Իննսունհինգ տարիներու պատմութիւն ունեցող «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը իր բժշկական, ընկերային եւ համայնքային ծառայութիւններու ընդմէջէն յաջողած է լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու կեանքերուն մէջ արմատական փոփոխութիւններ արձանագրել եւ հոն դրոշմել աստուածային սէրն ու ողորմածութիւնը:
Սակայն մարդասիրական եւ ընկերային ծառայութիւնները առաւել եւս կը դրսեւորուին, կ՛արժեւորուին եւ ծառայութեան աշխատանքը կը դառնայ համազգային, երբ մեր ազգի մէջ գտնուող կարգ մը անհատներ, որոնք անցնելով կեանքի դաժան պայմաններու ընդմէջէն, ճաշակելով տառապանք, անօթութիւն, զրկանք` իրենց անդուլ աշխատանքով ու ճակտի արդար վաստակով կը հասնին բարեկեցիկ կեանքի հանգստաւէտ պայմաններուն եւ քաջալերուած մարդասիրական առաքելութեան գաղափարէն` կ՛որդեգրեն մարդասիրական ծառայութիւնը, կը գործեն լուռ, առանց փոխադարձ ակնկալութեան եւ կը գոհանան կարիքաւորին ժպիտով եւ օրհնութեան խօսքերով:
Այս օրինակելի փաղանգի հազուագիւտ անձերէն մէկն է Բիւզանդ Գէորգեանը, որ ազգային-ընկերային կեանքին մէջ երկար տարիներ իր ներդրումը ունենալէ ետք, վերջին տարիներուն գեղեցիկ գաղափարը կը յղանայ ամսական դրութեամբ հարիւր հայ կարիքաւոր ընտանիքներու հայթայթել 100 հազար լ. ո. արժողութեամբ ուտեստեղէնի նպաստ, որպէսզի ամենակարիքաւոր ընտանիքներն անգամ առօրեայ կենսական սնունդէն զուրկ չմնան. եւ այսպէս, 2014 թուականի փետրուար ամիսէն սկսեալ «Գարակէօզեան» հաստատութենէն 20-25 ընտանիքներ ամսական դրութեամբ կ՛օգտուին այս նպաստէն:
Բիւզանդ Գէորգեան իր այս աստուածահաճոյ առաքելութեամբ, ոչ միայն նեցուկ կանգնեցաւ կարիքաւոր ընտանիքներու այլեւ ընկերային գործիչներու համար եղաւ մղիչ ուժը, որպէսզի առաւել եւս զօրանան իրենց առաքելութեան մէջ:
Ծառայութիւնը առաքելութիւն է, որուն վարձատրութիւնը Աստուծոյ ողորմածութիւնն ու օրհնութիւնն է. սակայն «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէնութիւնը իր սրտի պարտքը զգաց շնորհակալութիւն յայտնելու եւ ըստ պատշաճի գնահատելու անոր մատուցած այս սրբազան ծառայութիւնը:
Այս նպատակով, ուրբաթ, 10 յունիս 2016-ին հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, ընկերային ծառայող Քրիստին Սարգիսեան եւ գործի հայթայթման գրասենեակի պատասխանատու Ժանին Մարգարեան պաշտօնական այցելութեամբ տեսակցութիւն ունեցան Բիւզանդ Գէորգեանին հետ եւ զայն պատուեցին «Գարակէօզեան» հաստատութեան 90-ամեակի յուշանուէրով:
10 յունիս 2016
Պէյրութ