ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ
Վերջապէս, 2 յունիս 2016-ին, Գերմանիոյ խորհրդարանը (Պունտեսթակ) ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ վաւերացուց Հայոց ցեղասպանութիւնը` որպէս կատարուած ցեղասպանութիւն 1915-ին oսմանեան պետութեան կողմէ:
Լսեցինք բարի լուրը. ահաւասիկ գերմանական պետութիւնը բարենիշ մը աւելցուց իր անունին վրայ` անդրադառնալով իր անցեալի յանցանքին, այսինքն այն, որ այդ օրերու իշխող վարչակարգը գործակցած է Թուրքիոյ իթթիհատական կառավարութեան հետ` նոյնիսկ մարզելով թուրք սպաներն ու զինուորական միաւորները, երբեմն ալ տեղ-տեղ օգնելով ու ցոյց տալով անոնց` տեղահանուող հայ կարաւանները չարչարելու եւ կամ սպաննելու ձեւերը: Ամբողջ աշխարհը դիտեց այդ ոճիրները` առանց զգացուելու կամ գործնապէս միջամտելու:
Սակայն անցաւ դար մը այդ նախճիրին վրայէն, ու կամաց-կամաց սկսան արթննալ ժողովուրդներու արդարադատ բանականութիւնն ու խիղճերը, եւ անոնց պետութիւնները մէկ առ մէկ կատարուածը կոչեցին ցեղասպանութիւն, մինչ այդ թուրք պետութիւնը աշխարհի ամէն կողմ ցրուած իր պետական մեքանիզմով եւ գործակալներով կը ջանայ խափանել իրականութիւնը` իր սուտի ու կեղծիքի զանազան միջոցներով, նոյնիսկ յաճախ շրջելով պատմութիւնը` իբր թէ հայն է յանցաւորը:
Բայց, ի վերջոյ, Գերմանիան, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմին պարտուելէ քանի մը տասնամեակներ ետք կրցաւ ոտքի կանգնիլ աշխարհին դիմաց` որպէս մեծ ազգ ամէն մարզի մէջ` գիտական, ճարտարարուեստական, տնտեսական ու այս անգամ ալ բարոյական գետնի վրայ, երբ ինքնիր եսին յաղթելով` անտեսեց թրքական քաղաքական ու այլ սպառնալիքները եւ յաջողեցաւ վեր բռնել արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը` փոխան առժամեայ շահերու:
Գերմանիոյ այս շնորհաւորելի կեցուածքին դիմաց կը սպասէինք նաեւ, որ նոյն քայլը առնէ Անգլիան, որ շատ լաւ եւ ստոյգ գիտէ անցեալի, ներկայի եւ նոյնիսկ ապագային քաղաքական աշխարհին մէջ եղած ու ըլլալիք դէպքերուն ծալքեր եւ գծուած քարտէսները: Իսկ Ամերիկան, որուն աչքերը թերեւս կորսնցուցած են իրենց յստակատեսութիւնը` քարիւղի հոտին ու այլ շոգիներուն պատճառով, պէտք է բռնէ նոյն ճիշդ ճամբան, որովհետեւ 101 տարի առաջ կատարուած Ցեղասպանութեան նիւթերով անպայման իր արխիւները կը յորդին` պահ դրուած բազմաթիւ փաստաթուղթերով եւ վկայութիւններով:
Այո՛, գիտենք, որ կ՛ըսեն, թէ քաղաքականութիւնը շահերու վրայ հիմնուած է, բայց նոյնքան ազնիւ գործունէութիւն կ՛ենթադրէ, երբ պետութիւն մը վեհանձն գտնուի իր յարաբերութիւններուն մէջ, խաբէութիւնն ու կեղծիքը սահման ունենան ու մարդկային չափանիշներն ալ նկատի առնուին, եւ փոխան վայրագ ուժի գործածութեան եւ տնտեսական ծանր ճնշումներուն` փոխյարաբերութիւնները հիմնուին ժողովուրդները սիրաշահելու փոխադարձ շահերու բարի պայմաններով, ինչպէս կ՛ընեն Ճափոն եւ Չինաստան ներկայիս: Արդարեւ, թափած արիւնը ծանր կը կշռէ ժողովուրդներու խիղճին վրայ եւ պատճառ կ՛ըլլայ նոր արիւնահոսութիւններու:
Ուրեմն մաղթելի է, որ Գերմանիոյ քաջութիւնը վարակիչ ըլլայ մանաւանդ Թուրքիոյ համար` շրջանցելու իր վախերը, որովհետեւ նաեւ, ըստ դատական օրէնքներու, երբ ոճիրի մը մէջ մեղսակից մը գոյութիւն ունի, եւ ան կու գայ խոստովանելու իր մեղքը եւ մասնակցութիւնը այդ արարքին, ուրեմն լաւ կ՛ըլլայ, որ ոճիրը գործադրող կողմը եւս բացայայտէ ինքզինք, որպէսզի հարցը աւելի չերկարի ու իր դիմագիծն ալ աւելի չսեւնայ աշխարհի ժողովուրդներուն առջեւ: