ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
![Մայթեր, ինքնաշարժներ եւ կանգառ](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2015/11/pavements_112815.jpg)
Մայթեր, ինքնաշարժներ եւ կանգառ
«Պազարներում հազար տեսակ,
կանաչավառ բանջարն իր,
Կարճ գաւազան թեւի տակին,
երկար եղունգ տղաքը իր»
ԹՈՒՐԻԿ
Առանձինս` քալելով կը պտտիմ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ բարեկամ վաճառատուներ գտնելու յոյսով: Նախ` կը հանդիպիմ երկար տարիներու բարեկամիս` Գոգօ Գրաճեանին դեղարանը: Տասնամեակներ իրարու չենք հանդիպած:
Գոգոն, ինծի նման, պատանեկութեան տարիներուն երաժիշտ եղած էր եւ մեր բարեկամութիւնը կ’երկարի մինչեւ այդ տարիները: Կը յիշենք մեր շրջանի «ոսկեդար»-էն անուններ, պատահած դէպքեր, սակայն մեր հաճելի խօսակցութիւնը յաճախ կ’ընդհատուի, երբ յաճախորդ մը մուտք կը գործէ դեղարանէն ներս:
Միջին տարիքի մարդ մը եկած է շամփու գնելու: Գոգօ` համբերութեամբ բացատրութիւններ կու տայ տարբեր տեսակի շամփուներու մասին:
«Այս մէկը իւղոտ մազի համար է, ասիկա` թեփի համար, իսկ այս մէկը… հաւկիթի շամփու է»… եւ տակաւին խօսքը չաւարտած`
«Ես, մազի շամփու կ’ուզեմ…»:
Պուրճ Համուտի մէջ տակաւին շատ է միամիտ մարդոց թիւը:
Զովացուցիչով եւ լիբանանեան պտուղով հիւրասիրուելէ ետք հրաժեշտ կ’առնեմ Գոգոյէն ու կը շարունակեմ քալելով պտոյտս Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ, որ այնքա՜ն փոխուած է:
Ժամանակին, գրեթէ ամէն օր այցելած հաստատութիւններէս եւ ոչ մէկուն կը հանդիպիմ:
Ո՞ւր են Անդրանիկ Մարտիրոսեանի եւ Ատիս Հարմանտեանի տիսքոթեքները: Արա Քէքէճեանի «Միւզիք սենթըր»ը, Դանիէլ Մածունեանի «Ֆոլիտիսք»-ը, «Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի մուտքի դրան աջին` Խաժակ Քէքէճեանի «Բագին»-ը, Ճօ Թաշճեանի նեղ ու խճողուած կրպակը, ուր հազիւ կրնայիր շարժիլ: Չկան: Իմ ժամանակներէս միայն «Տիսքոթեք Ճեքա»ն տակաւին հոն է, Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի փողոցին վրայ, սակայն սեփականատէրը` Գէորգ, գործը ամբողջութեամբ յանձնած է իր զաւկին` Ժաքոյին, որ մեր ժամանակներուն տակաւին երեխայ էր, ներկայիս` երիտասարդ վաճառական. ընկերային, ժպտուն ու ծառայասէր:
Կ’անդրադառնամ նաեւ, թէ Պուրճ Համուտի մէջ ոչ մէկ շարժապատկերի սրահ մնացած է:
Ո՞ւր են «Գերմանիկ»-ը, «Սեւան»-ը, «Արաքս»-ը, «Սանթրալ»-ը, «Մատոնա»-ն, «Ֆլորիտա»-ն ու «Արիզոնա»-ն:
«Գերմանիկ»-ը հսկայ շուկայի վերածուած է, իսկ իր կողքի թաղը, որ ժամանակին կը վխտար բախտախաղերու կեդրոններով, այժմ փոխարինուած է հայկական ճաշարաններով, մեծամասնութեամբ` հալէպահայեր:
Կ’այցելեմ «Տիսքոթէք Ճեքա»: Հոն կը հանդիպիմ քանի մը բարեկամներու, որոնց շարքին` Պետիկ Չիֆթէլեանին, որուն հետ կ’այցելենք երաժիշտ բարեկամիս` Սեդօ Պաղտասարեանի սթիւտիոն, ուր տարբեր երգիչներու երաժշտական արձանագրութիւններ կը կատարէ:
Անակնկալ, միեւնոյն ժամանակ` հաճելի հանդիպում մը:
Պետիկն ու ես կը քալենք Պուրճ Համուտի նեղ ու խճողուած փողոցներէն: Ճամբու երկու կողմի մայթերուն վրայ, որոնք ըստ օրէնքի, հետիոտն մարդոց վերապահուած պէտք է ըլլան, ինքնաշարժներ շարուած են: Ստիպուած` կը քալենք ճամբու մէջտեղէն, երբ յանկարծ հեծիկ մը կը զարնուի ինծի: Նախքան գանգատիլս` կը դիմէ ինքնապաշտպանութեան.
