Ա. ՄԻՍԻՍԵԱՆ
12 մայիս 2016-ը անմոռանալի օր մը պիտի մնայ ամբողջ աշխարհի մելգոնեանցիներուն, բայց մասնաւորաբար Լիբանանի մելգոնեանցիներուն համար, որոնք մեծարեցին իրենց սիրելի ուսուցիչը, տնօրէնը, հմուտ պատմաբանը, իւրայատուկ մանկավարժը, բարձրարժէք հայ կինը, մէկ խօսքով ազնուական հայ մարդը` Ագապի Նասիպեան-Էքմեքճեանը:
ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի սրահն ու միջանցքները ողողուած հին մելգոնեանցիներու պայծառ յիշողութիւններով: Ոմանք նոյնիսկ կանուխ հասած էին, որպէսզի աւելի շատ ժամանակ ունենային ըլլալու օրուան մեծարեալին հետ:
«Անմահ լուսոյ»-ի խմբային կատարումէն ետք, հանդէսին բացումը կատարեց ՄԿՀ Սանուց միութեան Լիբանանի վարչութեան ատենապետ Արմէն Իւրնէշլեան: Ան իր խօսքը կառուցեց «Ամէն բնական մարդ արարած խիղճ ունի» հասկացողութեան շուրջ: Ըստ անոր, խիղճ ունին նաեւ անշունչ կառոյցները, մանաւանդ անոնք, որոնք առնչուած են հոգեւոր ու ոգեկան ոլորտի հետ: Այսօր խղճի ճիչ կը լսուի Մելգոնեանի շէնքերէն ու ծառերէն: Ա. Իւրնէշլեան Մելգոնեանի խիղճը նկատեց Ագապի Նասիպեան-Էքմեքճեանը, որ հայու եւ մելգոնեանցիի հարազատ տիպարն է եւ գիտէ հրճուիլ ու հպարտանալ բարիով ու գեղեցիկով, որուն խորթ է մարդկային ամէն յոռի կեցուածք. «Ան ազնուական անձ մըն է, ամբողջական հայ մը եւ բոլորանուէր մելգոնեանցի մը», եզրափակեց Ա. Իւրնէշլեան:
Ագապի Նասիպեան-Էքմեքճեան մանկավարժին մասին խօսեցաւ Անժէլ Միսիսեան, որ բարձր գնահատելով անոր մարդկային, մտաւորական արժանիքները` անդրադարձաւ անցեալ դարու 50-60-ական թուականներուն, երբ տիկին Ագապին որպէս ուսուցչուհի կը պաշտօնավարէր Մելգոնեանի մէջ: Միսիսեան անսպառ յիշողութիւններ ունէր այդ օրերէն, երբ ինք աշակերտ էր Մելգոնեանի մէջ եւ եղած էր այն բախտաւորներէն, որոնք իրենց ուսումնառութեան ամբողջ վեց տարիներուն ընթացքին որպէս ուսուցիչ ունեցած էին տիկ. Ագապին: Ա. Միսիսեան շեշտեց յատկապէս դասաւանդման այն իւրայատուկ մեթոտը, զոր որդեգրած էր այդ օրերուն օրիորդ Ագապի Նասիպեանը: Ան յիշեց, թէ ինչպէ՛ս իրենց ուսուցչուհին մարդկային բոլոր հնարամտութիւնները կը գործածէր նիւթը աշակերտներուն ըմբռնելի դարձնելու համար: «Անիկա գիտէր սրբազան քուրմի մը պէս առաջնորդել մեր գիտութեան ծարաւ հոգիները դէպի հոն, ուր ինք կը փափաքէր»:
Պէտք է ըսել, որ յուշերը երբեմն կը կորսնցնեն իրենց թարմութիւնն ու կենդանութիւնը` վերածուելով չոր փաստական տպաւորութիւններու: Այդպէս չեն եղած երբեք տիկին Ագապիէն փոխանցուած ապրումները. ժամանակը յղկած է զանոնք, փայլ ու իմաստ տուած է անոնց, ու ամէն մելգոնեանցի, որ ունի այդ ապրումները, ինքզինք հպարտ ու հարուստ կը զգայ անոնցմով: «Իր բոլոր բացատրութիւնները գիտականութեան դրոշմը կը կրէին, ու ամէն հաստատում պատճառաբանուած էր իր կողմէ», ըսաւ Ա. Միսիսեան: Իւրաքանչիւր յիշողութիւն, դէպք, դրուագ, որ կը վերյիշէր Ա. Միսիսեան, կը ջանար անոնց ընդմէջէն վեր հանել բծախնդիր ու խստապահանջ ուսուցիչի, ազնուական ու նուիրեալ հայուհիի այն որակները, որոնց տէրն էր իրենց ուսուցչուհին:
2005 թուականին, երբ փակուեցաւ Մելգոնեանը, ցնցուեցաւ հոգին ամբողջ հայութեան, բայց մանաւանդ` աշխարհացրիւ մելգոնեանցիներուն, որոնք այդ արարքը նկատեցին ազգային դասալքութիւն ու ոգի ի բռին պայքար մղեցին անոր վերաբացման համար: Սուր շարժեցին բոլորը, մելգոնեանցին ու ոչ մելգոնեանցին, որովհետեւ բոլորին հոգիին մէջ փլած էր ազգային բարձրարժէք կառոյց մը: Այդ առիթով գրեց նաեւ Ագապի Էքմեքճեանը: Բայց որքան զուսպ, որքան անկիրք, որքան տրամաբանական ու համոզիչ շեշտով մը, ու անոր խօսքը իր այդ յատկանիշերուն իսկ պատճառով մնաց ամէնէն ծանրակշիռը: Թէեւ չվերաբացուեցաւ Մելգոնեանը, բայց տիկ. Ագապին մնաց խորհրդանիշը Մելգոնեանին, մէկը` անոր անցեալի փառքը կերտողներէն ու անմխիթար ականատեսը անոր անշուք մահուան:
Ան եղած էր նաեւ սատարողը ՄԿՀ Լիբանանի Սանուց միութեան հիմնադրութեան, որուն առաջին վարչութիւնը կազմուած էր 1987-ին: Ան մօտէն հետեւած էր այդ միութեան աշխատանքներուն ու քաջալերած էր ամէն ձեռնարկ: Այսօր չկայ Մելգոնեանը, բայց կան մելգոնեանցիները, կայ Սանուց միութիւնը, որ կանոնաւոր կերպով կը գործէ` ի հեճուկս թերահաւատներու: Այս միութիւնը նպատակ դարձուցած է նաեւ` մեծարել լուսաւոր փաղանգը մելգոնեանցիներուն, որոնք հետք մը ձգած են իրենց ժողովուրդի մշակութային տարեգրութեանց մէջ, եւ յետոյ` յաւերժացնել յիշատակը իրենց սիրելի վարժարանին: Վերջին վեց տարիներուն մեծարանքի արժանացած են վեց մելգոնեանցիներ` Զարեհ Մելքոնեան (բանաստեղծ, մտաւորական), Նիկողոս Թահմիզեան (երաժիշտ), Վահրամ Մավեան (գրող), Թորոս Թորանեան (գրող, մշակոյթի գործիչ), Վարդան Թաշճեան (մանկավարժ, նկարիչ) եւ Ագապի Նասիպեան-Էքմեքճեան (մանկավարժ, պատմաբան):
Տիկ. Ագապին հաւատացողն էր հայեցի դաստիարակութեան ու այդ առումով Մելգոնեանի կատարելիք դերին: Բարերարներուն աւանդն էր` ազգին վրէժը լուծել ուսեալ նոր սերունդներ պատրաստելով, ու այդ նպատակին համար կառուցուած Մելգոնեանը 80 տարիներ ծառայեր էր իր նպատակին: Բայց ի՞նչ չափանիշներու համաձայն պէտք էր ճշդել աւարտը Մելգոնեանի առաքելութեան: Ըստ Ա. Միսիսեանին, Մելգոնեանը անհրաժեշտութիւն մըն էր սփիւռքի համար, այնքան ատեն որ մեր ազգային արժէքները կլանող սփիւռք-հրէշը գոյութիւն ունի:
Ա. Էքմեքճեան իր գրիչը, իր մտաւորականի դիրքը, իր ընկերային ծանօթութիւնները եւ բոլոր այլ միջոցները ի գործ դրած էր, որպէսզի տարհամոզէ ղեկավարութիւնը, բայց բոլոր ջանքերը ապարդիւն մնացին: Ան ամէն առիթով կը խօսէր Մելգոնեանի փակումով կիպրահայ գաղութին մէջ ստեղծուած ազգային-մշակութային բացին մասին ու ցաւ կը յայտնէր անմխիթար երեւոյթներու դիմաց:
Ա. Միսիսեան իր ելոյթը եզրափակեց հետեւեալ խօսքերով. «Սիրելի՛ տիկ. Նասիպեան-Էքմեքճեան, դուք ապրեցաք, գործեցիք, խօսեցաք այնպէս, ինչպէս վայել է հայ կնոջ: Ի վերուստ ձեզի տրուած բոլոր շնորհները շռայլօրէն բաշխեցիք ու դարձաք հեղինակութիւն ձեզ ծնող ժողովուրդին համար: Ձեր ուժը ձեր հոգիին մէջ է, անիկա իր ներշնչումը կը ստանայ ազգասիրութեան ու մարդասիրութեան ակունքներէ եւ իբրեւ բարիք կը բաշխուի ազգին ու մարդկութեան: Ձեր վաստակը խաչքարի մը հանգոյն փորագրուած է ձեզ սիրող մելգոնեանցիներուն ու հայ ժողովուրդին հոգիին մէջ, ու ոչինչ կրնայ խաթարել անոր ապառաժեայ գեղեցկութիւնը»:
Յաջորդ ելոյթը շուիի վրայ նուագն էր Նաթաշա Թոփաքեանի: Սայաթ Նովայի «Յիս քու ղիմէթըն» եւ «Քամանչա» երգերու կատարումով ան հմայեց ներկաները:
Յաջորդ խօսքը կը պատկանէր Պարոյր Աղպաշեանին, որ պիտի ներկայացնէր պատմաբանը: Ագապի Նասիպեան-Էքմէքճեանի դոկտորական աւարտաճառը իբրեւ նիւթ ունէր «Բրիտանիա եւ Հայկական հարցը 1915-1923»: Պ. Աղպաշեան նախ բացատրեց, թէ ի՛նչ է Հայկական հարցը, որ պատմութեան ամբողջ ընթացքին մնայուն կերպով ընկերակիցը եղած է հայ ժողովուրդին: Այս գիրքը լոյս տեսած է 1984 թուականին` դառնալով «Իւրօրինակ չհինցող դասագիրք» ամէն հայու սեղանին:
Ըստ Աղպաշեանին, բացառիկ է գիրքը, որովհետեւ գրուած է պատմաբանի սուր հմտութեամբ ու ճշգրիտ առարկայականութեամբ, ունի փաստագրական բովանդակութիւն` հիմնուած ըլլալով ընդհանրապէս եւրոպական եւ մասնաւորաբար անգլիական արխիւներու վրայ: Իսկ իւրայատուկ է գիրքը, որովհետեւ հեղինակը յաջողած է ինքնուրոյն վերարժեւորումներ կատարելով` հասնիլ պատմական համոզիչ եզրայանգումներու: Դոկտ. Նասիպեան իր պատմաբանի խորասոյզ հայեացքը առաւելաբար ուղղած է անգլիական ձեռագիրներու եւ փաստաթուղթերու, որոնք արժէքաւոր նիւթեր կը պարունակէին Հայկական հարցին վերաբերեալ: Գիրքը կազմող գլուխներն են.
1) Բրիտանիա եւ Հայկական հարցը` Համաշխարհային Ա. պատերազմի նախօրեակին,
2) Հայանպաստ մարդասիրական շարժումը մինչեւ 1918
Ա.- Հոգածու դէմքեր,
Բ.- Քաղաքական ճնշումի խումբեր,
Գ.- Նպաստամատոյց կազմակերպութիւններ,
3) Բրիտանական շահեր եւ Հայկական հարցը` պատերազմի ընթացքին,
4) Բրիտանական երկընտրանքներ. Մուտրոսէն Սեւր,
5) Պատրանքներ. Սեւրէն Լոզան,
6) Հայանպաստ մարդասէրներուն յուսախաբութիւնը` 1918-էն ետք:
Այս խորագիրները ցոյց կու տան, թէ որքա՛ն լայն ընդգրկում ունի դոկտ. Նասիպեանի տեսադաշտը, ուր պատմական դէպքերը կը շարայարուին մեծապետական շահերու թելադրանքով: Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն հայ ժողովուրդը յուսադրած ու շահագործած, ապա զայն լքած եւ ուրացած «Մեծերուն արարքը այսօր դասեր կը փոխանցեն մեզի, ու դոկտ. Նասիպեանին գիրքէն կը բխի հրամայական մը` յոյս չդնել օտարին վրայ»:
Գիրքը ունի ծանօթագրութիւններու բաժին, մատենագիտութեան ցանկ եւ անուններու բաժին: Պ. Աղպաշեան ըսաւ, թէ` «Բրիտանիա եւ հայկական հարցը 1915-1923» պատմագիրքը նոր էջ մըն է հայ-բրիտանական յարաբերութիւններու ուսումնասիրութեան մէջ, իսկ դոկտ. Նասիպեան-Էքմեքճեանին եզրայանգումները անաչառ են ու առարկայական:
«Հայ ժողովուրդը երախտապարտ պէտք է ըլլայ դոկտ. Ագապի Նասիպեան-Էքմեքճեանի ձեռնհասութեամբ տաղանդաւոր պատմագէտ- պատմաբան մը ունենալուն համար», այս գաղափարով եզրափակեց իր խօսքը Պարոյր Աղպաշեան:
Շարունակուեցաւ գեղարուեստական բաժին` Նաթալի Աբովեանի «Տլէ եաման» երգի կատարումով տուտուկի վրայ, իսկ Նանոր Տէր Սարգիսեան ներկայացուց կոմիտասեան շարան մը` քանոնով:
Թուխիկ Աւետիսեան ներկայացուց երկու ասմունք` Պարոյր Սեւակի «Մայրենի լեզու» եւ Վահան Թէքէեանի «Հաշուայարդար» բանաստեղծութիւնները:
Զուտ հայաշունչ այս ելոյթներէն ետք բեմ բարձրացաւ մեծարեալը` Ագապի Նասիպեան-Էքմեքճեանը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սանուց միութեան իրեն ընծայուած մեծարանքին համար` ըսելով. «Մեծարանք կամ յարգանք չեմ ընդունիր անձիս համար, ինչ որ ըրած եմ, հոգեկան գոհունակութեանս, հոգեկան հաճոյքիս համար է, որ ըրած եմ: Շնորհակալութիւն պէտք է յայտնել բոլոր անոնց, որոնք հաւատացին Մելգոնեանի առաքելութեան ու վառ կը պահեն Մելգոնեանի ոգին: Յարգա՛նք մեր ծնողներուն, որոնք Մելգոնեանը ընտրեցին մեր ուսման համար, եւ անմնացորդ յարգա՛նք մեր պաշտելի բարերարներուն` Մելգոնեան եղբայրներուն: Անոնք Կեսարիոյ աղքատ թաղերէն սերած եղբայրներ էին, որոնք իմաստութիւնը ունեցան ազգի որբերուն նուիրելու Մելգոնեանի նման վարժարան մը, որպէսզի վրէժ լուծեն թուրքէն:
