Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Նամակ Երկրէն. Հարկեր Հաւաքե՞լ, Թէ՞ «Պլան» Կատարել

$
0
0

raffidoudaklian1ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Այս օրերուն Հայաստանի խորհրդարանին` Ազգային ժողովին մէջ կը քննարկուի հարկային նոր օրէնսգիրքը, որ պատրաստուած է Պետական եկամուտներու կոմիտէին (ՊԵԿ) կողմէ եւ ներկայացուած է քննարկման ու վաւերացման:

ՊԵԿ-ը քաղաքացիներէն, գործարարներէն եւ առեւտրական ու այլ ընկերութիւններէ հարկեր եւ մաքսատուրք հաւաքող պետական գործակալութիւնն է, այլ խօսքով` պետական պիւտճէին գլխաւոր «մատակարար»-ը:

ՊԵԿ-ի պատրաստած եւ 700 էջ կազմող այս նոր օրէնսգիրքը բուռն քննարկումներու պատճառ դարձաւ խորհրդարանին մէջ: Պատգամաւորներէն շատերը (ոչ միայն ընդդիմադիր) բողոքեցին, թէ քուէարկութեան բերուած է նախագիծ մը, որ փոքր եւ միջին գործարքներուն եւ ցած կամ միջին եկամուտ ունեցող քաղաքացիներուն վնաս պատճառելէն բացի` ուրիշ որեւէ այլ նպատակի չի ծառայեր:

Ըստ քննադատող պատգամաւորներուն, շատ լուրջ հարց է շրջանառութեան (turnover) հարկի նոր համակարգը. նոր նախագիծով, 40 միլիոն դրամ եւ աւելի շրջանառութեան գումար ունեցող ընկերութիւնները պարտադրաբար պէտք է 20 տոկոս յաւելեալ արժէքի հարկ վճարեն, մինչդեռ նախապէս տարեկան 115 միլիոն դրամի չափով շրջանառութիւն ունեցողները պարտադրուած էին վճարել այս հարկը:

Ժողովուրդին մէջ շատ լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ նաեւ եկամտահարկի (income tax) դրոյքաչափի 2-7 տոկոսով բարձրացումը` 204 հազարէն մինչեւ 2 միլիոն դրամ աշխատավարձ ստացողներուն համար: Միւս կողմէ, նոր նախագիծը 3 տոկոսով կը նուազեցնէ 2 միլիոն դրամէն աւելի աշխատավարձ ստացողներու հարկային բեռը: Այսինքն բարձր աշխատավարձ ստացողներու եկամտահարկը կը նուազեցուի, իսկ երկու միլիոն դրամէն պակաս աշխատավարձ ստացողներունը կ՛աւելցուի:

ՊԵԿ-ի ներկայացուցիչը, որուն պարտականութիւն տրուած էր նոր օրէնսգիրքը ներկայացնել խորհրդարան եւ մասնակցիլ քննարկումներուն, պատգամաւորներուն բարձրացուցած հարցերուն կու տար իր բացատրութիւնները` շեշտելով, որ այս նոր նախագիծին նպատակն է հաւասար պայմաններ ստեղծել բոլոր տնտեսվարողներուն համար եւ հաւասարակշռել մեծ, միջին եւ փոքր ընկերութիւններու հարկային բեռը:

Ինչ կը վերաբերի եկամտահարկերու յաւելումին եւ նուազումին, ապա ՊԵԿ-ի ներկայացուցիչը իր բացատրութիւններուն աւելցուց հետեւեալը. «Չեմ ասում, թէ սա շատ լաւ մեխանիզմ է: Բայց մենք այլ մեխանիզմներ առաջարկելու համար պէտք է հասկանանք նաեւ, թէ ի՛նչ աղբիւրների հաշուին ենք կարողանում ապահովել հարկապիւտճէական կայունութիւնը»:

Տնտեսագէտ չեմ, ո՛չ ալ պետական եկամուտներու ֆինանսական մասնագէտ: Այս իսկ պատճառով պիտի խուսափիմ կարծիք յայտնելէն այս վէճին մասին: Թող բանիմաց մարդիկ ուսումնասիրեն այս նոր նախագիծը եւ իրենց կարծիքը յայտնեն հանրութեան եւ, ինչո՞ւ ոչ, նաեւ ՊԵԿ-ին ու Հայաստանի խորհրդարանին: Թող ապացուցեն, որ հարկային նոր օրէնսգիրքը արդեօք պիտի վնասէ՞ միջին ու փոքր ընկերութիւններուն, թէ՞ ոչ, պիտի խթանէ՞ ներդրումներն ու պիտի նպաստէ՞ տնտեսութեան աճին, թէ՞ ոչ:

Քանի որ այս նիւթով ըսելիքս մասնագիտական պիտի չըլլայ, կ՛ուզեմ արտայայտուիլ զիս մտահոգող եւ առնչակից այլ նիւթի մը` հարկերու եւ մաքսատուրքերու հաւաքման ձեւին ու բովանդակութեան, որ Հայաստանի «հարկապիւտճէական կայունութիւնը ապահովելու» առումով, նոյնքա՛ն կարեւոր է, որքան` հարկային յարափոփոխ օրէնքները:

Այս մասին, սակայն, յաջորդ նամակով:

 

Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>