Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Նախադպրոցական Տարիքի Երեխաներու Երաժշտա-Գեղագիտական Դաստիարակութիւնը

$
0
0

ԳԱՅԵԱՆԷ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ-ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ

KAYANE2_71616

Ժամանակակից երեխաները կը շրջապատէ հնչիւններու հարուստ աշխարհ, որուն աղբիւրը կը հանդիսանան` պատկերասփիւռը, ձայնասփիւռը, համացանցը…

Երեխաները կ՛ունկնդրեն բազմատեսակ երաժշտութիւն` ընկալելի եւ ոչ ընկալելի իրենց հասկցողութեան, որ յաճախ նախատեսուած չէ իրենց տարիքին:

Այս պատճառով երաժշտա-գեղագիտական դաստիարակութիւնը նախադպրոցական հաստատութիւններու մէջ պէտք է ըլլայ նպատակադրուած:

Գեղագիտական կրթութիւնը նպատակաուղղուած, համակարգուած ընթացքն է երեխայի անհատականութեան ազդեցութեան վրայ: Անոր նպատակն է զարգացնել երեխային ունակութիւնը` տեսնելու զինք շրջապատող աշխարհի գեղեցկութիւնը եւ հաղորդակից ըլլալու անոր հետ: Ան կը զարգացնէ ուղեղը, զգացումները եւ կը նպաստէ պատկերացումներու եւ երեւակայութեան զարգացման:

Երեխան դեռ իր ծննդեան առաջին ամիսներէն,   չգիտակցելով, կը ձգտի ամենավառ, գեղեցիկ, անսովոր առարկաներուն: Ան կ՛ուրախանայ փայլուն, վառ, գունազարդ խաղալիքներով, որոնք փոքրիկին մէջ կը յառաջացնեն հաճելի զգացումներ, հետաքրքրութիւն: Դեռ ծննդեան առաջին ամիսներէն երեխաները կը լսեն երգեր, օրօրոցայիններ, աւելի ուշ` հեքիաթներ, իրենց ծնողներուն հետ կը դիտեն պատկերազարդ գիրքեր, նկարներ: Երեխային մօտ կը ձեւաւորուին գեղագիտական առաջին ապրումները:

Մանկութեան վաղ փուլին նկատելի դեր կը խաղայ երաժշտութիւնը` որպէս գեղագիտական ընկալման եւ զգացական ապրումներու աղբիւր: Այստեղ է, որ նախադպրոցական հաստատութիւնը պէտք է բարենպաստ պայմաններ ստեղծէ երեխայի հնարաւորութիւններու եւ ընդունակութիւններու բացայայտման եւ զարգացման համար:

Երաժշտութեան ազդեցութիւնը երեխային վրայ, կը նպաստէ լիարժէք անհատականութեան ձեւաւորման` դաստիարակելով եւ հարստացնելով իր զգացումները եւ յուզական աշխարհը: Եթէ երեխան վաղ տարիքին կը լսէ գեղեցիկ երաժշտութիւն, ժամանակի ընթացքին անոր մէջ կը ձեւաւորուի երաժշտական ճաշակ` յարաբերութիւն գեղեցիկի հետ, եւ անոր մէջ կը դրսեւորուի գեղեցիկը, արժէքաւորը գնահատելու ունակութիւն:

KAYANE1_71616

Երբ երեխան հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ երաժշտական գործունէութեան հանդէպ, եւ եթէ երաժշտութիւնը կը ներթափանցէ իր զգացումներուն, եւ ան կրնայ որոշակի գնահատական կամ կարծիք տալ, ուրեմն երաժշտա-գեղագիտական գիտակցութիւնը հետզհետէ կը բարձրանայ, ինչ որ կը նպաստէ երաժշտական ընդունակութիւններու զարգացման:

Մինչեւ 3 տարեկան երեխային մէջ կը ձեւաւորուի երաժշտական յուզականութիւն, կը կուտակուին երաժշտական տպաւորութիւններ:

4 տարեկանին երեխան կրնայ լսել աւելի երկարատեւ երաժշտութիւն, կը յառաջանան հետաքրքրութիւն` երաժշտութեան հանդէպ, երաժշտութեան տարբեր դրսեւորումներու նկատմամբ` ինչպէս պարի, երգի, ունկնդրութեան, երաժշտա-կշռութային շարժումներու ընդմէջէն արտայայտուող պարագաներով:

5 տարեկանին երեխային մէջ կը ստեղծուի երաժշտութեան եւ երաժշտական արտայայտութիւններու հանդէպ կայուն հետաքրքրութիւն: Յուզականութիւնը, զգացականութիւնը կը դառնան աւելի խոր, ի յայտ կու գան երաժշտական ընդունակութիւններ:

6 տարեկանին երեխան կրնայ հսկել իր կատարողականութիւնը` հիմնուելով նախապէս ունեցած իր փորձառութեան վրայ: Այս տարիքին կրնայ աւելի ուշադիր ունկնդրել, աւելի խոր զգալ ստեղծագործութեան բնոյթը: Կը զարգանայ  կայուն հետաքրքրութիւն երաժշտութեան եւ անոր անհրաժեշտութեան հանդէպ:

Գլխաւոր խնդիրն է երեխաներուն մէջ արուեստի հանդէպ սէր եւ հետաքրքրութիւն սերմանելը: Երբ երեխան յուզականօրէն կ՛արձագանգէ, կը հիանայ գեղեցիկ ու բարի արժէքներով, այն ժամանակ կը ստեղծուի բարենպաստ միջավայր` երեխայի անհատականութեան ձեւաւորման համար: Անոր մէջ բարութիւն, կամեցողութիւն եւ ուրիշի հանդէպ կարեկցանք կ՛ամրապնդուի:

Երաժշտական բոլոր ընդունակութիւնները կը յայտնուին եւ կը զարգանան երեխայի երաժշտական գործունէութեան ընթացքին, ուր երեխան կը դառնայ անմիջական կատարող:

Նախադպրոցական տարիքը այն շրջանն է, երբ երեխային մէջ կը ձեւաւորուին նախնական ընդունակութիւնները եւ հնարաւորութիւնները` տարբեր նախասիրութիւններու:

Այստեղ է, որ կը հանդիպինք երաժշտական ունակութիւններու վաղ արտայայտման, ուր ուսուցիչին գլխաւոր խնդիրն է զարգացնել երաժշտական ընդունակութիւնները, յառաջացնել սէր, հետաքրքրութիւն, որ իր կարգին երեխայի մէջ կը յառաջացնէ դրական զգացումներ:

Երեխան երաժշտութեան կ՛արձագանգէ բազմատեսակ աշխուժ գործողութիւններով: Եւ եթէ երաժշտութեան ազդեցութիւնը դրական անդրադարձ ունենայ երեխային վրայ, ուրեմն զայն պէտք է օգտագործել որպէս մանկավարժական հաղորդակցութեան միջոց:

Երաժշտութիւնը հնարաւորութիւն կը ստեղծէ ուսուցիչի եւ երեխայի միջեւ դրական եւ զգացական շփման:

KAYANE3_71616

Երեխայի ստեղծագործական ինքնաարտայայտման ձեւերէն մէկը խաղն է: Իսկ մանկավարժութեան մէջ խաղերը արդիւնաւէտ դեր ունին գիտելիքներ փոխանցելու մէջ:

Երաժշտական ունակութիւնները կրնան զարգանալ խաղային գործունէութեամբ` երեխաներու մէջ յառաջացնելով լսելու, երգելու պարելու ձգտում:

Երաժշտական խաղերը կը դիւրացնեն երաժշտա-արտայայտչական միջոցներու իւրացումը, կ՛օգնեն զգալու երաժշտութեան եւ խօսքի բնոյթը: Նաեւ կը ստեղծեն հաղորդակցութիւն եւ ջերմ յարաբերութիւն երեխաներու միջեւ:

Անհրաժեշտ է նաեւ երեխաները ներգրաւել երաժշտական տարբեր դրսեւորումներու` ունկնդրման, երգեցողութեան, երաժշտա-կշռութային շարժման մէջ:

Երաժշտական ունկնդրութեան ժամանակ անհրաժեշտ է երեխաները ընտելացնել ստեղծագործութիւնները ուշադիր լսելու եւ իրենց  տպաւորութիւնները պատմելու:

Ժողովրդական, դասական եւ ժամանակակից երաժշտութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն յառաջացնել: Կարելի է տարբեր ստեղծագործութիւններու միջոցով ներկայացնել երաժշտութեան  երեք տեսակները` երգային, պարային եւ քայլերգային:

Ուսուցիչի մասնագիտական պարտականութիւնն է մշակել ո՛չ միայն կատարողականութիւնը, այլ` ծանօթացնել երաժշտութեան բովանդակութեանն ու բնոյթին:

Ինչ կը վերաբերի երգեցողութեան, ուսուցիչի հսկողութեամբ, երեխան պէտք է երգերը կատարէ թեթեւ, սահուն եւ արտայայտիչ ձայնով, առանց լարուածութեան: Երգեցողութեան հետ զուգահեռ,  անհրաժեշտ է զարգացնել երաժշտա-զգացական ընկալումները` հնչիւնի բարձրութիւնը եւ  ուժգնութիւնը/ բարձրացած, ուժեղ-մեղմ, զգալու երաժշտութեան բնոյթը` ուրախ, տխուր, քնքուշ, խրոխտ… Երգերու արտայայտիչ  կատարողականութիւնը կ՛օգնէ աւելի վառ եւ խոր զգալու անոնց բովանդակութիւնը` յառաջացնելով գեղագիտական յարաբերութիւն երաժշտութեան եւ շրջապատող երեւոյթներու հետ:

Պէտք է նաեւ սորվեցնել երգերու բնոյթին եւ բովանդակութեան համապատասխան ներդաշնակ շարժումներ կատարել:

Երաժշտակշռութային զգացողութեան զարգացումը երեխաներու երաժշտական դաստիարակութեան կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկն է:

Երեխաներու չափականութեան զգացողութեան  զարգացումը կը սկսի քայլերգի հնչիւններու տակ` քալելով: Նպատակայարմար է, որ երեխաներու դասարան մտնելու եւ դուրս ելլելու պահերը  ուղեկցուին քայլերգով: Երեխաներու երաժշտակշռութային կարողութիւնները եւ հմտութիւնները կարելի է ձեւաւորել` խաղերով, պարերով եւ վարժութիւններով` համապատասխանեցնելով  անոնց շարժումները երաժշտական ստեղծագործութեան բնոյթին: Նաեւ կը կիրարկուին մանկական հարուածային նուագարանները` երաժշտակշռութային հմտութիւնները զարգացնելու եւ կատարելագործելու նպատակով:

Այսպիսով, պէտք է նկատել, որ երաժշտական զարգացումը դրական ազդեցութիւն ունի երեխայի մը, ընդհանուր զարգացման վրայ: Երեխային մէջ կը կատարելագործուին  մտային կարողութիւնները, յիշողութիւնը, նաեւ կը հարստանայ յուզական աշխարհը:

Իսկ երաժշտութիւնը ապրելու եւ զգալու կարողութիւնը կ՛օգնէ, որ երեխան սիրէ աշխարհը եւ գնահատէ գեղեցիկը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>