Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Կարեւոր Նկատելով Կաթողիկոսութեան Նախաձեռնութիւնը` «Թուրքը Մահացու Հարուած Տուաւ Հայկական Սրբանկարչական Արուեստին» Հաստատեց Յովսէփ Վրդ. Աշգարեան

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց` Ն. Բ.

12274639_10153897598188714_5990512973831210030_n

Չորեքշաբթի, 11 նոյեմբեր 2015-ին, հովանաւորութեամբ եւ քաջալերանքով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին, բացումը կատարուեցաւ հայ սրբանկարչութեան դասընթացքի երկրորդ հանգրուանին:

Առաջին անգամ ըլլալով` Լիբանանի եւ ընդհանրապէս սփիւռքի իրականութեան մէջ, այս աննախադէպ դասընթացքը սկիզբ առաւ 2014-ի սեպտեմբերին, «Կիլիկիա» թանգարանին կազմակերպութեամբ եւ Իտալիայէն յատուկ կերպով հրաւիրուած` հայ սրբանկարիչ  Յովսէփ վրդ. Աշգարեանի ուսուցողութեամբ:

Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի եւ Յովսէփ վրդ. Աշգարեանի հետ:

Նախորդ տարի ընթացք առած սոյն ծրագիրին մասին խօսելով` Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան ըսաւ, որ  թանգարանին մէջ իր ունեցած փորձառութեան լոյսին տակ նկատած է, որ մեծաթիւ այցելուները ընդհանրապէս դիտողի կարգավիճակին մէջ կ’ըլլան, թէեւ տպաւորուած կը հեռանան, սակայն չեն կրնար թափանցել ցուցադրուածներուն խորքը: «Իրականութեան մէջ շատ աշխարհներ կան այդ թանգարանին մէջ, իսկ այցելուները, բնականաբար, չեն կրնար հոն մուտք գործել: Ձեռագիրներու հետ մօտէն առնչութիւն ունենալով` ուզեցի, որ այդ աշխարհէն  որոշ իրականութիւններ ու մշակոյթներ վերակենդանացնել, անոնցմէ մէկն էր մանրանկարչութիւնը կամ ընդհանրապէս սրբանկարչութիւնը` նպատակ ունենալով գաղութին մէջ այս առնչութեամբ հետաքրքրութիւնը արթնցնել կամ ծանօթութիւն ստեղծել, որովհետեւ ընդհանրապէս այդ հետաքրքրութիւնը նկատելի չէ», ըսաւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան:

10626873_10153897598028714_691128667525959930_n

Ըստ անոր, գեղագրութեան եւ գրչատեսակներու մասնագէտի  չգոյութեան պատճառով նախընտրելի նկատուած է սկսիլ սրբապատկերներով, որպէսզի կարճ դասընթացքով մը գաղութին մէջ արուեստասէրներուն մօտ այդ հետաքրքրութիւնը արթնցնել: Այս դասընթացքը մեծապէս քաջալերեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, իսկ անոր համար, իբրեւ մասնագէտի, յարմար նկատուեցաւ դիմել Յովսէփ վրդ. Աշգարեանին, որ Իտալիայէն յատուկ այս դասընթացքին համար եկած է Անթիլիաս, 2014 սեպտեմբերին շուրջ 10-12 օրուան ընթացքին 20 աշակերտներու սորվեցուց հայ սրբանկարչութեան գծելու ձեւն ու սկզբունքները` արժեւորելով մեր սրբանկարը, նաեւ` ցոյց տալով տարբերութիւնը բիւզանդականէն, լատինականէն, ռուսականէն եւ այլ սրբապատկերներէն:

Ըստ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի, նախորդ տարուան ստեղծուած մեծ հետաքրքրութեան եւ խանդավառութեան լոյսին տակ, մանաւանդ որ աշակերտները ո՛չ միայն սորվեցան գծելու ձեւը, այլ նաեւ` աստուածաբանութիւնը, թէ ինչպէ՛ս, ի՛նչ մօտեցումով կը գծուի ու կը պատրաստուի, նաեւ նկատի ունենալով Յովսէփ վրդ. Աշգարեանին ծրագիրը` այս դասընթացքին շարունակութիւնը ապահովելու, այս տարի եւս նախաձեռնուած է դասընթացքի` այս անգամ ներկելու: Նախորդ դասընթացքի աւարտին Յովսէփ վրդ. Աշգարեան պարտականութիւն տուած է աշակերտներուն գծելու վարժութիւնները շարունակելու, յաւելեալ հմտութիւն ձեռք ձգելու, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրորդ հանգրուանին անցնիլ եւ ներկել սորվիլ:

