Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Յուշատետր. Առաջինը Ես Չեմ

$
0
0

Robert-HaddejianՌ. Հ.

Եղանակը  ցուրտ էր: Միջոցէ մը ի վեր երկինքը ամէն օր ամպամած  էր, կ՛ապրէի արեւ տեսնելու կարօտը: Չորեքշաբթի առաւօտ մը, երբ աչքերս բացի, տեսայ, որ դուրսը լուսաւոր էր: Երկինքը կասկապոյտ էր, ու արեւը կամաց կամաց կը բարձրանար հորիզոնէն: Ուրախացայ: Անդրադարձայ, թէ արեւը որքան գեղեցիկ էր մեզի համար, եւ թէ ան ինչպիսի կարեւոր դերակատարութիւն մը ունէր մեր ֆիզիքական գոյութեան մէջ: Բայց միայն այդ չէր: Ես հիմա արեւի այս տեսարանին մէջ կը տեսնէի բանաստեղծական գեղեցկութիւն մըն ալ: Արեւին մէջ կը ցոլանար Մայր Բնութեան ամբողջ աղուորութիւնը: Ուրախացայ:

Այդ վայրկեանին անսովոր մտածում մը ցնցեց զիս: Ես ինծի ըսի. առաջին մարդը, որ արեւը կը տեսնէ ու կ՛ուրախանայ, դուն չես: Մի՛ մոռնար, որ միշտ քեզմէ առաջուանը կայ: Աշխարհի առաջին մարդը, որ իր պարտէզին մէջ ծաղիկ մը կը տեսնէ ու կ՛ուրախանայ, դուն չես: Աշխարհի վրայ առաջին մարդը, որ փոքրիկ երեխայի մը աղուոր ժպիտը կը տեսնէ ու կ՛ուրախանայ, դուն չես: Ինչ հրաշալիքներով լեցուն է աշխարհը, եթէ բախտն ունիս զանոնք վայելելու: Աշխարհի վրայ առաջին  մարդը, որ իր սիրածը կը համբուրէ ու ամբողջ իր մարմնին մէջ երջանկութիւն մը կը զգայ, դուն չես: Քեզմէ առաջ քանինե՜ր ու քանիներ ապրեցան նոյն ուրախութիւնը:

Օ՜, գիտեմ այո՛: Արդէն կարդացած էի բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի հրաշալի մէկ բանաստեղծութիւնը, որ «Տապանագիր» կը կոչուէր:

Աշնան հարուստ պարտէզներն ամէն անգամ
Երբ կը քաղես միրգեր հասուն եւ մեղրահամ,
Յիշէ, որ քեզմէ առաջ անկէ անցայ
Եւ շրթներուս վայելքն անհուն հող է հիմա:

Այս ինչ տխուր յիշեցում էր, որ արձանագրուած էր կարծես մահացած մարդու մը տապանաքարին վրայ: Քեզմէ առաջ ես վայելեցի աշնան պարտէզներու արեւահամ պտուղները, կերայ ու բերնիս մէջ զգացի անոնց հրաշալի համը: Բայց հիմա ամէն ինչ վերջացած է, ամէն ինչ հող դարձած է:

Երբ որ շահիս բազում գանձեր ու յաղթանակ
Եւ ճակատիդ դնեն ոսկի փառապսակ.
Յիշէ, որ նախ փառքի դափնին ես ստացայ
Եւ ճակատիս ցոլքը վճիտ հող է հիմա:

Չէ՛, ես չեմ ուզեր մտածել այսքան տխուրին մասին: Ես պարզապէս կը մտածեմ, որ բախտաւոր եմ, որ այս աշխարհին վրայ եմ, սակայն գիտեմ, որ այս աշխարհի առաջին մարդը չեմ, որ այս աշխարհի վրայ է: Թերեւս ճակտիս վրայ երբեք չդրուեցաւ ոսկի փառապսակ, բայց անպայման երբեմն զգացի, որ ես ալ այնքան երջանիկ էի, որքան երջանիկ եղած էր կամ եղած չէր պատմութեան ամէնէն հզօր թագաւորը կամ կայսրը: Բայց պէտք չունէի այդքան հեռու երթալու: Ոսկի դափնեպսակը ի՞նչ կ՛արժէր այն ուրախութեան քով, զոր կը զգայի, երբ կը տեսնէի ինծի սիրելի երեխայի մը հրաշալի ժպիտը: Այո՛, ես չէի առաջին մարդը, որ կ՛ապրէր այդ ուրախութիւնը, բայց հիմա կարգը իմս էր վայելելու այս ուրախութիւնը:

Այն ատեն մտածեցի տակաւին.

Մի՛ մոռնար, որ աշխարհի վրայ դուն չես վերջին այն մարդը, որ մանուկի մը հրաշալի ժպիտին նայելով կ՛երջանկանայ: Քեզմէ վերջ ալ քանինե՜ր ու քանիներ պիտի ապրին նոյն երջանկութիւնը: Քեզմէ վերջ ալ առաւօտ մը մէկը պիտի նայի կապոյտ երկնքին ու պիտի ուրախանայ` տեսնելով, որ արեւը ծագած է արդէն: Եթէ կար ինձմէ առաջուանը, պիտի ըլլայ նաեւ ինձմէ վերջուանը: Ես կը գտնուիմ ինձմէ առաջուանին ու ինձմէ վերջուանին ճիշդ մէջտեղը:

Իրաւ է եւ հիմա կրնամ ողջունել հինէն եկող ու դէպի ապագայ հոսող անվերջանալի ժամանակին խորհուրդը, որովհետեւ հիմա ես կը յիշեմ, որ ինձմէ առաջ եղած է անսահման ժամանակաշրջան մը եւ ինձմէ վերջ ալ պիտի ըլլայ նոյնքան անսահման ժամանակաշրջան մը: Ես անցեալ ժամանակներու ու գալիք ժամանակներու ճիշդ մէջտեղը կանգնած եմ, ուստի կեդրոն մըն եմ այս տեսակէտէ: Բայց գիտեմ նաեւ, որ միայն ես չեմ, որ այդ երկու անսահման ժամանակներու մէջտեղ կեդրոն մըն եմ, ինծի ժամանակակից բոլոր մարդիկը նոյնն են, ինձմէ առաջ ապրած ամէն մարդ նոյնը եղած է, ինձմէ վերջ ապրելու կոչուած ամէն մարդ ալ նոյնը պիտի ըլլայ: Ամէն մարդ իր ապրած ժամանակին մէջ անցեալի ու ապագայի միջեւ կեդրոն մըն է, եւ ասիկա ալ անշուշտ մեզի կը թելադրէ այն գաղափարը, թէ անցեալին ու ապագային հանդիպման կէտը միշտ յարաբերական կամ թէական է, միայն մեր անձնական տեսանկիւնէ՛ն է, որ գոյութիւն ունի, իսկ մայր բնութեան աչքով` անցեալի ու ապագայի կեդրոն մը գոյութիւն չունի:

Հիմա դեռ կը մտածեմ:

Անկասկած աշխարհի վրայ առաջին մարդը, որ կը մտածէ եկող գացող ժամանակին բերածներուն ու տարածներուն մասին, ես չեմ: Ինձմէ առաջ քանինե՜ր մտածեցին նոյնը ու թերեւս սոսկացին ժամանակին այս խորհուրդէն: Բայց ո՞վ էր աշխարհի վրայ այն առաջին մարդը, որ մտածեց այս մասին: Անպայման չկա՞ր առաջին մարդ մը:

Մեր կրօնը մեզի սորվեցուց, որ աշխարհի առաջին մարդն էր Ադամը: Հարկաւ տրամաբանական է մտածել, որ երկրագունդին վրայ մարդուս կեանքը սկսաւ առաջին մարդու մը աշխարհ գալովը: Բայց ասիկա մեզի հարցնել կու տայ նաեւ տարբեր հարցում մը:

Օր մը աշխարհի վրայ պիտի գտնուի՞ վերջին մարդ մը: Աշխարհը կրնա՞յ օր մը պարպուիլ մարդոցմէ:

Չէ՛: Աշխարհի ո՛չ առաջին մարդն ենք, ո՛չ ալ վերջինը: Կեանքը անգամ մը սկսեր է, պիտի շարունակուի: Միշտ գոյութիւն պիտի ունենայ մեզմէ վերջը:

Բայց արդէն ի՞նչ կարեւորութիւն ունի: Հեռաւոր ապագայէն մեզի ի՞նչ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>