Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Ազգային Ներհայեցողութիւն

$
0
0

ՆԱՐԻՆ ԱԴԱՄԵԱՆ

Ամերիկահայ ծանօթ գրող Ուիլիըմ Սարոյեան  ըսած է. «… Դե՛հ, համարձակեցէ՛ք կործանել այս ցեղը: Կործանեցէ՛ք Հայաստանը: Տեսէ՛ք, եթէ կրնաք: Աքսորեցէ՛ք զանոնք իրենց տուներէն դէպի անապատ, ձգեցէ՛ք առանց հացի եւ ջուրի, այրեցէ՛ք տուներն ու եկեղեցիները: Տեսէ՛ք, թէ անոնք ինչպէ՛ս պիտի վերածնին: Տեսէ՛ք, թէ անոնք ինչպէ՛ս կրկին պիտի խնդան եւ աղօթեն: Աշխարհի չորս կողմերէն, երբ երկու հայ իրարու կը հանդիպին, տեսէք, թէ ինչպէ՛ս անոնք նոր Հայաստան մը կը ստեղծեն»: Ըստ պատմական տուեալներուն, հայերը միշտ ալ ենթարկուած են բազմաթիւ դժուարութիւններու եւ  ստիպուած եղած են  լքել իրենց հայրենիքը եւ գաղթել այլ երկիրներ: Հայերը տարածուած են աւելի քան 100 տարբեր երկիրներու մէջ, եւ, ըստ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, սփիւռքի տարածքին այսօր կան աւելի քան 7 միլիոն հայեր: Այս հսկայական թիւն է, որ կը փաստէ, թէ հայերը միշտ ալ  ստեղծած են «Նոր Հայաստաններ» ամբողջ աշխարհի տարածքին: Սակայն  հայերը կրցա՞ծ են պահպանել իրենց «Նոր Հայաստանները», թէ՞ անոնք խառնուած ու ձուլուած են, այլ մշակոյթներու մէջ:

Սփիւռքահայութիւնը կարգ մը երկիրներու մէջ  կրցած է վերականգնել եւ վերստեղծել իր սեփական մշակոյթը, սակայն այլ երկիրներու մէջ ան գործած է «աւելի մեծ» խումբի, մշակոյթի կամ կրօնի ճնշման տակ: Աւելի յստակացնելու համար հայերը որդեգրած են գերիշխող երկրի արժէքները եւ խառնուած են անոր մշակոյթին մէջ, այդ պատճառով անոնք մոռցած են իրենց արժէքները եւ ձուլուած են: Կան բազմաթիւ օրինակներ ձուլուած հայ համայնքներու մասին, որոնցմէ են`  Լեհաստանի, Հնդկաստանի եւ Մոլտովայի հայերը: Դժբախտաբար շատ տեղեկութիւններ չունինք կարգ մը երկիրներու մէջ եղած ուղղակի ձուլում պատճառող գործօններուն մասին, սակայն օրինակներէն մէկն է Լեհաստանը, ուր սփիւռքահայութեան ոչնչացումին պատճառներէն մէկը բռնի ուժով Հայ եկեղեցւոյ միացումն էր Կաթողիկէ եկեղեցւոյ:

Մեկնելով այս մտահոգութենէն` ստորեւ պիտի գտնէք երկխօսութիւն մը, ուր կարծիքներու փոխանակումով որոշ պատկեր մը կազմուած է այս հարցով:

ՆԱՐԻՆ.- Քու կարծիքովդ, ի՞նչ են այն պայմանները, որոնք կարգ մը գաղութներու մէջ ժողովուրդը կը մղեն կառչած մնալու իրենց ազգային պատկանելիութեան, իսկ այլ գաղութներու մէջ անոնց (պայմաններուն) բացակայութիւնը առիթ կու տայ, որ ժողովուրդը բռնէ ձուլումի ճամբան:

Տ.- Այլ պայմաններու կողքին, գաղութներու գոյատեւման հիմնական պայմանը կը մնայ հաւաքական դաստիարակութեան, հաւաքական գործօնի մը շուրջ համախմբուիլը, այսինքն` դպրոց (ուր կը տրուի ազգային դաստիարակութիւն), եկեղեցի (հոգեւոր դաստիարակութեան կողքին կը տրուի նաեւ ազգային եւ  մշակութային դաստիարակութիւն), հասարակական կազմակերպութիւններու (կուսակցութիւններ, մշակութային սնունդ տուող միութիւններ) գոյութիւնը նոյնպէս կը նպաստէ ժողովուրդի մը իր ազգային պատկանելիութեան կառչած մնալու: Հոս պէտք չէ մոռնալ նաեւ աշխարհագրական իմաստով հայրենիքին մօտ ըլլալու հանգամանքը, ինչպէս` Սուրիոյ եւ Լիբանանի պարագան, ուր գաղութներու կեդրոնացեալ ըլլալը եւ հայրենիքին մօտ ըլլալը դրական ազդեցութիւն ձգած են գոյատեւման վրայ: Ուրեմն, վերոնշեալ գործօններու բացակայութեան ժողովուրդը օտարութեան մէջ կը բռնէ ձուլումի ճամբան:

ՆԱՐԻՆ: Այս դարուս հայկական ո՞ր գաղութները կը կարծես ձուլումի ուղին բռնած են եւ ինչո՞ւ:

Տ.- Այս դարուս ձուլումի ճամբան բռնած են բոլոր այն գաղութները, որոնց մէջ կը բացակային հիմնական դերակատարները  եւ զանազան պայմաններու բերումով կը տիրէ այդ դերակատարներուն չգոյութիւնը (օրինակ` սփռուած գաղութը Արժանթինի), քաղաքական ճնշում եւ յեղափոխութիւններ (անցեալին` Եգիպտոսի պարագան), աշխարհագրական իմաստով հայրենիքէն հեռու ըլլալու պարագայ, օրինակ` Ամերիկաներ, հեռաւոր Ասիա եւ այլն):

ՆԱՐԻՆ: Եթէ ազգային պատկանելիութեան երաշխիքներէն մէկը (լեզուն. կրօնը….) կորսնցնես, դուն քեզ ձուլուած կը նկատե՞ս:

Տ.- Ազգային պատկանելիութեան հիմնաքարը լեզուն է, որովհետեւ ժողովուրդ մը միացնող առաջին ազդակներէն է: Նոյնպէս կրօնը կրնայ իր դրական ազդեցութիւնը ունենալ: Սակայն ազգային պատկանելիութեան զգացումը կրնայ գերակշռող ըլլալ նշեալ երկու երաշխիքներուն վրայ. այսօրուան դրութեամբ եւ համաշխարհային պայմաններուն մէջ միատարրութիւնն է հիմնական ուղին, ուստի ազգային երաշխիքներէն մէկը կորսնցնելուս պարագային ինքզինքս ձուլուած կը նկատեմ:

ՆԱՐԻՆ.-  Առնելով համշէնահայերուն պարագան` դուն զանոնք ձուլուած կը նկատե՞ս: Ինչո՞ւ:

Տ.- Համշէնահայութեան պարագան կը տարբերի գաղութներու պարագայէն, որովհետեւ համշէնահայութիւնը բաղդատաբար հին հաւաքականութիւն է եւ այսօրուան ձեւակերպումով կարելի չէ գաղութ անուանել: Անոնց համար իրենց բնակութեան շրջանները հայրենիք է եւ այդ շրջաններէն դուրս գալը` ձուլում: Համշէնահայութեան կը մնայ վերականգնել կամ վառ պահել ազգային պատկանելիութիւնը, որ մշակութային արժէքներու, սովորութիւններու եւ պատմութեան կառչած մնալու գործօններով կը պահուի, այլապէս, վախճանը բնականաբար ձուլում պիտի ըլլայ:

ՆԱՐԻՆ.- Պատմութեան ընթացքին Հայ առաքելական եկեղեցին, որ ճանչցուած է իբրեւ ազգային եկեղեցի, ունեցած է մեծ դերակատարութիւն: Օրինակի համար, Լեհաստանի մէջ պարտադրուած է անոր միացումը Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, եւ այս որոշումին գործադրութեան պատճառով ժողովուրդը սկսած է այլասերման ուղին բռնել: Քու կարծիքովդ, ի՞նչ է այսօր Հայ եկեղեցւոյ դերը` ձուլումի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու մէջ:

Տ.- Անշուշտ եկեղեցւոյ ինքնուրոյն ըլլալը, անկախ գործելը եւ կրօնական-հոգեւոր դաստիարակութեան կողքին եւ զուգահեռաբար ազգային դաստիարակութեան կարեւորութիւնը տալը իր դրական անդրադարձը ունեցած է հայոց պատմութեան վրայ, յատկապէս` վերջին փուլին, երբ Հայ եկեղեցին լուրջ դերակատար եղած է հայապահպանման գործին մէջ, մանաւանդ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գործունէութեամբ, որ «տարագրուած» ըլլալուն հանգամանքով գործած է Լիբանանի մէջ եւ իր ուղղակի ազդեցութիւնը ունեցած է Սուրիա եւ Լիբանան տարագրուած ժողովուրդին կեանքի կազմակերպման վրայ: Հայ եկեղեցւոյ դերը կը մնայ նոյնը` շարունակել իր ազգային դաստիարակութեան գործունէութիւնը, մնալ իր ժողովուրդին եւ իր Դատին պաշտպանը, դատական գործընթացներով Սիսի կաթողիկոսարանին վերատիրանալու գործի հետապնդումէն մինչեւ իր ժողովուրդին իրաւունքներու ձեռքբերում, ասոնց զուգահեռ, պէտք է շարունակել մնալ ազգային դաստիարակութեան ջամբումի հիմնական կեդրոն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>