Այս տարուան դասընթացքին մասնակիցներուն տասն նախորդ տարուան մասնակիցներն էին, սակայն առիթ տրուած է նաեւ 12 ազատ ունկնդիրներու, որոնք սկիզբը գործնական աշխատանքի չեն մասնակցած, սակայն նկատի ունենալով անոնց փափաքը այդ մէկը կատարելու` անոնք եւս միացած են մասնակից խումբին:

«Ազդակ»-ին խնդրանքով ինքզինք ծանօթացնելով` Յովսէփ վրդ. Աշգարեան ըսաւ, որ ինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքի սաներէն եղած է, այս աշխատանքին մէջ զինք առաջին քաջալերողը հանդիսացած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը (այդ օրերուն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս), որ անոր գծագրութիւնները տեսնելով` միշտ կը խրախուսէր, որ շարունակէ, նոյնիսկ դրամ տուած գաղտնի է, որպէսզի երթայ եւ ներկեր գնէ: «Ամրան շրջանին յատկապէս միշտ կը կանչէր զիս իր սենեակը, կը հարցնէր` ի՛նչ գծած եմ, կարծիքը կու տար, կը քննադատէր, կը գնահատէր, բայց միշտ կ՛ուզէր, որ գծեմ: Երբ սարկաւագ ձեռնադրուեցայ, նկատեցի, որ կարելիութիւն չունէի հայկական միջավայրի մէջ սրբանկարչական արուեստի մէջ մասնագիտանալու, այդ պատճառով ալ գացի Իտալիա, ուր դարձայ իտալացի ազատ վարդապետ` առանց հայկական միաբանութեան մաս կազմելու: Ուսանեցայ Իտալիոյ արուեստի ակադեմիային մէջ աստուածաբանութիւն ուսանելէ առաջ, նախընտրեցի Իտալիա մնալ, որովհետեւ հոն կեցութեամբս աւելի օգտակար կը դառնամ թէ՛ ես ինծի եւ թէ՛ հայկական իրականութեան, որովհետեւ հոս չունինք սրբանկարչութեամբ զբաղող կառոյցներ, իսկ Իտալիոյ մէջ ատիկա մեծապէս զարգացած է: Ցաւ ի սիրտ` մենք տակաւին սրբանկարչութեամբ զբաղող խումբ մը չունինք, թէեւ մենք ենք սրբանկարչութեան հիմքը: Դասընթացքի ատեն աշակերտներուս ըսի, որ երբ թուրքերը մեզ ջարդեցին, մեզմէ շատ բան ոչնչացուցին, եւ հայկական իրական սրբանկարչութեան արուեստին մահացու հարուած տուին: Այս նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը այն է, որ դասընթացքին հետեւող աշակերտները պիտի ըլլան առաջինները, որոնք պիտի կարենան մեր ազգին մէջ այս իմաստով վերածնունդ ստեղծել»:

Նախորդ տարուան դասընթացքին մասին խօսելով`  Յովսէփ վրդ. Աշգարեան ըսաւ, որ, ինչպէս կ’ըսեն եկեղեցւոյ հայրերը, սրբանկարի մը սկսելու համար առաջին հերթին սրբանկարիչը պէտք է շատ լաւ գիտնալ գծելը, որովհետեւ գծանկարը հայկական սրբանկարչութեան հիմքն է: 2014-ին շուրջ 34 սուրբերու պատկերներ գծեցին, անոնց դիմանկարներն ու սրբապատկերները մէջտեղ բերինք` հայ թէ օտար, մեծամասնութիւնը` հայոց եկեղեցւոյ ծանօթ, ուսումնասիրեցինք անոնց գծանկարները: Ուրախալի էր, թէ որքան հետաքրքրութիւն կար, դպրեվանքի տեսուչը նաեւ դպրեվանքի սաները ղրկեց, ինչ որ շատ կարեւոր է, որովհետեւ մենք նաեւ կը խօսէինք աստուածաբանական ու խորհրդանշական հարցերու մասին:

Այս տարուան ծրագիրին մասին խօսելով` վարդապետը ըսաւ, որ տախտակի վրայ սրբանկարը գծելու վրայ է կեդրոնացումը, բայց` ոչ թէ բիւզանդական կամ լատինական մեթոտով, այլ` հայկական: Ապա կատարուած է գաճի տեղադրում եւ գունաւորում, սակայն` ոչ հայկական հին մեթոտներով, որոնք բաւական բարդ են, այլ` նոր ներկերով:

«Հայկական սրբանկարին մասին ուսումնասիրութիւն մը կատարած էի` Ներսէս եպս. Բախտիկեանի օժանդակութեամբ ու մղումով, Աստուած հոգին լուսաւորէ: Ան ինծի բացատրեց, թէ ինչպէս մենք` հայերս ունէինք մեր սրբապատկերները, օրին ես չկրցայ երեւակայել, մինչեւ որ ան ինծի ցոյց տուաւ Էջմիածինի պատկերներէն քանի մը հատը` մատնանշելով հայկական իւրայատկութիւնները: Հոնկէ աւելի եւս շեշտուեցան հետաքրքրութիւններս», ըսաւ ան:

Ան շատ լաւատես է այս դասընթացքով, շատ դրական կը նկատէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան այս նախաձեռնութիւնը, դասերուն կայացումը թանգարանին մէջ, վեհափառ հայրապետին մօտեցումն ու հոգածութիւնը, բարձր մակարդակով աշխատանքը:

Յովսէփ վրդ. Աշգարեան շատ դրական նկատելով տարբեր եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութիւնը` դիտել տուաւ, որ ատիկա հոգեւոր եւ մշակութային մեծ հարստութիւն է: Ան նաեւ ցաւով անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ այս առնչութեամբ մեծ հետաքրքրութիւն չկայ թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ, նոյնիսկ հայկական սրբանկարչական արուեստի գոյութիւնը հերքողներ եղած են:

Անդրադառնալով այն տեսակէտին, որ ներկայիս մեր եկեղեցիներուն մէջ տեղ գտած սրբանկարները պահպանած չեն իրենց հայկականութիւնը, յաճախ աղաւաղուած եւ պատահական ոճով գծուած նկարներ տեղ կը գտնեն հոն, Յովսէփ վրդ. Աշգարեան ըսաւ, մենք ունինք երկու ազդեցութիւն` արեւմտեան եւ պարսկական-արաբական (արեւելեան) ոճի ազդեցութիւն, որոնց միջեւ հաւասարակշռութիւն գտնելը բաւական դժուար է, սակայն` ոչ անկարելի: Ան դիտել տուաւ, որ շատ ցաւալի է այն երեւոյթը,  այսօր չկայ հայ առաքելական կամ կաթողիկէ եպիսկոպոս մը, որ յայտարարէ, թէ մեծ զոհողութեան ի գին պիտի վերականգնենք մեր հայկական իսկական սրբանկարչութիւնը: «Միակ անձնաւորութիւնը, որ նեցուկ կանգնեցաւ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետն է, որուն իսկապէս մեծապէս շնորհակալ պէտք է ըլլանք»:

Յովսէփ վրդ. Աշգարեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ եւս դժբախտաբար սրբանկարչական մեծ դպրոցներ կամ հոսանքներ չունինք, ընդհանրապէս մանրանկարչութիւններու ընդօրինակութիւն կը կատարուի, սակայն հոն եւս խոցելի է այն, որ միայն 10 առ հարիւրը ճշգրիտ կերպով կ’ընդօրինակեն, իսկ մնացեալ 70 տոկոս աշխատանքը կը կատարուի աղաւաղուած կերպով, որովհետեւ օրէնքները չեն գիտեր: «Այս բոլորին ի տես մեծապէս կը յուզուիմ, կը ցաւիմ, որովհետեւ լաւապէս գիտեմ, թէ մեր հայրերը որքան երկար ժամանակ եւ որքան մեծ ճիգ ի գործ դրած են այդ աշխատանքները կատարելու համար: Թերեւս եկեղեցւոյ մէկ պատին վրայի փոքրիկ նկար մը ամիս մը խլած ըլլայ իրենցմէ, իսկ այսօր մենք ըստ արժանւոյն չենք պահեր, գուրգուրար անոնց: Ասիկա մեծ տագնապ է, մանաւանդ երբ Հայաստանի մէջ կը կատարուի այդ անտեսումը, իսկ եթէ առաջքը չառնուի, մենք քիչ-քիչ կը կորսնցնենք մեր անփոխարինելի արժէքները»,  եզրափակեց Յովսէփ վրդ. Աշգարեան:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>