Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Վիքթորիա Ապումարաքեանի Յիշատակին

$
0
0

victoria_112815Լիբանանահայ օգնութեան խաչը կը գոյատեւէ եւ իր նուիրական եւ ազգօգուտ ծառայութիւնը կը շարունակէ շնորհիւ ԼՕԽ-ի առաքելութեան հաւատացող անդամուհիներու հսկայ փաղանգին եւ անոր նեցուկ կանգնող բարերար ազգայիններուն:

ԼՕԽ-ի բարերարներու բանակին մաս կը կազմէր նաեւ Վիքթորիա Ապումարաքեանը, որուն մահուան գոյժը խոր վիշտով եւ կսկիծով իմացանք շուրջ քառասուն օրեր առաջ: Ան անակնկալօրէն առյաւէտ բաժնուեցաւ իր հարազատներէն եւ ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքէն:

Վիքթորիա Ապումարաքեան ծնած եւ հասակ առած էր աւանդապահ, համերաշխ եւ բարեկեցիկ ընտանիքի մէջ: Թօթափելով բոլոր դժուարութիւններն ու խոչընդոտները, ստացած էր իր ուսումը եւ ընտրած ասպարէզը, որուն հաւատարիմ եւ բծախնդիր հասած էր բարձր պաշտօնի եւ վայելած իր շրջապատին յարգանքն ու սէրը: Ան իր արմատներուն կապուած հայուհին էր եւ հաւատաւոր ներկայութիւն Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ պաշտամունքներուն:

Հակառակ անոր որ անդամուհի չէր Լիբանանահայ օգնութեան խաչին, սակայն իր բարեգործութեամբ, ծառայութեամբ եւ զոհողութեամբ կը լրացնէր ԼՕԽ-ականի մը բոլոր յատկանիշները: Կը հաւատար ԼՕԽ-ի բարեսիրական – մարդասիրական ազնիւ առաքելութեան` քաջ գիտնալով, որ ԼՕԽ-ը ժողովուրդէն ստացածը կը վերադարձնէ ժողովուրդին:

Անցնող տարիներուն ազգային գիտակցութեան վեհ զգացումը մղեց զինք դառնալու ԼՕԽ-ի բարերարներէն մէկը, որպէսզի առաւել կենսունակութեամբ շարունակուի ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը` ի շահ հայ ժողովուրդի բարօրութեան:

Շատ սիրելի Վիքթորիա՛, այսօր տխուր է ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքը: ԼՕԽ-ի նկատմամբ ունեցած վստահութիւնդ օրինակելի էր: Մենք քեզ երբեք պիտի չմոռնանք, երախտագիտութեամբ պիտի յիշենք անունդ եւ յիշատակդ վառ պիտի պահենք:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ  


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>