Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

«Ազատութիւն» Հասկացողութեան Խորհուրդն Ու Պատգամը Դաշնակցականներու Մօտ (ՀՅԴ Հիմնադրութեան 125-Ամեակին Առիթով) Ը.

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Ազատութիւն. գաղափար է, որ կ’արտացոլացնէ ենթակայական վերաբերմունքը իր իսկ արարքներուն, որուն ներքեւ ան կը հանդիսանայ անոնց որոշիչ պատճառը, եւ անոնք անմիջականօրէն պայմանաւորուած չեն բնական, ընկերային, միջանձնեայ-շփումային, ներքին-անհատական կամ տոհմա-անհատական գործօններով: Որոշ մարդիկ կը սահմանեն ազատութիւնը որպէս հանգամանքներու հանդէպ գերակայութիւնը` գործէն տեղեակ ըլլալով.  միւսները, Շելլինկի պէս, կը պնդեն, որ ազատութիւնը բարին եւ չարը տարբերելու հիման վրայ ընտրութիւն կատարելու կարողութիւնն է:

Բարոյական ազատութիւնը կապուած է մարդու մօտ կամքի ազատութեան առկայութեան հետ:

Իրաւունքի ասպարէզի մէջ ազատութիւնը սահմանադրութեան մէջ կամ այլ իրաւաբանական վճիռներու մէջ հաստատուած մարդու հնարաւոր որոշակի պահուածքն է (խօսքի ազատութիւն, դաւանանքի ազատութիւն եւ այլն): Ազատութեան դասակարգը մօտ է իրաւունքի հասկացողութեան ենթակայական իմաստով, սակայն վերջինս կ՛ենթադրէ իրաւաբանական իրականացման մեքանիզմի առկայութիւն` ազատութիւնը խախտող որոշակի արարքներէն զերծ մնալու համար: Այդպէս, «Մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներու մասին հռչակագիր»-ի (1789, Ֆրանսա) մարդու ազատութիւնը կը մեկնաբանուի որպէս իրաւունք` «ընելու այն ամէնը, ինչ որ չի վնասեր ուրիշներուն: Այդպիսով, իւրաքանչիւր մարդու բնական իրաւունքներու իրականացումը կը սահմանափակուի միայն այն սահմաններով, որոնք կ՛ապահովեն հասարակութեան այլ անդամներու հնարաւորութիւնը` օգտուելու նոյնպիսի իրաւունքներէ: Այդ սահմանները կարելի է որոշել միայն օրէնքով»:

Ազատութեան մասին կան պատկերացումներ`  տարբեր փիլիսոփայական համակարգերու մէջ:

ՀՅԴ-ի համոզումով, ազատութեան եւ արդարութեան հիմնախնդիրները համաժամ, համաժամացման լուծում կը պահանջեն, պէտք է լիարժէք ազատութեան հասնիլ, արդարութեան սկզբունքի համատարած կիրարկումով եւ միաժամանակ պէտք է ձգտիլ ընկերվարական արդարութեան` ժողովրդավարութեան ճանապարհով:

«Ծրագիր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան»-ի «Քաղաքական առաջադրանքներ» բաժնի 5-րդ գլուխը եղող «Հայաստանի օրէնքները պէտք է ներառեն հետեւեալ հիմնական սկզբունքները»-ի մէջ ազատութեան մասին նշուած է. «Ազատութիւն մտքի, խօսքի, ստեղծագործութեան, մամուլի, հրատարակութեան եւ արտայայտութեան այլ միջոցներու, խղճի, քաղաքական եւ այլ կազմակերպութիւններու գործունէութեան, հաւաքների եւ տեղափոխութեան»: Իսկ նոյն ծրագրին «ՀՅԴ գաղափարաբանութեան հիմքը»-ի մէջ այսպէս կը նշուի. «Բայց մարդ անհատը, ընկերային հաւաքականութիւնները, ժողովուրդները եւ ազգերը ձգտել են ազատութեան ու հաւասարութեան եւ պայքարել դրանց իրականացման համար:

«Ազատագրութեան բնական ու գիտակից այդ պայքարն ընթանում է մարդու եւ հասարակութեան կեանքի զարգացման զոյգ գործօնների` առարկայական եւ ենթակայական ազդակների փոխներգործութեամբ»:

Շարունակելով «Ծրագիր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան»-ի մէջ տեղ գտած ազատութեան մասին սկզբունքային դրուածքները` «Նպատակ»-ի «ՀՅ Դաշնակցութիւնը նպատակադրում է» բաժնին մէջ կը հիմնաւորուի «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտում: Միացեալ Հայաստանի սահմանների մէջ պիտի մտնեն Սեւրի դաշնագրով նախատեսուած հայկական հողերը, ինչպէս նաեւ` Արցախի, Ջաւախքի եւ Նախիջեւանի երկրամասերը»:

Միւս կողմէ, յատուկ նշանակութիւն ունի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նշանաբան «Մահ Կամ Ազատութիւն»-ը: Արդարեւ, օտար լուծի տակ ստոյգ մահուան սպառնալիքը դիմագրաւող հայ ժողովուրդի համար հնչած է վերոնշեալ նշանաբանը:

Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան յատկապէս վերջին հարիւրամեակին, հակադրուելով եւրոպական մեծ տէրութիւններու միջամտութիւններուն եւ անոնց առաջքը առնելու նպատակով, «հիւանդ մարդ» դարձած Օսմանեան կայսրութեան իրարու յաջորդած սուլթանները ուղղակի «ֆիզիքական մաքրագործումը»` արիւնալի ջարդերը համարեցին իրենց դիմագրաւած ներքին կնճիռներու` ազգային կամ փոքրամասնութիւններու հետ կապուած խնդիրներու լուծման միակ ճանապարհ:

Յատկապէս Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ ծայրայեղ վայրագութեամբ կիրարկուեցաւ ազգային-ցեղային «մաքրագործման» սուլթանական այդ քաղաքականութիւնը, որ իր եղերական վախճանին յանգեցաւ 20-րդ դարու սկզբին, Ա. Աշխարհամարտի ընձեռած «նպաստաւոր» պայմաններուն մէջ, Օսմանեան կայսրութեան իթթիհատական իշխանութիւններուն ծրագրած եւ պետականօրէն գործադրած ցեղասպանութեամբ: Օսմանեան իշխանութիւնները մահուան դատապարտած էին հայ ժողովուրդին ոճրային այն տրամաբանութեամբ, որ միայն այդ ուղիով ի վիճակի են մէկընդմիշտ ձերբազատելու Հայկական հարցէն, որ իրենց կարծիքով,  եւրոպական մեծ պետութիւններու ձեռքին ճնշումներու գործիքի վերածուած էր ընդդէմ Օսմանեան կայսրութեան:

Ահա այդ պայմաններուն մէջ, երբ ի սպառ բնաջնջման վտանգն իր աւերները կը գործէր, բռնկեցաւ հայկական յեղափոխութիւնը` հայ ժողովուրդին պարտադրուած վախճանի դէմ ծառանալու եւ հայութեան ապրելու ընտրութիւնը իրագործելու առաջադրանքով: Հայը այլընտրանք չունէր, պէտք էր ընտրէր մահը կամ ազատութիւնը: Այնքան ժամանակ, քանի դեռ կը շարունակուէր օսմանեան լուծը, մահն անխուսափելի էր. ազատութեան տիրանալով միայն հայ ժողովուրդը կարող էր նուաճել իր ապրելու իրաւունքը:

Հետեւաբար նշանաբանը չի վերաբերիր երկընտրանքի, եւ անհեթեթ պիտի ըլլար մանաւանդ ազատութեան եւ մահուան միջեւ ընտրութեան կոչ ուղղելը. ընդհակառակն,  հայկական յեղափոխութիւնը կու գար սեփական ժողովուրդին պատգամելու, որ ազատութեանն այլընտրանք չկայ, որովհետեւ այլապէս դատապարտուած էր մահուան:

Ահաւասիկ խիստ կարեւոր տեղ կը գրաւէ ազատութեան գաղափարը ՀՅԴ-ի մօտ:

Արդարեւ, Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ազգային հերոս, հայդուկապետ Աղբիւր Սերոբ (Սերոբ Վարդանեան) իր իսկ ոճով ազատութեան համար զոհուիլը այսպէս կ՛արտայայտուի. «Ե՛ս այս սուրբ սեղանի առջեւ ծունկի իջած` կ’ուխտեմ, որ կեանքս զոհեմ հայրենիքիս ազատութեան, որ` անաղարտ պահեմ սուրբ յեղափոխութիւնը, որ` բոլոր կանանց ու օրիորդներուն վերաբերուիմ իբրեւ հարազատ մօր եւ քրոջ, որ` դաւաճանութեան մէջ չխնայեմ իմ հարազատներուս, որ` ազատութեան սուրբ ոգով դաստիարակեմ իմ զաւակներս, որ` եթէ շեղուիմ այս սուրբ ուխտէս, արիւնս հալալ լինի ընկերներուս»:

Հայու ազատութեան ձգտումի ու յեղափոխաշունչ կամքի անսպառ աղբիւր Քրիստափոր Միքայէլեան բացառիկ բանաձեւումով մը կը պատգամէ եւ կը բնութագրէ ազատութիւնը. «Գործ, գործ եւ գործ ու գործի հետ էլ` սէր դէպի ընկերները, ահա ինչ պիտի լինի քո մշտական ու միակ նշանաբանը ներկայ քո հանգամանքներում. ամէն մի քայլդ, օրուայ մէջ ամէն մի ժամդ թող խմորուած լինի այս պահանջներից մէկով կամ միւսով:

«Ոչ մի ազատութիւն գին չի կարող ունենալ ժողովրդի համար եւ չի կարող հետեւաբար պահպանուել, եթէ ինքը` ժողովուրդը չէ գիտակցում ազատութեան պահանջը եւ չի մասնակցում նրա անունով յայտարարուած կռուին. օդից ընկած ազատութիւնից անգիտակից ժողովուրդը չի օգտւում եւ հեշտութեամբ կորցնում է այն առաջին պատահած դէպքում»:

Իսկ Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ Վազգէն (Տիգրան Տէրոյեան) կը նշէր, որ`  «Մեր դրօշակի վրայ ՄԱՀ ԿԱՄ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ կայ գրուած: Մենք չենք խաբուի կեղծ ու պատիր հաշտարար միջոցներից. մենք չենք կարող որեւէ կերպով հաշտուել թուրք կառավարութեան հետ, քանի որ դա էութեամբ թշնամի է մեր գոյութեան: Կարելի է միառժամանակ լռենք, որ կրնանք նորոգ, թարմ ուժերով վերստին շարունակել մեր կռիւը, մինչեւ բաւարարութիւն տրուի մեր իրաւացի պահանջներուն: Մերը գոյութեան բնական կռիւ է, ազնիւ, նուիրական. դրա նահատակներին աստուածացնում ենք մենք»:

Միւս կողմէ, մեր մեծանուն մտաւորականներէն Վազգէն Շուշանեան զարթնումի մարտահրաւէր կը կարդայ. «Կը հնչեն ահա՛ այս երկրին բոլոր ճգնազանգերը, որպէսզի ո՛վ որ արթուն է, ոտքի ելլէ: Ահա՛ հնչած է ժամը արդարութեամբ ու զօրութեամբ բարձրանալու` պաշտպանելու համար մարդուն արժանաւորութեան ու ազատութեան իրաւունքին հետ մեր տարագիր դրօշակը, որուն տրտում ծալքերուն վրայ պատմութիւնը գրած է Մահ կամ Ազատութիւն»:

Մուշեղ Իշխան (Մուշեղ Ճենտերեճեան) «Ազատութիւնը քաղաքակրթութեան ստեղծման նախապայմանն է», կը պատգամէ:

Մեր մեծանուն բանաստեղծներէն եւ ազատութեան սիրոյն ցեղասպան թուրքին սադայէլական ծրագրին զոհ գացած Սիամանթօ (Ատոմ Եարճանեան) բացառիկ բանաձեւումով մը կը բնութագրէ ազատութեան հասնելու գաղափարը եւ կարեւորութիւնը. «Մեր արդար մտածումը ձեր սիրոյն համար ըմբոստ է, եւ մեր սուրը ձեր սիրոյն համար պիտի ապրի՜: Մեր ճշմարիտ սուրը եւ մեր Դրօշը պիտի ապրի՜ն, որովհետեւ կամքերնիս կարմիր է եւ վրէժնիս անպարտելի: Մեր սուրը պիտի՜ ապրի կեանքը ստեղծելու ու մահը անգամ մըն ալ մեռցնելու համար® Մեր սուրը պիտի՜ ապրի` փրկութեան եւ ազատութեան արեգակներուն ի խնդիր` Կեանքի՜ն համար, յոյսի՜ն համար, արգասաբեր հողին եւ մայրական Հայաստանին համար»:

Յայտնի ուսուցիչ, կրթական մշակ Մինաս Թէօլէօլեան այս առումով կ’անդրադառնայ. «Առանց մեր վաղուան անկախութեան եւ ազատութեան համար ժամանակ ճշդելու անհեթեթութիւնը գործելու` պիտի հաւատանք խորապէս, թէ բռնութեան եւ ազատութեան պայքարը չի կրնար վերջ գտնել` առանց ստրկութեան շղթաներու խորտակման: Կարեւորը այն չէ, թէ երբ կը փշրուին այդ շղթաները, այլ այն, որ մենք պատրաստ ըլլանք միշտ` մեր ազատութիւնը արժեցնելու»:

Բարոյական հեղինակութեան տէր դաշնակցական, ազգային-պետական ղեկավար գործիչ Համօ Օհանջանեան (Համազասպ) կը գրէ. «Ու քանի դեռ իրականացած չէ ամբողջութեամբ Անկախ, Ազատ եւ Միացեալ Հայաստանի գաղափարը, քանի դեռ հայ ժողովուրդի հոգին ստրկացած եւ մեռած չէ, քանի դեռ հայ երիտասարդութիւնը ընդունակ է ապրելու իր ժողովուրդի ազատութեան գաղափարով, պիտի ապրի եւ Դաշնակցութիւնը», ու ապա կ’աւելցնէ, թէ` «Ազատութիւններից եւ ժողովրդավարութիւնի՞ց է ծնւում սոցիալապէս ապահով հասարակութիւն, թէ՞ սոցիալապէս ապահով հասարակութեան մէջ են ձեւաւորւում ժողովրդավարական արժէքները»:

Իսկ մտաւորական, դաստիարակ եւ հանրային գործիչ Հրաչ Տասնապետեան այսպէս կը նկարագրէ. «Իրողութիւն ըլլալէ չի դադրիր, որ ազատութեան եւ հաւասարութեան գաղափարն ու տենչը հիմնական մղիչ ուժերն են յեղափոխական ամէն անկեղծ շարժման` անկախ Յեղափոխութիւն երեւոյթին գիտական մեկնաբանութեան ու բացատրութեան բոլոր փորձերէն եւ անկախ յեղափոխութեան յաջողութենէն ետք իրերու ստացած ընթացքէն»:

Վերջապէս, վերի հիմնաւորումները մեզի ցոյց կու տան, թէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան կողմնացոյցը ազատութիւնն է եւ այդ իրողութեան համար է, որ կառուցուած են կուսակցութեան ամբողջ ծրագիրը, նպատակն ու հիմունքները: Քանի որ պետութեան եւ ազգութեան ամէնէն կարեւոր ու իտէալական իրողութիւնը իր ազատութիւնն է:

«Ազատութիւն» հասկացողութիւնը ՀՅԴ-ի համար ամբողջ 125 տարի նշանակած է արեան հեղում եւ նահատակութիւն, որովհետեւ այսօր, երբ կ’ըսենք անկախ ենք Հայաստանով եւ Արցախով, նկատի կ’ունենանք, որ կան դեռատի կեանքեր, որոնք զոհուած են «Մահ կամ Ազատութիւն» գոչելով, որպէսզի հիմա մենք ըլլանք ազատ ու անկախ: Հազարաւոր նահատակ դաշնակցականներ, որոնք իրենց արիւնը անխնայ թափած են ի սէր ազգութեան ու հայրենիքի, սակայն անոր դիմաց պահանջելով միմիայն ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ, «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան»:

(Շար. 8)

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>