Բարերարներուն նպատակն էր «Հայ մարդուժ պատրաստելով հայ դպրոցի մէջ` յաւերժացնել հայութիւնը»: Ու այդ սրբազան նպատակին համար անոնք նուիրաբերեր էին իրենց ամբողջ ունեցածը, անմնացորդ կերպով»: Ան յուզումով անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ ինչպէս 1911-ին Երիտթուրքերու մէկ գաղտնի ժողովին որոշում կայացեր էր, որ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւնները կրնային պահել իրենց կրօնը, բայց` ոչ իրենց լեզուն: Ուրեմն ժողովուրդ մը ոչնչացնելու հզօրագոյն միջոցը զայն զրկելն է մայրենի լեզուէն: Հետեւաբար բարերարները կը ձգտէին ստեղծել միջավայր մը, ուր հայ պատանիները կրնային սորվիլ մայրենին:
Ա. Էքմեքճեան մէջբերեց բարերարներու մէկ խօսքը, որ յիշուած է գրութեան մը մէջ, ստորագրուած` Աղեքսանդրիա, 1924 յունուար 29-ին. «Կը փափաքիմ, որ կրթական այս հաստատութիւնները տեւեն դարէ դար եւ ըլլան լուսաւորութեան վառարաններ»: Ցաւալի է, որ անոնց այդ փափաքը իրականութիւն չդարձաւ ու առաջին ութսունամեակը դեռ չբոլորած` դարձան լուռ ու ամայի վայրեր:
Աւարտելէ առաջ իր խօսքը` Ագապի Նասիպեան-Էքմեքճեան յիշեց զինք ամէնէն աւելի տպաւորած մելգոնեանցին` Ստեփան Մկրտիչեանը: Ստեփանը Յունաստանէն էր, որբ ու աղքատ: Մելգոնեանի առաջին դասարանի աշակերտ էր այդ տարի ու իրենց որպէս անգլերէնի ուսուցիչ նշանակուած էր Ագապի Նասիպեանը: Ստեփանը ոչինչ գիտէր ու ուսուցչուհին յատուկ կերպով կը զբաղէր անոր ուսումով, մասնաւորաբար անգլերէնով: Այդ տարի դպրոցին մէջ կը բեմադրուի հատուած մը Վիքթոր Հիւկոյի «Թշուառները» վէպէն: Կը ներկայացուի այն հատուածը, ուր Ժան Վալ Ժան աւազակը 19 տարուան բանտարկութենէ մը նոր ազատած էր: Ան բանտարկուեր էր, որովհետեւ հաց գողցած էր իր անօթի քրոջը եւ անոր ընտանիքին համար:
Միւրիէլ եպիսկոպոսը ապաստան կու տայ անոր իր բնակարանին մէջ, մինչ ան կը գողնայ եպիսկոպոսին արծաթեղէնները ու կը փախչի: Ոստիկանները կը հետապնդեն զայն, կը ձերբակալեն ու կը բերեն եպիսկոպոսին տունը: Միւրիէլ մեծ ներողամտութեամբ կ՛ըսէ ոստիկաններուն, թէ արծաթեղէնը Ժան Վալ Ժանին են, ու անոր կը պատկանին նաեւ մոմակալները, զորս Ժան Վալ Ժան մոռցած է հետը վերցնելու: Աւազակը անակնկալի կու գայ եպիսկոպոսին այս խօսքերէն ու երկարօրէն կը խոկայ անոնց մասին:
