Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Երկրորդ Ծնունդ

$
0
0

ՄԱՆՈՒԷԼ ԹՈՔՄԱՔՃԵԱՆ

1. Ջնջեցիք մեզ, այո՛, բայց ահա՛ մենք եկանք,
Սպաննեցիք մեզ, բայց ահա՛ մենք ծնանք:

Ձերբակալեցիք մեզ, բայց շղթան կոտրեցաւ,
Խեղդեցիք մեզ, բայց այդ պարանն ալ փրթեցաւ:

Ոտնակոխեցիք մեզ, բայց նորէն կանգնեցանք,
Խաչեցիք մեզ, բայց ահա մենք յարեանք:

Անապատները ղրկեցիք, բայց նորէն ապրեցանք,
Ընդդէմ ամէն ձեւի չարչարանքի, նորէն չմեռանք:

2. Ապրիլ 24-ը մեր երակներուն մէջ բորբոքած`
Մեզ 1,5 միլիոնի տոհմերն են կոչած:

1-9-1-5 պատմութիւնն ես կնքած
20-րդ դարու հոսանքն ես փոխած:

Բարբարոսութեան եւ անիրաւութեան դրուագն ես պատմած,
Անմարդկայնութեան եւ անարդարութեան օրինակն ես պարզած:

Ուրուականներու երկիրն ես յայտնաբերած,
Գազանական ցեղի մը դէմքն ես ցոյց տուած:

3. 1-9-1-5 պատմութիւնն ես կնքած,
Ամբողջ ցեղի մը արեամբ, քմուած:

Արդարներու արեամբ, որ երբեք չի չորնար,
Անմեղներու արեամբ, որ երբեք չ՛անհետանար:

Բռնաբարուած մայրերու արցունքով, որ երբեք չի չորնար,
Եւ մտրակուած հայրերու ցաւով, որ երբեք չ՛անհետանար:

4. Քեզ արձանագրեցինք աւազներու վրայ ոսկրոտ մատներով,
Քեզ պատմեցինք բեմերու վրայ միլիոն ու կէս բանախօսերով:

Դեռ քեզ յիշեցինք կռուի դաշտերու մէջ` նորանոր զոհերով,
Եւ քեզ  յիշատակեցինք տաճարներուն մէջ` ահով եւ լալով:

Հարիւր ու մէկ տարի, եւ ահա՛ արդէն իսկ դար մը եղած,
Այսօր քեզ կը յիշենք նահատակներովդ սրբադասուած:

Մտաւորականներովդ, միաբաններովդ, մահացած,
Եւ նոր տղաներովդ, որոնք վեհ մարտիկներ են դարձած:

5. Դեռ քեզ պիտի հետապնդենք նոր թափով եւ կորովով,
Նոյնիսկ հազարաւոր հարիւր տարիներ, միշտ նոր ոգիով:

Հարիւր ու մէկ տարի, հազար եւ կամ միլիոն,
Կարեւոր չէ այդ, պիտի ունենանք հա՛յ Սիոն:

Մինչեւ որ հասնինք գագաթնակէտը մեր նպատակին,
Մինչեւ որ վերականգնենք ոսկորները մեր պապերուն:

Պիտի հասնինք համաշխարհային ճանաչման,
Եւ մեր բոլոր իրաւունքներու լրիւ հատուցման:

6. Ամբողջ դարու մը պատմութիւնը մեր մէջ կրած,
ճամբայ ենք ելած դէպի մեր սիրուն Արագած:

Անցեալը մեր ետին եւ արդարութիւնը` առաջին,
Աստուած մեր կողքին, զէն ու դրօշը` մեր ձեռին:

Ցաւը մեր սրտին, մէկ շունչով,  անընդհատ,
Ճամբայ ենք ելած դեպի մայր Արարատ:

Վրէժի զաւակներ ենք, փոթորիկի պէս կը սուրանք,
Միաձայն, միացած «արդարութիւն» պիտի գոռանք…

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>