ՍԵՒԱԿ ԱՐՈՅԵԱՆ
Հարազատ անուն,
Հարազատ դէմք,
Հարազատ հողի մէջ հանգչած
Հարազատ ազատամարտիկ` նահատակ:
Կողքիդ
Ի՜նչ դատարկ ու անշիրիմ հողեր կան,
Պատրաստ` նահատակներ գրկելու…
Մայրենի հողը տակաւին որքա՜ն Մհերներ կը գրկէ,
Գիտե՞ս…
Գիտե՞ս, Մհե՛ր, դուն բեռ չես.
Մհե՛ր, դուք բեռ չէ՛ք այս հողին:
Անո՛նք են բեռը, որոնք չեն ճանչնար ձեզ…
Դուք այս հողին գանձն էք,
Այն գանձն էք,
Որ հողի պեղումով,
Ու տասնամեակներու փնտռտուքով չգտնուեցաք.
Դուք այն գանձն էք,
Որուն արժէքը գտաք դո՛ւք,
Որուն արժէքը
Մեր դարաւոր անցեալի փառքն է,
Որ ծնաւ ձեր մէջ,
Ձեր մէջէն դո՛ւք գտաք այդ արժէքն ու նուիրեցիք ամենարժանիին:
«Ձեր բերքի եղանակը մէկ չէ՛,
Այլ` ամէնօրեայ քաղհանք,
Օրհնուած հաց, հաղորդութիւն…»:
Մհե՛ր,
Այսօր Արարատը չ՛երեւիր շիրիմիդ մօտէն,
Օդը, երկինքը ջինջ չէ՛:
Հայրենիքի երկինքը միշտ կապոյտ չէ՛, Մհե՛ր…
Այս` այդ երկինքը չէ՛, որ երազեցինք մենք,
Երազեցին մեր ծնողները, երազեցիք դուք
Ու անմահացաք այդ երազին սիրոյն:
Այս` այդ չէ, որուն մասին երգեցինք ու կ՛երգենք:
Հողը «ազատ» չէ՛ տակաւին:
Դո՛ւք էք ազատը, երանելին…
Երանի ձեզի, Մհե՛ր,
Որ այս օրերը չտեսաք.
Երանի քեզի, Մհե՛ր,
Որ ինծի պէս,
Քու եւ ընկերներուդ նահատակութեան օրով,
Շիրիմիդ գալով միայն մէկ ծաղիկ չտեսար այստեղ…
Երանի քեզի, Մհե՛ր,
Որ ինծի պէս գերեզմանիդ թուղթ ու մատիտով չեկար,
22 տարիներ ետք:
22 երկար տարիներ ետք,
Ձեր բոլորին շունչով.
Այո՛, սփիւռքի մէջ
Սնանելով ձե՛ր հզօրութեան օրինակով,
Ձե՛ր հայրենասիրութեամբ,
Սակայն ի պատասխան եռատող պատգամիդ,
Արդիւնքն անոր…
Տակաւին կը փնտռենք ամէնուր:
– Նպատակը` տակաւին նոյնն է.
– Դէպի Երկիր կոչը «ի զօրու է» ԲՈԼՈՐԻՍ,
– Իսկ ընկրկումին ու նահանջին հայավայել կերպով,
դաշնակցականավայել կերպով չկրցանք տակաւին մահ տալ:
Չկրցանք ազգովին վանե՛լ այդ վախը մեր մէջէն,
Ա՛յդ վախը,
Որուն ահաւորութեան հանդերձ,
Անոր վրայով զինեալ պայքարի կամուրջը կառուցելով
Ու բարձր ճակատով անցնելով,
Նուիրումի, համարձակութեան, քաջութեան, համեստութեան,
Հայրենասիրութեան ու յաղթած մնալու կամքը դրոշմեցիր
Սերունդներու սրտին մէջ…
Փա՛ռք քեզի…
Շիրիմիդ մօտէն հաւաքած չոր ու հոտազուրկ խոտերով,
«խունկ» ծխեցի առաջին անգամ…
Այդ խոտի հոտը զիս տարաւ ետե՜ւ,
Լիբանան, Այնճար, բանակավայր…
Բահ, սուր, գրիչ,
Պաշտած կուսակցութեանդ ճամբով,
Դէպի դասապահերը բանակումի,
Դէպի դպրոցը Դաշնակցութեան,
Ազգային խարոյկը,
Յեղափոխաշունչ խարոյկը,
Որուն շունչով սերունդներ կերտուեցան,
Որուն տաքութեամբ սերունդներ եռացին ու կ՛եռան,
Իրենց մէջ գտնելով այն,
Ինչ դուն գտար աւելիով,
Տեսնելու այն,
Որ գրկած ես դուն արդէն 22 տարիներէ ի վեր,
Հպարտ ու այրած առիւծի կուրծքիդ վրայ.
Հազար փառք անթառամ յիշատակիդ:
Եռաբլուր
23.09.2015