ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թրքական մամուլը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ռամատանի առիթով թրքական բանակի սպաննուած զինուորներուն ընտանիքներուն նուիրուած իֆթարի մը ընթացքին արտասանած է խօսք մը, որուն մէջ խօսած է «ահաբեկչութեան պատճառներուն» մասին:
Ըստ անոր, ներկայիս Թուրքիոյ մէջ արձանագրուող ահաբեկչական արարքներուն նպատակը խաչակրական եւ մոնկոլեան արշաւանքներուն գործը իր աւարտին հասցնելն է: «Գոյութիւն ունի խաչակիրներուն, մոնկոլեան արշաւանքներուն եւ Սեւրի դաշնագիրին կիսատ մնացած գործը ահաբեկչական կազմակերպութեան (ըսել կ՛ուզէ` ՔԱԿ-ի) ճամբով ամբողջացնելու փափաք մը: Այս է պատճառը, որ անոնք մէկդի ձգած են գաղափարաբանական բոլոր տարակարծութիւնները, եւ ահաբեկչական բոլոր կազմակերպութիւնները իրարու միացած են մէկ ծածկի մը տակ», ըսած է ան: Թրքական լրատուամիջոցները չեն նշեր, թէ իֆթարին մասնակիցները հալած իւղի նման կլլա՞ծ են անոր խօսքերը, թէ՞ ըսած. «Եղբա՛յր, ինչե՞ր կը ձաբռտես: Ձգէ՛ օրուան ծոմապահութիւնը խաղաղութեամբ աւարտենք»:
Խաչակիրներն ու մոնկոլները ի՞նչ առնչութիւն ունին իրարու կամ ՔԱԿ-ին ու Սեւրի դաշնագիրին հետ: Երբ խաչակիրներն ու մոնկոլները Փոքր Ասիոյ տարածք արշաւեցին, այդտեղ ո՛չ Թուրքիա գոյութիւն ունէր, ո՛չ ալ թուրք: Հարցը ո՛չ խաչակիրներն են, ո՛չ մոնկոլները, ո՛չ Սեւրի դաշնագիրը, ո՛չ ալ ՔԱԿ-ը, այլ` Էրտողանի մենատիրական իշխանութեան ամրապնդման ձգտումը: Էրտողան արտաքին խորհրդաւոր թշնամիի մը առասպելը հիւսելով եւ երկրին սպառնացող արտաքին վտանգի մը գոյութիւնը շեփորելով ո՛չ միայն կը փորձէ ինքզինք ներկայացնել իբրեւ փրկարար, այլ նաեւ թրքական հանրութեան ուշադրութիւնը շեղել իսկական վտանգէն` իր իշխանամոլական ձգտումներէն ու գործած քաղաքական սխալներէն:
Տեղի ունեցածը յստակ է. գայլը ոչխարներուն կը ներկայանայ իբրեւ զանոնք արտաքին վտանգներէ պաշտպանելու աչալուրջ եւ անշահախնդիր կամաւոր մը: