Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Ճանաչման Արդիւնքները

$
0
0

ՀՐԱԿ ՏԷՏԷԵԱՆ

Գերմանիոյ Պունտեսթակը միաձայնութեամբ հաստատեց 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ սպաննուած մէկուկէս միլիոն հայերու ցեղասպանութիւնը:

Դեսպան մը կը կանչուի տուն, սպառնալիքներ, հռետորաբանութիւն… Թուրքիան` անգամ մը եւս շուարած վիճակի մէջ…

Շնորհակալութիւններ Գերմանիոյ, որուն ճանաչման որոշումը մէկ կողմէ ինքզինք վերստին մարդասիրական իրաւունքներու փաստաբան հռչակելու առիթ մըն է, իսկ միւս կողմէ` Թուրքիոյ հասկցնելու, թէ Եւրոպական Միութիւն իր մուտքը անկարելի է:

Ի՞նչ կրնանք սպասել այս քանի մը օրերու, շաբաթներու ընթացքին:

Թուրքիոյ հաստատումը, որ Գերմանիոյ այս որոշումը լրջօրէն պիտի վնասէ թուրք-գերմանական յարաբերութիւններուն, կու գայ իբրեւ առաջնային հակազդեցութիւն, սակայն երկարատեւ հետեւանքներ չի կրնար ունենալ: Այնպէս` ինչպէս տեսանք 2001-ին, երբ ժամանակաւորապէս ռազմական գործակցութիւնը դադրեցաւ Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ, երբ այս վերջինը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան փաստը: Սակայն այս ժամանակաւոր քայլն իսկ այսօր հաւանական չէ, նկատի ունենալով գաղթականներու հարցերուն շուրջ Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ գործակցութիւնը, տնտեսական, ռազմական յարաբերութիւնները եւ շուրջ 3 միլիոն թուրք քաղաքացիներու ներկայութիւնը Գերմանիոյ մէջ: Սոյն ճանաչման հաւանական քայլերը, զորս կրնանք ակնկալել, հետեւեալներն են.

1. Յոյսով ենք, որ Գերմանիոյ այս ճանաչումը տոմինոյի ազդեցութեան նման ըլլայ, որպէսզի ուրիշ երկիրներ եւս ճանչնան Ցեղասպանութեան իրողութիւնը. Չեխիոյ, Հոլանտայի եւ Աւստրալիոյ խորհրդարանները արդէն կը հաստատեն, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը պիտի քննեն:

2. Պունտեսթակի որոշումը առիթ կրնայ հանդիսանալ, որ Գերմանիոյ զինուորական գաղտնի արխիւները բացուին եւ նոր լոյս սփռեն Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ:

3. Գերմանիոյ ճանաչմամբ, գերմանական դրամատնային, ապահովագրական եւ այլ կառոյցներուն մէջ պահ դրուած հայերու նիւթական հարստութիւնները բացայայտելու եւ հատուցելու կարելիութիւն պիտի ընծայեն: Իթթիհատի պատասխանատուներու կողմէ Գերմանիա տարուած հայերու նիւթական հարստութիւնները, որոնք պահ դրուեցան գերմանական դրամատուներու մէջ, այս վերջինին մեղսակցութեամբ, եւ իրենց տէրերու ժառանգորդներուն վերադարձնելու քայլին կրնայ դիմուիլ:

4. Որպէս Եւրոպայի հզօրագոյն պետութիւն եւ ԵԱՀԿ-ի անդամ, Կովկասի մէջ կրնայ դիմուիլ նոր դերակատարութեան մը նախաձեռնութեան, որուն դրօշակակիրը երէկ Զուիցերիան էր, եւ այսօր Գերմանիան կրնայ ըլլալ. այդ դերակատարութեամբ, արդեօք հայ-թուրք միջպետական յարաբերութիւններու եւ սահմանի բացման հարցերու լուծման որոնո՞ւմն է:

5. Արցախի հարցով` միջնորդական ազդու դերակատարութիւն մը:

Ի վերջոյ, որպէս նախկին դաշնակից Օսմանեան կայսրութեան` աւելի ազդու քաղաքականութիւն մը  որդեգրել Թուրքիոյ հանրային կարծիքին ազդելու եւ Թուրքիոյ կողմէ իր պատմութեան հետ առերեսուելու եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու, ներողութիւն խնդրելու եւ հատուցման թղթածրարը բանալու կարեւոր քայլին դիմելու:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>