ԶԱՒԷՆ ԽՏԸՇԵԱՆ
Այդ գիշեր սովորականէն աւելի կը տառապէի անքնութենէն, երբ, չեմ գիտեր` ի՞նչ դրդապատճառով, ձեռքս տարի կոկորդիս եւ մեղմօրէն սկսայ շփել:
Սարսափ մը անցաւ ամբողջ մարմնէս: Ուռեցք մը կար հոն: Ուրեմն այս ուռեցքն էր, որ կը փնտռէին բժիշկները: Գացած էի «Օթել Տիէօ» հիւանդանոցը: Մասնագէտ բժիշկը ճամբորդած է ըսին: Կայ ուրիշ մը, նոյնպէս` մասնագէտ եւ ինքզինքս յանձնեցի իրեն:
Մինչ այդ օր չէի գիտեր, որ բժիշկներն ալ երբեմն կ՛ըլլան «տեսակ մը»: Կը կարծէի, որ այդ «տեսակ մը» ըլլալը վերապահուած էր միայն արուեստագէտներուն:
– Արձանս ալ կը շինէք Սատտամ Հիւսէյնի արձանին պէս,- ըսաւ եւ աջ ձեռքը բարձրացուց վեր:
– Ի՞նչ է, տոքթէօր, դո՞ւք ալ կ՛ուզէք Սատտամի ճակատագրին ենթարկուիլ,- եղաւ պատասխան հարցումս:
– Պառկէ՛, պառկէ՛, շատ ժամանակ չունիմ, ուրիշներն ալ կը սպասեն: Պզտիկ գործողութիւն մըն է ընելիքս:
– Լա՛ւ, ինչի՞ կը սպասէք:
Անհետացաւ, յետոյ վերադարձաւ դերձակի մը երեւոյթով: Մէկ ձեռքը ասեղ մը բռնած, միւս ձեռքը` դերձանի մը կտոր:
– Աս ի՞նչ է, տոքթէօր, դերձակ ալ ըլլալնիդ չէի գիտեր:
– Համբերէ՛, համբերէ՛, ըսաւ,- քովէն փոքր դանակ մը հանեց, ճեղքեց, կտրեց, խօսելու առիթ չէր տար երբեք:
– Ա՜խ, ա՜խ, տոքթէօր…
– Համբերէ՛, համբերէ՛, հիմա կը վերջանայ,- եւ ձգեց գնաց:
Արիւնը կը հոսէր եւ մեր «խենթը» կ՛ուշանար: Դերձակը վերջապէս եկաւ եւ սկսաւ մեծ ախորժակով մը կարել շրթունքս: Ախս ուխս օգուտ չէին ըներ: Ցաւէն կը տառապէի, կ՛ուզէի ըսել, որ թեթեւ «պենժ» մը ընէր նախքան կարելը: «Կը վերջանայ կոր, կը վերջանայ կոր», ըսաւ եւ դարձեալ անհետացաւ: Կ՛ուզէի փախչիլ հիւանդանոցէն, բայց ա՞յդ վիճակով:
Վերջապէս աւարտեց գործը:
– Քանի մը օր ետք դարձեալ կու գաս:
Նիքոլային ասացուածքը կրկնեցի մտքէս:
Առաւօտուն, երբ արթնցայ, դուրս ցատկեցի անկողնէս: Անհաւատալի, սաւանս ամբողջութեամբ կարմրած էր: Արագ հագուեցայ, արիւնլուայ սաւանը պայուսակի մը մէջ դրի եւ խուժեցի դէպի հիւանդանոց:
Կը տեսնէ՞ք տոքթէօր, սաւանս, որ արիւնլուայ է:
– Ցոյց տալու պէտքը չունիս: Պառկէ, պառկէ, եղաւ պատասխանը:
Յաջորդ օր, ուռեցքը շօշափելէս ետք վազեցի դէպի Յունական հիւանդանոց: Բարեկամ բժիշկ մը ունէի` տոքթ. Մ. Լութֆալլա: Ինքն ալ իր կարգին, երբ շփեց կոկորդս.
– Պարո՛ն, վաղը ժամը իննին հիւանդանոց կու գաս: Քեզի մասնագէտ բժիշկին պիտի ծանօթացնեմ: Ուրիշներ հազիւ շաբաթ մը առաջ կ՛ունենան իրենց ժամադրութիւնը: Տոքթ. Շամսէտտին է անունը:
Յաջորդ օր ուզեցի առանձինս երթալ հիւանդանոց: Աղջիկս թոյլ չտուաւ, ինքն ալ ընկերացաւ:
Ճիշդ ժամուն մտանք բժիշկին սենեակը:
Զարմանալի էր: Չշարժեցաւ տեղէն, միայն սուր նայուածք մը նետեց դէմքիս: Կ՛երեւի տոքթ. Լութֆալլան նախապէս պատմած էր եղելութիւնը: Տարօրինակ էր նայուածքը. կարծէք մէկ աչքով կը նայէր ինծի, իսկ միւսովը` աղջկանս: Կարճ լռութենէ մը ետք, վերջապէս բացաւ բերանը:
– Պարոն, ես այն բժիշկներէն եմ, որ հիւանդին ուղղակի կ՛ըսեմ իրականութիւնը: Կ՛ուզէ՞ք, որ ձեզի ալ ըսեմ իրականութիւնը:
– Ի հարկէ պիտի ուզեմ, որ իրականութիւնը ըսէք ինծի:
– Նայեցէ՛ք, պարո՛ն, ձեզիպէսներուն տասէն վեցը կ՛ազատի, իսկ չորսը կ՛երթայ:
– Ո՞ւր կ՛երթայ:
– Անդի աշխարհ, անվերադարձ:
– Տոքթէօր, լաւ որ հակառակը չէ: Մնացողներու թիւը աւելի է:
Բժիշկին դէմքին վրայ զարմանքի արտայայտութիւն մը դրոշմուեցաւ:
– Պապա՛, ի՞նչեր կը խօսիս,- աղջիկս սարսափած էր:
– Դուրսը կը խօսինք, աղջի՛կս:
– Անմիջական գործողութեան պէտք ունիք: Թուղթի մը վրայ արձանագրեց գործողութիւն ընող բժիշկին անունը եւ կարգ մը քննութիւններ:
Յաջորդ օրն իսկ հանդիպեցայ գործողութիւն ընող բժիշկին եւ յանձնեցի պէտք եղած թուղթը:
Առաջին հարցում.
– Կը ծխէ՞ք:
Այո, տոքթէօր:
– Որքա՞ն ժամանակէ ի վեր:
– Յիսուն տարիներէ ի վեր:
– Ունեցած քաղցկեղի հիւանդութիւնդ ծխելէդ առաջ եկած է:
– Բայց տոքթէօր, ես շատ երկար տարիներէ ի վեր գլխացաւէ կը տառապիմ: Վերջի երկու տարիներուն դադրեցուցի ծխելը, որովհետեւ սիկարեթը գլխուս ցաւը կը սաստկացնէր, եւ երբ երկու տարի չծխեցի, այս հիւանդութիւնը երեւան եկաւ: Ըստ ինծի, չծխելս էր պատճառը:
Բժիշկը ժպտաց:
Հիւանդանոց փոխադրուեցայ: Առտու կանուխ արթնցուցին, պատգարակին վրայ պառկեցուցին եւ շատ արագ քշեցին դէպի գետնայարկը, ուր արդէն դահճանման մարդկային խումբ մը կը սպասէր: Ըսին, որ գործողութիւնը երկար պիտի տեւէ:
– Պիտի չթմրեցնէ՞ք:
– Անշո՛ւշտ, եւ երկար պիտի տեւէ ազդեցութիւնը:
– Ինծի համար կարճ կամ երկար միեւնոյնն է, քանի պիտի չզգամ ո՛չ ցաւ, ո՛չ ժամանակ: Կ՛արտօնէ՞ք, որ նախքան գործողութեան սկսիլը բան մը պատմեմ, քանի մը վայրկեան միայն:
– Հրամեցէ՛ք:
– Ինծի պէս մէկու մը գործողութիւն պիտի ընեն եղեր, բժիշկն ալ ձեզ նման երիտասարդ է եղեր: Երբ գործողութիւնը կ՛աւարտի, հիւանդը աչքերը կը բանայ ու զարմացած կ՛ըսէ «բժիշկին».
– Տոքթ., ի՜նչ պատահեցաւ ձեզի, որ այսքան ծերացաք: Սպիտակ մազեր, մօրուքը մինչեւ մէջքերնիդ…
«Շարունակէ քնանալ, շարունակէ: Ես քու բժիշկդ չեմ, ես Սուրբ Պետրոսն եմ»:
Բոլորը խնդացին եւ ըսին, որ առաջին անգամ է, որ կը խնդան նախքան գործողութեան սկսիլը:
Երբ քնացուցած էին զիս, զարմանալի երազ մը տեսայ:
Փապուղիի մը մէջն էի, դիմացի մայթին վրայ տեսայ քրոջս տղան, որ մահացած էր ահաւոր արկածով մը, նշան կ՛ընէր, որ քովը երթամ: Ո՛չ ըսի ու չգացի: Յանկարծ շոգեկառք մը սուրալով` դէպի իմ կողմս կը յառաջանար: Զգացի, որ ինծի պիտի քսուէր: Շոգեկառքը աւելի մօտեցաւ, պիտի տանէր զիս բզկտելով: Կռնակս ամուր պատին փակցուցի եւ փորս ներս քաշեցի: Երկար շոգեկառքը արագ մը սուլելով անցաւ` գրեթէ քսուելով:
Երբ տուն վերադարձայ ու հայելիին ակնարկ մը նետեցի, հազիւ կրցայ ինքզինքս ճանչնալ… Կատարեալ «Ֆրանքշթայն»-ի մը փոխուած էի: Կոկորդէս հանած էին բազմաթիւ ուռեցքներ, դէմքս ներսէն, դուրսէն պատռտուած եւ կարուած: Եթէ ազատէի, այս մէկը պիտի ըլլար ութերորդ անգամ մահուընէ ազատիլս: Ութն ալ իրար գերազանցող, սարսափելի: Իւրաքանչիւրը հրաշք կարելի է որակել: Ընթերցողը թոյլ թող տայ, որ միայն ութէն երկուքը պատմեմ հոս:
Հազիւ 14-15 տարեկան էի: Յաճախ կիրակի օրերը Պուրճ Համուտ կ՛երթայի հրացանովս եւ երբեմն ալ` առանց հրացանի: Կը միանայի ուրիշ որսորդներու, որոնք տարիքով ինձմէ շատ աւելի մեծ էին եւ կ՛ունկնդրէի իրենց որսորդական «արկածախնդրութիւնները»: Այդ կիրակի խմբակին մէջ կար տարիքոտ, կարճահասակ մարդ մը, որ կը պատմէր իր որսորդական «քաջագործութիւնները»:
Այդ օր սկսաւ պատմել, թէ ի՛նչ յաջողութիւններ էր արձանագրած: Ուրիշներ իրենց երկփողանի հրացաններով կը կրակէին ու կը կրակէին` ճակատամարտ մը ստեղծելով, առանց կարողանալու թռչուն մը իսկ որսալ: Իսկ ես գացած էի իմ 6 մմ. հրացանով, որ կոթ ալ չունէր: Կը թքնէի ու կը կրակէի, կը թքնէի ու կը կրակէի:
Այս մարդուկը մեր նշանաւոր գեղանկարիչ Շարթին հայրն էր, որուն սխրագործութիւնները չէին վերջանար:
Օր մը, երբ հին Տորայի ծովեզերքն էինք, ուր կար լճակ մը, որ գոյացած էր մօտը գտնուող կաշիի գործարաններէն թափած աղտոտ ջուրերով եւ շրջապատուած` անհամար եղէգներով: Շարթին հայրը դառնալով որսորդներու խմբակին` որսորդական դասախօսութիւն մը տուողի նման.
– Նայեցէք, տղա՛ք, շատ յաճախ բադեր կու գան եւ կ՛իջնեն այս եղէգներուն մէջ եւ կ՛անհետանան: Գիտէ՞ք` ի՛նչ պէտք է ընել կարենալ որսալու համար: Շատ պարզ է, նախ քարեր կը նետէք բադերուն իջած կողմը, եւ երբ կը թռչի, կը կրակէք: Բայց յաճախ բադը` խայտառակը դուրս չի գար եղէգներէն, այն ժամանակ տաբատնիդ վեր կը հաւաքէք եւ կամաց-կամաց կ՛ուղղուիք բադին իջած կողմը եւ երբ դուրս ելլէ եղէգներէն եւ փախչելու փորձ մը կատարէ, ճիշդ այն ատեն կը կրակէք:
Եւ այսպէս որսորդական դասախօսութիւնը վերջ գտաւ:
Քանի մը շաբաթ ետք, երբ այդ նոյն լճակին մօտերը կը թափառէի, յանկարծ տեսայ բադ մը, որ իջաւ եղէգներուն մէջ եւ անհետացաւ, ճիշդ այնպէս` ինչպէս մարդուկը նկարագրած էր: Ուրեմն, ես ինծի ըսի.