«Ի՞նչ ընեմ, ճամբուն մէջտեղէն կը քալէիր»…
Կ’արժէ՞ վիճաբանիլ:
Փողոցներու անունի չես հանդիպիր: Թաղերուն անծանօթ անձի մը համար բացատրական ուղղութիւններու վստահելով տեղ հասնիլը գրեթէ անկարելի է: Քանի մը անգամ պէտք է կանգ առնէ ու տարբեր անձերու դարձեալ հարցնէ երթալիք վայրին ուղղութիւնը:
«Փողոցին անկիւնը գտնուող նպարավաճառէն աջ, ապա` 50 մեթրէն ձախ ու կը հասնիս: Եթէ մսավաճառի մը հանդիպիս, գիտցիր, որ շատ գացեր ես»: Ամենապարզ բացատրելու ձեւը: Ո՛չ քարտէս, ոչ ալ GPS:
Աւելի քան երեք տասնամեակ Պուրճ Համուտէն բացակայութենէս ետք շատ բան փոխուած կը գտնեմ ու կը շուարիմ, թէ ո՛ր փողոցէն պիտի անցնէի հասնելու «Սարդարապատ» ակումբ: Կը հարցնեմ երիտասարդ հայու մը: Կը զգայ, թէ «օտար» եմ եւ անծանօթ Պուրճ Համուտի փողոցներուն: Հայ է, մանաւանդ պուրճհամուտցի հայ. միշտ պատրաստ` օգնելու:
«Ընկեր, բանի մը պէտք ունի՞ս, ես ակումբէն եմ, կրնամ օգնել քեզի»:
Կը բացատրեմ, թէ պարզապէս ակումբ կ’ուզեմ այցելել եւ ուղղութիւնս կորսնցուցած եմ: Փոխանակ ուղղութիւն տալու` կ’ընկերակցի ինծի: Քանի մը փողոց անցած` ամէն ինչ յստակ է: «Մի՛ յոգնիր, ընկե՛ր, այժմ գիտեմ ուր գտնուիլս. մինակս կրնամ շարունակել», սակայն հայ երիտասարդը կ’ուզէ վստահ ըլլալ, եւ զիս ակումբ հասցնելէն ետքն է, որ կը մեկնի իր գործին:
Այդպէս էր պուրճհամուտցի հայը: Այսպէս է նաեւ այսօր: Միշտ պատրաստ` օգնելու եւ ծառայելու:
Լիբանանցի տեղացի արաբը նուազ ծառայասէր չէ:
Բժիշկի սպասման սրահին մէջ քանի մը բառ փոխանակած ենք ուրիշ հիւանդի մը հետ եւ մեր կտրտուած արաբերէնէն կը հետեւցնէ, թէ «օտար» ենք: Կը բացատրենք, թէ լիբանանցի հայեր ենք, սակայն տասնամեակներ առաջ գաղթած ենք Միացեալ Նահանգներ եւ երկար տարիներ չգործածելով արաբերէն լեզուն` այսօր դժուարութեամբ կը խօսինք: Այցի եկած ենք մեր ծննդավայրը, ուր արկածի մը հանդիպած է կինս եւ այդ պատճառով կը գտնուինք այս դարմանատան մէջ:
Ժամ մը ետք, փողոցը, թաքսի սպասած ժամանակ, մեր քովէն կ’անցնի այդ կինը իր ինքնաշարժով եւ կ’առաջարկէ մեզ հասցնել մեր երթալիք վայրը: Շնորհակալութիւն յայտնելով, նաեւ գնահատելով իր առաջարկը` կը մերժենք, սակայն լիբանանեան նշանաւոր «ուալաու»-ով մեզ կը համոզէ նստելու իր ինքնաշարժը: Իրեն համար մեծ ամօթ է ձգել, որ թաքսիով երթանք ու կը հարցնէ մեր երթալիք վայրը: Մենք` Պուրճ Համուտ, ինք` Ժունի: Բոլորովին հակառակ ուղղութիւններ: Մէկը արեւելք, իսկ միւսը արեւմուտք, այդ ալ` ճամբաներու ամենախճողուած ժամուն:
Իրարու անծանօթներ ենք. քանի մը բառ միայն փոխանակած ենք իրարու հետ, եւ կ’առաջարկէ ու կը գործադրէ իր ծառայութիւնը:
Լիբանան, ուր մարդկութիւնը ներկայ է միշտ:
