Այս շրջանին մէջ 1937-ին ժամանակ մը նաեւ վարձակալութեամբ հաստատուած էր ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբը (3)` երբեմնի հայաշատ Զարիֆ թաղամասի մերձաւորութեամբ:
Վարժարանին շրջապատը հիւղաւան էր, քարաշէն քանի մը տուներու շուրջը ժողովրդային երկյարկանի տախտակաշէն ու թիթեղածածկ բնակարաններ կային, ուր հայերու կողքին, հայախօս ասորիներ կը բնակէին, որոնցմէ էր, եւ այդ օրը` ներկաներուն մէջ, հօրս ծանօթներէն ոսկերիչ «Կանտին»:
Երբ հասանք վարժարանը, «արդէն տեսած ըլլալու» (déja vu) յուշեր ողողեցին միտքս, որոնք մօրմէս ստուգելէ ետք, պարզուեցաւ, որ դպրոցին կից տան մէջ նախապէս բնակած է մօրենական մեծ հօրս զարմիկներէն յաղթանդամ, բառին բուն իմաստով հսկայ, բանակի հրասայլերու զօրամասի ենթասպայ Համբարձում Մալեանը, որուն զաւակը ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի առաջին խումբի աստղերէն եղաւ. մանկութեանս այցելած ենք իրենց այդ տան մէջ: Փակագիծ մը եւս բանալով այստեղ` ըսեմ, որ խռպոտ ու թաւ ձայնով Համբարձումը ճանչցուած էր Քոռնիշ Մազրաայի, Մուսայթպէյի եւ յարակից շրջաններու մեծամասնութեամբ տեղացի ժողովուրդէն` իբրեւ ազնիւ ու արդար կտրիճ` «զայիմ»: Որեւէ անհասկացողութեան կամ անհատական ու յարանուանական խնդիրներու պարագային, ժողովուրդը կը դիմէր իրեն, եւ բաւարար էր, որ մէկը «Իժա Համպարսում»` «Համբարձումը եկաւ» աղաղակէր, խմբուած ամբոխը կը ցրուէր, իսկ խնդրայարոյցները փախուստ կու տային:
Շրջանի պատասխանատուներէն էր բարձրահասակ, միշտ արեւու ակնոցով, լամբակին վրայ ֆրանսական շքանշանով, հանրածանօթ, եթէ չեմ սխալիր, պարոն Յակոբը, որ թաղի ժողովուրդին հետ դիմաւորեց մեր սկաուտական խումբը, որ թիւով նուազ էր վարժարանի աշակերտներէն. այն ժամանակ (1962-1963)` 47 աշակերտ եւ 5 ուսուցիչ (1):
Դպրոցը գետնայարկ, 5-6 սենեակով անհրապոյր տեսքով, բաց կապոյտ ներկուած, խոնաւ ու համեստ, միայարկանի տուն մըն էր, որուն խաղավայրը` բակը, տնակներուն կեդրոնը գտնուող հողէ փոքր բացութիւնն էր, իսկ երկու շարք դասարաններու միջեւ գտնուող լայն անցքը նաեւ կը ծառայէր իբրեւ փոքր եկեղեցի: Սկաուտական խաղերով եւ կանչերով քանի մը ժամ զուարճացուցինք աշակերտները, խմբուած ծնողներն ու դրացիները: Հրաժեշտի պահուն, ցտեսութեան երգէն ետք, խանդավառ փոքրիկ մը հարցուց` «Վաղը նորէն պիտի գաք, չէ՞…»: Այդ փոքրիկը յաջորդող օրերուն յուսախաբ եղաւ: Կարելի չեղաւ յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալ այս դպրոցի վախճանին մասին:
Բ.- 1963-ին, կրկին «խանդավառելու առաքելութեամբ», ՀՄԸՄ Պէյրութի բոլոր խումբերով միօրեայ արշաւով ուղղուեցանք Հատեթի Ազգային Զաւարեան վարժարանը, հիմնուած` 1939-ին (1), ուր կային նաեւ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղ եւ ակումբ` 1949-1963 (4): Վարժարանը եւ ակումբը միատեղուած էին ֆութպոլի ոչ օրինական հողէ դաշտի մէջ, որուն մէկ կողմը փշաթելերով կը բաժնէր այն ժամանակ բանող շոգեկառքի գիծէն: Իսկ շոգեկառքի գիծին միւս կողմը խաշնարած պետեւիներու այծի մազով հիւսուած սեւ վրաններ լարուած էին` իրենց այծի ու ոչխարի հոտով:

Հատէթի այժմու հրապարակներէն

Դաշտային խաղեր
Դպրոցը բաւական հին, երկյարկանի բնակարանի տեսքով շինութիւն էր` բաց դեղին ներկուած, ցանցառ տուներով գիւղական թաղամասի մը վերջաւորութեան: Սկաուտական մեր խումբը դիմաւորեցին ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը եւ օրուան Հատեթի հայկական համայնքը` իր շուրջ 25-30 աշակերտներով: Մեծ խանդավառութեամբ, սկաուտական խաղերով եւ զաւեշտներով լման օրը Խաժակին հետ զուարճութենէն «յոգնեցուցինք» պզտիկները` իտէալ յարմարութիւններով այս միջավայրին մէջ: Փշաթելերու ետին պետեւի մանուկները նաեւ ուրախութեան բացագանչութիւններով հետեւեցան մեր գործունէութեան: Կարելի չեղաւ յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալ այս դպրոցի վախճանին մասին:
Գ.- Ալէյի մէջ գործած է Ազգային Նուպարեան վարժարանը, հիմնուած` 1927-ին, 25 աշակերտով (1): Սակայն 1964 թուականին հոն չէ, որ գացինք, նոյնիսկ կարելի չեղաւ ստուգել, որ այդ թուականին տակաւին կը գործէ՞ր այս վարժարանը, թէ՞ ոչ, մինչ քաղաքին մէջ կը բնակէր կոկիկ թիւով հայկական համայնք, ներառեալ` մեր նախկին դրացիներէն ոսկերիչ պարոն Կարապետը եւ իր քոյրը: Իսկ ամրան եղանակին, 1975-ի քաղաքացիական պատերազմէն առաջ, օդափոխութեան նպատակով հայեր վարձակալութեամբ կը բնակէին Ալէյի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ:

Ալէյ ձմրան

Աշակերտական երգչախումբ
Այս անգամ Հայ աւետ. Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի երգչախումբով է, որ Ս. Ծնունդը պիտի աւետէինք Ալէյի հայկական համայնքին` հայկական վարժարանի մը (որուն անունը չեմ յիշեր եւ կարելի չեղաւ ստուգել) սրահին մէջ: Ձմրան ցուրտ եղանակին շուրջ 20 երկու սեռերէ բաղկացած քառաձայն երգչախումբով, ղեկավարութեամբ Սոնա Նաշեանի, հասանք վարժարանը, որուն սրահը լիբանանեան դասական շէնքի մը վերի յարկը կը գտնուէր: Երկար ու ձիգ աստիճաններէն բարձրացանք սրահ, ուր արդէն մեզ կը սպասէին համայնքին ամէն տարիքի շուրջ 50 անդամներ: Առանց դաշնակի ընկերակցութեան` 15-18 տարիքի անդամներու մեր երգչախումբը յաջողութեամբ կատարեց երգացանկը, տօնական ուրախ մթնոլորտի մէջ: Յուզիչ էր բաժանման պահը, երբ զիրենք «մինակութեան» մէջ ձգելով` հեռացանք այս փոքրաթիւ համայնքէն:
Ցիր ու ցան մեր գաղթական ժողովուրդը նոյնիսկ վրանի տակ դպրոց ունեցած է, հիւղաւաններու մէջ: Վրանային կամ փայտաշէն թիթեղածածկ վարժարանները կը փակուէին, երբ աւելի ապահով ու յարմար պայմաններով վարժարաններ կը կառուցուէին կամ կը վարձուէին: 95 տարիներու ընթացքին, բարեշրջութեան ու համայնքի թիւի նօսրացման պատճառով, շուրջ 70 վարժարաններ փակուած են, որոնց 37-ը` 1965-էն ետք, եւ` գլխաւորաբար նիւթական պատճառով (երբ նիւթականը ապահովենք, նոյնիսկ 25 աշակերտի համար կ՛արժէ պահպանել վարժարան մը):
Կարելի չէ անտեսել այս ահաւոր երեւոյթը: Գաղութը մտած է շրջաբերութեան բացասական կրկնուող օղակի մը մէջ (vicious cycle) «հաւի ու հաւկիթի» պատճառահետեւանքային առեղծուածին նման: Երբ դպրոց մը փակուի, համայնքի ենթագիտակցութեան մէջ կը դրոշմուի այն տպաւորութիւնը, որ` «գաղութը տկարացած է», ուրեմն ենթական կը փորձէ հեռանալ թաղամասէն կամ երկրէն, այս ձեւով վարժարան փակելը համայնքի նօսրացման պատճառներէն մէկը կը դառնայ, եւ կը փակուի յաջորդ վարժարանը… ե՛ւ յաջորդը… Պէտք է վերջ դնել այս անհեռատես ու ինքնակործան վարքագիծին: Իսկ փորձը ապացուցած է, որ երբ վարժարան մը փակուի, այն ենթադրութիւնը, թէ աշակերտութիւնը յաջորդ, մօտակայ նոյն յարանուանութեան պատկանող վարժարանը պիտի յաճախէ, ցարդ չարաչար ձախողած է:
Թաղային եկեղեցի-դպրոց-ակումբ երրորդութեան մէ՛ջ է լիբանանահայ գաղութի կենսունակութեան եւ հզօրութեան բանալին, մանաւանդ` համայնքին ու թաղամասին հայկական դիմագիծը պահպանելու հիմնական ազդակը: Այս միջավա՛յրն է, որ ազգին կու տայ եկեղեցւոյ ծառայող դպիրներ, պատանեկան միութեան անդամներ եւ սկաուտներ, բոլորը` իրարու դրացի ու դասընկերներ: Փակելով կամ հեռացնելով եկեղեցամերձ ծխական վարժարանը` կը կորսնցնենք հաւանական դպիրը, պատանին եւ սկաուտը, այլ խօսքով` ապագայի յանձնառու հայը: Եկեղեցամերձ մանկապարտէզն ու նախակրթարանը հիմնաքարն են համայնքի հզօրացման: Ամէն գնով պէտք է պահպանել մեր բոլոր վարժարանները` մեր գաղութին ներուժը:
Այսպէ՛ս է, որ հզօր գաղութ կերտուած է համայնքային դրութիւն ունեցող Լիբանանի մէջ:
13 յուլիս 2016
_____________________________________
(1) «Հայերը Լիբանանի մէջ» հատոր Բ., Սիսակ Վարժապետեան 1981, էջ 389-515:
(2) (http://www.aztagdaily.com/archives/176112 )
(3) «Պատմութիւն Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան», հատոր Ա., Բիւզանդ Թորիկեան 1995, էջ 177:
(4) (3) Հատոր Բ. 1999 էջ 149-152:
Յ. Գ.- Վերեւ նշուած «Հայերը Լիբանանի մէջ» գնահատելի աշխատասիրութիւնը գլխաւորաբար իբրեւ աղբիւր օգտագործած է լիբանանահայ մամուլը: Կ՛արժէ լիբանանահայ վարժարաններու վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններ կատարել` աւելի լրացուցիչ տեղեկութիւններով, իբրեւ համալսարանական, կամ վարդապետական թեզի նիւթ, յատկապէս համայնքները եւ մշակութային-բարեսիրական միութիւնները պէտք է իրե՛նք պատրաստեն իրենց վարժարաններուն զարգացման պատմական ամբողջական պատկերը` օգտագործելով սեփական արխիւները: