Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Երբ Տուն Մը Ժառանգող Չունենայ, Տունը Կը Վաճառուի Կամ Կը Գրաւուի…

$
0
0

Hagop-Balian-Ed1Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հայաստանէն տեղի ունեցած եւ շարունակուող արտագաղթը կարելի է դիտել դուրսէն, Փարիզէն եւ շրջակայքէն, Մարսէյէն, Նիւ Եորքէն, Լոս Անճելըսէն, Աւստրալիայէն, Նոր Զելանտայէն, լսուած եւ չլսուած անուններով քաղաքներէն:

Տասնեակներով եւ հարիւրեակներով չեն համրուիր արտագաղթողները: Ոչ ոք կրնայ թուական գնահատում ընել: Անոնք բիւրաւոր են:

Մեկնողները կը վաճառեն, ինչ որ ունին: «Նոր հայրենիք»-ի մէջ հին տան պէտք չունին: Տուներ ալ կան, երկրի անտեսուած անկիւնները, որոնք գնող չեն գտներ, անոնց դռները եւ պատուհանները դուրսէն տախտակներով կը գամուին եւ պիտի սպասեն հրաշքով վերադարձողի կամ բնակիչի:

Երբ տուն մը տէր եղող ժառանգորդ չունի, կը վաճառուի:

Երբ տուն մը տիրութիւն ընող չունի, նոր տէր կը գտնէ:

Օր պիտի գայ, երբ շարունակուող արտագաղթի պատճառով տուներուն տիրութիւն ընողներ պիտի չգտնուին: Հայու տուներուն, արտերուն, գիւղին, քաղաքին: Եւ ինչպէս գիտութիւնը կ’ըսէ, որ բնութիւնը կը սարսափի դատարկութենէն, պիտի գան նորեր:

Հեռաւոր երազ է, որ լքուած տուներուն, արտերուն, քաղաքներուն տիրութիւն ընելու համար հայրենադարձողներու բանակներ պիտի գան: Վաղուց դադրած է հայրենադարձութեան գաղափարախօսութիւնը: Եւ արդար պիտի ըլլայ հարցումը, թէ տիրութիւն ընելու համար ուրկէ՞ պիտի պիտի գան փոխարինողները:

Եթէ հայերով տիրութիւն պիտի չըլլայ հայու տան, արտին, գիւղին, քաղաքին, Հայաստան պիտի շարունակէ՞ ըլլալ հայու հայրենիք: Հայաստան սոսկ աշխարհագրական անուն մը չէր, նոյնիսկ երբ ուրիշներ կը տիրէին, ան հայու հայրենիք էր: Հոն էին պապերու եւ նախապապերու գերեզմանները, աճիւնները, ժողովուրդի պատմութիւնը:

Իւրաքանչիւր մեկնող եւ իւրաքանչիւր հայրենադարձութենէ խուսափող, առանց իրմէ անդին պատասխանատուներ փնտռելու, հայելիին մէջ պէտք է նային եւ կրկնեն հայրենասիրական երգերը եւ ճառերը` չափելու համար անոնց եւ իրենց միջեւ եղած հարազատութիւնը: Մոլորակի միւս ծայրը նստելով, արեւադարձային երկիրներու արշալոյսները եւ վերջալոյսները դիտելով` ազգ չի պահուիր:

Եթէ արտագաղթը շարունակուի, եթէ փոխան հայրենադարձութեան` սփիւռքներու երգով ու պարով տիրութեան բեմադրութիւն-ինքնախաբէութիւնը շարունակուի, ո՞ւր պիտի հասնինք: Դեռ ժամանակ մըն ալ պիտի յուզուինք սահմաններու պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ մեռնող հայ երիտասարդին մահուան համար, զայն փոխարինողները պիտի նուազին, անոնք մեկնած պիտի ըլլան «նոր հայրենիք»-ի մը նուաճման` միանալով հայրենահանուած տեսական «զանգուած»-ներուն, դառնալու համար «ծագումով հայեր», բազմալեզու համայնքներ:

Անտէր տան եւ հողին տէր եղողներ պիտի գտնուին:

Ֆրանսական դպրոցներու նախակրթարաններու առաջին դասարաններուն մէջ համալսարանի դասախօսներ կու գան իմաստասիրութեան (փիլիսոփայութեան) դասեր ընելու համար: Եթէ մենք ալ այդ դասերը ընէինք մեր դպրոցներուն մէջ, Հայաստան եւ սփիւռքներ, եթէ այդ դասերը ընէինք եկեղեցիի խորանէն, բեմերէն, այլազան մամուլի էջերէն, ձայնասփիւռային ժամերէն, պատկերներէն, թերեւս կանգ կ’առնէին մեր նահանջները եւ տեղատուութիւնները:

Եթէ յիշէինք եւ կրկնէինք իմաստուններուն խօսքերը, ոչ թէ ճառ զարդարելու համար, այլ զանոնք դարձնէինք մեր կեանքը եւ ընկերութիւնը առաջնորդող ուժը, մեր անհատական եւ հաւաքական վաղը տարբեր կ’ըլլար, կ’ազատագրուէր սպառողական ընկերութեան այլասերող գերութենէն: Իմաստասէր Էմմանուէլ Քանթի (1724-1804) պարզ եւ միաժամանակ խոր, համամարդկային խօսքը եթէ լսէին, եթէ սորվեցուցած ըլլային, եթէ սորվեցնենք, մեր ազգի ճակատագիրը նոր հուն կը մտնէր, կը մտնէ:

Իմաստասէրը կ’ըսէ, թէ պէտք է մտածել եւ ընել այնպէս, որ մեր արարքը ըլլայ տիեզերական օրէնք, ընդհանրանայ: Այսպէս պէտք է մտածեն` արտագաղթողը, հայրենադարձութիւնը մէկդի դնելով Ֆլորիտա եւ Հոնոլուլու մտածողը, հայրենիքը կողոպտողը: Եթէ Հայաստանի բոլոր բնակիչները «նոր հայրենիք» գտնելու տենդով բռնկին, եթէ բոլոր սփիւռքները Հայաստան վերադարձը անհնար համարեն… Մեծ մարգարէ կամ տօնական օրերու հռետոր ըլլալու կարիք չկայ «պայծառ ապագայ» պատկերացնելու համար:

Յիշեցի Քանթը, քանի որ աւելի հակամէտ ենք լսելու օտարներու իմաստութիւնը: Քանի որ հայ մտածողի իմաստութեան անհաղորդ ենք, հայերէնը աղքատ ազգականի լեզու դարձած է, հայ գրողը եւ հայերէն գիրքը մեր տուներուն հիւրը չեն: Մեր հրատարակիչները իմաստուն գիրք չեն հրատարակեր, կը նախընտրեն քարոզչական եւ ցուցադրական գիրքերը, խոհանոցի պատկերազարդ գիրքերը, այլապէս Վիգէն Խեչումեանի գիրքերը` «Գիրք լինելութեան»-ը, «Գիրք մաքառման»-ը, «Մոմիկ»-ը եւ միւսները, Հայաստան եւ սփիւռքներ, ի հարկին մեսրոպեան ուղղագրութեամբ, զանոնք կը բերէին դպրոցները, կ’արձագանգէին մամուլով:

Վիգէն Խեչումեան ունի հողին վրայ ազգի իրաւութեամբ ապրողի իմաստութիւն, երբ կ’ըսէ իր այնքան այժմէական խօսքերը, թէ` «օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ», կամ` «մի քաղաքով ի՛նչ երկիր, դու միաւորիր ամբողջը»: Իմաստութիւն այսօրուան եւ վաղուան համար:

Տան ժառանգորդ պէտք է ըլլալ` ուրիշի դրան ծառայ չըլլալու համար: Նոյնիսկ` կուշտ ծառայ: Տուներուն տէր պէտք է ըլլալ միաւորելու համար: Իսկ միաւորելու համար պէտք է միաւորուիլ` ընդդէմ արտագաղթի, միաւորուիլ` հայրենադարձութեամբ:

Առաջնորդող գաղափարները եւ առաջնորդներու իրականացումները հարկ է դատել Քանթի եւ Վիգէն Խեչումեանի մտածումներու չափանիշով` առանց ծանծաղելու բարեսիրութեան եւ զբօսաշրջային արդարացումներու մէջ, ֆլորիտայական, քոթտազիւրեան, պայատայական, պեւերլիհիլզական ինքնապարտադրուած հրաժարումներ:

Միաւորել եւ միաւորում միջին ճամբաներու վրայ չեն գտնուիր:

1 յունիս 2016, Նուազի-լը-Կրան

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>