Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան
Հիմնադրման 98-Ամեակի Նուիրուած
Տօնակատարութիւններ

Նոր Ջուղա

Nor-Jugha_52616

26 մայիսին Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան շրջափակին մէջ  ժողովրդական տօնախմբութեամբ նշուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման 98-ամեակը:

Օրուան հանդիսավար Ատրինէ Ղեւեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման` շեշտելով անոր ունեցած անգնահատելի դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի հետագայ պատմութեան համար: Ղեւեան յայտնեց, որ հայութիւնը 70 տարիներ շարունակ իր հոգիին եւ մտքին մէջ անեղծ պահեց անկախ ապրելու ոգին, գուրգուրաց ազատ Հայաստանի երազանքին վրայ, պահպանեց եռագոյնը եւ նոյն ոգիով 1991-ի սեպտեմբերի 21-ին ամրագրեց Հայաստանի Հանրապետութեան վերակերտումը:

Ձեռնարկի  ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Իրանի խորհրդարանի 10-րդ նստաշրջանի Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան նորընտիր պատգամաւոր Ժորժիկ Աբրահամեանը, որ անդրադարձաւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի ու Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն մէջ հայութեան տարած յաղթանակին: Ան նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի  վերանկախացման մասին:

Այնուհետեւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց Բաբգէն արք. Չարեան, որ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի կատարած սխրագործութիւններուն եւ ցուցաբերած կուռ ոգիին` Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման ճանապարհին, շեշտելով հայոց բանակի զինուորներուն դերակատարութիւնը մեր իրաւունքներուն եւ արժէքներուն պահպանման մէջ: Ան նաեւ կոչ ուղղեց չհեռանալ հայրենիքէն եւ միասնաբար պահել ու պահպանել անկախութիւնն ու ազատութիւնը` հզօր հայրենիք կերտելու համար: Խօսքի աւարտին սրբազանը գնահատանքի խօսք ուղղեց  խորհրդարանին մէջ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան երեք անընդմէջ նստաշրջաններու պատգամաւոր Ռոպերթ Բեգլարեանի` հայ ժողովուրդին եւ իրանահայութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար, եւ յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդառաջելով Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդին եւ ազգային մարմիններու խնդրանքին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Ասպետ»-ի շքանշանով կը պատուէ Ռոպերթ Բեգլարեանը: Այնուհետեւ սրբազան հայրը կարդաց վեհափառ հայրապետին սրբատառ կոնդակը, որմէ ետք մեծարեալին յանձնեց  շքանշանը:

Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Ռոպերթ Բեգլարեան: Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Միացեալ Նահանգներ

4 յունիսին Շիքակոյի Կլենվիու շրջանի Հայ կեդրոնի «Շահնազարեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 98-ամեակը:

Օրուան հանդիսավար Մարալ Աբրահամեան նշեց, թէ 28 մայիս 1918-ը կը մնայ անմոռանալի օր մը, որովհետեւ վեց հարիւր տարի շարունակ օտարի լուծին տակ մնալէ ետք հայորդին կրցած էր կերտել իր անկախութիւնը:

Այնուհետեւ Րաֆֆի Քիլեան ելոյթ ունենալով` մանրամասնօրէն խօսեցաւ Արցախի հարաւային շրջանին մէջ գտնուող Առաջամուղ գիւղին, նաեւ ապագայի կատարուելիք աշխատանքներուն մասին: 2004-էն ի վեր այս գիւղը վերաբնակեցնելու գաղափարը մտայղացուած է «Թիւֆենքեան» հիմնարկին կողմէ, գործակցաբար Արցախի Հանրապետութեան վերաբնակեցման բաժինի հիմնարկին հետ, եւ այս գծով շրջանի Արցախի օժանդակութեան հիմնարկը գործի լծուած է:

Ապա դաշնակահար Լուսին Քենտիմեան-Թոքմաճեան նուագեց Առնօ Բաբաջանեանի «Վաղարշապատի պար»-ը:

Օրուան դասախօս, Արցախի Ազգային ժողովի անդամ Լեռնիկ Յովհաննիսեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ մայիսեան անկախութեան արդիւնք է ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը, աւելցնելով, որ Արցախի անկախութիւնն ալ արդիւնք է մայիսեան հերոսներու կերտած յաղթանակին: Ան մանրամասնօրէն տեղեկացուց Ազրպէյճանի կատարած ապրիլեան քառօրեայ յարձակումին մասին` հաստատելով, որ հայրենի զինուորը, իր հողին կառչած, կրցած է ամենայն քաջութեամբ դիմադրել:

Աւարտին խօսք առաւ շրջանի հովիւ Ղեւոնդ վրդ. Բենթեզեան, որ իր կարգին շեշտեց մայիսեան յաղթանակին կարեւորութիւնը:

Նշենք, թէ 5 յունիսին Ամենայն սրբոց եկեղեցւոյ մէջ, յատուկ պատարագով նշուեցաւ մայիս 28-ի 98-ամեակը: Շրջանի հոգեւոր հովիւը օրհնեց եռագոյն դրօշը:

 

Սուրիա

Արցախի Անկախութեան
25-
Ամեակը

24 մայիսին  Քեսապի մէջ նշուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակը:

ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ, ԼՂՀԱԺ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ ղարաբաղեան հարցի շուրջ ծաւալող զարգացումներուն  եւ խօսեցաւ Արցախի 25-ամեակի պատմական, քաղաքական եւ ռազմական հիմնական իրադարձութիւններու մասին: Ան հաստատեց, որ ապրիլեան ռազմական գործողութիւնները ուղղուած էին Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան ու անոր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին դէմ, աւելցնելով, որ Ազրպէյճանը փորձեց առիթը օգտագործել նախորդ տարիներու իր ռազմատենչ յայտարարութիւնները իրականութիւն դարձնելու եւ ղարաբաղեան հիմնահարցը ռազմական ճանապարհով լուծելու, սակայն ապարդիւն ելան իր ջանքերը: Հայկական կողմը փաստեց, որ ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծումը եւ հակամարտութեան կարգաւորումը պէտք է հանդիսանայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի լիակատար իրականացումը Արցախի Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Նոր Ջուղա

Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
Բաբգէն Արք. Չարեանը Հրաժեշտ Տուաւ
Ազգային Հաստատութիւններուն
Ու Միութիւններուն

Isfahan_51216

Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան իր առաջնորդութեան շրջանի աւարտին այցելեց Նոր Ջուղայի ազգային հաստատութիւններն ու միութիւնները` հրաժեշտ տալով պատկան մարմիններու անդամներուն:

Այս շրջագիծէն ներս, 12 մայիսին, սրբազան հայրը ներկայացաւ Նոր Ջուղայի Ազգային ծերանոց, ուր հրաժեշտի հանդիպում ունեցաւ Ն. Ջ. Հայ կանանց գթութեան միութեան անդամուհիներուն եւ սոյն միութեան հիմնադրած ու ղեկավարութեամբ աշխատող Ազգային ծերանոցի աշխատակազմին ու տարեց բնակիչներուն հետ:

14 մայիսին առաջնորդը այցելեց Ն.Ջ. Հայ Մ.Մ. «Արարատ» միութիւն, ուր հրաժեշտի խօսքը արտասանեց եւ ապա հիւրընկալուելով Հայ դատի յանձնախումբի կողմէ` իր սրտաբուխ մաղթանքները յայտնեց սոյն յանձնախումբի անդամներուն:

15 մայիսին սրբազան հայրը այցելեց Ն.Ջ. Հայուհեաց բարեգործական ընկերութեան կեդրոն, ապա Փերիոյ Կրթ. եւ հայ ուս. «Չհարմահալ» միութիւններու կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում ունեցաւ զոյգ միութիւններու վարչութիւններուն հետ:

16 մայիսին Բաբգէն արք. Չարեան Ս. Յովհաննու եկեղեցւոյ մէջ այցելեց «Շուշանիկ» երգչախումբի եւ Կանանց հոգեւոր լսարանի անդամներուն, անոնց պատասխանատու Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեանին, ապա նախկին գիշերօթիկի շէնքին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ս. Ամենափրկչեան վանքի «Տաթեւ» եւ «Կոմիտաս» երգչախումբերու անդամներուն եւ խմբավարներուն հետ:

«Դիւան Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ
Վանքի – Մաս Բ.» Գիրքի Շնորհահանդէս

kirk_52916

Հովանաւորութեամբ Բաբգէն արք. Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Թեմական խորհուրդի կողմէ նշանակուած Ս. Ամենափրկչեան վանքի «Ս. Ներսէս Շնորհալի» գրադարանի հիմնադրման 110-ամեակի յոբելեանական յանձնախումբին, 29 մայիսին վանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Վարուժան արք. Հերկելեանի աշխատասիրութեամբ հրատարակուած «Դիւան Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի – մաս Բ.» գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքը կը բովանդակէ Ս. Ամենափրկչեան վանքի արխիւատան մէջ գոյութիւն ունեցող Ս. Էջմիածինի Մայր Աթոռէն 1705-1800 ժամանակահատուածի ընթացքին Նոր Ջուղա առաքուած 65 կոնդակներու քննական վերծանումը եւ առնչակից ծանօթագրութիւններ:

Բացման խօսքը արտասանեց օրուան հաղորդավար Վերգինէ Միրզախանեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց գիրքը: Ապա Թովմա Գալստանեան կարդաց գիրքին մէջ տեղ գտած կոնդակներէն մէկը` բացատրութիւն տալով անցեալին առաքուած կոնդակներու բովանդակութեան եւ ոճին մասին:

Սրբազան հայրը ելոյթ ունենալով` անդրադարձաւ գիրքի պատրաստութեան աշխատանքներուն` գնահատական խօսք ուղղելով հեղինակին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին գիրքի պատրաստութեան աշխատանքներուն: Սրբազանը շեշտեց առաջնորդարանի արխիւատան մէջ գոյութիւն ունեցող փաստաթուղթերու կարեւորութիւնը իբրեւ ազգային գանձեր` պատմական ճշմարտութիւններ երեւան բերելու հարցերու մէջ եւ կարեւոր համարեց անոնց լոյս աշխարհ ընծայելը եւ հանրութեան հասանելի դարձնելը, միաժամանակ դրուատելով ազգային մարմիններու կողմէ տարուած աշխատանքները եւ ցուցաբերուած ուշադրութիւնը` արխիւատան մէջ գտնուող  նիւթերու պահպանման վերաբերեալ: Ան նաեւ  շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքի հրատարակման մեկենասութիւնը յանձն առած Վարդան եւ Անահիտ Վարդանեաններ ամոլին:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Աւարտին կատարուեցաւ գիրքին գինեձօնը, որմէ ետք ներկաները այցելեցին «Ս. Ներսէս Շնորհալի» գրադարանին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսը:

 

Պուլկարիա

Պուլկար Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը
Ընդունեց Պուլկարիոյ Թեմի Առաջնորդ
Իսահակ Վրդ. Պօղոսեանը

bulgaria_52616

26 մայիսին պուլկար Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք եւ Սոֆիայի մետրոպոլիտ Նէոֆիտը պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Պուլկարիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Իսահակ վրդ. Պօղոսեանին այցելութիւնը, որ փոխանցեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. հայրապետին եղբայրական ողջոյնը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Նէոֆիտ պատրիարքին հրաւէրով վեհափառ հայրապետի հաւանական հայրապետական այցելութեան մասին:

Առաջնորդը իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Նէոֆիտ պատրիարքը բարձր հեղինակութիւն մըն է պուլկար ժողովուրդին համար եւ կը վայելէ ժողովուրդին սէրն ու յարգանքը:

Նէոֆիտ պատրիարքը իր կարգին Իսահակ վրդ. Պօղոսեանին մաղթեց արդիւնաւէտ առաջնորդութիւն:

Հանդիպման աւարտին Իսահակ վրդ. Պօղոսեան Նէոֆիտ պատրիարքին տուաւ յուշանուէրներ` Սուրբ Էջմիածինէն եւ միւռոնաթափ աղաւնիի կրկնօրինակը:

Վառնայի Հայ Շրջանաւարտները
Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ

varna_52916

29 մայիսին Վառնայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ համայնքի հովիւ Բարթողիմէոս քհնյ. Յակոբեան մատուցեց Ս. պատարագ: Ան իր  քարոզին մէջ խօսեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի հիմնադրութեան եւ անոր ունեցած դերակատարութեան եւ նշանակութեան մասին:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Վառնայի հայ համայնքին մէջ աւանդութիւն դարձած «Շրջանաւարտներու օրհնութեան կարգ»: Քահանայ հայրը օրհնեց բոլոր շրջանաւարտները` մաղթելով անոնց բազմաբեղուն ապագայ եւ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը իրենց հետագայ նախաձեռնութիւններուն մէջ:

 

Ժընեւ

Արցախի Հանրապետութեան Վարչապետ
Արա Յարութիւնեանի Հանդիպումը
Հայ Համայնքի Հետ

arayig_60216

2 յունիսին Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան Ժընեւի մէջ հանդիպում ունեցաւ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, ուր անոնց ներկայացուց Արցախի մէջ տեղի ունեցող ընթացիկ տնտեսական եւ ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները:

Հայաստանի դեսպանութեան դեսպանորդ Յասմիկ Տոլմաճեան իր բացման խօսքին մէջ ողջունեց Ա. Յարութիւնեանի այցելութիւնը` շեշտելով Արցախի նշանակութիւնը ողջ հայութեան համար: Ան շեշտեց այն հանգամանքը, որ համայնքի հայութիւնը հնարաւորութիւնը ունի անձամբ վարչապետէն լսելու Արցախի ձեռքբերումներուն, խնդիրներուն եւ զարգացման հեռանկարներուն մասին:

Այնուհետեւ վարչապետը ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Արցախի պետականաշինութեան եւ տնտեսութեան զարգացման ընթացքը` բարձր գնահատելով սփիւռքի դերակատարութիւնը: Ան նաեւ կոչ ուղղեց ողջ հայութեան գործօն մասնակցութիւն ցուցաբերելու Արցախի տնտեսական զարգացման գործին մէջ` ապահովելով հայրենիքի անվտանգ ու բարեկեցիկ յառաջխաղացումը:

Հանդիպման աւարտին վարչապետը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

Ղազախստան

Հայկական Կիրակնօրեայ
Դպրոցի Հանդէսը

kazakhstan_52216

Ամրան գալուստով արդէն իրենց աւարտին հասան դպրոցական տարեշրջանները: Նաեւ` ցեղային ու մշակութային միութիւններու մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ:

22 մայիսին թիւ 32 դպրոցի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական կիրակնօրեայ դպրոցին, որ կը պատկանի «Վան» հայկական մշակութային միութեան, հանդէսը` «Այբբենարան փառատօն, Ղազախստան Հայաստան» խորագիրով:

Ձեռնարկը սկսաւ Ղազախստանի քայլերգով, որմէ ետք երեխաները ներկայացումով մը մարմնաւորեցին հայոց այբուբենը ստեղծող Մեսրոպ Մաշտոցը, ընթերցեցին հայերէն լեզուով ոտանաւորներ, հանդէս եկան երգերով` Ղազախստանի եւ Հայաստանի մասին:

Ներկայ էին պաշտօնական հիւրեր եւ կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներուն ծնողները, Ղազախստանի մէջ հայկական դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, Ղազախստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արա Սահակեան, հիւպատոս Մհեր Բադալեան, Ասթանայի ղազախստանցիներու համախմբումի քարտուղարութեան ներկայացուցիչ Կուլնար Թայկոքովա:

Ծնողները այս առիթով իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին կառավարութեան, որ առիթ տուած է հայ նոր սերունդին սորվելու իր լեզուն, ծանօթանալու հայկական մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն:

 

Միացեալ Նահանգներ

«Մարմնամարզ» Հատորի Հրատարակութեան
Նուիրուած ՀՄԸՄ-ի Շնորհահանդէս

Homenetmen_60916

ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը հինգշաբթի, 9 յունիս 2016-ի երեկոյեան, Իկըլ Ռաքի իր կեդրոնին մէջ կազմակերպած էր շնորհահանդէս մը` նուիրուած նորատիպ «Մարմնամարզ» հատորին, որ կը բովանդակէ Ցեղասպանութեան նահատակներէն Շաւարշ Քրիսեանի կողմէ Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Մարմնամարզ» թերթէն լայն քաղուածքներ: Հաստափոր հատորը պատրաստած ու լոյս ընծայած է նահատակ մտաւորականին ու մարզական մարդուն` Շ. Քրիսեանի եղբօր թռռը` տոքթ. Շաւարշ Քրիսեան, որ ներկայ էր ձեռնարկին եւ արտայայտուեցաւ հատորին հրատարակման շարժառիթին ու նպատակներուն մասին: Հատորին ներկայացումը կատարեց ծանօթ մտաւորական դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան:

