Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17132

Սահակ Մելքոնեանի Յիշատակին (Մախֆար Սահակ)

$
0
0

sahag_melkonian_71516Անհաւատալի էր մահուանդ գոյժը բոլորիս համար, սիրելի՛ ընկեր Սահակ, սակայն իրականութիւն ըլլալէ չէր դադրեր: Չհաւատացինք, բայց եւ այնպէս ահա արդէն քառասուն օրեր անցած են, որ մեզի հետ չես:

Կեանքդ չապրեցար դուն քեզի համար, այլ զայն բաժնեկցեցար ընտանիքիդ եւ ընկերներուդ հետ: Կազմեցիր ընտանիք եւ եղար հայր հինգ զաւակներու, իսկ դուն եղար զաւակը այն մեծ ընտանիքին (Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան), որուն համար ոչինչ խնայեցիր, անոր համար զոհեցիր հանգիստդ, անոր աւելի ժամանակ տրամադրեցիր, քան ընտանիքիդ:

Լիբանանի պատերազմի ճգնաժամային օրերուն եղար ժողովուրդին ծառան, ոչինչ խնայեցիր լիբանանահայերուն հանգիստն ու ապահովութիւնը երաշխաւորելու, վարեցիր պատասխանատու պաշտօններ, որոնցմէ մէկն էր թաղային պաշտպանութեան կեդրոններէն մէկուն պատասխանատուութիւնը: Այնքան սիրուած եւ մնայուն ներկայութիւն էիր հոն, որ ժողովուրդը այդ կառոյցը կը ճանչնար քու անունովդ` «Մախֆար Սահակ»: Կը հասնէիր բոլորին, կը լուծէիր ամէն տեսակի հարց: Փամփուշտն ու ռումբը ոչինչ կ’ըսէին քեզի, ոչինչ քեզ կ’արգիլէր փողոց իջնել, երբ մարդիկ սնունդի կամ դեղորայքի կարիք ունէին:

Երազդ էր տեսնել հայրենիքդ ազատ ու տեսար զայն, ոտք դրիր Հայաստանի հողին վրայ, ըմպեցիր անոր ջուրը, վերադարձար ուրախ եւ հանգիստ ոգիով:

Քեզի համար հաճոյք էր անցեալի օրերը յիշելը, յաճախ գրպանդ կ’ըլլար այդ օրերէն նկար մը, որ քեզ կը տանէր դէպի անցեալ, կը թերթատէիր յիշատակներու էջերդ, կը դիտէիր անխօս լուսանկարը` խորունկ շունչ մը առնելով, ապա զայն կը վերադարձնէիր տեղը:

Իսկ հիմա վերջ, արդէն գացիր միանալու քեզմէ առաջ հոն մեկնած հարազատներուդ եւ ընկերներուդ` հոս ձգելով արցունքոտ աչքեր, որոնք պիտի յիշեն քեզ ընդմիշտ` մինչեւ վերամիացում:

Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի ընկեր Սահակ:

ՏԻԳՐԱՆ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17132

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>