ՆԱՅԻՐԻ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ-ՊԱԼԱՆԵԱՆ
Լիբանան գացինք` այցելելու մեր հարազատներուն մասնաւորապէս, որովհետեւ մեր սանուհին` Լոռին, զոր մկրտած էինք մէկ տարեկանին, հինգ տարիներ առաջ, կը գանգատէր, որ ինք իր կնքահայրն ու կնքամայրը չէր ճանչնար:
Շատ հանգիստ ճամբորդութենէ մը ետք, բացի Փարիզի «Շարլ տը Կոլ» օդակայանի մասէն, որ այնքան բարդ ու հսկայ օդակայան մըն է, որ նոյնիսկ մեզի պէս յաւիտենական ճամբորդներու համար ալ դժուար էր, հանգիստ հասանք ու միացանք մեր սիրելիներուն… ամուսնոյս քեռիին տղուն ընտանիքին, որոնք մեր սանուկներն են եւ` իմ հօրաքրոջս զաւակներուն եւ ընտանիքին:
Պուրճ Համուտ, շրջան մը, որ կարծեմ ամենախճողուած հայկական շրջաններէն է եւ ներկայիս աւելի խճողուած է, սակայն պահած է իր եզակիութիւնը: Ինքնաշարժ մը յաճախ վրան բարձրախօս մը դրած` հայերէն ազգային երգեր սփռելով փողոցները կը շրջի… ամէն կողմ երիտասարդութիւն, պատանիներ ու մանուկներ ակումբներ կ՛երթան զանազան հայկական ձեռնարկներու… ժողովներ, ճատրակ, գնդակի խաղեր եւ սկաուտութիւն… Հաւաքներ, դասախօսութիւններ եւ քայլարշաւներ` Ցեղասպանութեան եւ Արցախի համար: Պատուհաններէն ու պատշգամներէն եռագոյններ կախուած էին:
Ապրիլ 10-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայ եղանք ՀՅԴ Սարդարապատ կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի կազմակերպած երեկոյթին` «ՀՅԴ-ն երէկ, այսօր եւ վաղը-անցեալի հետքերով, ապագայի տեսլականով»: Օրուան պատգամը փոխանցեց Կարօ Յարութիւնեանը: Շատ շինիչ ու դաստիարակիչ էր պատգամը, որ մտածելու առիթ տուաւ ներկաներուն` ՀՅԴ-ի շատ անհրաժեշտ գործունէութիւնները, եւ գաղափար մը կազմեցինք անոր ներկայի եւ ապագայի տեսլականներուն մասին: ՀՅԴ նեղած է, է եւ պիտի մնայ հայ ժողովուրդի յաւերժացման ամենակարեւոր սիւներէն մէկը:
Եզակի գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացուցին` կենդանի պատկերներ, երգեր, արտասանութիւններ ու պարեր: Ինծի մեծ երջանկութիւն պատճառեց, երբ հայուհիներ պարեցին նշանաւոր եարխուշտան, որ ռազմական պար է: Մեր թշնամին թող գիտնայ, որ հայ կինը, երբ հարցը հայրենիքի պաշտպանութեան կը վերաբերի, միշտ պատրաստ է: Հոգեպէս յագեցած ու նոր երազներով հարստացած սրահը ձգած ժամանակ հանդիպեցայ իմ շատ սիրելի ուսուցիչներէս Հրանդ Պետրոսեանին:
Արցախի մէջ ապրիլի քառօրեայ պատերազմին լիբանանահայութիւնը, մասնաւորապէս Պուրճ Համուտը կարծես պատերազմական վիճակի մէջ էր… Արցունք, բարկութիւն, պատրաստութիւն: Ապրիլ 20-ին, ժամը 10:00-6:00 տեղի ունեցաւ «Ռատիոթոն»` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին: Բոլոր վարժարաններուն աշակերտները իրենց կարելիութեան չափով իրենց լուման բերին` զօրակցելու Արցախին:
Մեր սանուկը ամէն գիշեր ուրիշ ընկերներու հետ Պուրճ Համուտի հայկական փողոցները կը շրջէր, մասնաւորապէս հիմա, ուր մեծ թիւով այլազգի գաղթականներ կային: Ակումբները գիտեն, թէ իւրաքանչիւր հայ տան մէջ ով կ՛ապրի եւ ինչ է իր արեան տեսակը: Շատ լաւ կազմակերպուած են: Շնորհաւորութիւններս: Հաւանաբար բոլոր շրջաններն ալ նոյնն են… Ես Էշրեֆիէէն էի եւ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին մեր «Ազատամարտ» ակումբի տղաքը պաշտպանեցին մեզ:
Շատ հաճելի էր այցելել ու հանդիպիլ ազգականներու, բարեկամներու եւ հին ընկերներու: Ընկերուհիներէս Նուարդն ու ամուսինը պիտի ճամբորդէին, սակայն քանի մը ժամ հանդիպեցանք: Իմ ընտանեկան բարեկամներէս տոքթ. Յասմիկն ու տոքթ. Ժիրայրը մեզ մեծապէս յարգեցին ու հիւրասիրեցին: Ընկերուհիս` Մակին, որ հեռատեսիլէն ճաշի ծրագրէ մը յաճախ ելոյթ կ՛ունենայ, հիւրասիրեց մեզ իր տանը, ուր ՀԱԳ-ի աշակերտներէն Գեղամն ու իր կինը եկած էին ու ուրիշ ճաշերու կարգին պատրաստած ու հետերնին բերած էին նշանաւոր պունպարը:
Ասպետը Հայկազեան համալսարանի ուսանողներուն, մեր տնօրէնին` տոքթ. Մսըրլեանի կարգադրութեամբ, երկու դասախօսութիւններ տուաւ կամաւոր Յարութիւն Պասմաճեանի մասին, որ Ցեղասպանութեան ժամանակ Ամերիկայէն կամաւոր գացած էր երկիր ու միացած` Անդրանիկի խումբին, եւ իր մատիտով գրած ձեռագիր օրագրութիւնը ես կարդացած, տպած եւ ապա Ասպետին հետ անգլերէնի թարգմանած ենք:
Մենք պատիւը ունեցանք «Ազդակ» օրաթերթի գրասենեակը հանդիպելու Շահան Գանտահարեանին, որուն հայրը Ասպետին ուսուցիչը եղած էր: Հանդիպեցանք նաեւ Անի Փեհլիվանեան-Սարգիսեանին:
Ապրիլ 18-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հայ աւետարանական քոլեճին մէջ տեղի ունեցաւ եզակի երեկոյ մը` «Հայոց պատմութեան յաղթական երթը» խորագրով, կազմակերպուած մեր շատ սիրելի ու յարգելի տնօրէնին` տոքթ. Զաւէն Մսըրլեանի գլխաւորութեամբ: Պատերու վրայ դրուած ազդերով ներկայացուցին հայ ժողովուրդի պատմութիւնը իր ծննդոցէն մինչեւ այսօր եւ տոքթ. Մսըրլեան բացատրեց ներկաներուն իւրաքանչիւր որմնազդը` այդ ձեւով ներկաներուն տանելով մեր պատմութեան իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանը: Հոն հանդիպեցանք սիրելի ընկերներու` նախկին երեսփոխան տոքթ. Նուրիճան Տեմիրճեանին, նախկին պաշտօնակիցիս` Վաչէ Պուլղուրճեանին եւ շատ սիրելի ու յարգելի Սօսի Պալեանին եւ քրոջը` Արշակուհի Տէր Խաչատուրեանին: Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլար հանրութեան, եւ բոլոր վարժարանները հրաւիրուած էին իրենց աշակերտները բերելու:
Ես ինքզինքս բախտաւոր կը զգամ, որ ունեցած եմ երեք շատ նշանաւոր տնօրէններ: Նշանաւոր յեղափոխական էրզրումցի Ղազար Չարըխը, որ 1961-ին, երբ Պէյրութ փոխադրուեցանք, առանց մեզի ըսելու, մենք գաղթական էինք ըսելով, քանի մը ոսկի իմ կրթաթոշակէս զեղչ ըրաւ: Ապա` Երուանդ Տեմիրճեանը, որմէ սորված եմ, թէ այնքան ատեն որ դատ մը տէր ունի, այդ դատը չի մեռնիր, եւ ինծի սիրել տուած է Արմէն Մարաշլեանի հայոց պատմութեան վեցերորդ դասագիրքը: Իսկ երրորդը իմ շատ սիրելի եւ յարգելի տնօրէնս` տոքթ. Զաւէն Մսըրլեանն է, որ տակաւին պատնէշի վրայ է:
Պատմութեան լաւագոյն ուսուցիչն էր եւ մեր 11-րդ դասարանի փափաքով մեզի կէսօրուան դադարին հայոց պատմութիւն դասաւանդեց: Պատրաստեցինք պատի թերթ, զոր հրատարակեցինք եւ ապրիլ 24-ին, Անթիլիաս, Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ընթացքին ներկաներուն բաժնեցինք: Երբ Սեն Ժոզեֆ համալսարանէն հայագիտութեան իմ վկայականս ստանալէ ետք զիս ուսուցչութեան առաւ, ինծի սորվեցուց առաջին դասարանի աշակերտներուն հայոց պատմութիւն սորվեցնել, որ ես ալ իմ կարգիս ուրիշ ուսուցիչներու փոխանցեցի:
Պատիւը ունեցած եմ Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ աշակերտելու հայր Գոլվենպախին:
Դժբախտաբար Լիբանանը շատ փոխուած էր: Աղբի հոտը անտանելի էր: Ընկերներու ու բարեկամներու թիւը` շատ սակաւ: Այլեւս իմ եւ Ասպետին տուները հոն չէին… տուն չէինք երթար, այցելութեան կ՛երթայինք:
Ես բախտաւոր եմ, որ տակաւին սիրելի ազգականներ ու բարեկամներ ունինք:
Ֆիլատելֆիա