Լիբանանցին ծառայասէր է եւ` օգնելու պատրաստակամ:
Բաղդատական մը:
Լոս Անճելըս բնակող օտար անձէ մը երբ փոքրիկ «ծառայութիւն» մը խնդրես, հարցումդ անպատասխան ձգելով` կը շարունակէ ճամբան: Բախտաւոր ես, եթէ կարճ ու կտրուկ պատասխանի մը արժանանաս: «I Don’t Know», իսկ առաջարկէ, որ քեզ տե՞ղ հասցնէ: Նման բան մտածելն իսկ երազային է:
* * *
Պուրճ Համուտի հայկական գերեզմանատան վայրը գտնելու քանի մը անյաջող փորձերէ ետք կը դիմեմ ծանօթի մը օգնութեան, որ մեզի կ’ընկերակցի ու կ’առաջնորդէ: Կը հասնինք այն վայրը, ուր իրենց յաւիտենական հանգիստը գտած են եղբայրս ու հայրս, որոնց շիրիմը չեմ այցելած աւելի քան երեք տասնամեակներ: Երկար փնտռտուքէ ետք, վերջապէս կը յաջողիմ շիրմաքարի մը վրայ կարդալ եղբօրս ու հօրս անունները` իրենց ծննդեան ու մահուան թուականներով:
Արցունքոտ աչքերով, խունկ ծխելէ, մոմ վառելէ ու «Հայր Մեր»-է ետք, կինս ու ես դարձեալ դժուարութեամբ կը գտնենք կնոջս գերդաստանի դամբարանը, ուր նոյնպէս խունկ, մոմ ու «Հայր Մեր»-է ետք, կ’այցելենք Լիզպոնի 5 նահատակներուն դամբարանը ու ապա` ՀՅ Դաշնակցութեան պանթէոնը, ուր վերջին հանգչողը եղաւ դասընկերս` Բենօ Թոնթեան: Շիրմաքարին վրայ կը կարդամ ծանօթ անուններ: Մելքոն Էպլիղաթեան, Շաւարշ Թորիկեան, Մուշեղ Իշխան, Սիմոն Վրացեան ու Կոմս:
Խունկ, մոմ ու «Հայր Մեր»:
Պուրճ Համուտի հայկական գերեզմանատուն:
Կը հանդիպիմ շատ մը ծանօթ անուններու: Բոլորը հայեր են անշուշտ, եւ ինքնաբերաբար բաղդատական մը կ’ընեմ Միացեալ Նահանգներու գերեզմանատուներուն հետ: Ի բացառեալ Ֆրեզնոյէն, ուր հայկական գաղութը ունի երկու զուտ հայկական գերեզմանատուներ` «Արարատ» եւ «Մասին», Լոս Անճելըս` սփիւռքի հայկական ամենամեծ գաղութը, չունինք հայկական գերեզմանատուն մը, ուր կողք կողքի յաւիտենական հանգչողները միայն հայեր ըլլան: Մեր հարազատ ննջեցեալները շրջապատուած են տարբեր ազգի ու կրօնի պատկանող «դրացի»-ներով եւ այդ մէկը մեծ ցաւ կը պատճառէ ինծի նման շատերուն:
* * *
Դարձեալ Պուրճ Համուտ ենք կինս ու ես:
Ժամադրուած ենք Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեանին հետ:
Իրարու ծանօթացանք հարսնիքի օրը ընդունելութեան ժամանակ եւ նոյն օրը միասնաբար որոշեցինք հանդիպիլ աւելի հանդարտ մթնոլորտի մը մէջ:
Իր գրասենեակն ենք, եւ «Ազդակ»-ի սուրճէն ետք կ’արժանանանք նաեւ Սոֆիա Յակոբեանի սուրճին:
Կարճ ժամանակ ետք պաշտօնականութիւնը վերածուած է մտերիմ խօսակցութեան: Կինս շրջանաւարտ է այս քոլեճէն: Վիգէն Աւագեան դիւրութեամբ կը գտնէ կնոջս վերջին քանի մը տարիներուն վիճակացոյցները ու մէկական օրինակ նկարելէ ետք (Photo Copy) կը յանձնէ իրեն:
Հպարտանքով կը նշմարեմ, թէ փայլուն աշակերտուհի մը եղած է, մանաւանդ` գիտական նիւթերուն մէջ: Որպէս նուէր` կը ստանանք նաեւ Սոֆիա Յակոբեանի յիսնամեակին առիթով հրատարակուած յուշամատեանը:
Խիստ թանկարժէք նուէր մը:
Տնօրէն Վիգէն Աւագեանէն կը բաժնուինք իրարու ե-նամակի հասցէներ փոխանակելով, եւ մինչեւ օրս մեր միջեւ նամակագրութիւնը կը շարունակուի:
Անզգալաբար քայլերս կ’ուղղեմ «Շաղզոյեան» կեդրոն: Ժամադրութեան կարիքը չեմ զգար: Ինքզինքս հարազատ կը զգամ եւ «տան տիրոջ» նման մուտք կը գործեմ:
«Բագին»-ի խմբագրատան մէջ եմ: Խմբագիր Յակոբ Պալեան զիս կը ծանօթացնէ իր կողքին նստած անձի մը:
«Սարգիս Կիրակոսեան, ծանօ՞թ էք իրարու»:
Անունով եւ իր ստեղծագործութիւններով. իր հիանալի քերթուածներուն անշուշտ թէ ծանօթ եմ, սակայն առաջին անգամն է, որ պատիւը կ’ունենամ անձամբ ծանօթանալու: Աւա՜ղ: Առաջին եւ վերջինը եղաւ այդ մէկը: Մեր հանդիպումէն քանի մը օր ետք ցաւով իմացայ իր մահուան գոյժը:
«Բագին»-ի դիմացը, նոյն յարկին վրայ կը գտնուի «Վանայ ձայն»-ը: Կը մտնենք ներս, սակայն օրը բաւական յառաջացած է, եւ պաշտօնեաները արդէն մեկնած են իրենց տուները: Հոն է Հուրի Փափազեան-Էմմիեանը, որ մօտաւորապէս երկու տարի առաջ հեռաձայնով հարցազրոյց մը ունեցած էր հետս, «Յիշատակներ… անցած օրեր» հատորիս հրատարակութեան առիթով: Ընկերուհին, մեզ կը ծանօթացնէ «Վանայ ձայն»-ի սթիւտիոներուն եւ անձնակազմէն քանի մը հոգիին, որոնք տակաւին ներկայ են:
Կարծես հովուապետական այցելութիւն մը ըլլար: Քայլերս ինքնաբերաբար կ’ուղղեմ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոն, ուր «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին դասաւանդողներէն է քենեկալս` Մելքոն Տեմիրճեանը:
«Շրջապտոյտ» մը Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ: Նոյն յարկին տակ կը գործեն, «Գայեանէ» պարի դպրոցը, «Քնար» պարախումբը, «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցը, «Կարկաչ» երգչախումբը, «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիան եւ «Արեգ» թատերական դպրոցը: Նոյն յարկին տակ կը գտնուի նաեւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան գրասենեակը:
Մեծ թիւով, նիւթապէս տկար ընտանիքներու զաւակներ, որոնք կարողութիւն չունին իրենց տան մէջ անձնական դաշնակ ունենալու, կը յաճախեն «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոց եւ կը ստանան երաժշտական ուսում բարձրորակ դասատուներու կողմէ, մեծամասնութեամբ` մայր հայրենիքէն:
«Շաղզոյեան» եւ «Լեւոն Շանթ» կեդրոններ:
Հայապահպանման եւ հայ արուեստի երկու հիանալի հաստատութիւններ, որոնց նմանը կարելի չէ գտնել սփիւռքի մէջ որեւէ տեղ:
Լոս Անճելըս 2015
(Շար. 3)