Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատուն – Գրատարած. Գիրքերու Դպրոցական Շրջուն ցուցահանդէս

$
0
0

1508 Մանկապատանեկան Հրատարակութիւններ
Հայկական Տասը Վարժարաններու
Աշակերտներուն Ճամբով Մուտք Գործեցին
Հայ Տուներէն Ներս

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածը, 4-րդ տարին ըլլալով, ապրիլ, մայիս եւ յունիս ամիսներուն կազմակերպեց դպրոցական շրջուն ցուցահանդէս եւ այցելեց տասը հայկական վարժարաններ։Այցելութեան ընթացքին աշակերտութեան ներկայացուեցաւ Համազգայինի եւ այլ հրատարակչատուներու մանկապատանեկան հրատարակութիւններու եւ դաստիարակչական խաղերու փունջ մը։  Համազգայինի գրատարածի անձնակազմը իւրաքանչիւր վարժարանի մէջ մնաց ամբողջ օր մը՝ առիթ տալով աշակերտներուն, որ զբօսանքներուն եւ դասապահի ժամերուն, ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ ծանօթանան հրատարակութիւններուն եւ դաստիարակչական խաղերուն։ Բոլոր վարժարաններուն մէջ արձանագրուեցաւ խանդավառ ու վարակիչ մթնոլորտ, աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ թերթատեցին գիրքերը եւ գնեցին իրենց նախասիրածը։

Այս առիթով «Հրակը» գիրքի հեղինակ Յասմիկ Պոյմուշաքեան աշակերտներուն ներկայացուց Համազգայինի մանկական այս նոր հրատարակութիւնը։ 2016 տարեշրջանին կատարուած այս շրջուն ցուցահանդէսի ընթացքին սպառեցաւ 1508 մանկապատանեկան գիրք:

page-6-(2)_61616

Տնօրէնները եւ
Կրթական պատասխանատուները
Կը վկայեն…

Ընթերցանութեան նահանջի պայմաններուն մէջ աշակերտները գիրքին կապելու, գիրքը սիրցնելու տեսակէտէն Համազգայինի գրատարածի կատարած աշխատանքը արժանի է քաջալերութեան եւ գնահատանքի: Մանկական գիրքերու ցուցահանդէսին դպրոցէն ներս կազմակերպումը կը դիւրացնէ գիրքերու ծանօթացման աշխատանքը: Աշակերտներու այցելութիւնը դպրոցէն դուրս կազմակերպուող ցուցահանդէսներուն կը խանգարէ դպրոցական աշխատանքներու կանոնաւոր կայացումը:

Համազգայինի  ցուցահանդէսը զերծ կը մնայ այս անպատեհութենէն: Գիրքն ու ընթերցանութիւնը հարկ է սիրցնել, դարձնել ընկերը աշակերտին: Համազգայինի գրատարածը այս նպատակին իրականացման լծուած է:

Շնորհակալ ու արգասաբեր այս գործը հարկ է շարունակել եւ վերածել մնայուն աւանդութեան:

Տիգրան Ճինպաշեան
Տնօրէն
Համազգայինի Մ. եւՀ. Արսլանեան Ճեմարանի

***

Քանի մը տարի է հայկական վարժարաններուն համար սպասուած ժամադրութիւն մըն է հայ գիրքին հետ տարեկան հանդիպումը՝ Համազգայինի գրատարածին վարժարան այցելութեամբ։ Երեւոյթը ուշագրաւ է, աշակերտներուն մօտեցումը՝ դրական։ Մեծեր կը հանդիպին իրենց ծանօթ գիրքերու նոր հրատարակութիւններուն, կրտսերներ ծանօթութիւններ կը հաստատեն գործերու հետ, որոնց հեղինակներուն կը հանդիպին դպրոցական իրենց դասագիրքերուն մէջ։

Այսպէս, հայ գիրքն ու հեղինակը դուրս կու գան դասագրքային նեղ սահմաններէն եւ կը դառնան շօշափելի ներկայութիւններ՝ տիպով ու տառով ։ Շատեր այդ ներկայութիւնը իրենց հետ կը փոխադրեն իրենց տուները՝ անպայման գիրք մը կամ գիրքեր գնելով։ Ի՜նչ լաւ վարժութիւն, որուն սովորութեան վերածումը պիտի փափաքէր իւրաքանչիւր կրթական մշակ։

Յակոբ Պարոնեան պիտի ըսէր՝ «Եթէ մարգարէն լերան քով չերթայ, լեռը մարգարէին քով կուգայ»։ Գրատարածին նախաձեռնութիւնը մեր լեռ մը գիրքերը մեր ապագայ մարգարէներուն քով բերելու ճիգն է։ Գնահատելի ճիգ մը, որուն համար Համազգայինը արժանի է ամէն քաջալերանքի։

Վիգէն Աւագեան
Տնօրէն
Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա
Յակոբեան Քոլեճի

***

Մեծապէս ողջունելի է գիրքի տարածման իւրաքանչիւր ձեռնարկ, մանաւանդ երբ անիկա կը կատարուի դպրոցական միջավայրին մէջ: Հաղորդակցութեան միջոցներ ու սրընթաց զարգացումի պայմաններուն մէջ նման ձեռնարկներ կու գան պարման-պարմանուհիներուն ուշադրութիւնը անգամ մը եւս ուղղելու գիրքին եւ ընթերցանութեան,  որ միշտ ալ պիտի մնայ աղբիւրը զարգացումի, գիտելիքներու հարստացման եւ մարդու մտահորիզոնի ընդլայնումին:

Համազգայինի գրատարածին գործունէութիւնը առաւել կարեւորութիւն կը ստանայ, երբ  նկատի առնենք այն ճիգը, որ ի գործ կը դրուի հայերէն գիրքերու ընթերցանութիւնը քաջալերելու համար: Գրատարածը մեծապէս կը նպաստէ, որ յատկապէս հայ դասական գրականութեան երկերը չմնան պատմութեան դարակներուն վրայ, այլ իջնեն հայ աշակերտի սեղանին ու զայն հաղորդ դարձնեն այն գանձերուն, որոնք երկնուեցան դարերու ընթացքին:

Կրեկուար Գալուստ
Տնօրէն
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան
Բարձրագոյն Վարժարանի

***

Մեսրոպեան հուրը միշտ վառ պահելու ձեր ազգանուէր առաքելութիւնը կ՛արժանանայ վարժարանիս տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին ու աշակերտութեան բարձր գնահատանքին ու յարգանքին:

Արդարեւ, աւանդութիւն դարձած ձեր «շրջուն գրադարանը» մեծ առիթ կ՛ընծայէ աշակերտներուն, որ ծանօթանան մանկապատանեկան գրականութեան:  Մայրենին ամրապնդելու եւ զայն անաղարտ գործընթացին մէջ աննախադեպ այս միջոցառումը մանուկներուն ու պատանիներուն պատեհութիւն կ՛ընծայէ հայ գիրքին միջոցով սորվելու բարին, գեղեցիկը ու ազնիւը՝ միաժամանակ անոնց մէջ արմատացնելով հայրենասիրութիւն,  հայկական արժէքներու բարիքներ:

Աստուած առատապէս օրհնէ ձեզ եւ ձեր մէջ միշտ վառ պահէ մայրենիին հանդէպ տածած ձեր նուիրումի վեհ հոգին:

Յարգանօք՝
Անի Տաքէսեան
Նախակրթարանի Պատասխանատու
Հայ Աւետարանական Կեդրոնական
Բարձրագոյն Վարժարանի

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>