Երեկոյի եզրափակիչ իր խօսքին մէջ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան գնահատանքով արտայայտուեցաւ այս հատորին հրատարակման նախաձեռնութեան մասին, գնահատեց ՀՄԸՄ-ի դերը` մեր հաւաքական կեանքին մէջ, ապա նաեւ Ռ. Փիրումեանը` հատորին գեղեցկօրէն ներկայացման համար, եւ շեշտեց, որ իբրեւ Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայորդի` Շաւարշ Քրիսեան եւս մաս կը կազմէ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով մեր եկեղեցւոյ կողմէ սրբադասուած նահատակներուն եւ հաւատացեալներուն համար կը նկատուի բարեխօս:

Օծում Եւ Անուանակոչում
Լաս Վեկասի Հայց. Եկեղցւոյ

las-vegas_50616

* 6 մայիսին թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան օծումը կատարեց Լաս Վեկասի նորակառոյց Հայց. եկեղեցւոյ` 16 կնքահայրերու խաչերուն եւ եկեղեցւոյ` զայն անուանակոչելով Սուրբ Կիրակոս Հայց. եկեղեցի: Եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարն է հանրածանօթ իրաւաբան Մարք Կիրակոս:

Առաջնորդը իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ Հայց. առաքելական եկեղեցին հայ ժողովուրդի ամրութեան եւ յաւերժութեան ժայռն է: Ան գնահատեց սոյն ծրագիրի յաջողութեան նպաստած բոլոր անձնաւորութիւնները: Ան նաեւ ողջունեց պատուոյ հիւրերը` գլխաւորութեամբ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեանի:

Նկատի ունենալով ծուխի նախկին հոգեւոր հովիւ Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեանի եւ առաջնորդարանի վարիչ տնօրէն Յարութ սրկ. Մարգարեանի մատուցած նուիրեալ ծառայութիւնները` եկեղեցւոյ ընդհանուր համալիրի կառուցման աշխատանքներուն մէջ, առաջնորդը զանոնք հռչակեց «Պատուոյ կնքահայրեր»: Ապա հաւատացեալներուն ներկայացուց ծուխի նորանշանակ մնայուն հոգեւոր հովիւ Սասուն ծ. վրդ. Զմրուխտեանը:

Արարողութեան աւարտին «Ս. Մայքըլ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան` եկեղեցւոյ կալուածը, հիմնօրհնէքը եւ շինարարութեան աշխատանքները:

Ելոյթ ունեցան Ծխական խորհուրդի ատենապետ Կարէն Սեթանեան, Թեմական խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեան, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար իրաւաբան Մարք Կիրակոս, նաեւ` առաջնորդ սրբազանը:

Նշենք, որ 5 մայիսին, առաջնորդը եկեղեցւոյ գլխաւոր դրան առջեւ կատարեց նաւակատիքի արարողութիւնը, որուն աւարտին տուաւ իր պատգամը: Արարողութենէն ետք սրբազան հայրը առաջնորդուեցաւ դէպի երկու մեծ խաչքարերը եւ կատարեց անոնց օծումը:

* 7 մայիսին առաջնորդը պաշտօնական բացման եւ օրհնութեան արարողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կառուցուած «Խնդիր Թաճիրեան»-ի անուան մշակոյթի կեդրոնին եւ հոն գործող շաբաթօրեայ վարժարանը կոչեց «Սեդա Թաճիրեան շաբաթօրեայ վարժարան»: Յայտնենք, որ Սուրբ Կիրակոս Հայց. եկեղեցւոյ ընդհանուր կառոյցը կը կոչուի «Թրբանճեան համալիր», որուն նուիրատուներն են Ս. Էջմիածինի եւ Արեւմտեան թեմի բարերարներ Ճերըլտ եւ Փաթրիշիա Թրբանճեաններ ամոլը:

* 8 մայիսին նոր օծուած եկեղեցւոյ մէջ առաջնորդը մատուցեց առաջին Ս. պատարագը եւ տուաւ իր քարոզը, ուր յայտնեց, թէ 1992 թուականէն սկսեալ երկար սպասուած երազը արդէն իսկ իրական դարձաւ:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>