Սուրբ Հոգի համալսարանի փիլիսոփայութեան, մարդկային եւ քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ գիտական համաժողով մը` «Լիբանանեան ներկայութիւնը աշխարհի մէջ» խորագիրով: Գիտական նիւթերը կ’ընդգրկէին մշակոյթ եւ այլազանութիւն, պատկանելիութիւն եւ ազատութիւն, ինչպէս նաեւ` խաղաղութիւն եւ մարդկային իրաւանց հարցեր, եւ այս բոլորը` լիբանանեան տեսադաշտէն: Երկու օրերու վրայ երկարած գիտաժողովին ներկայացուեցան տասնչորս թեզեր:
Այլ զեկուցողներու կողքին, դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան` ընդհանուր քարտուղարը Աստուածաշունչի Արաբական Ծոցի երկիրներու, ներկայացուց «Մշակութային ինքնութիւն, գոյակեցութիւն ու համարկում եւ ուրիշին հասկացողութիւնը» նիւթը (անգլերէն լեզուով)` մեկնելով հայկական եւ լիբանանեան, լիբանանահայու տեսադաշտէն:
Դոկտ. Ճէպէճեան իր դասախօսութեան մէջ նաեւ ներառեց անձնական վկայութիւնը եւ, մեկնելով իր լիբանանեան ու հայկական ինքնութիւններէն, զանոնք միացնող «օղակը» համեմատեց «վերապրելու» հրամայականին հետ: Հայկական ինքնութեան պարագային ան իր տեսակէտը ներկայացուց իբրեւ Ցեղասպանութենէն վերապրած երրորդ սերունդի մէկ ներկայացուցիչ, բայց նաեւ` որպէս լիբանանցի, որ 1975-1990 տարիներու քաղաքացիական պատերազմը ապրած է, լուսարձակի տակ առնելով նաեւ մինչեւ օրս Միջին Արեւելքի բազմազան եւ բազմատեսակ շրջանային տագնապները: Այս բոլոր փորձառութիւններու մէջէն ան մէկ կողմէ վեր առաւ «վերապրելու» իրականութիւնը, միւս կողմէ` շեշտը դրաւ ասոր խթան հանդիսացող յոյսի գիտակցութեան վրայ, որ անհրաժեշտ է ապագային համար:
Հ. Ճէպէճեան վեր առաւ ցաւին ստեղծած յոյսի կեանքը, որ` «կը խթանէ անհատը աւելի ուժգին կառչելու կեանքին եւ ապրելու զայն»: Ան դիտել տուաւ, որ այս ցաւը ծնունդ կու տայ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւններուն, եւ որ կ՛առաջնորդէ մարդը աւելի հասունացման, փորձառութիւններու ձեռք բերման, ինչպէս նաեւ կը մղէ զայն աւելի ստեղծագործ կեանք մը ապրելու: Ան շեշտեց, որ մշակոյթը կ’իմաստաւորէ կեանքը, որովհետեւ ապրելու հիմք կը ստեղծէ մարդուն մէջ: Անկէ ետք անդրադարձաւ լիբանանահայուն եւ Լիբանանի մէջ անոր սփիւռքեան իրավիճակին` սկսելով Ցեղասպանութենէ ճողոպրած տարագրեալ հայուն հաստատումէն` հասնելով մինչեւ այսօրը: Ան վեր առաւ հայուն համարկման տարբեր իրավիճակները 1915-էն մինչեւ այսօր` ներկայացնելով հայկական ապրուած կեանքին փոխուող իրականութիւնները Լիբանանի մէջ: Ան մատնանշեց 1975-1990 քաղաքացիական պատերազմի տարիները, երբ հայկական գաղութը որդեգրեց «դրական չէզոքութիւնը», որ միայն քաղաքական կեցուածք չեղաւ, այլ նաեւ` դաստիարակութիւն մը, որուն ընդմէջէն ամբողջ սերունդ մը մեծցաւ հաւասարակշռութիւն մը գտնելով իր հայկական եւ լիբանանեան ինքնութիւններուն միջեւ: Ապա անդրադարձաւ ներկայ օրերուն, երբ Լիբանանի մէջ հայուն համարկումը եղաւ շատ աւելի արագ, քան` պատմութեան սկիզբը, նշելով, որ այսօր հայը շատ աւելիով ներգրաւուեցաւ տեղական իրականութեան մէջ` քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական տարբեր ոլորտներու մէջ:
Բանախօսը անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումներուն եւ յատկապէս հայ նոր սերունդին աշխուժ մասնակցութեան` կազմակերպուած բոլոր նախաձեռնութիւններուն: Ան այս վիճակը կամրջեց ներկայ օրերուն «համաշխարհայնացման» եւ անոր հակադրուող «տեղայնացումը» իրականութիւններու: «Համաշխարհայնացումը, որ ներկայիս կը սպառնայ ազգային ինքնութեան եւ անոր ուրույնութեան պահապանման, իր դէմը գտաւ տեղայնացման, որ յառաջ կը քշէ քաղաքական ինքնութեան մը հասկացողութիւնը», ըսաւ ան: «Մարդիկ այս օրերուն սկսած են շատ աւելի փնտռել իրենց անձնական պատմութիւնը: Երբ մէկ կողմէ ազգային գիտակցութիւն հասկացողութիւնը կը տարտղնուի, բայց անոր դիմաց կը ցցուի անհատին ինքնութեան տարբերակին փնտռտուքը: Եւ հայ նոր սերունդին զանգուածային մասնակցութիւնը Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներուն նաեւ պէտք է տեսնել այս ներկայ տուեալներուն իրականութեանը մէջէն»:
Հ. Ճէպէճեան շեշտը դրաւ Պէյրութ քաղաքի «ուժական» նկարագիրին վրայ, որ առիթ կու տայ անհատին «բացուելու» կեանքին եւ ապրելու «ուրիշին» հետ, որ տարբեր է: Եւ այս տարբերը կը ստեղծէ համակեցութեան մշակոյթ մը:
Դոկտ. Ճէպէճեան իր դասախօսութեան վերջին մասով դարձեալ կամրջեց «ցաւին» եւ «վերապրելու» գրաւականը` անոր ստեղծած պատկանելիութեան եւ մշակութային արժեչափերուն վրայ: «Եթէ մինչեւ օրս ես իմ մէջս կը կրեմ ցաւը` որպէս հայ ու տակաւին որպէս լիբանանցի (ապրելով պատերազմի արհաւիրքը եւ մինչեւ օրս շրջանի տագնապները), բայց այս երկու «ցաւոտ» ինքնութիւնները մղեցին զիս գիտակցելու, թէ կարելի է սիրել, ապրիլ եւ ստեղծագործել երկու ինքնութիւններու` հայկական եւ լիբանանեանի մէջէն, եւ թէ` այս երկու ինքնութիւններու ցաւը կը խթանէ, որպէսզի հասկնաս ուրիշը եւ անոր տագնապը եւ կը նայիս վաղուան օրուան` որպէս յուսադրող ապագան»: