Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Բարի Լոյս 16 Յարատեւ Պայքար (ՀՅԴ 125-Ամեակ)

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Havatian_1112715ՀՅ Դաշնակցութեան յարգելի համակիրներ, բարեկամներ եւ սիրելի՛ ընկերներ,

Վաղը` կիրակի, 29 նոյեմբերին սկիզբ կ՛առնեն ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 125-ամեակի Լիբանանի ընտանիքին կազմակերպած ձեռնարկները: 125-ամեակի նշումը բնականաբար այժմէական նոր պատգամներու հարուստ հանգանակով մը կը ներկայանայ մեզի, եւ այդ պատգամներուն ճշգրիտ փոխանցումն ու ընկալումը իրենց կարգին մեր յառաջիկայ երթը յստակացնելու հիմնական նախադրեալներ են անտարակո՛յս: Հետեւաբար, 125-ամեակի նշումը կոչուած է դառնալու կարեւոր շրջադարձային հանգրուան մը ոչ միայն Դաշնակցութեան, այլեւ բովանդակ հայութեան պայքարի երթին համար:

Հայ կեանքը այսօր կը գտնուի մեծ մարտահրաւէրներու դիմաց: Բոլոր ժամանակներէն աւելի մեր պայքարը ընդարձակուած է, գործունէութեան դաշտերը անհամեմատօրէն բազմապատկուած են, իսկ դժուարութիւններն ու խոչընդոտները` աւելցած:

Վերանկախացած հայրենիքի մէջ պետականաշինութեան գործը ակնկալուած հեզասահ ընթացքը չի պարզեր: Երկրին ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններուն յաղթահարման առնչութեամբ տարուող աշխատանքները վստահութիւն չեն ներշնչեր: Հայրենիքէն արտագաղթի ծանրակշիռ իրականութիւնը խոր մտահոգութիւն կը պատճառէ հայ քաղաքական մտքին: Տակաւի՛ն, հակառակ առկայ ճիգերուն, կարելի չէ եղած տեսանելի կերպով արմատախիլ ընել փտածութեան ախտավարակ երեւոյթը, ինչ որ կ՛արգելակէ մեր հանրապետութեան բնականոն վերելքն ու յառաջընթացը: Այս օրերուն սահմանադրական փոփոխութիւններու գործընթացը տեղ մը յուսադրիչ նոր հանգրուանի մը սկիզբը կ՛աւետէ: Այս իմաստով հայրենի բովանդակ ժողովուրդը կը գտնուի պատասխանատուութեան բարձր պարտաւորութեան դիմաց: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար գերակշիռ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ սահմանադրական բարեփոխումներու բարեյաջող ընթացքը, եւ ան նախանձախնդիր է, որ հայրենի ժողովուրդը այս կարեւոր առիթը չփախցնէ:

Արցախեան բանակցային գործընթացը տակաւին չէ թեւակոխած վճռական փուլ: Այսուհանդերձ, անվարանօրէն կարելի է հաստատել, որ Արցախի պետականութեան կայացման գործին համահայկական զօրակցութիւն ապահովելու ճիգը օրէ օր կ՛արդիւնաւորուի եւ կը ստեղծէ խանդավառ մթնոլորտ` դառնալով վստահութեան վաւերական գործօն:

Այս բոլորին կողքին, սակայն, թշնամի ազրպէյճանցին, վերջին հանգրուանին, առանց թաքցնելու իր վաղեմի ախորժակները, կը փորձէ Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ կայունութիւնը խանգարել, անշուշտ միշտ ալ հանդիպելով հայոց բանակի զգաստ, ուժեղ եւ արթուն միջամտութեան, որ կ՛արգելակէ թշնամիին յառաջխաղացքը եւ մեր սահմանները կը պահէ անառիկ:

Կը նշենք ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեակը, երբ այս տարի համայն հայութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ներազգային եւ միջազգային ճակատներուն վրայ արձանագրեց մեծ նուաճումներ: Ցեղասպան թուրքը բաւական մտահոգ դարձաւ: Ծիծեռնակաբերդի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հռչակագիրի յայտարարութիւնը Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն տուաւ նոր որակ եւ տարողութիւն` մեր պահանջատիրութեան շուրջ միաւորելով բովանդակ հայութիւնը: Հետեւաբար, մեր պայքարը վերանորոգ յանձնառութեամբ եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն դէպի հատուցման հանգրուան անցնող համահայկական մեր երթը անխափան շարունակելու համար, նոր աշխատանքներու եւ յաւելեալ մարդուժի կարիքը շեշտակիօրէն կը դրուի  մեր դիմաց:

Տակաւի՛ն, համշէնահայութեան եւ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ զանգուածին նորօրեայ զարգացում ապրող կացութիւնները եւ իրավիճակները, ջաւախահայութեան տարրական իրաւունքներու ձեռքբերման օրակարգերը համահայկական ուշադրութեան առանցք դառնալու բոլոր տուեալներ ունին եւ  Դաշնակցութեան 125-ամեակին առիթով շեշտակի իմաստ ու նշանակութիւն կը ստանան:

Սփիւռքը իր կարգին իր դիմագրաւած նոր դժուարութիւններով, հայապահպանումի ու հայրենադարձութեան կարեւոր առաջադրանքներով, այժմէական նոր խնդիրներ եւ պարտաւորութիւններ կը դնէ մեր դիմաց: Աւելի՛ն, հայրենամերձ Միջին Արեւելքի գաղութներուն դիմագրաւած դժուարութիւններն ու տագնապները եւ յատկապէս սուրիահայութեան ճգնաժամը խոր մտահոգութեան մատնած են հայաշխարհը:

Այս բոլոր մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման, Դաշնակցութիւնը անգամ մը եւս պայքարի եւ գործի համընդհանուր անհրաժեշտութեան մէջ կու գայ նշելու իր հիմնադրութեան 125-ամեակը:

Այո՛, ըսած ենք եւ դարձեալ պիտի ըսենք, որ հաշուետուութիւնը է՛ ու կը մնայ մեր հաւաքական երթը դէպի կայուն ապագայ հունաւորող հիմնական գործօն, սակայն այս հանգրուանին անոր վրայ կու գայ աւելնալու հայ մարդուժի ամրակայման անհրաժեշտութիւնը, համահայկական օրակարգերու շուրջ հայ ժողովուրդի բոլոր շերտերուն հաւաքագրումը, ժամանակի մարտահրաւէրներուն դիմաց ժամանակակից գործելաոճի մասին մտածելու կենսական կարիքը, եւ աւելի՛ն` երիտասարդութիւնը մեր հաւաքական կեանքին ու իղձերուն աւելի հաղորդակից եւ մասնակից դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:

Վաղը` կիրակի, 29 նոյեմբերին, դաշնակցական զոհուած եւ մահացած ընկերներու հոգեհանգստեան արարողութեամբ ազդանշանը պիտի տրուի 125-ամեակի ձեռնարկներուն: Նահատակները մի՛շտ ալ մեր ապագայ երթը ուղենշող փարոս են եւ կը շարունակեն մնալ իբրեւ այդպիսին:

2 դեկտեմբերին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրին պիտի անսան հայ թէ տեղացի մեծ թիւով բարեկամներ, եւ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ տեղի ունենալիք պաշտօնական ընթրիքը պիտի վերածուի Հայ դատի նոր ծրագիրներուն շուրջ նիւթաբարոյական զօրակցութիւն ապահովելու կարեւոր առիթի: Ի յառաջագունէ վարձքը կատար այն բոլոր անհատներուն, որոնք անսացին Դաշնակցութեան հրաւէրին:

4 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ 125-ամեակի ժողովրդային կեդրոնական հանդիսութիւնը` «Պիել»-ի մէջ: Այս առիթով մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն` մեծով պզտիկով այս հանդիսութեան ներկայութիւնը ինքնին անգամ մը եւս պիտի գօտեպնդէ ոչ միայն կեդրոնական այս գաղութը, այլեւ համայն հայութեան հայեացքները յառած պիտի պահէ դէպի Լիբանան:

5 դեկտեմբերին ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեակին առիթով տեղի պիտի ունենայ երիտասարդական եւ ուսանողական միաւորներէն, ինչպէս նաեւ տարբեր կոմիտէութիւններէն երիտասարդներու երդման արարողութիւն եւ Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքը պիտի համալրուի թարմ ու խոստմնալից ուժերով: Երդման արարողութենէն ետք դաշնակցական ընկերները միասնաբար պիտի նշեն իրենց կուսակցութեան 125-ամեակը` ապրելով անցեալի քաղցր յուշերը եւ միասնաբար ու դաշնակցական անկեղծ զինուորի վեհանձնութեամբ դիմաւորելով դաշնակցական նուիրական գործի նոր հանգրուանը:

8 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ քաղաքական ընդունելութիւն եւ այս առիթով Կեդրոնական կոմիտէն իր խօսքը պիտի փոխանցէ նաեւ Լիբանանի պետական, քաղաքական, կուսակցական, ակադեմական, սենտիքայական եւ այլ շրջանակներուն:

ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեակի տօնը նախ եւ առաջ մեր ժողովուրդի տօնն է: Դաշնակցութեան անկեղծ ու հաւատարիմ համակիրին օրն է: Հայութեան պահանջատիրական երթին զսպանակման օրն է: Վերջապէս` համայն հայութեան յաղթանակի օրն է:

Բոլորս միասին, 4 դեկտեմբերին վերանորոգենք մեր պայքարի ուխտը, հպարտանանք մեր հաւաքական նուաճումներով, բիւրեղացնենք մեր մարտահրաւէրները եւ վերջապէս յարատեւ պայքարի հաստատ համոզումով վճռենք քալել դաշնակցական բազում անձնուրացներու բացած ուղիէն` նորօրեայ մեր պայքարը եւ գործունէութիւնը համալրելու նոր շունչով ու մարդուժով եւ ժամանակակից գործելաոճով, ի խնդիր հայութեան տեսլականներու իրագործման եւ վախճանական նպատակի յաջողութեան:

ՅԱՐԱՏԵՒ ՊԱՅՔԱՐ` ամբողջական հայութեամբ, ամբողջական Հայաստանի համար, մինչեւ ամբողջական յաղթանակ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>