2015 տարին կը զուգադիպէր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կառուցման եւ օծման 60-ամեակին. այս իմաստով Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մարմիններուն կազմակերպած բոլոր ձեռնարկները 2015 հոկտեմբերէն մինչեւ 2016 հոկտեմբեր, ամբողջ տարուան մը վրայ երկարող, 60-ամեակի տօնակատարութեան շրջագիծին մէջ տեղադրուած են:
Ս. Յակոբ հայրապետի կեանքէն քաղուած երեք նշանաբանները` ՀԱՒԱՏՔ, ԿԱՄՔ ԵՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ, եկեղեցւոյ բոլոր ձեռնարկներուն առանցքը կը կազմեն ընդհանրապէս: Ի մասնաւորի ընթացիկ տարուան` 2016-ի ձեռնարկները «ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ» վերնագիրին ներքեւ զետեղուած են` նկատի ունենալով Արամ Ա. վեհափառին կողմէ հռչակուած 2016 տարին իբրեւ «ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ»:
Այս սկզբունքէն մեկնելով` Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Եկեղեցասէր տիկնանց յանձնախումբը, եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քերքեզեանի հետ միատեղ կազմակերպած էր կէսօրեայ համագումար մը` «ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ` ՈՐՊԷՍ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏՔԻ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ» նիւթով եւ հրաւիրած` Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեանը հոգեւոր դիտանկիւնէ եւ գիտական մօտեցումով վեր առնելու այս թեման եւ ճշգրիտ ուղիի վրայ դնելու զայն: Այս համագումարը ուղղուած էր Լիբանանի Հայ առաքելական եկեղեցիներու բոլոր տիկնանց յանձնախումբերուն:
Արդ, հինգշաբթի, 2 յունիս 2016-ին համագումարի մասնակիցները Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ ունեցան կարճ աղօթքի պահ մը` առաջնորդութեամբ քահանայ հօր, որմէ ետք եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համագումարը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետ Եւնիկէ Եագուպեան, որ իր խօսքին մէջ վեր առաւ համագումարին բուն նպատակը` ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ, դիտել տալով, որ ինչպէ՛ս այս համագումարը կը տարբերէր «ծառայութեան» մասին այլ դասախօսութիւններէ, այն առումով, որ այս պարագային շեշտը դրուած էր «ինչպէս տեղադրել ծառայութիւնը ե՛ւ հոգեւոր, ե՛ւ ազգային կեանքին մէջ: «Յատկապէս մենք` իբրեւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ յանձնախումբեր եկած ենք ծառայելու եկեղեցւոյ եւ անոր ընդմէջէն մեր ազգին: Ի՞նչ կ՛ակնկալուի մեզմէ, ի՞նչ են մեր պատասխանատուութիւնները եւ պարտականութիւնները ըլլալու լիիրաւ հաւատացեալ, ծառայելու մեր եկեղեցւոյ եւ մեր ազգին: Չմոռնանք, որ Հայ առաքելական եկեղեցին ազգային եկեղեցի է նաե՛ւ», եզրակացուց Ե. Եագուպեան:
Հայր սուրբը բարի լոյսով սկսաւ իր խօսքը. «Թող բարի լոյս ըլլայ բոլորիս եւ մեր այսօրուան օրը Աստուած հարստացնէ մեզ լոյս գիտելիքներով եւ իր շունչով լեցնէ մեր կեանքերը»: Ապա շարունակեց իր խօսքը` ըսելով. «2016 տարին վեհափառ հայրապետը հռչակեց ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ: Ծառայութեան տարի հռչակելով՝ ծառայութեան արժէքն է, որ վեր կ՛առնէ վեհափառ հայրապետը իր հռչակագրին ընդմէջէն, եւ մեզ կը հրաւիրէ, որպէս հայ ժողովուրդի, իր եկեղեցիներով, իր միութիւններով իր դպրոցներով, եւ իր բոլոր կառոյցներով եւ բոլոր ընտանիքներով, որպէսզի մենք մեր կեանքի ընթացքին միասին մտածենք եւ արժեւորենք ծառայութեան խորհուրդը, որով ծառայութիւնը Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած շնորհք մըն է որ մարդը պիտի կարենայ իր կեանքի ընթացքին գործադրել, կեանքի կոչել, ատիկա ապրիլ»:
Ապա հայր սուրբը խօսեցաւ նախքան Քրիստոս եւ յետ Քրիստոս ծառայութեան եւ ծառայ հասկացողութեան մասին: Քրիստոս էր բոլոր ժամանակներուն մեծագոյն յեղափոխականը : «Ծառայութիւնը մարդուն կեանքին իմաստ կու տայ, ան որ կը ծառայէ, ան առաւելագոյն չափով կը վայելէ Աստուծոյ օրհնութիւնները: Շարականագիրը շատ գեղեցիկ կերպով կը գրէ Յիսուսի մասին եւ կ՛ըսէ. «Ան իր աստուածային հագուստները հանեց եւ ծառայի հագուստներ հագաւ: Հագաւ ծառայութեան պատմուճանը, որպէսզի ծառայութիւնը եւ ծառան արժէք ունենային մարդոց աչքին: Յիսուս աշխարհ չեկաւ, որպէսզի մարդիկ իրեն ծառայեն, այլ աշխարհ եկաւ, որ ինք ծառայէ մարդոց»:
«Որպէսզի Աստուած մարդուն դաստիարակէ, եւ որպէսզի մարդը դաստիարակուի Աստուծոյ կողմէ, պէտք էր Աստուած ծառայ դառնար: Ծառայութիւնը կը մեծցնէ մարդու հոգին: Որպէսզի Աստուած մարդուն սորվեցնէ հաւասարութիւն մարդոց միջեւ, ինքը` Աստուած մարդուն հետ հաւասարեցաւ»:
Ապա իր խօսքը շարունակելով` հայր սուրբը ըսաւ. «Տալն ու առնելը նիւթական չէ, այլ մարդ հոգիէն կու տայ, սրտէն կու տայ, նայուածքէն կու տայ, այնքան անուշիկ կը նայի, որ իր նայուածքին մէջէն բարի ուժ է, որ կու տայ դիմացինին, յոյս կու տայ դիմացինին, որ դիմացինն ալ այս կեանքը վայելէ Աստուծոյ փառքին համար»:
Ամփոփելով իր խօսքը` հայր սուրբը եզրակացուց.
«Յիսուս է մեծագոյն ծառան մարդկութեան:
«Քիչ տուէք, բայց սիրով տուէք:
«Ազատ կամքով ծառայեցէք:
«Սիրով ծառայեցէք:
«Զոհաբերութեամբ ծառայեցէք:
«Յարգանքով, դիմացինին արժանապատուութիւնը յարգելով ծառայեցէք:
«Ժպիտով ծառայեցէք»:
Հայր սուրբը իր խօսքի աւարտին առիթ տուաւ յաւելեալ լուսաբանութեան եւ հարցումներու: Իսկ փակման խօսքը արտասանեց Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քերքեզեան:
Ե.Տ.Ե.