ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
14 յուլիսի կէս գիշերին թունուզցի մը բեռնակառքով վրայերթի ենթարկեց Նիսի մէջ Ֆրանսայի ազգային տօնին առթիւ հրավառութիւնները դիտող ժողովուրդը: Իսկական թիրախը, սակայն, այդ անմեղ զոհերը չեն:
Մոլիէրի երկիրը 2015-էն ի վեր հաւատադրժողական իսլամականներու յարձակումներուն թիրախ դարձած է, եւ պատահական չէր, որ Նիսի մէջ դժոխային ծրագիրի գործադրութեան համար ընտրուած էր Պասթիյի գրաւման օրը, որովհետեւ նպատակը հարուածելն էր Ֆրանսայի Հանրապետական արժէքները` ազատութիւնը, հաւասարութիւնն ու եղբայրութիւնը:
Հաւատադրժողականները կ’ուզեն ֆրանսական կառավարութիւնն ու հասարակութիւնը մղել անվտանգութեան նկատառումներով սահմանափակելու իսլամ ֆրանսացիներուն ազատութիւնները. այդպիսի քայլ մը պիտի խախտէ քաղաքացիներուն միջեւ հաւասարութեան սկզբունքը եւ ի վերջոյ քայքայէ իսլամ եւ ոչ իսլամ ֆրանսացիներուն միջեւ եղբայրութիւնը:
Հաւատադրժողականներուն համար ատելի են Վիքթոր Հիւկոյի երկրին հանրապետական արժէքները. անոնք ազատութեան չեն հաւատար, այլ մէկ տեսակէտի ու մտածելակերպի գոյութեան, անոնց համար քաղաքացիները իրարու հաւասար չեն, այլ բաժնուած երկու դասակարգի, գերադաս` իսլամները , եւ ստորադաս` ռայաները: Անոնց համար գարշելի է տարբեր կրօններու պատկանող անհատներու միջեւ եղբայրութիւնը, որովհետեւ, ըստ անոնց, միայն հաւատադրժողականներն են եղբայր, «իսկական իսլամը» չի կրնար անհաւատներու եղբայրը ըլլալ:
Ֆրանսան այսօր ո՛չ միայն ահաբեկչութեան դէմ կը պայքարի, այլ նաեւ իր ոգիին ու ինքնութեան պահպանման համար: Այդ պատճառով թէ՛ իշխանութիւնները, թէ՛ ժողովուրդը պարտաւոր են զգուշ կերպով գործել` չիյնալու համար հաւատադրժողականներուն լարած թակարդին մէջ: Հարկ է իմաստուն ու հեռատես ըլլալով պահպանել հիմնականը` երկրի ոգին, առանց որուն Ֆրանսան կը դադրի Ֆրանսա ըլլալէ: