«Արի Տուն» Ծրագիրի Երկրորդ Փուլի Փակման Հանդիսութիւն
Աւանդական խարոյկով ազդարարուեցաւ «Արի տուն» ծրագիրի երկրորդ փուլի աւարտը:
1 յուլիսին Ծաղկաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան «Արի տուն» ծրագիրի երկրորդ փուլի հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը, նախարարութեան աշխատակիցներ եւ հիւրեր:
Սփիւռքի նախարարին անունով ողջունելով «Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցները` նախարարին տեղակալը մասնաւորապէս նշեց. «Սիրելի՛ արիտունցիներ, վստահ եմ, որ այս 14 օրերուն ընթացքին ճանչցաք Հայաստանը, սիրեցիք ու կապուեցաք մեր 25-ամեայ անկախ մայր հայրենիքին: Այս օրերուն ընթացքին դուք աւելի հանգամանալից ծանօթացաք հայկական հարուստ մշակոյթին, ազգային երգին ու պարին: Իսկ ամենակարեւորը այն է, որ ձեռք բերիք նոր ընկերներ ու բարեկամներ: Մասնակցելով «Արի տուն» ծրագիրին, կապեր հաստատելով իրարու հետ` դուք կը նպաստէք, որպէսզի իրապէս ձեւաւորուի 12,5 միլիոննոց միակամ հայութիւն: Հաւատացած եմ, որ ձեզմէ շատերը այսօր կը մեկնին Հայաստանէն` կրկին հայրենիք վերադառնալու մեծ ցանկութեամբ»:
Արիտունցիները հանդէս եկան գեղեցիկ համերգով` կատարելով հայրենասիրական երգեր, ասմունքելով եւ պարելով:
Այնուհետեւ իր կատարումներով ներկաներուն ողջունեց Հայկ Եսայեանը:
Նշենք, որ ծրագիրի երկրորդ փուլին մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած էին 95 պատանիներ` Ռուսիայէն, Վրաստանէն, Թուրքիայէն, Հունգարիայէն, Մոլտովայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն:
«Արի Տուն» Ծրագիրի Երրորդ Փուլի Բացման Հանդիսութիւն
«Արի տուն» ծրագիրը այս անգամ հայրենիք բերած է 130 երիտասարդ:
4 յուլիսին տեղի ունեցաւ «Արի տուն» ծրագիրի երրորդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդի անդամ Վարդան Ղարպետեանը, մտաւորականներ եւ հիւրեր:
Ողջունելով արիտունցիները` Հ. Յակոբեան նշեց. «Սիրելի՛ արիտունցիներ, սիրով եւ ջերմութեամբ կ՛ողջունեմ բոլորդ մայր հայրենիքի` Հայաստանի մէջ, համոզուած եմ, որ այս 14 օրերու ընթացքին դուք լաւ կը ճանչնաք Հայաստանը, կը ծանօթանաք հայրենիքի տեսարժան վայրերուն, պատմամշակութային յուշարձաններուն: Կ՛այցելէք Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան, զոհուած հերոսներու շիրիմներուն Եռաբլուրի մէջ ծաղիկներ կը զետեղէք: Ուրախ եմ, որ Հայաստանի մէջ անցուցած օրերէն մէկը պիտի նուիրէք հայկական բանակին, պիտի այցելէք զօրամաս, պիտի ծանօթանաք մեր զինուորներու առօրեային: Սիրելի՛ արիտունցիներ, նաեւ 4 անմոռանալի եւ յագեցած օրեր պիտի անցընենք ճամբարին մէջ: Այդ օրերուն դուք հիանալի հնարաւորութիւն կ՛ունենաք բարելաւելու ձեր մայրենին եւ աւելի կը մտերմանաք իրարու հետ: Բարի՛ եկած էք հայրենիք»:
Նախարարը կարեւոր նկատեց Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր գերատեսչութիւններու, մարզային ու համայնքային կառոյցներու աջակցութիւնը «Արի տուն» ծրագիրին: Ծրագիրի մասնակիցները ողջունեց նաեւ Վարդան Ղարպետեանը` շնորհակալութիւն յայտնելով սփիւռքի նախարարութեան հայրենաճանաչումի այս ծրագիրի իրականացման համար: Ան նշեց, որ «Արի տուն» ծրագիրը հնարաւորութիւն կու տայ սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն այցելելու Հայաստան, ճանչնալու հայրենիքը, անոր մշակոյթն ու պատմութիւնը:
Ներկաները ողջունեց նաեւ Պէյրութի Անարատ յղութեան քոյրերու Հռիփսիմեանց վարժարանի փոխտնօրէն Արա Հալաճեանը:
Այնուհետեւ արիտունցիները դիտեցին ծրագիրի մասին պատմող ժապաւէն մը, որմէ ետք նախարարը, աւանդութեան համաձայն, ամենակրտսեր մասնակիցին` 13-ամեայ Ալեքսան Ազարեանին (Լիբանան) հագցուց «Արի տուն» տարբերանշանով շապիկն ու գլխարկը: Ծրագիրի երրորդ փուլին կը մասնակցին 130 պատանիներ, աշխարհի 10 երկիրներէ` Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Ռումանիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Լեհաստանէն, Թուրքմենիստանէն, Վրաստանէն, Ֆրանսայէն, Թուրքիայէն, Լիբանանէն եւ Սուրիայէն:
Հեռահամաժողով Պուլկարիոյ Հայկական Համայնքին հետ
4 յուլիսին տեղի ունեցաւ հեռահամաժողով Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքի հայկական համայնքին հետ:
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հեռահամաժողով` Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Հեռահամաժողովին կը մասնակցէին` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեանը, Վահագն Մելիքեանը եւ նախարարութեան աշխատակիցները:
Տեսակապով հեռահամաժողովին մասնակցեցան Փլովտիւի մէջ պատուաւոր հիւպատոս Եղիազար Ուզունեանը եւ համայնքին ներկայացուցիչները:
Ջերմօրէն ողջունելով տեսակապի մասնակիցները` նախարարը կարեւոր նկատեց հեռակապով հաղորդակցելու ձեւը, շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքին եւ յատկապէս Ե. Ուզունեանին` ապրիլեան պատերազմի օրերուն հայրենիքին կողքին ըլլալու, ինչպէս նաեւ վիրաւոր զինուորներուն եւ զոհուածներու հարազատներուն սատար կանգնելու համար: Ան մասնաւորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց, որ համայնքը բարոյական եւ նիւթական օգնութիւն ցուցաբերեց քանի մը ընտանիքներու եւ անոնց համար դարձաւ հարազատ, մասնակցեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի կողքին կանգնելու այն մեծ շարժումին, որ ալեկոծեց ողջ սփիւռքը:
«Սիրելի՛ պուլկարահայեր, հայ ժողովուրդը ամէնուրեք աշխուժ է, հզօր, խելացի եւ աշխատասէր: Հայ ըլլալը հպարտութիւն է, եւ այդ հպարտութիւնը մենք ամէնուրեք պէտք է սերմանենք մեր երեխաներուն եւ երիտասարդներուն մէջ: Անոնք պէտք է գիտակցին, որ իրենք 12,5 միլիոն հայութեան մէկ մասնիկ են, որ կրցաւ ստեղծել երկու անկախ հայկական պետութիւն: Մենք դէմ ենք պատերազմին եւ այսօր բոլորս պէտք է նպաստենք, որ խաղաղ ճանապարհով լուծուի Արցախի հարցը:
«Կը կարծեմ, որ ձեր ջանքերուն ու աշխատանքին շնորհիւ, Պուլկարիոյ իշխանութիւնները եւս, իբրեւ եւրոպական ընտանիքի անդամ, իրենց ձայնը կը բարձրացնեն եւ կը հետեւին Գերմանիոյ օրինակին եւ կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Սիրելի՛ հայրենակիցներ, կը կարծեմ, որ ձեր համայնքը պէտք է միաւորուի: Ցանկալի է, եւրոպական շարք մը երկիրներու օրինակով ստեղծուի Պուլկարիոյ բոլոր կառոյցները համակարգող մարմին, եւ փորձէք ներկայ ըլլալ բոլոր մարզերուն մէջ: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ըլլայ Պուլկարիոյ լաւ, օրինապահ քաղաքացի` պահպանելով իր ազգային նկարագիրը, գիտակցելով, որ միայն հզօր Հայաստանն է մեր բոլոր համազգային խնդիրներու լուծման բանալին, դուք բոլորդ պէտք է զօրաւոր ըլլաք եւ մասնակցիք հայրենիքի հզօրացման գործին», ըսաւ Հ. Յակոբեան:
Նախարարը նշեց, որ ինչպէս բազմաթիւ համայնքներու մէջ, այնպէս ալ Պուլկարիոյ համայնքին մէջ չափազանց կարեւոր է հայապահպանումի խնդիրը եւ յորդորեց աւելի աշխուժօրէն մասնակցիլ նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն, որովհետեւ հայապահպանման ամէնէն ուղիղ ճամբան Հայաստան գալն է, հայրենիքի մասին իմացութիւնը, իսկ նախարարութեան ծրագիրները կու տան այդպիսի բազում հնարաւորութիւններ:
Իր կարգին, Եղիազար Ուզունեան կարեւոր նկատեց հեռակապով համայնքներու հետ աշխատելու ձեւը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան` նման հնարաւորութիւն ընձեռելու համար:
Հիւպատոսի խորհրդական Աղաւնի Գէորգեանը ներկայացուց համայնքին մէջ իրականացուող աշխատանքները, մշակութային ձեռնարկները եւ առկայ խնդիրները:
Համայնքի կրթական գործի պատասխանատուները խնդրեցին լրացուցիչ ուսումնամեթոտական դասագիրքեր եւ գրականութիւն տրամադրել:
Քննարկուեցան նախարարութեան ծրագիրներուն համայնքի աւելի աշխուժ մասնակցութիւնը ապահովելու կարելիութիւնները եւ շարք մը այլ խնդիրներ:
Լոնտոնի Հայ Համայնքի Դրամահաւաք Գեղարքունիքի Մարզի
13 Վիրաւոր Զինուորներուն Համար
«Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի եւ «Թէքէեան թրաստ»-ի նախաձեռնութեամբ, Լոնտոնի հայ համայնքին մէջ կազմակերպուեցաւ դրամահաւաք` օժանդակելու Արցախի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին տուժած զինուորներուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան առաջարկով, հանգանակուած 2,1 միլիոն դրամը յատկացուեցաւ Գեղարքունիքի մարզի 13 վիրաւոր զինուորներուն` Նորայր Զախարեան (Գաւառ քաղաք), Աշոտ Գասպարեան (Կարմիր գիւղ), Գէորգ Բաղդասարեան (Լճափ գիւղ), Անդրանիկ Աթալեան (Շատջրեկ գիւղ), Արմէն Սիմոնեան (Վարդենիս քաղաք), Ռուբեն Գէորգեան (Փոքր Մասրիկ գիւղ), Աւետիս Զարգարեան (Սոտք գիւղ), Հայկ Մինասեան (Վարդենիս քաղաք), Համբարձում Վարդանով (Այգուտ գիւղ), Գուրգէն Առուստամեան (Ճամբարակ քաղաք), Դաւիթ Ազիզեան (Վարսեր գիւղ), Վահան Սարգսեան (Զոլաքար գիւղ), Հրայր Բաղդասարեան (Լիճք գիւղ):
Գեղարքունիքի մարզապետարանին մէջ կայացած հանդիպումը, որուն ներկայ էին` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեանը, «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեանը, վիրաւոր զինուորներ եւ ծնողներ, սկսաւ հերոս զինուորներու մեծարման խօսքով. «Մեր տղաները փառաւոր սխրանքներ գործած են ռազմադաշտին մէջ, իսկ ապրիլեան իրադարձութիւնները համախմբած են մեր ազգը մէկ նպատակին շուրջ, եւ այսուհետեւ այդ համախմբումը պէտք է ամրապնդուի»: Ան շեշտեց, որ մարզապետարանը հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ կը շարունակէ օգնել զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն: Մարզպետը խոստացաւ օգնել նաեւ աշխատանքի տեղաւորման եւ այլ հարցերու լուծման իմաստով:
Ֆիրդուս Զաքարեանը երախտապարտ ըլլալով ծառայողներուն Արցախի եւ Հայաստանի քաղաքացիներուն կեանքը եւ առհասարակ հայրենիքը փրկելու համար` նշեց, որ ապրիլեան դէպքերէն անմիջապէս ետք սփիւռքի նախարարութիւնը կոչ ուղղած է սփիւռքի կազմակերպութիւններուն` նիւթական օժանդակութիւն յատկացնելու պատերազմէն տուժած զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն:
Այդ կոչին անտարբեր չէր մնացած նաեւ «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամը, որուն տնօրէն Արմէն Ծուլիկեանը հանդիպումին եկած էր հանգանակուած գումարով: Դրամական օգնութիւնը յանձնելով Գեղարքունիքի մարզի 13 վիրաւոր զինուորներուն` տնօրէնը աւելցուց. «Ապրիլեան քառօրեայ հերոսամարտերը ալեկոծեցին համայն հայութիւնը, եւ մեր տղաներուն շնորհիւ` մենք այժմ բաց ճակատով կը նայինք աշխարհին եւ կը հաւատանք մեր վաղուան անվտանգ օրուան:
«Գեղարքունիքի մարզին մէջ ասիկա մեր առաջին դրամական աջակցութիւնն է, սակայն աշխատանքներ կը տանինք, որ անիկա ըլլայ շարունակական»:
Հանդիպումի աւարտին ներկայ զինուորներն ու ծնողները շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր սրտցաւ անձերուն, բարերարներուն` աջակցութեան եւ հոգատարութեան համար: