Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Ղազարոսը. Ղազարոս Չաքմաքճեանի Յիշատակին

$
0
0

Յ. Պ. ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ

GhazarosTchakmadjian_112815

Ղազարոս Չաքմաքճեան

Ամէն առաւօտ տնեցիներուն բարի լոյս եւ բարի օր մաղթելէ ետք, երբ կ՛ուղղուիմ Ազատամարտ ակումբ «Ազդակ»-ը առնելու, նախընտրելով օրը սկսիլ հայերէնով, այդ պահուն գրեթէ միշտ դէմս կ՛ելլէր Ղազարոսը` կաշի պայուսակը լեցուն թերթերով, լուր եւ լոյս բաշխելով բոլորին:

Կեանքի պայքարը ստիպեր էր զինք թողելու իր փոքրիկ գրատունը եւ տունէ-տուն, խանութէ-խանութ, գրասենեակէ-գրասենեակ այցելելու` ապրեցնելու համար իր ընտանիքը:

Այն առաւօտ սակայն Ղազարոսին բարի լոյսին ու բարի ժպիտին չարժանացայ:

Հարցուցի, ըսին անհանգիստ է, ու անկէ ետք ես Ղազարոսը չտեսայ:

Հակառակ տարիքին ու ոչ շատ լաւ առողջութեան, աշխուժօրէն պայքարեցաւ հաց վաստակելու համար:

Զինք ճանչցած եմ, երբ մաս կը կազմէր Պէյրութի ՀՅԴ Քրիստափոր կոմիտէութեան «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութեան շարքերուն: Հետագային զինք կը տեսնեմ ՀՅԴ-ի շարքերուն մէջ, ու այսպէս մինչեւ իր կեանքին վերջը (մինչեւ 40 օրեր առաջ) հաւատաւոր դաշնակցականի պէս ապրեցաւ ու գործեց:

Աւելի ուշ, քաղաքական վերիվայրումներու պատճառով քաղաքէն մեր շրջանը` Էշրեֆիէ հաստատուեցաւ ընտանեօք, ունեցաւ իր համեստ գրատունը, շարունակեց ըլլալ օրինապահ, պարկեշտ, ազնիւ, հեզահամբոյր, ժպիտը դէմքին բոլորին սիրելի Ղազարոսը:

Կեանքի պայքարին մէջ նաեւ չէր մոռցած եկեղեցին, փաստօրէն ամբողջ քառորդ դար ծառայած էր Սուրբ Նշան Մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասին մէջ:

Ամուսնացած էր, ունէր իր ընտանիքը. կինը` Յասմիկը եւ որդին` Բաբիկը, որ մեր շրջանի սրբազան «խենթերու» փաղանգին կը պատկանէր, որ այժմ պայքարը կը շարունակէ հեռաւոր Աւստրալիոյ մէջ` Դաշնակցութեան շարքերու ընդմէջէն:

Շատ չերկարեմ ու ըսեմ:

Հին եգիպտացիները, երբ իշխանական տուներէն անձ մը կը կորսնցնեն, յուղարկաւորութեան ժամանակ սգակիրները դագաղին մէջ սեւ ու ճերմակ մանր քարեր կը նետէին. ըստ այդ սովորութեան, եթէ մեռեալը արդար է պատիւ կ՛ունենար զմռսուելու, երբ դագաղին մէջի ճերմակ քարերու թիւը կը գերազանցէր սեւերը:

Եթէ մեր սիրելի Ղազարոսին դագաղին մէջ նոյն բանը ընէինք, վստահաբար ոչ մէկ սեւ քար պիտի գտնէինք հոն:

Այս քանի մը տողը թող սփոփանք ըլլայ իր սիրելի կնոջ` Յասմիկին, զաւկին` Բաբիկին, եղբօրը Բանիկին եւ զաւկին, որ հեռաւոր Քանատա կ՛ապրի, նաեւ բոլոր սիրելիներուն եւ մեր ընկերներուն:

Հանգիստ ոսկորներուդ, սիրելի՛ Ղազարոս:

22 նոյեմբեր 2015


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>