Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Խմբագրական. 92-100-125

$
0
0

11046177_844162478971029_5722401512246395296_f

Աւանդութիւնը  վերականգնուած է արդէն: ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները իւրաքանչիւր տարի կը նշեն Պատանիի օրը. կը ծանօթացնեն իրենց գործունէութիւնը գեղարուեստական յայտագիրով եւ հրապարակայնօրէն կու տան հայրենիքին, ազգին ծառայելու իրենց խոստումը:

Հրապարակային այս յանձնառութիւնը անշուշտ յատուկ խորհուրդ ունի եւ կ՛ընդգծէ չափահասութեան նախօրեակին արդէն իսկ գաղափարախօսական որոշ արժեհամակարգի ընտրութեան եւ այդ ճամբով ընթանալու որոշումը:

Այստեղ անմիջապէս կը մտաբերուի երիտասարդութեան եւ յատկապէս անչափահաս քաղաքացիներուն վերաբերող ժամանակակից օրէնսդրութիւններու այն բաժինը, որ կ՛արգիլէ որոշ տարիք չբոլորած անհատներու նկատմամբ քաղաքական դաստիարակութիւն իրականացնելը: Նման օրինական մօտեցում հաւանաբար ընկերաբանական եւ մանկավարժական որոշ տեսութիւններէ կը ներշնչուի եւ կը հիմնաւորուի քաղաքական դաստիարակութեան ունենալիք բացասական ազդեցութիւններով:

Նման ընդհանուր մօտեցում հայ պատանիին նկատմամբ կիրարկելի դարձնելը առնուազն համահունչ եւ հարազատ չէ մեր իրականութեան: Յատկապէս իրաւազրկուած, ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ նուիրական Դատ հետապնդող ժողովուրդներուն համար նման տեսութիւններ ապագայ քաղաքացիական հասարակարգին համար գուցէ նաեւ բացասական հետեւանքներ կ՛ունենան:

Պատանի տարիքէն քաղաքական գործընթացներուն մասին իրազեկելը, հմտութիւնները լոյսին բերելն ու զարգացնելը եւ գաղափարախօսութեան մը հաւատացող մարդու այդ տարիքէն կազմաւորման նպաստելը կարեւորագոյն առաջադրանք է Դատ հետապնդող հասարակութեան համար:

Պատանեկան շրջանը կարեւորագոյն օղակ է կազմաւորման հոլովոյթին համար. իսկ հայ մարդու կազմաւորումը նաեւ քաղաքական մտածողութեան տիրապետումն է: Եւ պատահական չէ, որ հայ պատանին հայ ժողովուրդի պատմութեան իւրաքանչիւր դրուագի ետին կանգնած քաղաքական միտքի պեղումը կը կատարէ` կարենալ ըմբռնելու համար մեր լինելութեան շարունակականութեան խորհուրդը քրիստոնէութեան ընդունումէն Աւարայր, հայ ազատագրական շարժումէն Հայաստանի անկախացում:

Քննական մտածողութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ դէպքերու իրադարձութիւններու պատճառահետեւանքային երեւոյթներու վերլուծումը: Եւ կարելի չէ պատանին զերծ պահել նման վերլուծական միտքէ: Իսկ այդ բաժինի երեւոյթներու վերլուծումը քաղաքական մտքի պատրաստութիւնն է:

Պատանիի օրը նշեց Լիբանանի պատանեկան միութիւններու հիմնադրութեան 92-ամեակը: Տարին նաեւ 100-ամեակ է. նաեւ` 125-ամեակ: Տարեթիւերը, տարբեր բնոյթով ու տարողութեամբ, այնուամենայնիւ խորհուրդի ճամբով որոշ փոխկապակցուածութիւն մը ունին: Պատանիները 100 տարի առաջ իրականացած Ցեղասպանութենէն վերապրածներու 92 տարի առաջ ստեղծուած միութիւններուն ժամանակակից սերունդն են, որոնք հրապարակային յանձնառութեան տակ մտան, խոստում տուին ծառայելու 125 տարուան կեանք ունեցող Դաշնակցութեան ճամբով ծառայելու հայութեան եւ անոր ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԻՆ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>