– Ո՞ւր կը պահուուտիս: Ես հիմա այդ քու թաքստոցէդ դուրս պիտի հանեմ եւ «հախէթ» պիտի գամ:- Եւ մարդուկին ըսածին պէս սկսայ քարեր նետել իր կողմը: Ոչ մէկ արդիւնք: Դիմեցի երկրորդ վճռական միջոցին:
Տաբատս վեր ոլորեցի, հրացանս ամուր ձեռքերուս մէջ սեղմած, գոհունակութեամբ սկսայ յառաջանալ դանդաղ քայլերով դէպի թռչունը: Հազիւ 10 – 15 քայլ առած` զգացի, որ չէի յառաջանար եւ ընդհակառակը ուղղահայեաց սկսած էի մխրճուիլ տիղմին մէջ:
Կանգ առի քանի մը րոպէ: Զգացի, որ դարձեալ կը մխրճուէի: Ահաւոր սարսափ մը ներխուժեց ամբողջ մարմնիս մէջ:
Որքան ճգնէի յառաջանալ դէպի ցամաք, այնքան աւելի կը սուզուէի: Կանգ առի: Անբացատրելի մտքեր սկսան խուժել գլխուս մէջ, երբ զգացի, որ մարմնիս երեք չորրորդը թաղուած էր ցեխին մէջ: Անշարժացայ: Չեղաւ: Փորձեցի յառաջանալ: Դարձեալ շարունակուեցաւ մխրճուիլս: Աստուած կանչեցի: Ոչ մէկ օգուտ: Կեանքիս վերջաւորութեան սկզբնաւորութեան էի: Մայրս, հայրս, տարօրինակ մտքեր կու գային եւ զիրար խաչաձեւելով` ուրիշ մտքեր, պատկերներ:
Սուզուիլս կը շարունակուէր: Թեւերս վեր բարձրացուցի ազատ պահելու անիմաստ մտքով: Ի՞նչ պիտի խօսէին մարդիկ: Բայց ոչ ոք տեղեակ պիտի ըլլար մարմնիս ուր ըլլալէն: Ոչ իսկ ես: Ողջ մեռած անձ մըն էի այլեւս: Կեանքի ու մահուան միջեւ, ողջ վիճակովս սկսայ երեւակայել մահս, որուն անյոյս յանձնուած էի…
Յանկարծ հրաշք-գաղափար մը խուժեց գլխէս ներս:
– Զաւէ՛ն, պիտի փրկուիս, պիտի ազատիս, կեանքիդ պիտի վերադառնաս, պլլուիր խուրձ մը եղէգներու, պառկեցուր, վրան պառկիր, ապա ուրիշ խուրձ մը եւ անոնց վրայ սողա՛:
Ամբողջ գերմարդկային ուժերովս սկսայ միացնել փոքր եղէգներ, պառկեցուցի, մօտիկ եղէգներ ձեռքերովս բռնեցի ու ամբողջ ուժովս սկսայ ինքզինքս դէպի վեր քաշել: Մարմնիս ազատ մասը գրեթէ վիզս եւ գլուխս էր մնացած:
Հրա՜շք- հրա՛շք, սկսայ կամաց-կամաց ձերբազատիլ տիղմէն, որ ինքն ալ իր կարգին կը քաշէր դէպի վար:
Յաջողեցայ մարմնէս որոշ մաս մը ազատագրել եւ այդ մասը պառկեցուցի եղէգներուն վրայ, մեծ ճիգով յաջողեցայ պառկեցնել ուրիշ խուրձ մը, ու սկսայ կամաց-կամաց սողալ անոնց վրայ եւ, այսպէս, գերմարդկային ուժով մը շարունակեցի սողալ ու յառաջանալ դէպի ցամաք: Մահս կը նահանջէր, կեանքս կը վերադառնար: Կրնաք երեւակայել մէկը, թէ ի՛նչ վիճակներու մէջ պիտի գտնուէր, երբ մահը ետին ձգած, կը խուժէր դէպի կորսուած կեանքը:
Ցամաք կոխեցի: Մահս անհետացած էր: Անհուն երջանկութիւն մը սկսաւ մարմնիս մէջ խաղալ:
Ամբողջ մարմինս, թեւերս ներառեալ, ծեփուած էր անբաղձալի ցեխով: Ինչպէ՞ս տուն պիտի վերադառնայի այդ վիճակով: Ծովը մօտ էր եւ ալեկոծ: Մտայ մէջը: Ալիքները կու գային եւ կը զարնուէին մարմնիս, իսկ ես հոլի մը նման կը դառնայի ալիքներուն մէջ, որ գոնէ քիչ մը մաքրուէի եւ այդպէս տուն վերադառնայի:
Բացարձակապէս չեմ յիշեր, թէ ինչպէ՛ս վերադարձայ տուն: Ոչ ոք անդրադարձաւ վիճակիս:
Ալեկոծ հոգեվիճակս պատճառ պէտք էր որ եղած ըլլար…
Անցնինք երկրորդին ու շարունակենք:
Սովորական հինգշաբթի օր մըն էր: Պէտք էր Թրիփոլի երթայի:
Տարի մը առաջ պր. տնօրէն` Ալեքսի Պութրոս, գեղարուեստի երկրորդ մասնաճիւղ մը բացած էր Թրիփոլի քաղաքին մէջ: Շաբաթը անգամ մը կ՛երթայինք դասաւանդելու: Տնօրէն ունենալով ճարտարագէտ Զարեհ Գափլանը եւ անձս: Յաճախ մեզի կ՛ընկերանար ֆրանսացի Քարոնը, ալքոլի հոտը անբաժան վրայէն:
Այդ հինգշաբթի առանձին էի բոլորովին: Կարմիր սփոր ինքնաշարժս կը սուրար դէպի Թրիփոլի: Ճամբու ընթացքին երջանկութիւն մը կը խլրտար մէջս: Մոնան` գեղեցկուհին: Դեղին մազերով, կանաչ աչքերով, յովազի նայուածքներով, որ քանի մը շաբաթէ ի վեր կը յաճախէր ակադեմիա:
Մոնայի ընթացքը հետզհետէ կը զարգանար անձիս նկատմամբ, որ անտարբեր ըլլալէ շատ հեռու էր: Երբ մտնէի ակադեմիայէն ներս, միշտ հոն էր, խորհրդաւոր նայուածքով մը ինծի կը սպասէր: Միւս ուսանողները նկատած էին, որ Մոնա մասնաւոր ջերմ հետաքրքրութիւն մը կը ցուցաբերէր անձիս հանդէպ եւ չարութեամբ կը փորձէին բամբասել զինք:
Դասապահէն հազիւ քառորդ ժամ անց կը բարձրանար իր յարկաբաժինը, որ երրորդ յարկն էր եւ հազիւ միւսներուն սրբագրութիւնները աւարտած` վար կ՛իջնէր: Կ՛ուզէր, որ ամբողջ ժամ մը ժամանակս իրեն յատկացնէի:
Այդ օր Մոնայի համբերութիւնը կարծես հատած էր եւ որոշած էր ինքզինք բացայայտել: Բայց ինչպէ՞ս:
Կիները Եւայի օրերէն իսկ խորամանկ եղած են, եւ Մոնա ժառանգած էր այդ մէկը: Շըվալէյին վրայ յաջորդաբար ցոյց տուաւ երկու գծագրութիւններ` ածխամատիտով գծուած: Սեւ, անճոռնի:
– Աս ի՞նչ գծագրութիւններ են, Մոնա՛: Մութ, սեւ, այսքան ածխամատիտ ո՞ւրտեղէն ճարեցիր,- ըսի կատակով:
– Պարո՛ն, կեանքը սկսած եմ սեւ տեսնել:- Լռեց, ձայնը խիստ խորհրդաւոր էր:
Ես ալ որպէս Ադամ` կատակով փորձեցի զոհը դառնալ իր կատակին ու հարցուցի ցած ձայնով.
– Մոնա՛, դուն երբեմն Պէյրութ չե՞ս այցելեր, որպէսզի կէսօր մը միասին ճաշենք:
Բացարձակ անյոյս կատակ մըն էր ըրածս:
– Այո՛, կ՛երթամ, ամուսինիս հետ:
Զգացի, որ Մոնա իր պատասխանին մէջ անկեղծ չէր: Ըրածը կնոջական սովորական «ճիլվէ» մըն էր, եւ ես երբեք մտածումը չունեցայ, որ թեթեւ առաջարկս կրնար լուրջ հետեւանք ունենալ:
Մութը կոխած էր արդէն, երբ դէպի Պէյրութ ուղղուեցայ: Ճամբան բնաւ չմտածեցի ըրած կեղծ առաջարկիս եւ իր կեղծ պատասխանին մասին: Քթիս տակէն երգ մը մրմռալով կը սուրայի: Խաւարին մէջ յանկարծ սուլոց մը լսեցի: Այդ սուլոցը շոգեկառքի սուլոց էր, որ հետզհետէ սկսաւ զօրանալ: Ոչ ճամբան լուսաւոր էր, ոչ ալ շոգեկառքը:
Սարսափեցայ: Շոգեկառքը կը շարունակէր սուլել: Անմիջապէս ոտքս կոխեց արգելակը… Աստուա՜ծ իմ… Ինքնաշարժս չէր կենար… Շոգեկառքին սուլոցը կը զօրանար հետզհետէ… Սարսափս կ՛աւելնար… Չեմ յիշեր` ի՛նչ դրդապատճառով ոտքս ընտրեց պենզինի ուրնակը ու ամբողջ զօրութեամբս կոխեցի վրան… Կա՛մ ինքնաշարժովս պիտի բզկտուէի եւ կա՛մ պիտի ազատէի… Քանի մը րոպէ ետք ետեւէս կը լսեմ շոգեկառքին անիւներուն չըկ-չըկոցը… Աստուա՜ծ իմ, դարձեալ ազատած էի…
Վերադառնանք Վակների մենամարտին:
Գործերս կը շարունակէի դասաւորել` միշտ մահուանս տեսիլքէն անբաժան:
Տխրութիւն մը կար դէմքիս վրայ: Բարեկամներս չէին համարձակեր հարցնել պատճառը եւ յաճախ անտեղեակ ձեւացնելով իրենք զիրենք, բայց իրենց դէմքի արտայայտութիւնը կը մատնէր իրենց ներքին մտահոգութիւնը:
– Լսեցիր Զաւէնին մասին, այնպէս չէ՞:
Եւ այս խօսքերը աւելի կը ծանրացնէին մտահոգութիւնս:
Եղբայրս, որ կորսնցուցած էր աջ ոտքը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, օր մը մօտս եկաւ ու`
– Զաւէն, այս «Տի.Վի.Տի.»-ն Վակների մէկ հրաշալի օփերան է: Միայն ձայն, պատկեր չկայ: Վակներ գրած է, երբ 27 տարեկան էր եւ կը փախչէր Անգլիա` տուրքերէն ազատելու յոյսով: Մանշի փոթորիկը ներշնչած էր զինք: Գլուխ գործոց մըն է:
Հակառակ որ առաջին անգամը չէր, որ կ՛ունկնդրէի Վակներ: Այս անգամ ալ առաւ ու տարաւ զիս ուրիշ աշխարհներ:
Կախարդուած էի եւ շատ չանցած` դարձայ Վակների գերին, ստրուկը:
Սկաւառակը միշտ իր տեղն էր: Ամէն տուն վերադառնալուս, անմիջապէս «Թռչող հոլանտացին» կը հնչէր: Կ՛ապշէի երաժշտական իւրաքանչիւր հանգրուանին: Ու ես կ՛ունկնդրէի կրկին ու կրկին, անգամ մը եւս, նորէն ու նորէն: Ժամանակ մը եկաւ, որ մտքէս կ՛ըսէի` կրկնէ անգամ մը եւս, կրկնէ՛, դարձեա՛լ կրկնէ: Կեցի՛ր: Շարունակէ՛: Թեթեւցի՛ր: Սինդա՛, բարձր, աւելի բարձր, հիմա մեղմացի՛ր:
Շատ չանցած` գոց սորվեցայ այդ երկուքուկէս ժամ տեւողութիւն ունեցող օփերան, որ զիս կ՛առնէր ու կը տանէր ուրիշ աշխարհներ, կը տանէր զիս առանձին իր հետ, մահուանս տեսիլը կ՛անհետանար, ամէն անգամ որ Վակներ կ՛երգէր:
Օր մըն ալ անդրադարձայ, որ մենամարտ մը սկսած էր Վակների եւ քաղցկեղիս միջեւ: Հակառակ որ մահուանս տեսիլը զօրաւոր էր, Վակներ կը յաջողէր տապալել զայն յաճախ: Սակայն, երբ հեռու էի տունէն, մահուան տեսիլը դարձեալ կը սողոսկէր մարմնէս ներս: Բացակայ էր Վակներ:
Բայց երբեմն կը պատահէր, որ երկուքը հանդիպէին իրարու: Կը պայքարէին, յաճախ կ՛իյնար մէկը, քիչ ետք` միւսը, եւ այսպէս կը շարունակուէր: Շատ յաճախ:
Օրերը կ՛անցնէին: Ու ես տակաւին ողջ էի: Այլանդակուած դէմքս սկսած էր կամաց-կամաց նախկին արտայայտութիւնը ունենալ: Վակներ կը շարունակէր նուագել: Անհաւատալի՛: Երաժշտութիւնը, որ վերացական արուեստ մըն էր, Վակներ` այս հրէշը, յաջողած էր մտածել ու գործադրել երաժշտութիւնը վերածել կրկնակ վերացականութեան, օգտագործելով ձայները` բարձր, մեղմ իրար խաչաձեւող, իրար զարնուող, իրար մէջ ձուլուող, բոլորովին նոր, անծանօթ, անբացատրելի աշխարհ մը ստեղծելով: Գուցէ անընդունելի, սակայն բոլորովին նոր ու անծանօթ աշխարհ մը, որուն պատճառով կարծէք մարդ արարածը կը ճեղքէր անհունը եւ կ՛ունենար խաբկանքը անհունի վերջաւորութեան…
Օր մը քաջութիւնը ունեցայ երթալու ցուցահանդէսի մը: Ծանօթ կին մը հարցուց.
– Ունեցածդ ճիշդ ի՞նչ է, Զաւէն:
– Քաղցկեղ, քանսեր: Չե՞ս նկատեր դէմքս: Կոկորդս պատռտեցին եւ չեմ գիտեր` որքան ուռեցքի կտորներ դուրս հանեցին կոկորդէս: «Ֆրանքշթայն»-ի վերածեցին դէմքս:
– Հա՛, ճիշդ Գարեգին վեհափառին պէս: Անոր ալ կոկորդէն այդպէս բաներ հանեցին եւ, աւելի՛ն, լեզուն ալ կտրեցին:
Ոչ միայն վիճակս բացատրեց ինծի, այլ` աւելի ուշ ըլլալիքս ալ:
– Աս ի՞նչ անփափկանկատ կին է եղեր: Միայն պակաս մնաց ըսելու, որ դուն ալ պիտի մեռնիս անտարակոյս:
Բայց երբ տուն վերադարձայ, զօրաւորագոյն դեղս առի: Սովորականին պէս Վակներ դարձեալ տապալեց իր թշնամին:
– Իմացանք, Խտըշեա՛ն, անցած ըլլայ: Հիմա ինչպէ՞ս էք:
Չէի խօսեր Վակների մասին` մտածելով, որ կրնայ այդ կինն ալ դասաւորէ զիս տեսակ մը արուեստագէտներու շարքին:
– Դժուար օրեր էին, տիկին: Փորձեցի ինքզինքս խաղաղեցնել: Յաճախ ինքզինքիս կ՛ըսէի` «Պետրոս Դուրեանի, Մեծարենցի պէս հանճարներ ապրեցան 21-22 տարիներ միայն, որուն կէսը մանկութիւն եղաւ: Իսկ ես իրենցմէ յարաբերաբար վեց, եօթն անգամ աւելի: Եւ այսպէս կը փորձէի մեղմացնել վիճակս:
Չեմ գիտեր` ի՛նչ մտածեց այդ կինը: Վստահաբար` ոչ ցուցահանդէսի կնոջ նման: