Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Յեղաշրջման Ուղիով

$
0
0

«Զաւարեանական էջ»-ը շատոնց եղած է դաշնակցական ուսանողի ազատ գրիչի ամպիոնը, ուր անոր առիթը կ՛ընծայուի իր մտածումներն ու կարծիքը արտայայտել, կեցուածքներ որդեգրել, քննել ու քննարկել, պարզաբանել ու վերլուծել:

Դաշնակցութիւնը իր էութեամբ ըլլալով «երիտասարդ» կուսակցութիւն, ծնած` ուսանողութեան յեղափոխաշունչ դիմագիծէն, կը գիտակցի իր թարմ մարդուժի կարեւորութեան, կ՛արժեւորէ զայն, կու տայ առիթ` ըլլալու ըմբոստ ու կրակոտ, որպէսզի ան ըլլայ արմատական մերժողը սթաթիւս քոերու ու դառն իրողութիւններու:

Ուսանողութեան կամ երիտասարդութեան գրիչն ու կարծիքը յարգողը եղած է Դաշնակցութիւնը, անոր հաշիւը ընողը եղած է Դաշնակցութիւնը, նկատի առնողը ու բարձր արժեւորողը եղած է Դաշնակցութիւնը:

Առ այդ, կուսակցութիւն մը ինքզինք կը գտնէ անդունդը, երբ իր ուսանողութիւնը իր հեռանկարէն դուրս է, կուսակցութիւն մը կը կորսնցնէ իր առաքինութիւնը, երբ ան անտարբեր է իր երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան ներդրումներուն դիմաց:

Սակայն Դաշնակցութիւնը իր հիմնադիր սերունդէն իսկ սնանած է իր ուսանողութենէն ու երիտասարդութենէն` նուիրուած, պայքարած ու զոհուած է յատկապէս երիտասարդութեան ճամբով, արդարութեան հաւատացողին ճամբով, ըմբոստ իր հոգեվիճակով:

Շատեր նորութիւններ ներածելու կը տատամսին իրենց առօրեային եւ աշխատելաձեւին մէջ. այս «երկսայրաբանութիւնը» ընդհանրապէս կու գայ արդիականացման վախէն, անորոշէն, եւ հոն է, ուր յառաջադէմ ուսանողութիւնը  պարտաւոր է մերժել այն սթաթիւս քոն, որ մեզ տեղքայլի մէջ կը պահէ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>