Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Սլաք. Թուրքիոյ Արտաքին Քաղաքականութիւնը

$
0
0

HagopLadoyan_2016Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

2014 սեպտեմբերին թրքական «Հիւրրիէթ» թերթի խմբագիրներէն Պուրաք Պեքթիլը իր մէկ յօդուածին մէջ ակնարկելով ՏԱՀԵՇ-ի ստեղծման եւ զարգացման մասին` կ՛ըսէր, որ Թուրքիոյ կողմէ ստեղծուած այս շարժումը «Ֆրանքշթանեան հրէշ» է, որ ոչ միայն դէպի Սուրիա թափանցելու մէջ ազատութիւն ունի, այլ նաեւ ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին ազատ եւ անկաշկանդ գործունէութիւն ծաւալած է: Յօդուածագիրը կը պնդէ, որ պաշտօնական Անգարան կազմակերպութեան ստեղծման մէջ պատասխանատու է:

Փաստօրէն այսօր նոյն այս հովանաւորուած կազմակերպութիւնը Թուրքիոյ համար վտանգ դարձած է: Նախ` Եւրոպայի երրորդ ամէնէն մեծ օդակայանի պայթումին պատճառով, երկրորդ` անցեալ տարուան ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ շարունակական պայթումները խլեցին աւելի քան 200 զոհ:

Անկախ զբօսաշրջութեան թափին ազդելէն, ներքին քաղաքական եւ տնտեսական լուրջ հանգրուանի մը առջեւ կը գտնուի այսօր միանձնեայ կառավարուող թրքական պետութիւնը:

Ճիշդ այդ պատճառով մէկ շաբթուան մէջ Թուրքիոյ նախագահը, որպէսզի իր ժողովրդականութիւնը չկորսնցնէ, Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ հետ իր յարաբերութիւնը վերանայելու համար եւ այս մտահոգութեամբ ձեռք երկարեց նոր էջ մը բանալու համար:

Սակայն խորքային ոչ մէկ բան փոխուած է:

Տակաւին Թուրքիոյ սահմանները բաց են ՏԱՀԵՇ-ի եւ անոր մեղսակիցներուն համար, որպէսզի ազատ շրջագային:

Տակաւին Պոլսոյ զբօսաշրջիկներու շուկային մէջ ազատօրէն կը վաճառուին ՏԱՀԵՇ-ի յուշանուէրներ:

Տակաւին քիւրտերու հետ անոր ահաբեկչական արարքները նոյն թափը ունին:

Եւ վերջապէս, Թուրքիոյ` Եւրոմիութիւն մտնելու երազներն ալ կը մնան երեւակայական սահմաններու մէջ` նկատի ունենալով անոր վարած ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը:

Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան վերանայումը անպայմանօրէն մեծ դեր պիտի ունենայ յառաջիկայ ամիսներու ռազմական եւ դիւանագիտական կապերուն վրայ:

Թուրքիոյ միանձնեայ պետութիւնը պահ մը ինքզինք գտած է անել կացութեան մը առջեւ:

Ժամանակը ի վնաս այսօրուան իշխող ղեկավարութեան է: Քաղաքական, տնտեսական, ապահովական եւ կրօնական ծանր ճգնաժամի առջեւ կը գտնուի:

Յառաջիկայ ամիսները նոր մարտավարական իրավիճակի մը առջեւ պիտի գտնուի:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>