Շաբաթ, 11 յունիս 2016-ին Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարանի յարկին տակ տեղի ունեցաւ վարժարանի 17-ամեայ «Երազ» թատերախումբի ստեղծագործական եւ դերասանական կազմի անդամներուն հանդիպումը: Առիթը` 2016-ի ապրիլ 1-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ կայացած, Ռոպերթ Առաքելեանի «Կատակը ցոյց կու տայ հոգիին յատակը» թատերախաղի խտասալիկը դիտելն ու քննարկելն էր, նախաձեռնութեամբ` վարժարանի տնօրէն Սեդա Գարակէօզեանի:
Ներկայացման դերակատարները` ուսուցիչ եւ աշակերտ, առիթ ունեցան դառնալու հանդիսատեսը իրենց իսկ խաղարկութեամբ կայացած թատերախաղին, վերագնահատելով իրենց աշխատանքը հաւաքական ակնդրութեամբ, խորհելով, հրճուելով ու գործնականօրէն բացայայտելով թատերական արուեստին կապուած բազում գաղտնիքներ:
«Երազ»-ի գեղարուեստական ղեկավար եւ բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան` անդրադառնալով սոյն նախաձեռնութեան, հաստատեց, որ այդ նախաձեռնութիւնը ամավերջեան քննութիւններու շարքին այն իւրօրինակ քննութիւնն է, որուն գնահատականը անկասկած խթան կը հանդիսանայ «Երազ»-ի հետագայ աշխատանքներուն յաջողութեան: Ակնդրութեան աւարտին, հիւրասիրութեան սեղանին շուրջ հնչեցին անկեղծ կարծիքներ, ապա յաջորդ թատերախաղին մէջ երազած դերն ստանալու եռանդուն փափաքով, դերակատարները հեռացան` պատրաստուելու ամավերջի քննութիւններուն:
ԹՂԹԱԿԻՑ