Վեց տարիներ ետք Ժան Վալ Ժանին կը հանդիպինք որպէս պրն. Մատլեն, ան դարձած էր գործարանատէր, բարերար ու քաղաքի մը քաղաքապետը:
Մելգոնեանի մէջ ներկայացուած հատուածին մէջ Ժան Վալ Ժանի դերը կատարած էր Ստեփան Մկրտիչեանը: Այդ օրերուն դէպի Քայրինիա կատարուած պտոյտի մը ընթացքին անգլերէնի ուսուցչուհին կը մօտենայ Ստեփանին ու կ՛ըսէ, թէ շատ լաւ խաղացած էր իր դերը: Ստեփան կը պատասխանէ` «Կեանքս խաղացի»: Այս իր կեանքը խաղացող Ստեփանը, որուն մազերը միշտ ճակատին թափած էին, որ բարձրաձայն կը խօսէր ու ոչինչ գիտէր, շնորհիւ իր կարգ մը ուսուցիչներուն Պերճ Սանտրունիին, Սեպուհ Աբգարեանին եւ անշուշտ Ագապի Նասիպեանին, յաջորդ տարի կը դառնայ դասերուն մէջ շատ լաւ ու կարգապահ աշակերտ մը: Ցաւալի է սակայն, որ անբուժելի հիւանդութիւնը զգետնեց այդ խոստմնալից տղան, որ ոչ միայն լաւագոյնը դարձաւ դասերուն մէջ, այլեւ կը գծէր, կ՛ասմունքէր ու կ՛երգէր նաեւ:
Ստեփանը բուժուելու համար ղրկուեցաւ Փարիզ ու վերջին անգամ անոր հանդիպեցաւ այդ ամառ Փարիզ գացած Ա. Էքմեքճեանը: Ստեփանը ըսաւ անոր. «Մի ըսէք, որ սրունքներս կտրուած են, միակ փափաքս է համալսարան յաճախել, կեանքը ծաղիկ մըն է, սէրը` անոր մեղրը»: Ստեփանը կը մահանայ քանի մը ամիս ետք:
Ստեփանին պատմութիւնը մեծ յուզումով պատմեց Ագապի Նասիպեան-Էքմեքճեանը` վարակելով նաեւ ներկաները, որովհետեւ Ստեփանը եղեր էր իրենց դասընկերը կամ իրենց ժամանակակից աշակերտ մը ու անոր հետ կապուած յուշեր ունէին շատերը:
Մեծարանքի այս հանդիսութիւնը կը զուգադիպէր Մելգոնեան կրթ. հաստատութեան 90-ամեակին: Լիբանանի Սանուց միութիւնը մեծ շուքով տօնեց իր 80-ամեակը: Ա. Էքմեքճեան իր խօսքին սկիզբը ըսեր էր, որ մեծարանք չէր ընդուներ, եթէ ուղղուած ըլլար իր անձին, այլ կ՛ուզէր, որ մեծարուէին Մելգոնեանն ու բարերար եղբայրները եւ բոլոր անոնք, որոնք իմաստ տուին անոնց երազին: Արդարեւ, Մելգոնեան ընտանիքը բազմաշերտ ամբողջութիւն մըն է մարդկային հոգիներու ու անշունչ իրերու: Ամրանիստ շէնքերը կը խորհրդանշեն դարերուն երկարող երազը զոյգ եղբայրներուն, մինչ իւրաքանչիւր ծառ ու ծաղիկ, քար, պատ թէ փոքր ածու կ՛արձագանգեն դեռ ճիչը մեր առաջին որբերուն: Այդ ճիչը թող մնայ վերջին վկայութիւնը որբերուն, իսկ որբերը մնան որբացած վերջին սերունդը ազգին:
Ագապի Նասիպեան-Էքմեքճեանին մեծարանքի երեկոն վերջ գտաւ խառն զգացումներու ալիքներու տակ: Ուրախ եւ գոհ էին բոլորը, որովհետեւ արժանին մատուցեր էին իրենց սիրելի ուսուցչուհիին, բայց նաեւ տխուր էին, որովհետեւ չկար այլեւս Մելգոնեանը: