Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Համշէնահայ Ռոք Երգիչը Հրապարակած Է «Համշէնի Եայլաներ» Նոր Ձայնասկաւառակը

$
0
0

0615yasharkurt-(2)

Համշէնահայ ռոք երգիչ Եաշար Քուրթ, որ իր հայ ըլլալը գիտցած էր 40 տարեկանին, հրապարակած է նոր ձայնասկաւառակ մը` «Համշէնի եայլաներ» վերնագիրով: Այդ մասին հաղորդած է «Ակօս» շաբաթաթերթը:

Եաշար Քուրթ իրեն հետ հարցազրոյց կատարած «Ակօս»-ի լրագրողներէն Վարդան Էսթուքեանին յայտնած է, որ 5 տարուան ընդմիջումէ ետք հրապարակուած «Համշէնի եայլաներ» ձայնասկաւառակին երգերուն մէջ կ՛արտացոլան իր արմատներուն հետքերը, սեւծովեան շրջանի մեղեդիները:

Յատկապէս վերջին շրջանին համշէնեան մշակոյթի եւ հայոց լեզուի` Համշէնի բարբառին նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն կը նկատուի: Ինչպէս նշած է Եաշար Քուրթ, թէեւ ինք փոքր հասակէն յաճախ այցելած է իր ծննդավայր Ռիզէն, սակայն համշէնեան մշակոյթին հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը վերջին տարիներուն աւելցած է:

Համշէնահայ երգիչը հարցազրոյցին ընթացքին ափսոսանք յայտնած է այն մասին, որ նոր ձայնասկաւառակին մէջ համշէներէնով ոչ մէկ երգ կայ, քանի որ ինք ծագումով ըլլալով Ռիզէէն եւ համեմատաբար երիտասարդ` չի տիրապետեր հայոց լեզուին` Համշէնի բարբառին:

Եաշար Քուրթ այս գծով ըսած է. «Ափսոս, որ երիտասարդ սերունդը այլեւս չի տիրապետեր համշէներէնին: Գիտցողներն ալ այդ լեզուն խիստ հազուադէպ կը գործածեն: Համշէներէնին կը դիմեն միայն վրդովուած կամ կատակ ընելու ատեն: Չեմ կրնար ըսել, թէ երբեք չեմ լսած իմ մայրենիս, սակայն իմ լսած երգերուն մեծ մասը թրքերէն եղած է: Վերջերս համշէներէն երգեր ներկայացնող «Վովա» խումբի եւ Այշենուր Քոլիվարի հետ միասին մտածեցինք, որ լաւ գաղափար պիտի ըլլայ համշէներէն համատեղ երգեր ներկայացնելը: Ո՞վ գիտէ, մի գուցէ ապագային հայերէն կամ համշէներէն ձայնասկաւառակ կը հրապարակեմ»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>